ԱՌԱՔԻՆՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԷՔԸ

Լորտ Պայ­րըն կ՚ը­սէ, թէ՝ «այս աշ­խար­հի վրայ ա­ռա­քի­նու­թե­նէ ա­ւե­լի ազ­նուա­կան եւ ըն­տիր բան չկա՛յ»։ Ա­ռա­քի­նի մարդ ըլ­լալ կը նշա­նա­կէ՝ ազ­նիւ մարդ ըլ­լալ, ըն­տիր մարդ ըլ­լալ, տի­պա՛ր մարդ ըլ­լալ եւ մէկ խօս­քով՝ մա՛րդ ըլ­լալ։ Ար­դա­րեւ բազ­մա­թիւ ա­րա­րած­նե­րու մէջ «մարդ» ստեղ­ծուած ըլ­լալ, «մարդ» ա­նուա­նուիլ՝ ի­րա­պէս շնորհ մըն է, ա­ռա­ւե­լու­թիւն մը, բա­ցա­ռու­թի՛ւն մըն է։

«Մարդ» ըլ­լալ որ­քան ա­ռա­ւե­լու­թիւն, նոյն­քան ալ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն ու­նե­նալ կը նշա­նա­կէ։ Ար­դա­րեւ մարդ ծնիլ, ը­սենք, պա­տա­հա­կան է, բայց «մարդ մնալ», մար­դու, մարդ ըլ­լա­լու ար­ժա­նի ըլ­լալ, մարդ հան­գա­ման­քով ապ­րիլ պար­տա­ճա­նա­չու­թեան հարց մըն է։

«Մարդ» հան­գա­ման­քին ար­ժա­նի ըլ­լալ կա­մա­յա­կան չէ, բայց «մարդ» հան­գա­ման­քը պա­հել եւ տե­ւա­կա­նաց­նել՝ ա­հա­ւա­սի՛կ, պար­տա­ւո­րու­թեան հարց մըն է, պար­տա­ճա­նա­չու­թիւն եւ պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան գի­տակ­ցու­թիւն կը պա­հան­ջէ։

Ա­հա­ւա­սիկ, մար­դուս նկա­րա­գի­րը կը չա­փուի իր պար­տա­ճա­նա­չու­թեամբ եւ մարդ հան­գա­ման­քը պա­հե­լու եւ տե­ւա­կա­նաց­նե­լու պա­տաս­խա­նա­տուու­թեա­նը գի­տակ­ցու­թեամբ։ Ուս­տի պայ­մա՛ն է, անհ­րա­ժեշտ պայ­ման ա­ռա­քի­նու­թիւ­նը, քա­նի որ մարդ որ­պէս էակ, իր նկա­րագ­րով ան­հատ է եւ անձ, այ­սինքն լման «մա՛րդ»։ Այս ի­րա­կա­նու­թե­նէն կը հե­տե­ւի, թէ՝ մար­դուս «ար­տա­քին ե­րե­ւոյթ»ը, տես­քը պէտք է ըլ­լայ իր հո­գե­կան ազ­նիւ բար­քե­րուն ցո­լա­ցու­մը՝ ա­ռա­քի­նու­թեան ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը ա­մէն տե­սա­կէ­տով։

Յա­ճախ կը կրկնենք այն ի­րո­ղու­թիւ­նը՝ թէ մարդ, մարմ­նա­կան-ֆի­զի­քա­կան, մտա­ւոր եւ հո­գե­կան ե­րե­սակ­նե­րուն ամ­բող­ջու­թիւնն է եւ ա­նոնց հա­մե­մա­տա­կան ներ­դաշ­նա­կու­թեամբ նախ «ան­հատ» եւ յե­տոյ՝ «անձ» կը կո­չուի։ Արդ­րաեւ, «ան­հատ»ը իր ի­րա­ւուն­քը եւ պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն գի­տա­կից մարդն է, իսկ «անձ»ը ի­մա­ցա­կա­նու­թիւն, բա­նա­կա­նու­թիւն, դա­տե­լու, ո­րո­շե­լու կա­րո­ղու­թիւն ու­նե­ցող, ա­զատ կամ­քով շար­ժող ան­հատն է։ Ուս­տի, ինչ­պէս ը­սինք, «մարդ» ըլ­լալ պա­տա­հա­կան կա­րե­լի է հա­մա­րել, սա­կայն աս­տի­ճա­նա­բար՝ հետզ­հե­տէ «ան­հատ» եւ «անձ» ըլ­լալ իր­մէ կա­խում ու­նի։

Որ­պէս «մա՛րդ» պար­ծիլ, ա­մէն մէ­կու ար­դար եւ ան­կապ­տե­լի ի­րա­ւո՛ւնքն է ան­շուշտ, բայց այս «հրա­շա­գործ զար­գա­ցում»ը պէտք չէ՛ խա­փա­նէ ի­մա­ցա­կա­նու­թիւ­նը, տե­սիլ­քը՝ թռիչ­քը եւ մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը։

Այ­սօր, ընդ­հան­րա­պէս դա­տարկ են մար­դուս հո­գի­նե­րը, լու­սա­ւո­րու­թեան եւ յա­ռաջ­դի­մու­թեան դա­րուս մէջ. աչ­քե­րը վեր կը նա­յին, նիւ­թէն ալ վե՛ր, բայց կ՚ան­տե­սեն ի­րենք ի­րենց ներ­քի­նը, չեն անդ­րա­դառ­նար ա­նոնք, որ «վեր»էն ա­ռաջ, նախ կայ՝ նե­րաշ­խար­հը, ինքն իր մէջ, ինքն ի­րեն հետ…։

Ֆ. Նի­չէ կ՚ը­սէ, թէ՝ ե­թէ շատ վեր նա­յիք, վե­րը փնտռէք «ար­ժէք»ը, ա­պա ձեր ոտ­քի առ­ջեւ՝ չէ՛ք տես­ներ փոքր քա­րը, եւ կը գլո­րիք։

Ար­դա­րեւ «հե­ռու»ին անդ­րա­դառ­նա­լու հա­մար, նախ պէ՛տք է անդ­րա­դառ­նալ «մօտ»ին, վեր նա­յե­լէ ա­ռաջ, նախ պէտք է տես­նել «վար»ը՝ ուր կը գտնուի էա­կա­նը, իս­կա­կա­նը եւ բո՛ւ­նը։

Մարդ կա­րե­նալ «վեր» նա­յե­լու հա­մար, պէտք է որ ինք «վար»ը ըլ­լայ, քա­նի որ վե­րէն վե՛ր նա­յիլ կա­րե­լի չէ։ Եւ ա­մե­նէն ցա­ւա­լին՝ մար­դուս ինք­զինք միշտ վե­րը կար­ծելն է, այ­լա­պէս բարձ­րա­նա­լու հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը չ՚ու­նե­նար, եւ ա­մո՛ւլ կը մնայ։

Եւ այս պատ­ճա­ռով, այ­սօր, նո­րա­հաս սե­րունդ­ներ, թէեւ նիւ­թա­պէս յա­ռաջ­դի­մած, հո­գին եւ հո­գե­կա­նը, դժբախ­տա­բար կը պակ­սի ի­րենց­մէ, նոյն­պէս եւ ա­նոնց սրբա­բոյր կեն­ցա­ղը։ Ե­թէ դի­տել փոր­ձենք մեր շուր­ջը, ներ­կայ սե­րունդ­ներ՝ ի­րենց ներ­քին հու­րը, ողջմ­տու­թեան ներ­հակ մի­ջոց­նե­րով, սխալ գոր­ծադ­րու­թիւն­նե­րով մա­րել կը ջա­նան՝ հա­ճոյ­քի մէջ փնտռե­լով ա­մէն լու­ծում, ա­մէն մխի­թա­րու­թիւն։

Երբ մարդ, իր հա­ճոյ­քին գե­րի դար­ձած՝ բա­րո­յա­կա­նու­թեան ու­ղիղ ճամ­բէն տա­կաւ կը շե­ղի, ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին, իր մէջ գտնուող «բա­րո­յա­կան ար­ժէք»ներ, «հո­գե­ւոր ճշմար­տու­թիւն»ներ, այ­սինքն՝ վե­հանձ­նու­թիւն, աղջմ­տու­թիւն, աս­պե­տա­կան կե­ցուածք, տե­սիլք եւ գա­ղա­փա­րա­յին թռիչք, կեան­քը վա­յե­լե­լու եւ ապ­րե­լու ու­րա­խու­թիւն, քա­ջու­թիւն, մար­դա­սի­րու­թիւն, ի­րե­րօգ­նու­թեան զգա­ցում, աշ­խա­տե­լու ե­ռանդ, ան­կեղ­ծու­թիւն եւ բա­ցսրտու­թիւն հետզ­հե­տէ կը չքա­նան, կը կոր­սուին։ Այս կը նշա­նա­կէ, թէ մարդ մարմ­նա­պէս, մտա­պէս եւ հո­գե­պէս չէ կրցած ներ­դաշ­նա­կել իր էու­թիւ­նը եւ կայ միշտ «պա­կաս» մը, տկար կողմ մը՝ որ ար­գելք կը հան­դի­սա­նայ ան­հա­տէ «անձ»ի վե­րա­ծուե­լու կա­րե­լիու­թեան։

Մարդ երբ «մարդ» կը ծնի, բայց ջանք չի թա­փեր «ան­հատ» եւ յա­ջոր­դա­բար «անձ» ըլ­լա­լու, այ­լա­պէս ար­ժա­նի չ՚ըլ­լար իր կո­չու­մին, իր հան­գա­ման­քին եւ ար­ժա­նա­ւո­րու­թեան եւ ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան։ «Ան­հատ» ըլ­լալ կը նշա­նա­կէ ան­հա­տա­կա­նու­թիւն ու­նե­նալ՝ զա­տուիլ, ի՛նք ըլ­լալ, իսկ «անձ» ըլ­լալ կը նշա­նա­կէ անդ­րա­դառ­նալ իր էու­թեան, ա­զատ, ան­կախ ըլ­լալ, դա­տել, ո­րո­շել եւ ա­զատ կամ­քով եւ ան­շուշտ պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան զգա­ցու­մով շար­ժիլ։ Ի­մա­ցա­կա­նու­թեան տէր ի­րա­ւունք վա­յե­լող եւ պար­տա­ճա­նաչ, եւ պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան գի­տակ­ցու­թեան տէր ան­հա­տը՝ «անձ» կա­րե­լի է հա­մա­րել։

Ու­րեմն «մարդ»է՝ ան­հատ, «ան­հատ»է՝ ան­ձի բարձ­րա­նա­լու հա­մար պէտք է սի­րել վե­րա­ձիգ ու­ժը ա­ռա­քի­նու­թեան եւ նուի­րուիլ, գոր­ծակ­ցիլ ի­րե­րօգ­նու­թեամբ վեր բարձ­րա­նա­լու, ա­ռանց մոռ­նա­լու, թէ՝ վեր ել­լե­լու հա­մար պէտք է վա­րը ըլ­լալ՝ վար գտնուո­ղը վեր կրնայ բարձ­րա­նալ եւ օգ­տուիլ վե­րա­ձիգ ու­ժէն, իսկ ինք­զինք «վեր»ը կար­ծո­ղը ամ­լու­թեան, ան­շար­ժու­թեան դա­տա­պար­տուած՝ իր իս­կա­կան տե­ղը, միշտ վա­րը կը մնայ։

Կէօ­թէ որ­քան ի­րա­ւա­ցի է, երբ կ՚ը­սէ, թէ՝ «գա­զա­նէ ա­ւե­լի՛ գա­զան է մարդ»։ Եւ մարդ «գա­զան» ըլ­լա­լէ, գա­զան մնա­լէ կ՚ա­զա­տի, երբ «ան­հատ» կ՚ըլ­լայ եւ «անձ»ի կը վե­րա­ծուի։ Եւ հո՛ս, ա­հա­ւա­սիկ, ա­ռա­քի­նու­թիւ­նը ար­ժէք կը ստա­նայ, որ կ՚են­թադ­րէ «բա­րո­յա­կան բարձր բա­րե­մաս­նու­թիւն եւ կեն­ցա­ղի կա­տա­րե­լու­թիւն»։

­Մարդ՝ մարդ­կա­յին թե­րու­թիւն­նե­րով եւ տկա­րու­թիւն­նե­րով կը սկսի կեան­քը ապ­րիլ եւ վա­րել, եւ այն հա­մե­մա­տու­թեամբ որ կը կա­տա­րե­լա­գոր­ծէ իր թե­րու­թիւն­նե­րը եւ զօ­րու­թեան կը վե­րա­ծէ տկա­րու­թիւն­նե­րը՝ ան­հա՛տ կ՚ըլ­լայ, ա՛նձ կ՚ըլ­լայ…։

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպ­տեմ­բեր 23, 2016, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2016