ՄԱՐԴՈՒՍ ՆԵՐԱՇԽԱՐՀԸ

Մեն «մարդ»ը, այսինքն, ամէն մէկս իր նմանը կը ճանչնայ իր արտաքինովը, ուրիշ խօսքով, ընդհանրապէս մէկը կարելի է ճանչնալ այնքան՝ որքան ան կ՚արտայայտէ ինքզինք։ Ո՜վ կրնայ ըսել, թէ բոլորովին կը ճանչնայ իր նմանը, իր խօսակիցը, մինչեւ իսկ իր ամենէն մերձաւորը։ Այս իմաստով, իւրաքանչիւր անձ ունի ծածուկ երես մը՝ որ շատ անգամ ինքն իսկ չ՚անդրադառնար եւ չի ճանչնար։

Մարդիկ, ընդհանրապէս չեն խօսիր այն՝ ի՛նչ որ կը խորհին եւ չեն գործեր այնպէս՝ ի՛նչպէս խօսած են։ Եւ մարդիկ, կարծես դիմակաւոր կը մօտենան իրարու՝ ներքին մարդը միշտ կը ծածկեն իրենց նմաններէն։ Ահաւասիկ, այս կէտին է, որ կարեւորութիւն եւ անհրաժեշտութիւն կը ստանայ փոխյարաբերութիւնները՝ լաւագոյն եւ արդիւնաբեր ըլլալու համար։

Անկեղծութի՜ւն. վիճակ մը՝ որ ընդհանրապէս կը պակսի մարդուն, եւ նոյնիսկ մարդ շատ յաճախ ինքզինքին հանդէպ անկեղծ չի վարուիր։ Զոր օրինակ, արարք մը, որ գիտէ, թէ չար է եւ խիղճը կը զգուշացնէ, անխնայ կը կատարէ, նոյնիսկ ինք ալ վնասուի։

Սուտը կը տիրապետէ ճշմարտութեան եւ մարդկային շատ մը յարաբերութիւններ, դժբախտաբար, կը հաստատուին սուտի եւ կեղծիքի վրայ։ Օրինակ մը՝ ոխակալութիւնը, բարկութիւնը, ատելութիւնը գիտնալով, թէ վնասակար եւ անիմաստ զգացումներ են, մարդ կը տարուի անոնց ազդեցութեամբ եւ վնասներ կը պատահին թէ՛ անհատական եւ թէ հաւաքական կեանքի մէջ։

Բոլոր այս իրողութիւնները մարդկային բնութեան տկրութիւններու եւ թերութիւններու արդիւնքն են. «ներքին մարդ»ուն «արտաքին մարդ»ու վրայ անխուսափելի տիրապետութեան հետեւանք։

Մինչդեռ քրիստոնեան պէտք է հետեւի պատուէրին Քրիստոսի, որ կ՚ըսէ.

«Մի՛ դատէք, եւ պիտի չդատուիք, մի՛ պատժէք եւ պիտի չպատժուիք, ներեցէ՛ք, եւ ներում պիտի գտնէք, տուէ՛ք եւ պիտի տրուի ձեզի…». (ՂՈՒԿ. Զ 37)։

Գիտենք, բայց չենք կատարեր, որովհետեւ «ներքին մարդ»ը՝ «ԵՍ»ը արգելք կը հանդիսանայ. որովհետեւ մարդ այնքան զօրաւոր չէ, որ իր ԵՍ»ին կարենայ ընդդիմանալ եւ պարտել զայն։ Բայց իրական ազնուութիւն է կարենալ հակառակ գործել «ԵՍ»ին եւ հետեւիլ խղճի ձայնին։ Աններողամիտ ըլլալ՝ ոխակալութեամբ վարուիլ «փոքր մարդ»ու գործ է. սուտի եւ չարի տիրապետութեան գերի ըլլալ կը նշանակէ…

Արդարեւ, մարդուս ներաշխարհը խաղաղ եւ միօրինակ չէ, միշտ պայքար մը կայ հոն, միշտ դժգոհ եւ միշտ անհանգստութիւն։ Այս իմաստով՝ մարդ տեւապէս կը պայքարի ինքն իրեն հետ. ընելու եւ չընելու հարց մը կը զբաղեցնէ մարդը, եւ այս ալ պատճառ կ՚ըլլայ, որ ան կորսնցնէ իր ներքին խաղաղութիւնը։ Ուստի, մարդուս ներաշխարհը միապաղաղ անդորրութիւն չի ցուցաբերեր եւ ոչ իսկ մանուկներու մէջ, եթէ անոնք խաղաղութենէ զուրկ միջավայրի մը մէջ են։

Մարդուս ներաշխարհին մէջ խորհրդաւոր եւ անիմանալի անցուդարձեր կը պատահին՝ որոնք մասնագէտներ «անգիտակից ապրումներ» կ՚անուանեն։ Ասոնք անգիտակից մղումներ եւ ձգտումներ են՝ բնազդներ։ Մղումները՝ կեանքը յառաջացնող ազդակներ են եւ կ՚երաշխաւորեն մարդուս զարգացումը, գոյապահպանումը եւ գոյատեւումը։ Բայց մարդ միշտ հպարտ է իր բանականութեամբ՝ որով կը տարբերի անասուն եւ անբան կենդանիներէն։ Ուստի, մարդ կարող է իր մղումները եւ ձգտումները հակակշռել բանականութեան լոյսին ենթարկել եւ ըստ այնմ վարել կեանքը, եւ պէ՛տք է այդպէս ըլլայ։

Եւ ահաւասիկ, բանաւոր մարդը, ճի՛շդ այս կէտին կը տարբերի անբան անասուն կենդանիէն։ Արդարեւ, անասուն անբան կենդանին ստիպուած է հնազանդիլ իր մղումներուն անգիտակցօրէն, մինչ մարդը կրնայ անոնց ձայնին եւ թելադրութիւններուն անսալ, եւ կամ մերժել՝ ընել կամ չընել, համակերպելով կամ հակադրելով անոնց՝ բանականութեամբ։ Ուստի, մարդ ունի երկու գլխաւոր առաջնորդ՝ միտք եւ խիղճ։

Եւ մարդ կարողութիւն ունի ներդաշնակել եւ հաշտեցնել այս երկու առաջնորդը եւ ապրիլ մարդավայե՛լ կեանք մը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 26, 2024, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2024