ՊԻՏՈՅՔՆԵՐԸ ԱՌԱՁԳԱԿԱՆ ԵՆ
Ստորեւ կը ներկայացնենք Արտաշէս Գալփաքճեանի 18 Սեպտեմբեր 1937 թուակիր «ԺԱՄԱՆԱԿ»ի այս նոյն սիւնակներու մէջ հրատարակուած շահեկան յօդուածը։
Մեր պիտոյքները առաձգական են. ո՛րքան որ կը լայննան, նոյնքան ալ կրնան նեղնալ, այնպէս որ նիւթական շատ համեստ վիճակ ունեցող մէկն ալ անվիճելիօրէն կրնայ խնայութիւն ընել։ Միայն թէ ամէն բան իր չափն ու սահմանը ունի, որու մասին խօսիլ կ՚ուզենք այսօր։
Բայց այս նիւթին՝ կ՚ուզենք պարագայ մը յիշեցնելով անոր ունեցած շատ մեծ կարեւորութիւնը վեր հանել։
Քաղաքական Տնտեսութեան հանրածանօթ հեղինակ Շառլ Ժիտ իր գիրքին մէջ (էջ 628) կը յայտարարէ.
«Եթէ Ֆրանսա կրցած է ճարտարարուեստի կարողութեան իր դիրքը պատուաւորապէս պահել ա՛յն երկիրներուն քով որոնք իրենց բնակչութեան թիւին, իրենց գործունէութեան աստիճանին եւ իրենց գործիքներուն կատարելութեան կողմէ իրմէ շա՛տ վեր են. ասիկա՝ Ֆրանսա՝ ամէնէ՛ն աւելի պարտական է խնայելու իր սովորութեան, իր ըրած խնայութեան»։
Այսպէս ալ, եթէ ֆրանսացի երեւելի ուսուցչին վկայութեամբ, Ֆրանսա կրցած է իր դիրքը պատուաւորապէս պահել խնայութեան շնորհիւ, կրնանք վստահ ըլլալ թէ մեզի ալ կը ներկայանան պարագաներ, ուր անհատապէս մեր դիրքը կրնանք պահել խնայութեան շնորհիւ միայն։
Ըսինք որ մեր պիտոյքները առաձգական են, մենք կրնանք զանոնք մեծ չափով կրճատել, որով նիւթական շատ համեստ վիճակ ունեցող մէկն ալ, այսինքն աղքատն ալ կրնայ խնայութիւն ընել։
Արդ, հարուստ ըսելով մենք կը հասկնանք ա՛յն որ իր անհրաժեշտ պէտքերէն աւելի ունի, իսկ աղքատ՝ ա՛յն որ իր անհրաժեշտ պէտքերը բաւական չափով չունի։
Խնայել՝ վաղուանը մտածել, խելացի եւ պատուախնդիր մարդու մը համար պարտականութիւն մըն է. որովհետեւ տղաքը, մուրացիկները, աւազակները ու թափառաշրջիկները վաղուանը չեն մտածեր։ Եւ սակայն այսօրը իրականութիւն է, վաղը մինչեւ աստիճան մը անծանօթ է. գոյութիւն ունի երեւակայութեան մէջ։ Հետեւաբար, շատ ալ իմաստուն մարդու գործ չէ ներկան զոհել ապագային, շահաւոր չէ ներկան զրկանքով ապրիլ եւ ապագան վտանգել։
Եւ այս մտածումներով խոհեմ գործ մը չէ խնայութիւն ընելու համար իր պիտոյքներէն կրճատել յանձնարարելը աղքատին, որ արդէն իր ապրուստի անհրաժեշտ պէտքերէն բաւական չափով չունի։ Բայց այս ա՛յսպէս ըլլալով, չկարծուի թէ նիւթական համեստ վիճակ չունեցող մը կրնայ խնայութիւն ընելու պարտականութենէն զերծ մնալ։
Մենք խնայութիւն ըսելով սովորաբար կը հասկնանք՝ մեր առօրեայ ծախքերէն կրճատել եւ դրամ աւելցնելով պահել։ Եւ այս խնայութիւնը համարենք որ չեն կրնար ընել ո՛չ նիւթական համեստ վիճակ ունեցողը, ո՛չ ալ աղքատը։
Բայց խնայութիւնը միայն դրամ պահելով չ՚ըլլար։ Եւ շատ կարեւոր է ասիկա։ Երբ մեր ձեռքը անցած դրամը կամ մանաւանդ մեր ունեցած պարապ ատենը կը յատկացնենք անա՛նկ գործերու որով մեր արտադրողական կարողութիւնը կ՚աւելնայ եւ կամ ատով ձեռք կ՚անցընենք գործիք մը, որով կրնանք աւելի շատ ու աւելի լաւ արտադրել. ասով խնայութեան լաւագոյնն ու արդիւնաւէտը ըրած կ՚ըլլանք։
Խնայութեան նպատակը ապագայի ապահովութիւնն է, բայց միեւնոյն ատեն անոր բուն պաշտօնն է՝ իրարու վրայ բարդուելով դրամագլուխ ըլլալ։ Եթէ դրամագլուխը՝ դրամը միայն եղած ըլլար, աղքատին ու նիւթական համեստ վիճակ ունեցողին համար կարելի չէր խնայութիւն ընել եւ դրամագլուխի մը տիրանալ։
Բայց դրամագլուխը միայն դրամը չէ, միայն նիւթական չէ։ Կայ աննիւթական դրամագլուխը՝ գործի մը հմտութիւնը, ճարտարութիւնը, փորձառութիւնը, զորս կրնայ ձեռք բերել ա՛յն որ իր խաղի, զբօսանքի ժամերը կը յատկացնէ կարդալու, սորվելու նոր գաղափարներ, նոր մեթոտներ իմանալու։
Խնայողութեան ջերմ պաշտպանները կ՚ըսեն.- բաւարար սնունդ մը, լաւ հագուստ մը, առողջ բնակարան մը, հանգստաւէտ կարասի մը, եւ, ասոնցմէ շատ աւելի վեր, հրահանգիչ ու շահեկան գիրքեր ո՛չ միայն ներելի այլեւ յանձնարարելի ծախքեր են, որովհետեւ մարդուն արժէքը կը բարձրացնեն, արտադրողական կարողութիւնը կ՚աւելցնեն։
Ըլլա՛յ անհատական, ըլլայ հանրային, ամէն ծախք որ մարդուն ֆիլիքական ու մտաւորական կարողութիւնը կ՚աւելցնէ, ո՛չ միայն յանձնարարելի է, այլեւ խնայութենէն նախամեծար է։ Որովհետեւ մարդ իր առողջութիւնը կազդուրելու համար, կազդուրելէ կամ իր միտքը զարգացնելէ աւելի արդիւնաւէտ ի՞նչ բանի կրնայ գործածել իր ունեցած դրամը, իր հարստութիւնը։
Խնայութեան մասին, տղաս, բան մըն ալ ըսեմ եւ աւարտեմ։
Ծախքեր կան որ արտադրող են, ծախքեր ալ կան որ սպառող են։ Գործիդ մէջ կարելի եղածին չափ զգուշացիր սպառող ծախքեր ընելէ։ Բայց առանց խնայելու ըրէ այն ծախքերը որոնք արտադրող են, որոնցմով բան մը կը սորվիս, գործդ աւելի լաւ եւ աւելի դիւրաւ ընելու միջոցը կը տեղեկանաս, եւ ասոր է՛ն կարճ միջոցը ընտրանքով կարդալն է։
Դրամ ծախսած ատենդ, տղա՛ս, չափէ դրամիդ արժէքը։ Դրամը երկու արժէք ունի. մէկը՝ «փոխանակութեան արժէք», միւսը՝ «գործածութեան արժէք»։
Փոխանակութեան արժէքը ամէնուն համար միեւնոյնն է։ Մէկ լիրանոց Պանքնօթով տասը քիլօ հաց կարելի է գնել, ո՛վ որ ալ այս պանքնօթը տանի փուռը, տասը քիլօ հաց միայն կրնայ գնել։ Ա՛յս է մէկ լիրային «փոխանակութեան արժէք»ը անփոփոխ ամէնուն համար։ «Գործածութեան արժէք»ը բայց իւրաքանչիւր անհատի համար կը տարբերի։
Գործաւոր մը օրն ի բուն կ՚աշխատի, արիւն քրտինք կը թափէ եւ իր առած մէկ լիրա օրավարձքովը իր ընտանիքը կ՚ապրեցնէ։
Մինչդեռ ամիսը հազար լիրա թոշակ առնող պանքայի տնօրէն մը այս մէկ լիրան իր օթօմօպիլին շօֆէօրին նուէր կու տայ։ Ինչպէս կը տեսնուի գործաւորին ձեռքի լիրային գործածութեան արժէքը շատ սուղ է պանքայի տնօրէնին ձեռքը գտնուած լիրային արժէքէն։
Դրամ ծախսած ատենդ, միշտ չափէ անոր գործածութեան արժէքը, նայէ՛ որ պատշաճեցնես քու նիւթական կարողութեանդ եւ հասոյթիդ հետ ու պիտի զգուշանաս ընելու այն ծախքերը, որոնք ուրիշի մը ներելի են եւ քեզ համար դատապարտելի։
Մտադիր ենք եւ պիտի ջանանք խնդրոյ նիւթ ընել, ուսումնասիրել գործի մարդիկը շահագրգռող հարցեր ու անոնց մասին կարծիքներ յայտնել։ Կը յուսանք որ մեր ազնիւ ընթերցողները պիտի կրնան մեր գրութիւնններուն մէջ իրենց համար օգտաւէտ գաղափարներ գտնել, որովհետեւ ի՛նչ որ պիտի գրենք, քաղած ենք տնտեսագիտական գիրքերէ եւ ապրած մարդոց մեզի տուած փորձառական դասերէն։
«ԺԱՄԱՆԱԿ» 18 Սեպտեմբեր 1937
Մեր մեծհօր Արտաշէս Գալփաքճեանի, մօտաւորապէս ութսուն տարի առաջ՝ այս սիւնակներու մէջ հրատարակուած տողերը վերյիշել, մեզի անբացատրելի՜ հաճոյք մը կը պատճառէ՝ քանի որ ան կը շարունակէ ծառայել իր ազնի՜ւ ընթերցողներուն, ա՛յսօր ալ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 7, 2016, Իսթանպուլ