ԶՈՒԱՐՃՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՊԱՀԱՆՋՔ
Զուարճութեան եւ հաճոյքի փափաքը մարդուն բնական եւ անհրաժեշտ պահանջներէն է, ինչպէս՝ աշխատանքը եւ գործելը։ Արդարեւ, զուարճութիւնը՝ աշխատութեան հետ կեանքը հաւասարակշռող կարեւոր ազդակ մըն է։ Աշխատանքը եթէ պարտաւորութիւն մըն է, զուարճութիւնն ալ կեանքին համեմն է. աւելի դեռահասներուն համար մանաւանդ անոնց սնունդին կարեւոր մէկ մասը։ Բայց աշխատութիւն եւ զուարճութիւն՝ կը ստանան իրենց ճշմարիտ արժէքը, երբ անոնք կը ներդաշնակուին, կը չափաւորուին եւ համընթաց կ՚ըլլան մարդուս կեանքին մէջ։
Արդարեւ, չափաւորութիւնը մեծ կարեւորութիւն ունի մարդուս կեանքին համար, մանաւանդ հասնելու համար մտադրուած եւ ծրագրուած նպատակի մը։
Չափ ու սահմա՛ն։ Ահաւասի՛կ յաջողութեան բանալիները, որոնք կարելի է «կարգապահութեան» սկզբունքով կիրարկել ամէն մարզի մէջ։ Կեանքի անհրաժեշտ շատ ազդակներու նման, զուարճութիւններու ալ սահմանը եւ չափը ոտնակոխ ըլլալու պարագային՝ կեանքը ամբողջ, թունաւորող տարր մը հանդիսանալու հաւանականութիւնը կը ներկայանայ։
Հոս, երբ կը խօսուի չափազանցութիւններու մասին, մանաւանդ զուարճութիւններու եւ հաճոյքի չափազանցութեան մասին, այդ կարգին յատուկ տեղ մը ունին՝ ծխախոտը, ալքոլը եւ թմրաթոյները, որոնց մասին գիտական լուրջ ուսումնասիրութիւն մը կը ներկայացնէ մեր ազնիւ բարեկամ Տոց. Դոկտ. Վարդ Շիկահեր իր «Երեք ահաւոր փորձանք» գիրքին մէջ, որ հրատարակուած է Իսթանպուլ, 2007 թուականին, Ուսուցչաց հիմնարկի կողմէ։
Այս շահեկան ուսումնասիրութեան մասին կ՚արժէ անջատապէս խորհրդածել եւ արտայայտուիլ, քանի որ նիւթը թէ՛ այժմէական է, եւ թէ՛ խիստ կարեւոր։
Զուարճութիւն եւ հաճո՛յք, ընդհանրապէս, իրենց բարերար դերը կատարելու համար պայմաններ ունին լրացնելիք։ Սահմաններ, չափեր կան, զորս անհրաժե՛շտ է նկատի առնել եւ յարգե՛լ, քանի որ հաճոյքի անդաստաններուն մէջ անմեղութիւնը՝ մեղքին եւ օգուտը՝ վնասին սահմանակից է։ Առանց անդրադառնալու այս անուրանալի իրողութեան, առանց մանաւանդ յարգելու «բանաւոր սահման»ը, մարդ չի՛ կրնար ընթանալ կեանքի արահետէն՝ ճամբայէն, ուր արդէն բազմաթիւ թշնամիներ, հակառակորդներ դարանակալ կը սպասեն արգելք հանդիսանալու կեանքի բնական ընթացքին։
Պէտք է խոստովանիլ, թէ յաճախ այս չափը եւ սահմանները գիտակցաբար կ՚անտեսուին շատերու կողմէ, զանազան շարժառիթներով։
Եւ որովհետեւ մէկ կողմէ երիտասարդութիւնը՝ ապագայի յոյսը, այս սահմաններուն գոյութիւնը կ՚անգիտանայ, եւ միւս կողմէ, նենգամիտ, թերեւս շահատենչ անձեր եւ կամ պահպանողական ծնողներ խիստ անձուկ սահմաններ կը գծեն, եւ այս իսկ պատճառով թէ՛ ընկերային ընդհանուր կեանքին մէջ, թէ՛ ընտանեկան խաղաղ յարկերու ներքեւ սոսկալի եւ երբեմն անդիմադրելի փոթորիկներ կը պայթին եւ բնականաբար կը վրդովեն ամէն խաղաղութիւն, ամէն ներդաշնակութիւն, եթէ շատ աւելի ծանրակշիռ հեւետանքներ չունենան։
Արդարեւ, այս տեսակ ժամանակի մը մէջ երբ հաճոյք վայելելու, եւ ընդհանրապէս վայելքի տիեզերական օրէնքը ըլլալ կը թուի՝ «ըմպել զայն ցմրուր», մխրճուիլ անոր մէջ մինչեւ յատակը, որքան առողջութիւն, հարստութիւն եւ դրամ, եւ ժամանակ թոյլատու են եւ յարմար, եւ մինչեւ իսկ անոնք ալ ոտնակո՛խ ընել, այս տեսակ շրջանի մը մէջ վայելքներու սահմանին եւ չափին վրայ խօսիլ՝ հեգնանքի առարկայ կրնայ ըլլալ, նոյն իսկ մոլեռանդ, խաւարամիտ եւ յետամնաց ըլլալու ամբաստանութեան ներքեւ գտնուիլ պիտի նշանակէր…։
Այս պատճառով, լրագրական յօդուածով, ընդհանրացած, ընդունուած եւ արմատացած սովորութիւնները եւ բարքերը բարեփոխելու ջանքը՝ յաղթաջուր գետի մը հոսանքը, մանուկի մը ուժով ետ դարձնելու ճիգին պիտի նմանէր՝ վայելքներու չափ եւ սահման դնելու գաղափարը։ Կարճ խօսքով՝ հոսանքի դէմ թիավարելու «անխոհեմութիւն» պիտի համարուէր անիկա։ Այդպէս խորհելու իրաւունքն ալ «ազատութիւն» մըն է, ուրեմն ազա՛տ են խորհելու…։
«Զուարճութիւնը կեանքին համեմը եւ սնունդն է», ըսուեցաւ։ Եւ սակայն որպէսզի իր այդ կարեւոր դերը կատարէ, զուարճութիւնը պէտք է պարփակուի գլխաւոր երկու սահմանի միջեւ. սահմաններ՝ որոնք խստադէմ պաշտօնեայի կամ խոժոռաբիբ դատաւորի տպաւորութիւնը կը թողուն հաճոյասէր երիտասարդներու եւ մինչեւ իսկ չափահասներու վրայ, որոնք դեռ երիտասարդ մնալ կը կարծեն իրենք զիրենք։ Ինքզինք «երիտասարդ» կարծել, անշուշտ բարեմասնութիւն մըն է, բայց եթէ ենթական իր տարիքին հասունութեան առաւելութիւնները կրնայ ներդաշնակել երիտասարդութեան հետ…։
«Ըլլալ» եւ «կարծել» բոլորովին տարբե՛ր են։
Թէ ի՛նչ են զուարճութեան սահմանները։
Նախ՝ չափաւորութիւն, եւ յետոյ՝ օրինաւորութի՛ւն։
Պէտք է խոստովանիլ, թէ այս սահմանները յաճախ վիճելի են, ինչպէս կեանքի բոլոր սահմանները՝ որ կ՚որոշուին մարդու կողմէ, եւ ուրեմն կրնան պատճառ դառնալ «սահմանային կռիւ»ներու։ Քանի որ շատ դժուար է, եթէ ո՛չ անկարելի, հաճոյքներու չափաւորութեան եւ չափազանցութեան, օրինաւորութեան եւ ապօրինութեան միջեւ ճիշդ, որոշ եւ անառարկելի՝ բացարձակ գիծեր քաշել։
Զուարճութեան սահմանին վիճելիութիւնը թէեւ հարց մը կը ներկայացնէ, բայց գործնականապէս կարելի է ըսել որ, կան կարգ մը բնական սահմաններ, որոնց պէտք է համակերպին մարդիկ։ Ուստի, դեռահասներու առաջին փորձութիւնն է «մէկ ոստումով ցատկել չափաւորութեան սահման»ին վրայէն, եւ անոր մէջ մխրճուիլ՝ անմտած եւ անվերապա՛հ։
Արդարեւ, պէտք է ընդգծել այս բառերը, քանի որ եղած են մարդիկ, որոնց կեանքին մէջ հաճոյքը կեանքին կողմնակի մէջ արահետը ըլլալէ աւելի, անոր միա՛կ նպատակակէտն է եղած եւ հանդիսացած դիցուհի մը՝ զոր կը փայփայեն, կը շոյեն շարունակ եւ կը պաշտեն բացարձակ ինքնանուիրումո՛վ։
Ուրեմն այդ սահմանին համակերպիլ զոհողութի՛ւն կը պահանջէ։
Եւ այդ գաղափարի տէր մարդոց համոզումով, որ ինքնանուիրում եւ զոհողութիւն չեն ճանչնար, կեանքին նպատակն է զուարճանալ՝ որքան որ կարելի է. մխրճուիլ հաճոյքի մէջ, գինովնալ, յափրանալ անով, եւ երբեմն ալ ծխախոտին «մուխ»ովը «վերանալ» եւ «յափշտակուիլ»։ Բայց կեանքը այս չէ՛…։
Ուստի, ոեւէ լուրջ եւ ողջախոհ մարդու համար անկարելի՛ է չտեսնել այս անձերու «պաշտամունք»ին գործած աւերները ըլլա՛յ անհատական, ըլլա՛յ ընտանեկան, եւ ըլլա՛յ ընկերային կեանքի մէջ։
Միայն հաճոյքը եւ զուարճութիւնը կեանքի նպատակ ընողը կ՚անտեսէ, կը մերժէ, կ՚ուրանայ կեանքին գեղեցիկ ուրիշ մէկ երեսն ալ՝ որ աշխատանքի, պարտականութեան եւ պատասխանատուութեան գիտակցութեան բովէն անցնելով ցոյց կու տայ կեանքին վեհութիւնը եւ վսեմութիւնը։ Մոռնալ եւ անգիտանալ է կեանքին ուրիշ բարձունքները՝ զորս լոկ «Ես»ին վայելքէն վեր՝ ուրիշներու վրայ ալ խորհելու, հոգալու դաստիարակութիւնը կը մատնանշէ, եւ որ իր կարգին ուրիշ վայե՛լք մըն է, աւելի խոր, աւելի իմաստալից, աւելի մաքուր եւ նուիրակա՛ն։
Այդ խոր, մաքուր եւ իմաստալից վայելքը, որ առաքինութիւն մըն է, «Ես»էն զատ ուրիշներու գոյութիւնն ալ տեսնելու, անդրադառնալու, յարգելու յօժարութիւնը եւ կարողութի՛ւնն է։
Կեանքը իր ամբողջ խորութեամբ, բարձրութեամբ եւ տարածութեամբ տեսնողներու համար կեանք կոչուած ընթացքին իմաստասիրութի՛ւնն է՝ անոր անդրադառնալ, տեսնել, յարգել, որ միայն հաճոյքի եւ զուարճութեան համար ապրողներու խարխուլ հիւղակին մօտ կը կանգնի շքեղ եւ հոյակա՜պ շէնքի մը նման։
Եսամոլ եւ ինքնակեդրոն մարդիկ են որ իրենց ունին միակ նպատակ հաճոյքը եւ զուարճութիւնը, եւ կ՚ուրանան իրերօգնութեան աստուածատուր վայելքը ե՛ւ հաճոյքը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 26, 2017, Իսթանպուլ