ԱՊԵՐԱԽՏ ԵՆՔ…

Մեր ներկայ իրականութեան մէջ երբ գրող կամ մտաւորական կ՚ըսենք, անմիջապէս մարդոց մտապատկերին մէջ կ՚ուրուագծուի Պարոնեանը, Օտեանը, Ծերենցը, Դուրեանը եւ ուրիշներ, որոնց անունով այսօր Հայրենիքի մէջ ունինք ուսումնարաններ, փողոցներ, հրապարակներ ու դպրոցներ: Կասկած չունինք անոնց մտաւորականի կարողութեան ու արժէքին մասին, սակայն պէտք է ընդունիլ, որ հայ գրականութիւնը չէ՛ կրցած ամբողջութեամբ արդար գտնուիլ իր գրական զաւակներուն նկատմամբ եւ խտրականութեամբ յաջողած է մին քսան բանաստեղծութիւններով յայտնի դարձնել՝ իսկ ուրիշ մը տասնեակ մը հատոր աշխատութիւններով մատնած է մոռացութեան:

Այս անարդար գնահատանքին դիմաց յաճախ կը մտածեմ, թէ Ատրպետ, Առանձար, Արմէն Տորեան եւ կամ Ռուբէն Որբերեան աւելի նուա՞զ մտաւորականի կարողութիւններով օժտուած մարդիկ էին, որոնք մոռացութեան տրուելով դուրս կը մնան ա՛յն անդաստանէն՝ որուն արժանի զաւակներն են: Ու այս բոլորէն ետք կը մտածեմ, թէ ինչո՞ւ համար ամբողջ հայրենիքի տարածքին ունենալ աւելի քան տասնեակ մը Օտեանի անուամբ փողոցներ եւ անոնցմէ մին չնուիրել նման նուիրեալներու, որոնց հանդէպ թէ՛ գրականութեան եւ քիչ մըն ալ մենք ապերախտ գտնուած ենք ցայսօր:

Նոր սերունդին կողմէ ընդհանրապէս անծանօթ գրող Մինաս Չերազ 27 Մարտ 1925 թուակիր իր մէկ նամակով Վահան Մալէզեանի կը գրէր իր կողմէ ճշմարտութիւն կարծուած, սակայն հայ ժողովուրդին կողմէ ի դերեւ դուրս եկած յայտարարութիւն մը: Չերազ Մալէզեանին կ՚ըսէր. «Հայ գրականութիւնը երախտապարտ պիտի մնայ ձեզի». կարիքը կա՞յ դուրս գալ փողոց եւ նոյնիսկ համալսարանի մէջ հայ գրականութեան ճիւղը հետեւող աշակերտներուն հարցնել Վահան Մալէզեանի ո՞վ ըլլալուն մասին՝ որուն հանդէպ գրականութիւնը երախտապարտ պիտի մնար...:

Այդ ապերախտութեան պատկերը աւելի յստակացնելու համար ըսենք՝ յիշեցնենք հետեւեալը.- Ապրիլ 24-ի գիշերը ձերբակալուեցան 235 հայ մտաւորականներ. դուրս եկէ՛ք փողոց եւ հարցուցէ՛ք եւ տեսէ՛ք կա՞յ երիտասարդ, որ կարենայ գոնէ տաս-տասնհինգ անուն թուել... կը կասկածիմ:

Աւելի ցաւալին ալ ա՛յն է, որ նոյնիսկ իր գիտցածներուն մասին... կարելի է ըսել, որ բան մը չի գիտեր. գիտեն Պարոնեանը՝ իր «Մեծապատիւ մուրացկաններով», Երուանդ Օտեանը՝ «Քաղաքավարութեան վնասներով», գիտեն Դուրեանը՝ պարզապէս երիտասարդ տարիքին մահացած ըլլալովը, գիտեն Զօհրապը՝ իր փաստաբան ըլլալովը միայն:

Մէկ տարի շարունակ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի էջերուն մէջ գրեցինք «Հայկական անցեալէն պատմութեան մէջ այսօր»ը, ուր ներկայացուցինք աւելի քան 300 մտաւորականներ. այդ շարքը կրնայինք այս տարի եւս շարունակել՝ առանց նոյն անձերու մասին գրելու, որովհետեւ հայ ժողովուրդը հարուստ է իր մտաւորականութեամբ, իսկ գրողներով ու արուեստագէտներով, աղքատ է սակայն իմացականութեամբ ու գիտակցութեամբ:

Երէկուան մեր յօդուածին մէջ ըսինք, որ ներկայ սերունդի ցեղասպանութեան մասին ունեցած գիտութիւնը երեք-չորս կէտերէ կը բաղկանայ. այսօր դժբախտութիւնը ունինք ըսելու որ ո՛չ թէ միայն ցեղասպանութեան նիւթով, այլ ընդհանրապէս հայկականութեան վերաբերեալ ամէ՛ն նիւթի մէջ կտրուկ են մեր երիտասարդութեան գիտելիքները. արուեստագէտ՝ Սարեանն ու Այվազովսքին գիտեն՝ առանց անոնց կեանքին մասին մանրամասնութիւններ գիտնալու, երաժիշտնե՞ր՝ Սայաթ Նովան գիտեն՝ ինչպէս նաեւ մի քանի աշուղներ՝ դարձեալ հատ ու կտուր տեղեկութիւններով, պատմիչնե՞ր. հաւանաբար միայն Մովսէս Խորենացին գիտեն՝ նոյնիսկ առանց գիտնալու թէ ո՞ր ժամանակաշրջանին ապրած ու գրած է իր «Հայոց պատմութիւն»ը:

Այս բոլոր չգիտութեան համար երիտասարդութի՞ւնը մեղադրել, թէ ոչ ուսումնական համակարգը, որ բան մը սորվեցնելու փոխարէն զբաղուած է «ժամեր լեցնել»ով:

Եթէ Պարոնեան, Օտեան կամ Զօհրապ կը յիշուին իրենց իմացական կարողութիւններուն կամ մայրենի լեզուի տիրապետումին համար, փորձեցէ՛ք կարդալ Մալէզեանի 1915 թուականին Գահիրէի մէջ հրատարակուած «Տարագրի մը յուշատետրը» աշխատութիւնը, ուր պիտի գտնէք մեր մայրենի լեզուն՝ իր ամենէն մաքուր, բիւրեղացած վիճակին մէջ: Աշխատութիւն՝ ուր ակնյայտ է միտքի անսահման կարողութիւնն ու թռիչքը, իմաստութիւնն ու հայրենասիրութիւնը:

Բարեբախտաբար ներկայիս թուղթ մրոտողներս այդքան ալ «յիշուելու» ախտէն չենք տառապիր, որովհետեւ վերոյիշեալ տիտանները մոռացութեան տուող ազգ մը ինչե՜ր չ՚ըներ մեզի հանդէպ: Մոռացութեան տրուելու ախտէն չենք տառապիր, փառք Աստուծոյ, սակայն ունինք այն գիտակցութիւնը որ իր արժէքները մոռացութեան տուող ազգ մը ատակ է նաեւ մոռացութեան տալու իր ամենէն սրբազանը՝ մայրենին. այսօրուան սերունդը մեր արժէքները չի ճանչնար եւ հեռու չէ այն հաւանականութիւնը, որ վաղուան սերունդն ալ իր լեզուն չճանչնայ եւ ամբողջութեամբ մոռացութեան տրուին թէ՛ մտաւորականները եւ թէ՛ լեզուն, որուն համար երբեք ալ ցաւ պիտի չզգան:

Երանելի է այն ազգը, որ իր Աստուծոյն կողքին իր տիտաններն ու մտաւորականները կը յիշէ, որովհետեւ նման ազգի մը մէջ դժուար կը մեռնի ազգասիրութիւնը. օրինակը վերցուցէք թրքերէն, որոնք իրենց Աստուծոյ գրեթէ հաւասար կը պատուեն իրենց Աթաթիւրքը՝ առ ի երախտագիտութիւն իրենց ազգասիրութեան:

Իսկ մե՞նք...

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -57-

Մոռցուած մտաւորականները յայտնաբերելու եւ անոնց մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու սէրն ու փափաքը իմ ու դասընկերներէս մէկուն մէջ արթնցաւ մեր 14-15 տարեկան հասակին եւ որոշեցինք գրադարան երթալով կարդալ այնպիսի գիրքեր, որոնց հեղինակներուն մասին բան լսած չենք ու չենք գիտեր:

Այս առաջադրանքով յայտնաբերեցինք պոլսահայ գրող Արշակ Ալթունեանը՝ իր «Աղքատին պատիւը» հրաշալի աշխատութեամբ. Յայտնաբերեցինք պոլսահայ Եղիա Եղիազարեանը, որ գրած է վէպ մը՝ «Մեռած սիրտի մը յարութիւնը»։ Վէպ՝ որ Պոլսոյ մէջ իրական պատահած դժբախտ կեանքի մը իրական պատմութիւնն է, որուն ձեռագրերը Տէր Զօրէն Հալէպ, Հալէպէն Լիբանան հասնելով հեղինակին մահէն տարիներ ետք խմբագրուած ու հրատարակուած է մտաւորական Բիւզանդ Եղիայեանի կողմէ:

Հաւատացէ՛ք, որ այդ աշխատութիւնները իրենց տեղը չե՛ն զիջիր մեզի ծանօթ Օտեանի, Պարոնեանի, Զօհրապի եւ այլոց աշխատութիւններուն:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2022