ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ԴԷՊԻ ԵՏ ԿԱՐԴԱԼ

Կ՚ըսուի, թէ պատմութիւնը դէպի ետ կը կարդացուի, բայց անիկա մի՛շտ դէպի յառաջ կը սուրայ։

Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ որքան իրաւացի է այդ խօսքը, քանի որ մարդ երբ ուսումնասիրէ անցեալի դէպքերը՝ պատմութիւնը, հետզհետէ կը խորանայ եւ դէպի ետ կ՚երթայ մտապէս, բայց անցեալը՝ պատմութիւնը միշտ կը փոխուի՝ արագընթաց շարժումով ներկա՛յ կը հանդիսանայ եւ դէպի ապագայ կը շարունակէ իր ընթացքը։ Եւ ահաւասիկ ժամանակի այս ապշեցուցիչ ընթացքը զարմանք կը պատճառէ մարդուս՝ պատմութիւնը սորվելու, գիտնալու համար ետ երթալ, բայց պատմութիւնը իր գոյութիւնը պահպանելու համար միշտ դէպի ներկայ, դէպի նորը գալու պարտաւորուիլ։

Արդարեւ, «կեա՛նք» ըսուած ժամանակամիջոցն ալ անցեալի, ներկայի եւ ապագայի բաղադրութիւնը եւ անոնց հրաշալի՜ ներդաշնակութիւնը չէ՞…։

Զոր օրինակ, հայերէն խօսելու, հայերէն գրելու, հայերէնը գործածելու հարցին, երբ կը յանձնարարուի հայերէն խօսիլ, հայերէն աղօթել եկեղեցւոյ մէջ գոնէ, ոմանք կ՚առարկեն ըսելով, թէ՝ «եկեղեցին դպրոց չէ, աղօթքի տեղ է եւ ամէն հաւատացեալ հոն կրնայ իր ուզած լեզուով աղօթել, քանի որ Աստուած ամէն լեզուով կը լսէ, կ՚ընդունի իրեն ուղղուած աղօթքները»։

Բայց երբ պատմութիւնը ուսումնասիրենք, կը տեսնենք, որ Հայ Եկեղեցին միշտ եղած է դպրոց նաեւ, ունենալով իրեն կից միշտ դպրոցը եւ եկեղեցի եւ դպրոց ընդելուզուած՝ շարունակած են ուսուցանել ժողովուրդը։ Այո՛, Աստուած ամէն լեզու կը հասկնայ, բայց կը հասկնայ նաեւ հայերէնը, եւ մանաւանդ որ քրիստոնեայ Եկեղեցւոյ կողքին՝ հայ ժողովուրդին Եկեղեցւոյ անունը «Հայ Եկեղեցի» է, եւ ինչպէս ամէն հաստատութիւն, Հայ Եկեղեցին ալ ունի իր պաշտօնական լեզուն՝ հայերէ՛նը։ Գալով «եկեղեցին դպորց չէ՛» պատճառաբանութեան։ Հայ դպրութիւնը սկսած է, ծնունդ է առած Եկեղեցիէն՝ Մեսրոպ Մաշտոցի Հայ գիրերու գիւտով եւ Թարգմանիչներու միջոցով շարունակած է իր գոյութիւնը։

Պատմութիւնը կը վկայէ, թէ ինչպէս Մեսրոպ Մաշտոց, Թարգմանիչներն ալ եկեղեցականներ են եղած, եւ ամբողջ թարգմանիչներու մէջ եղած է միայն մէ՛կ աշխարհական՝ ան ալ գրեթէ անպաշտօն հոգեւորականի մը հանգամանքը ունեցած է։

Եւ ճիշդ ա՛յս պատճառով է որ յաճախ կը յիշենք այն ճշմարտութիւնը, թէ՝ ամէն հոգեւորական մտաւորական է նաեւ, եւ փոխադարձաբար՝ ամէն մտաւորական՝ հոգեւորակա՛ն։

Արդէն հոգին եւ միտքը միշտ համընթաց են, եւ կատարեալ է այն անձը՝ որ կրնայ ներդաշնակել հոգին եւ միտքը, որոնք թէեւ իրարմէ անկախ բայց առանց իրարու օգնութեան չեն կրնար շարժիլ եւ յաճախ կը հակակշռեն զիրար։ Եւ ուրեմն, իր ընդհանուր իմաստով, եկեղեցին «դպրոց» է նաեւ, քանի որ դպրութիւնը սկիզբ առած է Եկեղեցիէն, ինչպէս կը վկայէ պատմութիւնը։ Ահաւասի՛կ, պատմութիւնը դէպի ետ կարդալու պահանջքին օրինակ մը։

Բայց պատմութիւնը միշտ դէպի յառաջ կ՚ընթանայ, կը սուրայ, շատ բան կը փոխ-ւի, կը բարեփոխուի, եւ սակայն էականը, այն ինչ որ սկզբո՛ւնք է՝ չի՛ փոխուիր, այլապէս կը կորսնցնէ իր սկզբնական արժէքը եւ դերը։

Պատմութեան մէջ եկեղեցւոյ ծառայողներ կը ծառայէին նաեւ դպրոցին, եւ փոխադարձաբար։ Ժամանակի ընթացքին եթէ այս մասին օրինական եւ կանոնական փոփոխութիւններ կատարուած է, ասիկա չի՛ նշանակեր որ եկեղեցին «դպրոց» մը պիտի չըլլայ իր ամենալայն եւ ընդարձակ առումով։ Անշուշտ որ Եկեղեցին իր պաշտօնեային գոնէ, պիտի սորվեցնէ եւ պիտի քաջալերէ հայերէն՝ եկեղեցւոյ լեզուն սորվիլ եւ գործածել, քանի որ Հայ Եկեղեցւոյ պաշտօնական լեզուն հայերէ՛ն է։

Անշուշտ հայերէն գիտնալ, հայերէն սորվիլ, հայերէնը գործածել եւ օգտագործել աւելի լայն հարց մըն է՝ ընկերային հարց մը, որ կարծեմ միայն հայ ժողովուրդին յատուկ հարց մըն է։ Կա՞յ արդեօք ուրիշ ժողովուրդ մը, որ լեզուի հարց ունենայ, իր սեփական լեզուին օտար ըլլայ, չգործածէ իր լեզուն։ Եւ որքան տարօրինակ եւ հեգնական է՝ հայու մը հարցնել, թէ հայերէն կը խօսի՞, հայերէն կը հասկնա՞յ։ Այդ մասին հայը «օտար» է ինքն իրե՛ն։

Շատ պատահած է, որ հայ մը երբ հայու մը հետ ծանօթանայ, պահ մը տարակուսանքի կը մատնուի, թէ արդեօք անիկա հայերէն գիտէ՞, հայերէնով խօսի իրեն հետ, թէ՝ ուրիշ հասարակաց լեզուով մը…։

Մանաւանդ արտասահման պատահած է, որ հարցնեն մեզի, թէ հայերէն կը խօսի՞նք, հայերէն կը հասկնա՞նք, երբ ըսած ենք թէ ծագումով հայ ենք։ Որքա՜ն հեգնական է հայ ծագում ունեցող մէկը դիմաւորուի «հայերէն գիտե՞ս» կամ «հայերէն կը հասկնա՞ս»ի նման հարցումներով։ Որքա՜ն հեգնական՝ «ironique», բայց նո՛յնքան ալ նուաստացուցիչ եւ վիրաւորի՛չ…։

Բայց հետաքրքրականը այն է, որ օտարներ հայերէն կը սորվին, իսկ հայը անտարբեր է իր լեզուին՝ հայերէնին։ Եւ դարձեալ, օտարներ հայը ճանչնալու կ՚աշխատին՝ հայը օտար կը մնայ ինքն իրեն եւ հետզհետէ կ՚օտարանայ իրեն եւ իրեն պատկանած արժէքներուն։

Օտար լեզուագէտ մը ըսած է, թէ՝ ինք հայերէն է սորված, հայերէն լեզուի վրայ ուսումնասիրութիւն է կատարած՝ ո՛չ թէ որպէս գիտնական, այլ վայելելու համար հայերէն լեզուին գեղեցկութիւնները։ Եւ հայը շատ անգամ չ՚անդրադառնար իր լեզուին, անտարբեր կը մնայ անոր նկատմամբ։

Արդարեւ, մարդ, իրեն պատկանածին, իր արժէքներուն յարգը պէ՛տք է գիտնայ, որ կարենայ յարգանք սպասել օտարներէ իր արժէքներուն նկատմամբ։ Եթէ մարդ ինքն իրեն «օտա՛ր» է, անտարբեր է, հոգածու չէ, ապա ուրեմն ինչպէ՞ս ակնկալել ուրիշներու հետաքրքրութիւնը, յարգանքը, հոգածութիւնը։ Եւ ինչպէ՞ս պատասխանել մէկու մը հարցումին, թէ երբ կը ծանօթանայ հայու մը հետ, անոր առաջին հարցումը կ՚ըլլայ. «հայերէն գիտէ՞ք, հայերէն կը խօսի՞ք, հայերէն կը հասկնա՞ք…»։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 23, 2017, Իսթանպուլ 

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2017