ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԱՏՈՂՆԵՐՆ ՈՒ ԱՐՀԱՒԻՐՔԸ

Այս շաբթուան ընթացքին հետաքրքրութեամբ ու հաճոյքով ընթերցեցի քաղաքական գործիչ, գրող եւ փիլիսոփայ Շահան Նաթալիի «Մարդը» ընկերային-հասարակական թատրերգութիւնը, որ առաջին անգամ լոյս տեսած է Իզմիրի Քէշիշեան տպարանէն՝ 1912 թուականին:

Թատրերգութիւնը կը ներկայացնէ ընկերներ, որոնք իրարու հետ բարեկամներ ըլլալով հանդերձ տարբեր ըմբռնումներ ու ընկալումներ ունին՝ յաճախ իրար հակասող. ընկալումներ՝ որոնք հայելին կը դառնան այդ ժամանակաշրջանի մարդոց մտածումներուն, հակասութիւններուն ու համոզումներուն:

Թատրերգութեան Բ. արարին մէջ փաստաբանութեան ուսանող Զաւէնի եւ Վահէի մէջ տեղի կ՚ունենայ հետաքրքրական երկխօսութիւն մը: Վահէ կ՚առաջարկէ կիրակի օր Սուրբ Պատարագի մասնակցիլ, սակայն Զաւէն կը մերժէ. Վահէ կը փորձէ համոզել Զաւէնը. «Ի՞նչ կը կորսնցնենք երթալով. ընդհակառակը կարելի է բան մը շահիլ»: Զաւէն դարձեալ կը մերժէ յայտնելով, որ եկեղեցի երթալով «այդ կեղծիքի տուները քաջալերած կ՚ըլլանք». այս տարօրինակ հաստատումին վրայ մէջ կը մտնէ Աստուածաբանութեան ուսանող Տիրանը եւ հարց կու տայ, թէ «հայ ժողովուրդը կրնա՞յ առանց եկեղեցւոյ գոյատեւել». Զաւէնի պատասխանը կ՚ըլլայ.

«Չէ՛ թէ կը կարծեմ, այլ կը հաւատամ, եւ կը հաւատամ տակաւին որ այս ժողովուրդին տգիտութիւնը դարերով պիտի յաւերժանայ այդ շէնքերուն միջոցով: Այդ շէնքերը տգիտութեան դարբնարաններ են եւ իբր նախատինքներ կը կանգնին գիտութեան դէմ: Ի՞նչ կը սպասէք այդ եկեղեցիներէն, այդ հսկայ ու մեծածախս շէնքերուն տեղ թող համալսարաններ կանգնէին»:

Նման գաղափարներ ունեցողները աւելցան յետցեղասպանութեան, սակայն պէտք է նկատի ունենալ, որ Շահան Նաթալիի այս գործը լոյս տեսած է ցեղասպանութենէն առաջ եւ այդտեղ կը տեսնենք հակա-եկեղեցական նոյն գաղափարներն ու ըմբռնումները: Հետեւաբար կ՚արժէ մտածել, թէ նախացեղասպանութեան շրջանին իսկ ինչո՞ւ համար որոշ ատելութիւն մը գոյութիւն ունէր եկեղեցւոյ հանդէպ:

Դարեր շարունակ եկեղեցին, կա՛մ դիւանագիտական մտածումներէ մղուած եւ կա՛մ Քրիստոնէական օրէնքին հաւատարիմ փորձեց համերաշխութեան, խաղաղութեան եւ եղբայրութեան մթնոլորտին մէջ կանխել բոլոր արհաւիրքները եւ այս նպատակին համար երկար ժամանակ փորձեց ժողովուրդին մէջ ցանել ապտակի դիմաց «միւս երեսդ ալ դարձուր» համոզումը, որովհետեւ հաւատաց, թէ ա՛յդ է փրկութեան միակ միջոցը: Այս մտածումը ճի՞շդ է... բնականաբար եկեղեցիէն սպասելի չէր ապստամբութեան եւ պատերազմի կոչեր լսել՝ ինչքան ալ որ շատեր անհրաժեշտ կը նկատեն այդ մէկը, որովհետեւ եկեղեցին ազգի ղեկավարութեան գլուխը ըլլալով հանդերձ ո՛չ բանակ ունէր, ո՛չ զինամթերք եւ ո՛չ ալ մեծաթիւ պատերազմողներ՝ պետութեան մը դէմ դուրս գալու համար եւ հետեւաբար բնական ու արդարացի կը գտնենք ժամանակուան եկեղեցւոյ դիրքորոշումը, որովհետեւ դիւանագիտութեան ճամբով լեզու գտնելը եկեղեցւոյ համար շա՜տ աւելի դիւրին էր՝ քան պատերազմ յայտարարելը պետութեան մը դէմ:

Յաճախ սխալ տեղեկութիւններ փոխանցուած են մեզի դպրոցական դասագիրքերու ճամբով. ցեղասպանութիւնն ու Ապրիլ 24-ը անակնկալ մը չէր հայերուն համար. արհաւիրքէն տարի մը առաջ՝ 1914-ին արդէն իսկ եկեղեցին, ինչպէս նաեւ հայկական կուսակցութիւններ տեղեակ էին. երիտթրքական ղեկավարութիւնը այդ հարցը առաջին անգամ քննարկեց 15 հոկտեմբեր 1914 թուականին, որմէ մի քանի օրեր ետք՝ 17 հոկտեմբեր 1914 թուականին Պոլսոյ Զաւէն Պատրիարք այցելեց սուլթանի պալատ, որմէ դարձեալ երեք օրեր ետք՝ 20 հոկտեմբեր 1914-ին կայացաւ Ազգային ժողովի խառն նիստը, որու ընթացքին որոշուեցաւ լաւ յարաբերութիւններ հաստատել կառավարութեան հետ եւ այս գծով շրջաբերականներ ղրկուեցան բոլոր շրջաններուն:

Զաւէն Պատրիարք դիւանագիտական դիտաւորութիւններով 26 հոկտեմբեր 1914-ին նամակ գրեց կառավարութեան, որուն մէջ շեշտեց հայ ժողովուրդի նուիրուածութիւնը Օսմանեան պետութեան: Նոյն միջոցին Պատրիարքը տեսակցութիւններ ունեցաւ զանազան դեսպաններու հետ եւ փորձեց առաւելագոյն ձեւով հզօրացնել դիւանագիտական կապերը, որովհետեւ միա՛կ բանն էր որ կրնար ընել... սակայն ապարդիւն:

Այս բոլորը պայքարի եւ պատերազմի համոզումով լեցուած հայերու կողմէ դիտուեցաւ որպէս դաւաճանութիւն եւ վրայ հասնող արհաւիրքը պատճառ եղաւ, որ մարդիկ աւելիով մեղադրեն եկեղեցին, դիւանագիտական այդ քայլերը դիտելով որպէս անգիտութիւն եւ անհեռատեսութիւն:

Եկեղեցւոյ սխալը այն էր, որ դիւանագիտական բոլոր միջնորդութիւնները յաջողած նկատեցին. Պալաքեան Գրիգոր իր «Հայոց Գողգոթան» աշխատութեան մէջ կը յիշէ, թէ Սիսի Սահակ Կաթողիկոսը արհաւիրքի նախապատրաստութեան մասին մարտ ամսուան ընթացքին տեղեկացաւ եւ գաղտնի պատուիրակ մը ղրկեց Զաւէն Պատրիարքի մօտ, քննարկելու համար հայերու դէմ կազմակերպուող դաւադրութիւններուն մասին, ինչը զարմացուց Զաւէն Պատրիարքը, որ դիւանագիտական գետնի վրայ բոլոր հարցերը լուծուած կը կարծէր (Պալաքեան Գրիգոր, «Հայոց Գողգոթան», Երեւան, 1991, էջ 391):

Դիւանագիտական ձախողութիւնը ուշ հասկնալու երեւոյթը եւս եկեղեցւոյ մեղաւորութիւնը չէր, որովհետեւ Օսմանեան պետութիւնը, ինչպէս նաեւ միւս բոլոր դեսպաններն ու կառավարական անձերը սիրով ընդունած էին Պատրիարք Հօր միջամտութիւնը, խոստացած էին ամէն ջանք ի գործ դնել հայերը լաւապէս պահելու եւ պաշտպանելու համար եւ միայն 1915-ի մարտ ամսուն Պատրիարքը հասկցաւ, որ այդ բոլորը խաբկանք եղած են, որու համար 31 մարտ 1915 թուականին Վեզիր Հալիմ Փաշային ներկայացուց «թաքրիր» մը, որուն մէջ կը բարձրաձայնէր հայերու անապահով վիճակին մասին:

Միքայէլ Մինասեան «Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան եւ պատմագրութեան հարցեր» պարբերականի 2004 թուականի 9-րդ թիւին մէջ «Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հայ հոգեւորականութիւնը 1915-1916 թթ.» խորագրեալ աշխատութեան մէջ հետեւեալը կը գրէ. «1908 թուականի, սահմանադրութեան վերահաստատումէն ետք հայկական պատրիարքարանը ներդրած է բոլոր ջանքերը, սատարելու կառավարութեան ձեռնարկած երկրի զարգացման միջոցառումներուն ամրապնդելու մահմետական ազգաբնակչութեան հետ բարի դրացիական յարաբերութիւններ» (էջ 133):

Դարեր շարունակ վերջ պիտի չունենան այս քննադատութիւնները, որովհետեւ ո՛չ ոք գիտէ յստակ պատասխանը, թէ դիւանագիտուեա՞մբ կրնայինք կանխել այդ բոլորը՝ թէ ոչ զէնքի ուժով՝ որ կը պակսէր մեր մօտ...:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -82-

Թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Յունաստանի մէջ հանդիպած եմ հայերու, որոնք խստագոյնս կ՚ատեն ու կ՚արհամարհեն եկեղեցին. անոնցմէ մին մինչեւ իսկ կը քննադատէր Հայաստանի անկախութիւնը՝ վեր բարձրացնելով Սովետական Միութեան «անփոխարինելի փառքեր»ը:

Եկեղեցիմ մի՛շտ ալ անոնց աչքին եղած է քննադատելի, որովհետեւ նոր սերունդին հայերէն չգիտնալը վերագրած են եկեղեցւոյ անգործութեան, հայ ժողովուրդի մարդասէր ոգին ու վայրենի պայքարի պակասը վերագրած են եկեղեցւոյ քարոզութեան եւ մի՛շտ առանց գործելու սպասած են որ եկեղեցին ի՛նք հայերէն սորվեցնէ, եկեղեցին ի՛նք լուծում գտնէ եւ միշտ իրենց ձախողութիւնները վերագրած են Եկեղեցւոյ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2022