ԿՈՐՍՈՒԱԾ ԱՐԺԷՔԸ

Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը, ընդհանրապէս այն ցոյց կու տայ, թէ որեւէ բանի արժէքը կը զգացուի երբ ան կորսուի։ Կան առարկաներ, որոնք միշտ աչքի առջեւ են, բայց մա՛րդ չ՚անդրադառնար անոնց գոյութեան, բայց երբ պակսի կամ կորսուի, կերպով մը հեռանայ աչքէ, անմիջապէ՛ս կը զգացուի անոնց բացակայութիւնը։ Ուրիշ բացատրութեամբ՝ կան իրեր, առարկաներ եւ նոյնիսկ մարդիկ, որոնք ուշադրութիւն չեն գրաւեր իրենց ներկայութեան՝ մա՛րդ չ՚անդրադառնար անոնց, բայց երբ բացակային՝ իրենց բացակայութեամբ անմիջապէ՛ս կը յայտնուին։ Ուրեմն, մարդկային աչքը եւ ուշադրութիւնը աւելի՛ կը կեդրոնանայ կորուստին կամ կորսուածին, քան՝ ներկային եւ յայտնեալին։

Զոր օրինակ, գրադարանին մէջ մարդուս աչքին առջեւ գտնուած գիրք մը երբեմն ուշադրութիւն չի գրաւեր, բայց օր մը եթէ այդ «աննշան» գիրքին տեղը պարապ տեսնայ մարդ, անմիջապէս կ՚անդրադառնայ, որ հոն գիրք մը կը գտնուէր։ Բացակայութիւնը զգալի ըլլալ՝ բացակայող որեւէ բանի մը եւ կամ որեւէ մէկու մը իսկակա՜ն արժէքը յայտնի կը դառնայ, երբ ան կորսուի կամ բացակայի։ Մարդկային բնական զգացական երեւոյթ մըն է ասիկա։

Սակայն առաքինութիւն է, ազնուութիւն է՝ արժէքը գնահատել իր իսկ ներկայութեան, եւ չսպասել անոր բացակայութիւնը կամ կորուստը որեւէ իրի կամ ոեւէ մարդու։

Կորուստէ ետք զղջալ որեւէ արժէք չի՛ ներկայացներ եւ կորսուածին օգուտ չի պատճառեր։ Արժէքներ «արժէ՛ք» են իրենց ներկայութեան եւ անոնցմէ կարելի է օգտուիլ իրենց ներկայութեան եւ ո՛չ թէ բացակայութեան կամ կորուստին ժամանակ։ Այլապէս, բացակայի մը կամ կորսուածի մը մասին գնահատական խօսքեր ընել՝ անոր արժէքը ո՛չ կ՚աւելցնէ եւ ոչ ալ կը պակսեցնէ եւ ոչ ալ որեւէ օգուտ կը պատճառէ։

Այս իմաստով եւ այս հարցին մէջ զղջումը որեւէ օգտակարութիւն կը պատճառէ ո՛չ կորսուածին կամ բացակայողին, եւ ո՛չ իսկ զղջացողին։ Ամէն զգացում օգտակար է իր ժամանակին եւ իր տեղի՛ն։ Արդէն երբ մարդիկ գնահատել գիտնային ժամանակին ու տեղին, կարելի է կարծել, թէ անհատական, ընտանեկան եւ ընկերային շատ մը անհամաձայնութիւններ, անհանգստութիւններ չէին պատահեր եւ մարդիկ աւելի խաղաղ կեանք մը կ՚ապրէին՝ աւելի՛ երջանիկ եւ աւելի՛ հաշտ։ Արդարեւ, շատ մը հարցեր սկիզբ կ՚առնեն արժէք չճանչնալէ, զիրար չհասկնալէ, եւ այս պատճառով ծնած թիւրիմացութիւններէ։

Մարդիկ եթէ զիրար ճանչնային իրենց իսկական երեսով, իրենց իրական արժէքով, նկարագրով, թափանցիկ եւ բացայա՛յտ կ՚ըլլար ամէն ինչ։ Այս ալ կը նշանակէ «անկե՛ղծ ըլլալ» եւ մանաւանդ ընդունիլ ամէն ինչ եւ ամէն մարդ իր իրական եւ իսկական բնաւորութեամբ։

Եւ այս անկեղծութեան պակա՛սն է, որ պատճառ կ՚ըլլայ կորսուածին կամ բացակայողին արժէքը գնահատեն մարդիկ, երբ չէին անդրադարձած անոնց ներկայութեան։ Ահաւասիկ մարդկային տկարութիւն մը, թերութի՛ւն մը՝ որ պատճառ կ՚ըլլայ թիւրիմացութիւններու եւ մինչեւ իսկ անարդարութիւններու եւ անիրաւութիւններու։

Արդար ըլլալու համար պէտք է իրաւունք ճանչնալ, արժէքը տալ մէկու մը՝ առանց սպասելու անոր կորուստին կամ բացակայութեան…։

Կորսուածը փնտռել՝ կը նշանակէ անոր արժէքը գնահատել, ուրեմն աւելի լաւ չ՚ըլլա՞ր փոխանակ կորսուելէ ետք փնտռելու, զայն չկորսնցնելու համար կանխազգուշական միջոցներով կանխել անոր կորուստը, աւելի զգոյշ եւ ուշադիր ըլլալ, այդ մասին միջոցառումներ պատրաստել նախապէս։

Բայց մարդիկ, ներկայ որեւէ բանի մը պէտք եղած արժէքը չեն տար ընդհանրապէս, եւ այդ իսկ պատճառով ալ չեն խորհիր զայն պահելու, պահպանելու մէջ զգոյշ ըլլալ, հոգ տանիլ եւ կամ ըստ այնմ խնամել զայն։ Թերեւս սապէս կը խորհին մարդիկ. «քանի որ մօտս է՝ ապահով է, իր կորուստը կարելի չէ՛…» եւ այլն։ Բայց չեն խորհիր նաեւ, թէ՝ կեանքի մէջ ամէն ինչ կարելի է եւ կեանքը անակնկալներով լեցուն է, եւ ուրեմն պէտք է զգոյշ ըլլալ, ուշադիր ըլլալ, միջոցառումներու դիմել՝ չկորսնցնելու համար այն ի՛նչ որ ներկայ է եւ մօտը մարդուն։

Այս իրողութիւնը որքան առարկաներու, իրերու համար, նո՛յնքան մարդոց համար ալ զգալի է։

Մարդ մը, որուն իրաւունքը չի ճանչցուիր եւ արժէքը չի գնահատուիր՝ կրնայ վշտանալ եւ հեռանալ, եւ կամ կրնայ որեւէ կերպով բացակայիլ, եւ իր կորուստէն կամ բացակայութենէն ետք անոր իրաւունքը տալ, արժէքը գնահատել՝ այլեւս ո՛չ մէկ օգուտ կ՚ունենայ, քանի որ ան բացակայ է կամ կորսուա՛ծ։

Արդարեւ, յայտնի է, որ առողջը պէտք չունի բժիշկի, դարմանումի, դեղի, ինչպէս արդարը՝ իրաւունքի ճանաչումի, եւ չկոր-սըւածը՝ փնտռտուքի։

Բայց այս չի՛ նշանակեր, թէ առողջը պէտք չունի խնամքի, արդարը՝ հոգածութեան, եւ չկորսուածը՝ զգուշութեան, հետաքրքրութեա՛ն։ Ուստի առողջը առո՛ղջ պահելու, առողջութիւնը պահպանելու համար ալ մարդ պէ՛տք է ջանք թափէ, ինչպէս՝ արդարութիւնը եւ այն՝ որ ներկա՛յ է եւ չէ կորսուած։ Քանի որ յայտնի չէ, թէ առողջը միշտ առողջ պիտի մնայ, թէ՝ ո՛չ, նաեւ արդարը՝ պիտի գայ պահ մը՝ երբ պիտի անիրաւուի, եւ ներկան ապահովութիւն չունի՛ չբացակայելու կամ չկորսուելու։ Ուրեմն միշտ պէտք է զգո՜յշ ըլլալ՝ պատրաստ եւ արթո՛ւն։ Եւ նախընտրելի է՝ չկորսնցնելու աշխատիլ, փոխանակ կորսնցնելէ յետոյ փնտռելու, կամ առողջութիւնը կորսնցնելէ յետոյ դարմանուելու, դեղերու գերին դառնալու, իրաւունքը կորսնցնելէ վերջ՝ իրաւունք փնտռելո՜ւ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 25, 2017, Իսթանպուլ    

Երեքշաբթի, Օգոստոս 29, 2017