ՎԱԽԻ ԶԳԱՑՈՒՄԸ

Մարդ իր կեանքին մէջ առաջին անգամ ե՞րբ կ՚ունենայ վախի զգացումը։ Ասիկա կախում ունի ծնողքին զինք խնամելու եղանակէն։ Այս իմաստով վախը ստացական զգացում մըն է։ Բայց կայ ծինային՝ ժառանգուած վախկոտութիւն մըն ալ, որ կ՚արտայայտուի երբ պարագան ներկայանայ։ Ինչպէս կ՚ըլլայ որ շատ մը տղաք, որոնք թէեւ կատուին, շունին եւ ուրիշ անասուններու վտանգաւոր կողմերը չեն ճանչցած տակաւին, սակայն կը վախնան անոնցմէ։ Երկինքի որոտման ձայնը լսելով շատ տղաք կու լան եւ կը պոռան. չեն գիտեր սակայն թէ ինչո՞ւ։ Տղաք ալ կան, որոնք աղմուկներէ կը վախնան. զոր օրինակ, յաճախ դիտուած է որ նոյնիսկ երբ ծանր կարասի մը քշենք, անկէ յառաջ եկած աղմուկը կրնայ վախէն պոռացնել մանուկները։

Անասուններու վրայ ուսումնասիրութիւններ եւ փորձեր կատարելով յաճախ կարելի է եղած շատ մը մարդկային հոգեբանական կէտեր լուսաբանել։

Spalding անգլիացի գիտնականը հետեւեալ ուսումնասիրութիւնները եւ դիտողութիւնները ըրած է հաւի մը վրայ։ Գիտնականը՝ հաւի մը առջեւ, որ իր մէկ շաբաթուան ձագուկներովը շրջապատուած էր, յանկարծ բազէ մը թռցուց։ Ակնթարթի մը մէջ բոլոր ձագուկները խոտերուն եւ մացառներուն ետեւները պահուըտեցան, եւ երբ թռչունը մօտաւորապէս 7 մեթրի չափ իրենցմէ հեռուն գետին իջաւ կենալու համար, հաւը իսկոյն ցատկեց իր պահուըտած տեղէն եւ բազէին վրայ յարձակեցաւ զայն սպաննելու համար։

Միեւնոյն փորձը երբ կրկնուեցաւ, նորէն նոյն արդիւնքները տուաւ. այս անգամ սա տարբերութեամբ որ հաւը ձագուկներուն քովը չէր եւ անոնք իրենք իրենց էին երբ բազէն ցոյց տրուեցաւ։ Առաջին անգամ ձագուկները չնշմարեցին բազէն, բայց երբ վերջինը ձայն հանեց, յանկարծ անոր ներկայութիւնը նշմարելով այդ 24-25 օրուան ձագուկները իրենց եղած տեղը անշարժ մնացին, որովհետեւ բազէին թեւերէն բռնուած էր. բայց երբ բազէն ազատ կը ձգուէր, ձագուկները բոլոր ուղղութեամբ կը վազվռտէին, պահուըտելու տեղ մը գտնելու համար։

Նոյն ձագուկները իրենց 25 օրուան կեանքին մէջ տակաւին նոյնօրինակ փորձառութիւն մը չէին ունեցած եւ հիմա մայրերնին ալ իրենց քովը չէր, վտանգի ներկայութիւնը հասկցնելու համար իրենց։

Բայց այս փորձէն բաւական ատեն վերջ, երբ ընտանի աղաւնի մը կը նետուէր նոյն ձագուկներուն վրայ, նորէն միեւնոյն կերպով կը վախնային անոնք, եւ ծակէ ծակ կը փախչէին։

Իսկ նոյն ձագուկները երբ իրենց կեանքին մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը լսէին իրենց մօտ գտնուող աքաղաղի մը բարձրաձայն պոռալը, բնաւ չէին խրտչեր։

Եւ այս բոլոր երեւոյթները կարելի է անով բացատրել, որ իրեն թշնամի կենդանիներու «գիտակցութիւն»ը ժառանգական է՝ ժառանգութեամբ ձագերուն կ՚անցնի։

Արդարեւ, հարցը՝ վախի զգացումին ընդո-ծի՞ն, թէ ստացական զգացում մը ըլլալն է։

Ուրիշ անգամ մը կատուի ձագ մը զգուշութեամբ կը դրուէր սնտուկի մը մէջ, ուր 18 հատ չորս ժամ առաջ ծնած եւ 2 հատ ալ 20 ժամ առաջ ծնած հաւի ձագեր կը գտնուէին. անոնցմէ ո՛չ մէկը փախուստի որեւէ փորձ մը կ՚ընէր. նոյնիսկ կատուի ձագին վառեակներէն մէկը խածնելէն վերջն ալ, նորէն վառեակները տեղերնուն չէին շարժեր։ Խածնուած վառեակը նոյնիսկ քովնտի նայելու համար շարժում մը չէր ըներ։

Այս պարագան ալ նկատողութեան առնելով պէտք է ենթադրել, որ իւրաքանչիւր յանկարծական շարժում կամ աղմուկ անասուն կենդանիներու մէջ վախի զգացումը յառաջ կը բերէ։

Վերոյիշեալ փորձին մէջ, հաւի ձագերը՝ վառեակները միեւնոյն վախը կ՚արտայայտէին հանդէպ բազէի մը եւ ընտանի աղաւնիի մը յանկարծ թռչելուն։

Իսկ ուրիշ անգամ մը երբ խումբ մը բազէներ ներս կը ձգուէին հաւնոցէ, ուր վերջինները հանգիստ, գետինները կեր փնտռելով զբաղած էին, աքաղաղը իսկոյն հաւերը զգուշացնող աղաղակ մը կ՚արձակէր, եւ երբ բազէներէն մէկը դէպի հաւերէն մին կ՚ուղղուէր, բոլորն ալ կը փախչէին սոյն գիշակեր կենդանիին դէմ ինքզինքնին պաշտպանող դիրքի մը մէջ մտնելու համար։ Եւ սիրամարգ մը՝ որ հոն կը գտնուէր, տեսնելով հաւերուն այս իրարանցումը ինքը նոյնը ըրաւ, պարզապէս անոնց հետեւելով։ Այս ալ ցոյց կու տայ թէ՝ վախը, նոյն ժամանակ, փոխանցիկ, վարակիչ զգացում մըն է, որ ուրիշէն տպաւորուելով կ՚արտայայտուի, ինչպէս են՝ ուրախութիւնը եւ տրտմութիւնը…։

Այս փորձերէն կը հետեւի որ վախկոտութիւնը եւ յանդգնութիւնը միեւնոյն տեսակի պատկանող կենդանիներու մէջ անհաւասար կերպով բաժնուած են։ Եւ այս փորձերով կը հաստատուի, թէ ժառանգական-ծինային վախկոտութիւն մը եւ աներկիւղութիւն մը գոյութիւն ունի, եւ ի՛նչ որ ճշմարտութիւն է կենդանիներու-անասուններու ձագերու համար, պէտք է նաեւ ճշմարտութիւն ըլլայ մանուկներու հոգեբանութեան մէջ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 23, 2020, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2020