ՏԿԱՐ ԲԱՅՑ ՄՏԱԾՈ՛Ղ

«Մարդ եղէգ մըն է բնութեան մէջ՝ ամենէն տկարը բայց մտածո՛ղ»։ Այսպէս կ՚ըսէ Blaise Pascal (1623-1662թթ.) ֆրանսացի անուանի գիտնական եւ իմաստասէրը։ Արդարեւ, մարդ, իր բնութեամբ տկար արարած մըն է եւ նոյնքան՝ տոկուն եւ դիմացկուն։ Ան կ՚ազդուի ամենափոքր դէպքէ մը, բայց միաժամանակ ան գիտէ դիմադրել անոր, տոկալ եւ համբերատար ըլլալ։

Մարդուն այս յատկութիւնը արդիւնքն է այն իրողութեան, թէ ան կը շարժի զգացումներով, բայց ան իր կեանքը կը վարէ նաեւ բանականութեամբ։ Ուստի, զգացողութիւնը եւ բանականութիւնը միայն կը վարեն մարդուն կեանքը՝ միշտ հակակշռելով զիրար։ Եւ ահաւասիկ, այս հակակշռութիւնն է որ մարդը կ՚ընէ զգայուն կամ տկար եւ կամ բանական՝ որ կը զօրացնէ զինք։

Բանականութիւնը մարդուն յատկանշական մէկ կարողութիւնն է՝ մտածել, դատել եւ որոշել, եւ ըստ այնմ գործել։ Այս կարողութիւնը, արդարեւ, կ՚ենթադրէ «ազատ կամք», որ միայն մարդուն առանձնայատուկ է։ Աստուած մարդը բանական արարած ստեղծած է՝ անոր տալով անձի արժանապատուութիւն մը, որ օժտուած է իր իսկ գործերուն տիրապետութեամբ։ Ուստի, Սուրբ Երանոս Լիոնցի կ՚ըսէ. «Մարդը իմացական արարած է, եւ ասով՝ նման Աստուծոյ։ Ան ստեղծուած է ազատ եւ տէ՛ր իր արարքներուն»։

Մարդ շուտ կ՚ընկճուի, կը յուսալքուի եւ կը վհատի վատ կացութիւններու մէջ, բայց հետզհետէ կը մխիթարուի, սփոփանք եւ թեթեւացում կը զգայ, երբ բանականութիւնը զինք համոզել սկսի, թէ կեանքը պայքար մըն է եւ աշխարհ՝ ուր կ՚ապրինք, վարդաստան մը, բուրաստան մը չէ՛. հոն կայ չարն ալ, բարին ալ, վնասակարն ալ, օգտակարն ալ, ձախողութիւն ալ, յաջողութիւն ալ, տխրութիւն ալ, ուրախութիւն ալ, եւ վերջապէս, սէրն ալ, ատելութիւնն ալ։

Ուրեմն, բանականութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ ո՛չ չափազանց յոռետես եւ ոչ ալ չափազանց լաւատես ըլլալու է այս աշխարհի վրայ, այլ՝ իրատե՛ս։ Ուստի, կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ յոռետեսութիւնը մարդս կ՚առաջնորդէ դէպի յուսալքութիւն՝ խաւար եւ մութ աշխարհ, իսկ լաւատեսութիւնը՝ թէեւ ո՛չ միշտ, բայց ընդհանրապէս յուսախաբութեան պատճառ կը հանդիսանայ։ Ուրեմն, նախընտրելի է իրատես ըլլալ՝ յստակ տեսնել իրականութիւնը եւ շարունակել կեանքի ընթացքը աւելի եւս հաստատ եւ ապահով քայլերով։

Մարդ ապահով կը քալէ իր ճամբան, երբ զգայականութիւնը եւ բանականութիւնը կրնայ հաշտեցնել եւ «միջին կէտ» մը գտնել։ Անշուշտ որ մարդ կը շարժի իր զգացումներով, բայց երբեք պէտք չէ անտեսէ բանականութիւնը՝ որ կը թեթեւցնէ զգայնութեան պատճառած բարոյական ծանրութիւնը եւ կը դիւրացնէ կեանքը։ Զգայուն մարդը տկար է. բանականութեամբ շարժողը՝ զօրաւո՛ր։ Այս իմաստով՝ բանականութիւնը զօրութիւն մըն է ինքնին։

Բնական բանականութեամբ մարդը կարող է ստուգապէս ճանչնալ ճշմարտութիւնը՝ Աստուա՛ծ, մեկնելով աւելի եւս Անոր գործերէն։ Բանականութեան արդիւնքներէն մին ալ՝ գիտութիւնն է։ Գիտութիւնը զօրութիւն է՝ մարդս ինքնավստահ կ՚ընէ. գիտութեան տէր մարդը կը գործածէ իր բանականութիւնը եւ գիտութեանը չափով կրնայ գաղափարներ կազմել։ Քանի որ առանց գիտութեան «գաղափար» գոյութիւն չ՚ունենար…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յուլիս 28, 2023, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Յուլիս 29, 2023