ՆԱԽԱՆՁ ԵՒ ՉԱՐԱԿԱՄՈՒԹԻՒՆ

Մարդկային բնութեան մէջ ամէն գերազանց յատկութեան՝ մարմնական-ֆիզիքական, իմացական, հոգեկան եւ բարոյական, եւ ընդհանրապէս ամէն բարի եւ լաւ էութեան դէմ կը կանգնի «թշնամի՛» մը։ Զոր օրինակ, տգեղութիւնը զերծ է չար աչքէ, իսկ գեղեցկութիւնը միշտ զոհուելու ենթակայ՝ ախտաւոր ախորժակներու եւ չարակամ հալածանքի։ Այս ուղղութեամբ օրինակները կարելի է բազմացնել. ո՛չ ոք տկարը կը նախանձի, կամ կարելի չէ երեւակայել մէկը՝ որ աղքատ մը տեսնելով՝ անոր պէս ըլլալ փափաքի եւ նախանձի առարկայ ընէ անոր վիճակը…։ Նախանձ եւ չարակամութեան թիրախ կը հանդիսանան միշտ գեղեցիկը, զօրաւորը, հարուստը եւ բոլոր անոնք, որոնք աշխարհի բարիքը կը վայելեն։

Վարդը գեղեցկութեան մրցանակի կ՚արժանանայ գարնան եւ ամրան ծաղիկներուն մէջ։ Գեղեցիկներու մէջ «գեղեցիկ»ը զատել շատ դժուար է. բայց միշտ կա՛յ «հաւասարներու մէջ առաջնակարգ» մը. «primus inter pares» ինչպէս՝ պատճառներու մէջ «առաջին պատճա՛ռ» մը…։

Այս իմաստով, վարդին անգերազանցելի գեղեցկութեան մէջ ապացոյցն ալ այն է, որ միւս ծաղիկներէն աւելի անագորոյն՝ աւելի անգութ եւ դաժան թշնամիներ ունի։ Ո՞ր մէկը կարելի է յիշել։ Ոջիլներ՝ որոնք կծիկով կը ծածկեն, կը պաշարեն նորաբողբոջ կոկոնը եւ իր ձողունին վրայ կը մահացնեն զայն։ Ապա «ճաբոնական» կոչուած բզէզ մը՝ որ դարպաս կ՚ընէ վարդին հետ իր ոսկեփայլ զգեստովը, եւ կը մտնէ անոր հոտաւէտ ծոցին մէջ եւ կը կրծէ անոր քնքոյշ մարմինը մինչեւ որ անոր կենսառութիւնը կասեցնէ եւ թարշամեցնէ զայն անողորմաբար եւ անգութ հաճոյքով մը։

Եւ նո՛յնքան ահաւոր թշնամին վարդին՝ սողացող որդը՝ որ չեմ գիտեր, ի՛նչ ծակող մեքենականութեամբ, կը փորէ կոկոնի մը նազանի կուրծքը եւ իր մարմնոյն չափովը՝ բոլորակ փապուղի մը կը ձեւացնէ եւ կը թողու վարդը՝ այդ գերազանցելի չնկատուող գեղեցիկ ծաղիկը, կը թողու եւ կը վերածէ անճանաչելի բոյսի մը, այդպէս մահացու վիճակի մէջ վիրաւոր եւ տխեղծ, ի՛նչպէս գեղեցիկ դէմք մը՝ որ ծաղկոտած է։

Արդարեւ վարդը միայն աչքառու օրինակ մըն է այն աւերուածութիւններուն՝ որոնց ենթակայ կ՚ըլլան անոնք եւ ամէն ինչ որ ոչ միայն «գեղեցիկ» են բնութեան մէջ, հապա նաեւ՝ որեւէ կերպով օգտակար են եւ անհրաժեշտ՝ կեանքի պահպանութեան եւ ընդհանրապէս գոյատեւման համար։

Ամէն պտղատու ծառ իր թշնամին ունի եւ եթէ չպաշտպանուի՝ չի կրնար տալ իր պտուղը, եւ կամ եթէ տայ իսկ՝ տուածը չ՚ուտուիր այնքան որ վատասերած կ՚ըլլայ ան։

Մարդ իր ցանածը չի կրնար հնձել, եթէ անոր թշնամիներուն դէմ պաշտպանութեան միջոցներ ձեռք չառնէ։ Ցորենը ցանելու է, որպէսզի ցորեն հնձուի, եւ սակայն սէզն ու տատասկը ցանելով չեն բուսնիր. չցանուած տեղը կը բուսնին անոնք։ Կարծես թէ ի՛նչ որ չար է եւ վնասակար աւելի կենսունակութիւն ունի եւ աւելի յարձակողական է քան ի՛նչ որ բարի է։

Բնութիւնը նոյնն է նաեւ մարդուս կեանքին մէջ. մարդիկ ալ ունին իրենց «բարոյական թշնամի»ները։ Թշնամիներ՝ բարի հոգիներու, արդարներու, սիրոյ արժէք գիտցողներու, հաւատարիմ, հաւատաւոր եւ հաւատացեալներու…։ Չէ՞ որ անոնք միշտ կ՚անտեսուին ընկերային կեանքի մէջ, ուր անօրինութիւնը, անարդարութիւնը «ճարպիկութիւն» կը համարուի։ Չէ՞ որ շատ անգամ ճշմարտախօս մարդուն «տարօրինակ մարդ»ու աչքով կը նայուի, կարծես ան դասալիք ըլլար ներկայ կեանքէն։ Ստախօսը, խաբողը, կեղծաւորը, երկերեսը, չարակամը կը գնահատուի ընդհանրապէս իսկ ճշմարտախօսը, անկեղծը կ՚անտեսուի։ Ա՛յս է ահաւասիկ «աշխարհի օրէնք»ը՝ անընդունելի բայց իրակա՛ն։

Ան որ զրկուած է բարիքներէ՝ բարիք վայելողը կը նախանձի եւ ճարահատ կը հալածէ, կը չարախօսէ զայն, որ ան բարիքներու արգասիքները չվայելէ։ Ուրեմն, կը հետեւի, թէ նախանձը չարակամութեան մա՛յրն է՝ նախանձը կը ծնի չարակամութի՛ւնը։

Ստախօսներ չեն սիրեր ճշմարտախօսները, եւ ոչ ալ աղտոտ սիրտեր՝ վեհանձն, պարկեշտ եւ ազնուական հոգիները, ինչպէս խաւարը չի՛ սիրեր լոյսը…։

Աղօթքը, պաշտամունքը ոմանց համար «ապաստանի քաղաք» է՝ ծածկելու համար իրենց կուտակուած մեղքերը եւ ամօթը։ Ուստի «անուշ լեզուով օձեր»է պէտք է զգո՛յշ ըլլալ։ Եւ սա բացայայտ է, որ այսօր քրիստոնէութեան թշնամիները անհաւատներ եւ հեթանոսներ չեն, այլ՝ կեղծաւոր, կարծեցեալ «քրիստոնեաներ»։

Ուստի, հոգեւոր եւ բարոյական փտութի՛ւնն է, որ կը տկարացնէ Եկեղեցին։ Պատմութիւնը կը վկայէ, որ առաքելական դարուն բանտերու, արենաներու եւ մահուան սպառնալիքներով ո՛չ թէ տկարացաւ Եկեղեցին, այլ ընդհակառակը աւելի եւս զօրացաւ, կենսանաւորուեցաւ։

Սա անուրանալի իրականութիւն մըն է, թէ կեղեւը չի յայտներ ի՛նչ որ կայ մարդուս հոգիին մէջ։ «Սուտ մարգարէ»ներ Եղիա մարգարէի պատմուճանովը հրապարակ են ինկած իբրեւ թէ եկեղեցին եւ հաւատքը պիտի փրկեն։

Պէտք է հարց տալ. որմէ՞ փրկել կը խորհին անոնք, երբ իրենք արդէն պէտք է հեռանան եւ այդպիսի «կեղծ հաւատացեալ»ներէ պէտք է փրկուի Եկեղեցին։

Արդարեւ, Եկեղեցին պէտք ունի անկեղծ եւ ճշմարիտ եւ միանգամայն գիտակի՛ց հաւատացեալներու։

Վա՜յ քեզ Եկեղեցի եւ ժողովուրդ որ քեզ «թաղող»ները քու «փրկիչ»ներդ կը կարծես…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 29 2022, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2022