ՎԱՐԴԱՎԱՌ՝ ՀԵԹԱՆՈՍԱԿԱ՞Ն ԹԷ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ

Մենք նոյն բաները ամէ՛ն տարի լսելէն ձանձրացանք, սակայն ոմանք ամէն տարի նոյն ջուրը ծեծելէ չեն ձանձրանար եւ կարծես միտք ալ չունին:

Ամէն տարի Վարդավառի տօնէն առաջ եւ ետք նոյն թմբուկն է, որ կը լսուի. «Վարդավառը հեթանոսական տօն է...»։ Այլեւս լսուելէ ձանձրացուցած այս խօսքը կ՚ըսուի այնպիսի ինքնավստահ շեշտով մը՝ կարծես բոլորը բանասէր ըլլան, թեզի նիւթ ունեցած ըլլան հեթանոսութիւնն ու անոր արժէքները:

Նոյն պատմութիւնը կ՚ապրինք ամէ՛ն տարի՝ Տեառնընդառաջի տօնին վառուող կրակին համար:

Առաջին հերթին պէտք է ընդունիլ, որ ջուրը ո՛չ հեթանոսութեան եւ ոչ ալ քրիստոնէութեան կը պատկանի. եթէ լաւապէս ուսումնասիրենք աշխարհի վրայ գոյութիւն ունեցող բոլոր կրօնները, պիտի տեսնենք, որ այդտեղ գոյութիւն է ջուրը եւ մի՛շտ ալ որպէս մաքրութեան եւ ներման նման թէ՛ քրիստոնեաներուն, թէ՛ իսրայէլացիներուն, թէ՛ միւսլիւմաններուն եւ բոլորին համար:

Կասկածէ վեր է, որ հեթանոսութիւնը ջուրը օգտագործած ըլլայ քրիստոնէութենէն առաջ, սակայն պէտք է նկատի ունենալ, որ քրիստոնէութենէն հազարամեակներ առաջ գրուած է Եզեկիէլի մարգարէութեան մէջ յիշուած հետեւեալ խօսքը. «Եւ ցանեցից ի վերայ ձեր ջուր սուրբ եւ սրբեսջիք յամենայն պղծութեանց ձերոց» (Եզ 36:25):

Այնպէս ինչպէս Հին Կտակարանին մէջ, նոյնպէս ալ հին հեթանոսական աշխարհին մէջ թէ՛ մեղքերու մաքրութեան եւ թէ Աստղիկ աստուածուհիի յիշատակը յարգելու եւ տօնելու համար օգտագործած են ջուրը, որ նաեւ խորհրդանշան եղած է գերագոյն սիրոյ խորհուրդով օծուած ըլլալու:

Հիմնական հարցը հետեւեալն է. եթէ հեթանոսները այդ բոլորը կը կատարէին Աստղիկ աստուածուհիի յիշատակին համար, ինչո՞ւ համար յետ քրիստոնէութեան շրջանին շարունակուեցաւ. եկեղեցին կրնա՞յ անուղղակի հեթանոսական քարոզչութիւն մը կատարած ըլլալ կամ դիտաւորեալ ձգած ըլլալ նման տօն մը՝ ի յիշատակ աստուածուհիին:

Պէտք է յստակ գիտնալ, որ այնպէս ինչպէս դժուար է փոխել անձի մը բնաւորութիւնն ու նկարագիրը, նոյնպէս եւ աւելի՛ դժուար է փոխել հաւաքականութեան մը աւանդութիւններն ու սովորութիւնները՝ ինչ պայմաններու մէջ որ ալ գտնուին: Քրիստոնէութիւնը մարդոց մէջէն մէկ օրուան մէջ չէր կրնար վերացնել բոլոր այն աւանդութիւնները, որոնք բոյն դրած էին այդ ժամանակուան հեթանոս հայ ժողովուրդի սիրտին մէջ եւ այդ մէկը բացատրենք մարդկային պարզ օրինակով մը:

Այսօր եթէ Հայաստանէն տատիկ մը առնես ու տանիս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, չես կրնար սպասել, որ ան այնտեղ ապրի այնպէս՝ ինչպէս կ՚ապրի ամերիկացի տեղացին։ Վստահաբար ան իր հետ մինչեւ ովկեանէն միւս կողմ պիտի տանի իր սովորութիւններն ու բնաւորութիւնները, որովհետեւ զինք կարելի չէ բաժնել այդ աւանդութիւններէն: Նոյնն էր պարագան հայ ժողովուրդին. դարեր շարունակ իր նախահայրերէն այդ տօնի սրբազան ըլլալուն մասին լսող հեթանոս հանրութիւնը չէր կրնար մէկ օրուան մէջ մոռնալ այդ բոլորը եւ հետեւաբար պարտաւոր էր ընդունելով հանդերձ քրիստոնէութիւնը, կառչած մնալ իր աւանդութիւններէն, որոնք հոգեւորէն եւ հաւատալիքէն աւելի սովորութիւն էին պարզապէս:

Թէ՛ ջուրը եւ թէ կրակը չենք կրնար որպէս լոկ հեթանոսութեան յատուկ տարրեր դիտել, որովհետեւ աշխարհի բոլոր հաւատալիքներուն մէջ թէ՛ կրակը եւ թէ ջուրը ընդունուած են՝ որպէս մաքրման միջոց:

Ջուրի պարագային պէտք չէ մոռնալ, որ քրիստոնէութեան մեծագոյն խորհուրդը՝ մկրտութիւնը ջուրով կը կատարուի եւ ըստ Աստուածաշունչի, միայն ջուրի մաքրութեամբ մարդ կրնայ արքայութիւնը ժառանգել։ Այնպէս չէ, որ ջուրը ամբողջութեամբ օտար էր քրիստոնէութեան համար եւ հեթանոսութիւնը քրիստոնեայ հայուն սորվեցուց ջուրին կարեւորութիւնն ու մաքրելու կարողութիւնը:

Հայ ժողովուրդին մօտ քրիստոնէական կամ հեթանոսական արժէքները պահպանելու տենդը չէ՛, որ առիթ կու տայ նման քննարկումներու եւ քննադատութիւններու։ Հայ Եկեղեցին քննադատելու համար յաճախ մարդիկ յանձն կ՚առնեն նոյնիսկ հեթանոսութեան պաշտպան-փաստաբանները դառնալ՝ պարզապէս արատաւորելու համար եկեղեցին ու անոր ընթացքը:

Այսօր թէեւ Վարդավառը կը ներկայացուի որպէս Պայծառակերպութեան տօն, սակայն պէտք է հասկնալ, որ հոգեւորէն առաջ ան ազգային եւ աւանդական տօն է թէ՛ հեթանոսին եւ թէ՛ քրիստոնեային համար, որովհետեւ թէ՛ մեր քրիստոնեայ եւ թէ հեթանոս նախահայրերը որպէս ժառանգ ու աւանդութիւն փոխանցած են այդ տօնը մեզի, սակայն մեր դարաւոր սովորութեան համաձայն տօնական մթնոլորտին մէջ նոյնիսկ քարկոծելու կէտ մը գտնել կը ջանանք:

Մանուկին ուրիշ մանուկի մը վրայ ջուր թափելը ո՛չ անոր քրիստոնէական արժէքներէն բան մը պիտի նուազեցնէ, ոչ ալ անոր հայկական արժէքները պիտի խաթարէ։ Այսօր մեր քրիստոնէական ու ազգային արժէքները խաթարող ու վտանգող շա՜տ ու շա՜տ մտահոգիչ երեւոյթներ գոյութիւն ունին մեր շրջապատէն ներս, ինչ որ աւելի վախազդու է՝ քան մանուկի մը մանուկին ջուրով թրջուիլը:

Այսօր Վարդավառի աւանդութիւնը մեր մէջ այնպիսի տարածում մը ունի, որ նոր Լուսաւորիչի մը յայտնութիւնը եւս դժուար թէ մեր մէջէն դուրս կարենայ վանել այդ մէկը, որովհետեւ հաւատք եւ սովորութիւններ իրարու հետ կը կազմեն մեր ազգային ու հայկական մշակոյթը:

Մաղթեմ, որ գայ օրը, որպէսզի սկսինք գիտակցիլ, որ թափուած ջուրէն շա՜տ աւելի կարեւոր եւ լուծման անհրաժեշտ հարցերու դիմաց կը գտնուի հայ ժողովուրդը. հարցեր, որոնք կրնան վերացնել մեր մէջէն թէ՛ քրիստոնէական եւ թէ հեթանոսական բոլոր սովորութիւններն ու բարքերը:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -4-

Կարծելովս 2012 թուականն էր՝ 19 տարեկան էի. նոր դուրս եկած Զարեհեան դպրեվանքէն գործի ընդունուեցայ համաշխարհային հայկական կազմակերպութենէ մը ներս՝ որպէս արխիւի պատասխանատու:

Գործի սկսելուս չորրորդ օրն էր պատասխանատու Պրն. Գառնիկը կանչեց եւ մեծ գումարով լեցուն ծրար մը տալով ըսաւ, որ ծրարը տանիմ ու յանձնեմ անձի մը, որ մի քանի օր ետք կը պատրաստուի Հայաստան մեկնիլ: Գումարի չափը մեծ էր՝ 85 հազար ամերիկեան տոլար, իսկ ես տակաւին մի քանի օրուայ աշխատակից մը պարզապէս:

Նման վստահութեան մը դիմաց զարմացած, հարց տուի Պրն. Գառնիկին, թէ ի՞նչ վստահութեամբ նման գումար մը կը յանձնէ զիս՝ տանիլ յանձնելու համար անձի մը, որուն ով ըլլալը անգամ չեմ գիտեր:

Հարցումիս դիմաց ժպտաց.

- Նայէ՛ տղաս, եթէ պիտի գողնաս ու անունդ աղաւաղես, նկատի ա՛ռ, որ այդ մէկը ընես գումարի մը համար, որ կ՚արժէ. օրինակ դուն տակաւին երիտասարդ ես. դուն տակաւին երիտասարդ ես. 300-400 հազարը լաւ գումար է քեզի համար այդ մէկը յանձն առնելու։ Օրինակ իմ տարիքս մեծ է, շրջանակ ունիմ, ճանչցուած եմ. իմ պարագային նուազագոյնը 2-3 միլիոնով կը սկսի, այլապէս չ՚արժեր: Կեանքը ժամանակի ընթացքին կը սորվեցնէ, թէ ինչը բարի է եւ ինչը ոչ:

Նման վստահութիւն մը կորով տուաւ աւելի քան 6 տարի առանց որեւէ խնդրի աշխատելու այդ կազմակերպութենէն ներս՝ մինչեւ Յունաստան ճամբորդութիւնս:

***

Լիբանանի մէջ 2014 թուականին կազմակերպուած էր աշակերտական ասմունքի մրցում, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերէին լիբանանահայ բոլոր վարժարանները: Մեր մայրենի լեզուի ուսուցիչը որպէս ասմունքող ընտրեց Պետրոսը, որ ի ծնէ «ր» տառը ըսելու դժուարութիւն մը ունի: Պետրոս «ր» տառը կը հնչէր հաստ «ուի»ի պէս, իր անունը Պետրոսէն դարձնելով Պետուոս:

Պետրոս կը մեկնի ասմունքի մրցումի. ազատ ասմունքի կողքին պարտադիր ասմունք կը նշանակուի Զահրատի «Խունկ կը բուրեն» բանաստեղծութիւնը.  բանաստեղծութիւն, ուր աշխարհի ամենէն շատ «ր»երը գոյութիւն ունին...

Պետրոս կը բարձրանայ բեմ.

Խունկ կը բուեն...

Ոութան կաումիու մագաղաթ կը բուեն...

Պետրոս կ՚ասմունքէ... մինչ հանդիսատեսն ու նիշ տուողները բարձրաձայն խնդուքի մատնուած են:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Յուլիս 29, 2022