ԿԻՐՔԵՐ՝ ՈՐՈՆՔ ՅԱՆՑԱՆՔԻ ԿԸ ՄՂԵՆ

«Կիրք»ը՝ մարդկային ներքին անգիտակից մղումն է, որ ընդոծին, բնածին զգացում մըն է։ Կիրքը կարելի է հակակշռել բանականութեամբ եւ արգելք ըլլալ անոր, հաւանական վնասակար հետեւանքներու պատճառ չհանդիսանալու համար։ Արդարեւ, կիրքը, երբեմն կը խափանէ բանականութիւնը եւ պատճառ կը դառնայ մինչեւ իսկ քրէական յանցանքներու գործադրութեան։

Անշուշտ ամէն կիրք նոյն աստիճանի զօրութիւն չունի վնասակար արդիւնքներ ստեղծելու համար։ Ուրեմն, որո՞նք են այն կիրքերը՝ որ մարդս կը մղեն մեծագոյն քրէական յանցանքներ գործելու։ Եւ ինչպէս ըսինք, ասիկա կախում ունի կիրքին սաստկութեան աստիճանէն եւ զօրութենէն՝ որ կարելի չ՚ըլլար զայն հակակշռել բանականութեամբ։

Ուստի, սա իրականութիւն մըն է, թէ մարդ, ընդհանրապէս յաւակնութիւնը ունի ամենէն արդարը, ամենէն սուրբը, ամենէն անմեղը, ամենէն խելացին ըլլալու եւ ա՛յդպէս ներկայացնելու ինքզինք բոլորին։ Ուրեմն, առաջին բնազդը մարդուս «Ես»ին, ինքզինք միշտ արդարացնելու ճի՛գն է։ Մարդ եթէ նոյնիսկ սխալ մըն է գործած, անմիջապէս պատրա՛ստ է ինքզինք արդարացնելու, զանազան պատրուակներ գտնելով եւ ստեղծելով։ Յանցանքի մը, սխալի մը պատասխանատուն միշտ «ուրիշ» մըն է՝ բանաւոր էակ մը, անբան անասուն կենդանի մը եւ կամ անկենդան իր մը, դէպք մը, եւ եթէ ոչ մէկը յանցաւոր է եւ պատասխանատու՝ բնութիւնը յանցաւոր եւ պատասխանատու ներկայացնելու պատրա՛ստ է «յանցաւոր»ը՝ իր «Ես»ին դրդումով…։

Որքան ալ բացայայտ ըլլայ յանցանքը եւ ծանօթ՝ յանցաւորը, անոր պաշտպանողականը պատրա՛ստ է, նոյնիսկ եթէ ընդունի իր յանցանքը կամ սխալը։ Յանցաւորին խոստովանանքը եւ պաշտպանողականը գրեթէ միշտ կը սկսի սա սովորական խօսքով. «Այո՛, այդ յանցանքը գործեցի, յանցաւոր եմ… բայց…», եւ կը շարունակէ պատրուակներ, պատճառաբանութիւններ, չքմեղանքներ՝ ինքզինք արդարացուցիչ խօսքեր արտասանելով։

Այս պարագային կարելի է խորհիլ, թէ «յանցանքը գործողը յանցաւոր չէ, այլ միշտ ուրիշ մը»։

Անշուշտ, այսպէս խորհիլ սխա՛լ է, քանի որ որեւէ արարքի մը պատասխանատուն՝ այդ արարքը գործողն է։ «Պատճառ-արդիւնք» բնական յարաբերութիւնը, բանականօրէն այս կը պահանջէ, արարք մը զայն գործողին հետեւանքն է եւ ուրեմն ա՛ն է բնական պատասխանատուն։ Եւ մարդ ինքզինք արդարացնելու համար, նոյնիսկ ինքզինք կը խաբէ եւ մարդ իր ըսած սուտին ինքն ալ կը հաւատայ եւ ճշմարիտ կը կարծէ զայն։ Ինքնախաբէութիւնը՝ մարդուս տկարութեան մէկ չափանիշն է, անկայուն նկարագրի արտայայտութի՛ւնը։

Մարդ ինքզինք արդարացնելու համար, իր ներքին աշխարհին մէջ, խորհրդածութիւններուն մէջ մտացածին, երեւակայական փաստեր կը ստեղծէ՝ սուտը սուտով, սխալը սխալով սրբագրելու կ՚աշխատի։ Բայց կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ո՛չ սուտը սուտով եւ ոչ ալ սխալը սխալով կ՚արդարանայ, եւ թերեւս սուտը կը կրկնապատկուի, սխալը աւելի կը ծանրանա՛յ։ Եւ ահաւասի՛կ, ինքնախաբէութեան կատարեալ օրինա՛կ մը։ Ինքնախաբէութեամբ է որ մարդ աւելի խեղճ կ՚ըլլայ եւ դժբա՛խտ։

Աւետարանի հրաշալի՜ հատուածներէն մին է՝ «Փարիսեցիին եւ մաքսաւորին» առակը, եւ այդ առակը շատ անգամ կը կրկնուի, կը վերակենդանանայ մարդոց մէջ, եւ մարդ, իր խղճին առջեւ քանի՜ քանի անգամներ՝ տաճարին մէջ կանգնած փարիսեցիին պէս կը մտածէ, թէ՝ անմեղ է եւ կատարած իր բոլոր պարտականութինները, եւ միամիտօրէն կ՚ըսէ. «Աստուած իմ, գոհ եմ որ ուրիշ մարդոց պէս չեմ. ո՛չ յափշտակող, ո՛չ անիրաւ, ո՛չ անբարոյական, եւ ո՛չ իսկ քովս կանգնող մեղաւո՜ր մաքսաւորին պէս…»։

Փարիսեցին եւ անոր նմանողներ, եթէ խիղճը խայթոցներ ցուցնէ իրենց դէմ, հազար ու մէկ տեսակ իմաստակ եւ կարծեցեալ փաստերով, պատրուակներով խայթոցին նետը բթացնելու համար կը շինեն, կը յօրինեն ժանիքներ, որոնք սակայն միշտ չեն ազդեր եւ խայթոցը իր արդարադատ եւ հատու դերը կը կատարէ։

Անոնք բացասական են։ Կան նաեւ փարիսեցիին նմանողներ Սուրբ Գրային վկայութիւններու մէջ, որ հպարտութեամբ կ՚ըսեն. «Շաբաթը երկու անգամ պահք կը պահեմ, իմ ստացուածքիս տասանորդը Ղեւտացիներուն կու տամ», ալ ասկէ աւելի աստուածաշնորհ եւ աստուածահաճոյ մարդ կարելի՞ է որ ըլլայ…։

Դժբախտաբար այդ յաւակնութիւնը կամ ամբարտաւանութիւնը, ամբարհաւաճութիւնը, այսինքն՝ ինքնահաւանութիւնը, քիչ կամ շատ, մարդուս մէջ կայ, այն կիրքը՝ որ եթէ կարելի չըլլայ զսպել կամ հակակշռել, ահաւոր բարոյական վնասներու կրնայ պատճառ դառնալ։ Արդարեւ, առանց գիտակցելու, բնական մղումով մը, մարդ կը յաւակնի ամէն բան գիտնալ՝ շուրջիններուն կողմէ ամենէն շատ սիրուածը կը յաւակնի ըլլալ, եւ թերեւս ո՛չինչ օգուտ հասցնելէ զատ՝ շա՜տ վնասներ կու տայ անոնց՝ իրաւունքները միայն վայելելով եւ մոռնալ ամէն պարտաւորութիւն, պարտք եւ պատասխանատուութիւն։ Ահաւասի՛կ, չզսպուած եւ չհակակշռուած կի՛րքն է որ կ՚ընէ այս բոլորը։

Մարդ կը յաւակնի սիրել՝ իր ընտանիքը, իր դրացին, իր հայրենակիցը, եւ սակայն իր ընթացքով, ուրիշի մը, զանոնք չսիրող եւ նոյնիսկ ատող մէկը ըլլալու տպաւորութիւնը ունենալուն պատճառ կ՚ըլլայ, քանի որ ժխտական տպաւորութիւն մը կը թողու գործնականապէս։ Բնականաբար, ընդհանուր չէ՛ այդ վատ տպաւորութիւնը անշուշտ որ բազմաթիւ յարգելի բացառութիւններ կան այս մասին։ Բայց երբ մարդկային կի՛րքն է խնդրոյ առարկան, այդ յարգելի բացառութիւնները կը մնան միշտ փոքրամասնութիւն, եւ մարդիկ ընդհանրապէս կը տարուին իրենց անսանձ եւ անզուսպ կիրքերէն։ Երանի՜ թէ անոնք փոքրամասնութիւն եւ բացառութիւնները մեծամասնութիւն կազմէին…։

Եւ երբ այդպիսի յաւակնութիւն մը՝ ծնունդ առած կիրքէն, մարդուս բարքին մէջ արմատ դնէ, հաստատ գետին գտնէ, այսինքն՝ մարդ ինքզինք միշտ լաւ եւ բարի տեսնէ, այդպէս նկատէ կամ կարծէ՝ իսկ ուրիշը՝ գէշ եւ չար, բնականաբար «ուրիշ»ի մը թերութիւններուն դէմ յոխորտանք՝ ինքն իրմով հպարտ պիտի զգայ։

Երեւակայեցէ՛ք, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, եթէ առակին մէջ պատմուած այդ խե՜ղճ մաքսաւորը ճի՛շդ հոն թերութիւն մը ունեցած եւ ցոյց տուած ըլլար փարիսեցիին դէմ, չէ՞ք կարծեր որ փարիսեցին նոյնիսկ մոռնալով Աստուծոյ տաճարին մէջ գտնուիլը՝ ապտակ եւ նախատինք պիտի իջեցնէր անոր վրայ փոխանակ ներելու, հանդուրժողութեամբ դիմաւորելու զայն։

Ուրեմն, գիտակցինք մեր կիրքերուն, հակակշռենք զանոնք, սանձենք անոնց ազդեցութիւնը եւ գերի չդառնանք անոնց, քանի որ մենք բանաւոր էակներ ենք, գիտակցութիւնը ունինք եւ ունենալո՛ւ ենք մեր աստուածաշնորհ յատկութիւններուն, եւ հաւատարիմ ըլլալու ենք մեր կոչումին՝ աստուածանմանութեա՛ն… եւ ըստ այնմ ապրինք կեանքը՝ չափաւոր եւ շնորհալի՜ կերպով…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 8, 2018, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 29, 2018