ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՊ ԱՆՀԱՏԻ ԵՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ

Գիտակից կամ անգիտակից որեւէ դէպքի չարիքը կ՚անդրադառնայ ընկերութեան վրայ։ Արդարեւ, ընկերութեան մէջ պատահած որեւէ դէպք, որմէ վնաս կը կրէ ընկերութեան ամբողջը կամ մէկ մասը, ասկէ պատասխանատու են թէ՛ անհատները եւ թէ՛ առաջնորդի կամ վարիչի դիրքի մէջ գտնուողները՝ եթէ ո՛չ պատասխանատու հաւասարապէս եւ ուղղակի, բայց որոշ համեմատութեամբ կան անուղղակի կերպով։ Ընկերութիւնը բարոյական անձնաւորութիւն մը ունի, իսկ ընկերութիւնը կազմող անհատները՝ իրական անձնաւորութիւն, որոնցմէ մեծ մասը կառավարուողի, իսկ փոքր մէկ մասը՝ կառավարիչի դիրք ունին։ Բայց երկու խումբն ալ աջակցելու են իրարու, որպէսզի ընկերութիւնը յարատեւէ եւ պահէ իր գոյութիւնը։

Ընկերութեան մէջ առաջնորդելու եւ կառավարելու դեր եւ դիրք ունեցող որքան բարձրաստիճան անձեր յաճախ կը ստիպուին թոյլ ընթացք մը ունենալ, նոյնիսկ աչք գոցել, դատուելու համար իրենց առջեւ բերուած օրինազանց եւ զեղծանող անձերու արարքներուն, որովհետեւ անոնք կերպով մը տեղեակ եղած են զիրենք դատելու պաշտօն եւ իրաւասութիւն ունեցող անձին ապօրէն մէկ արարքը։

Ուստի «դատող»ը՝ ըլլայ աշխարհական կամ կրօնական, կրթական կամ տնտեսական, եւ որեւէ խորհուրդի անդամ, եթէ մաքուր կեանք եւ մաքուր խիղճ չունի, համարձակութիւն չ՚ունենար յանցաւորին կամ ամբաստանեալին հանդէպ գործածել իր բովանդակ հեղինակութիւնը. չի կրնար շեշտակի նայիլ անոր աչքերուն մէջ, խրատներով համոզել եւ հրաւիրել զայն խոստովանութեան եւ կամ սպառնալ պատժելու զայն։

Բարոյական հեղինակութեան տէր անբասիր եւ մաքուր առաջնորդը, ընկերային կեանքին, եւ թէ բարոյական առողջ կեանքին ամենէն անհրաժեշտ եւ զօրեղ ազդակն է։

Ուստի, անհատին խիղճը, որ ոչ թէ միայն մարդուն ուղիղ եւ պատուաւոր կեանքի մը առաջնորդը, այլ նաեւ ընկերութեան բարձրագոյն օգուտին ծառայող ուժեղ ազդակ մըն է, որ կրնայ յաճախ քունի եւ թմրութեան վիճակի մը, եւ նոյնիսկ բոլորովին մահացումի ենթարկուիլ։ Այս իմաստով, մարդ պատասխանատո՛ւ է ոչ միայն իր ներկայով, այլ նաեւ՝ իր անցեալով։ Մարդուս անցեալն ալ ի՛րն է, եւ կարեւոր տարր մը իր ինքնութեան։ Անձը ամբողջ մըն է թէ՛ իր անցեալով, թէ՛ իր ներկայով եւ թէ՛ իր ապագայի մասին ծրագրերով եւ կատարելիքներով։

Խղճի դէմ, անոր հակառակ գործուած արարքի մը նկատմամբ մարդուն թոյլատու, անտարբեր եւ ներողամիտ ընթացքը դէպի վա՛ր, դէպի ետ քայլ մըն է, եւ եթէ ենթական չանդրադառնայ այս ցաւագին եւ գայթակղեցուցիչ սայթաքումին, վայրէջքը հետզհետէ աւելի ողբալի եւ ահաւոր կը դառնայ։ Աւելի ուժգին է այն արարքը՝ որ մարդ չ՚անդրադառնար անոր չար հետեւանքներուն։

Եւ ոչինչ ողբալի է քան մեռած եւ թաղուած խիղճի մը մութ գերեզմանը…։

Անձնական շահերու, ակնկալութիւններու, հաճոյքներու, կիրքի եւ փառքի հարուածներուն ներքեւ խիղճը օրէ օր կը շշմի՝ կը շլմորի, կ՚անգիտակցի եւ վերջապէս կը մահանայ, եւ մահացած խիղճ մը կը մահացնէ մարդը…

Մինչ առողջ եւ արթուն խիղճի մը խայթը՝ կը թափանցէ «երկաթեայ հաստաբեստ, ամրակուռ պարիսպներէն» ալ ներս, եւ շեշտակի եւ անողոք կը նայի, կրնայ նայիլ ոճրապարտ մարդուն։ Ինչպէս առածը կ՚ըսէ. «Ամբարիշտը, առանց մէկու մը հալածելուն կը փախչի»։ Մէկ խօսքով՝ առողջ եւ արթուն խիղճին խայթը դժոխք մըն է երկրի վրայ։ Բայց այս դժոխքը միեւնոյն ժամանակ բանական էակին մէջ ուղղութեան, ճշմարտութեան եւ արդարութեան աստուածային սկզբունքներուն գոյութիւնը կը շեշտէ։ Եւ աւելի երանելի է խիղճի խայթին պատճառած չարչարանքը կրող անձը, քան մեռած խիղճերու պարգեւած կարծեցեալ խաղաղութիւնը եւ երկինքը վայելողը, որովհետեւ այս վերջինին մէջ բարոյական մարդը նեխած դիա՛կ մըն է միայն։ Խղճին ձայնն է որ մարդս կը կատարելագործէ, եւ կ՚արժանացնէ զայն ապրիլ իր կոչումին համաձայն։ Խիղճը, արդարեւ, կը հակակշռէ եւ կ՚արգիլէ մարդուս չար խորհուրդները եւ կը կանոնաւորէ անոր կեանքը՝ մանաւանդ իր ուրիշներու հետ փոխյարաբերութիւններուն մէջ։

Յանցաւոր մարդուն խիղճը ուրիշ կերպով մըն ալ կը պատժէ մարդը. յոռետես կը դարձնէ զայն՝ աննպաստ եւ թշնամական նշանակութիւն կու տայ ամենէն պարզ եւ անմեղ երեւոյթներուն ալ։ Եւ այս կերպով մարդ կ՚ապրի միշտ կասկածամիտ, վախերու մէջ, անհանգիստ եւ անտրամադիր կեանք մը։

Խիղճը, արդարեւ, իբր հակակշիռ դրուած է բարոյական եւ բանաւոր էակին կեանքին մէջ՝ որ կը կանխէ վախի մտրակը եւ կրթութեան համոզկեր ձայնը։ Խիղճը՝ ոմանք «իմացական կարողութիւն» մը, ուրիշներ ալ «բարոյական զգացում» կը նկատեն։ Խիղճը՝ «ներքին աչք»ն է մարդուն, որ ուղիղը եւ սխալը, ճշմարիտը եւ սուտը, բարին եւ չարը, օգտակարը եւ վնասակարը ցոյց տալու պաշտօնը ունի։ «Բարոյական չափանիշ»ն է ան մարդուն՝ որ ասունը անասունէն, բանաւորը անբանէն կը զատէ, իր ստացած դաստիարակութեան եւ դարաշրջանին համեմատ բարոյական օրէնքին ստուգանիշն է, որ մարդը կ՚առաջնորդէ միշտ բարիին, օգտակարին եւ իր կոչումին հաւատարիմ մնալու։ Խղճամիտ մարդը անաչա՛ռ է իր լուսաւորուած վիճակին մէջ եւ օրէնքով դատապարտուած մարդուն սրտի հանգստութիւն կը պարգեւէ։

Կատարեա՛լ է այն մարդը, որ կրնայ ներդաշնակել իր միտքը եւ իր խիղճը…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 14 2022, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2022