ԽԵԼՔԻ ԱՇԵՑԷ՛Ք

Մեր թուականէն աւելի քան 4 հազար տարիներ առաջ մարդ արարածը կարիքը զգացած է օրէնքներու եւ կանոններու, աւելի բարեփոխելու համար իր կեանքն ու ապրելաձեւը: Այդ օրէնքներու հնագոյն նմոյշները մեզի հասած են սալաքարերու վրայ կատարուած արձանագրութիւններով եւ քանդակներով, որոնցմէ ամենէն հիներէն է Ք.Ա. 1792-1749 թուականներուն Բաբելոնի թագաւոր Համմուրապիի օրէնքներու ժողովածուն:

Այս օրէնքներու ժողովածուն յայտնաբերուած է 20-րդ դարուն, մարդու հասակի հասնող հսկայական քարերու վրայ՝ գրուած սեպագրերով: Համմուրապիի այս «օրէնքներու ժողովածու»ն բաղկացած է 282 օրէնքներէ, որոնք զանազան սխալներու դիմաց տարբեր պատիժներ կը սահմանեն՝ բարւոքելու ընկերային եւ հասարակական կեանքը:

Այդ արձանագրութեան մէջ յատկանշական է Համմուրապիի կողմէ ըսուած յառաջաբանը, որուն մէջ թագաւորը կ՚ըսէ. «Եւ այն ատեն աստուածները կանչեցին զիս: Ես՝ Համմուրապի, սպասաւորս, որուն աշխատանքներէն գոհ մնացին... եւ որ աջակիցն էր ժողովուրդին՝ անոր դժբախտ օրերուն... հարստութիւն եւ առատութիւն պարգեւեցի անոր... որպէսզի արգիլեմ տկարներուն շահագործումը զօրաւորներուն կողմէ եւ տարածեմ լոյս աշխարհի վրայ, ու դիւրացնեմ մարդոց իրաւունքներու իրագործումը»:

Այս արձանագրութիւնը յատկանշական է, որովհետեւ իւրաքանչիւր տող ըսելիք մը ունի՝ աւելի քան 4 հազար տարիներ ետք:

Ա.- «Եւ այն ատեն Աստուածները կանչեցին... գոհ մնացին».- Ներկայ օրերուն, երբ կը տեսնենք ղեկավարներ, որոնք այս կամ այն կուսակցութիւնը, անձն ու հեղինակութիւնը գոհացնելու մարմաջով կը տառապին, Համմուրապի իր աշխատանքներով կը փորձէր Աստուած գոհացնել, այլ խօսքով իր երկիրը կառավարել Աստուծոյ պատուիրաններու լոյսին տակ: Ինչպէս Մովսէս Մարգարէի ժամանակ, այնպէս ալ Համմուրապիի եւ այլ թագաւորներու ժամանակաշրջանին ժողովուրդը կը հաւատար, թէ թագաւորը Աստուած ի՛նք կ՚ընտրէ եւ հետեւաբար անոր դէմ դժգոհութիւն ու տրտունջ ունենալը մեղք կը սեպէին:

Աստուածային պատուիրան ըսելով պէտք չէ հասկնալ Աստուածաբանական դարձուածքներն ու Աներեւելիին հանդէպ հաւատքը, որովհետեւ վերացականին կողքին Աստուած ունի նաեւ մարդկային պատուէրներ, ինչպիսիք են «մի՛ գողնար»ը, «մի՛ սպաններ»ը, «ուրիշին ունեցածին մի՛ ցանկար»ը եւ այլն: Կարծեմ, այս օրերուս ամէ՛ն պետութիւն իր կառավարութեան «մի՛ գողնար»ով մտահոգուած է, որովհետեւ պետութիւնները այսօր հեռացած են զԱստուած գոհացնելու պաշտօնէն. հիմնականը իրենց մեծաւորներն ու գրապանները գոհ ըլլան:

Բ.- «Աջակիցն էր ժողովուրդին՝ անոր դժբախտ օրերուն».- Ցաւ ի սիրտ, այսօր աշխարհի երեսին գրեթէ ո՛չ մէկ ազգութիւն իր կառավարութիւնը որպէս սրտակից ու վշտակից չի՛ տեսներ, այլ ձեւով մը խմբաւորումներ կը յառաջանան մեծի ու փոքրի, հարուստի եւ աղքատի: Աւելի յատկանշականը այստեղ «անոր դժուար օրերուն» աջակից ըլլալն է եւ այսօր գրեթէ ամէ՛ն տեղ, Հայաստանի, Լիբանանի, Սուրիայի, նոյնիսկ Եւրոպական յառաջդիմած երկիրներու մօտ գոյութիւն ունի այդ «դժբախտ օրերը» եւ չե՛ս գիտեր ինչպէս, կառավարութիւնը, իր նախարարներով ու սեղանակիցներով միշտ զուրկ են այդ «դժբախտ օրերէն»:

Գ.- «Հարստութիւն եւ առատութիւն պարգեւեցի անոր...».- Հարստութիւն ըսելով պէտք չէ միայն նիւթական բաժինը հասկնալ, որովհետեւ հարստութիւն է նաեւ ապահովութիւնը, ընկերային դասակարգերու խտրութեան վերացումը: Այսօր մեր Հայրենիքի մէջ կը տեսնենք նախարարներու ճոխ ու փարթամ կեանքը, իսկ անդին կը տեսնենք Հայրենիքի տարբեր անկիւններուն խրճիթներու մէջ ապրող թշուառ ժողովուրդը, կը տեսնենք 70 տարեկանը անց ծերուկներու մինչեւ առաւօտեան 2-3 փողոց մաքրելն ու աւլելը: Եւ ինծի համար առողջ պետութեան գաղափարականը յստակ է. այն երկրի պետութիւնը, որ իր հպատակ քաղաքացիներէն աւելի ճոխ կեանք մը կ՚ապրի... ի սկզբանէ ձախողած է:

Դ.- «Որպէսզի արգիլեմ տկարներուն շահագործումը զօրաւորներուն կողմէ».- Աշխարհի վրայ տակաւին գոյութիւն ունի՞ մարդ, որ կասկածի, թէ օրէնքները սահմանուած են միայն տկարներուն՝ հասարակ ժողովուրդին համար եւ զօրաւորները՝ «կռնակ ունեցող»ներ զուրկ են այդ բոլոր պարտաւորութիւններէն: Վերջերս կ՚ուսումնասիրէի վաճառատուներու հետ կապուած դատական օրէնք մը. արդիւնքը այն էր, որ դատական պատասխանատուութեան կ՚ենթարկուին միա՛յն փոքր ու համեստ վաճառատուները, իսկ մեծերը ամբողջութեամբ զուրկ կը մնան այդ բոլորէն: Պատճա՞ռ. անկասկած կաշառակերութիւն ու շահադիտութիւն: Այդ տկարներու շահագործումով է, որ մարդիկ իշխանութեան գլուխ կու գան. իրենց խօսքերով ու հանդէսներով ժողովուրդի ցաւերուն բաժնեկից ըլլալ կը ձեւանան, զանոնք յուզող հարցերուն եւ անոնց լուծումներուն մասին կը խօսին եւ յանկարծ ընտրութենէ ետք այդ խօսքերը կը դառնան ցնորք ու երազանք. զօրաւորը կը մնայ զօրաւոր, իսկ տկարը՝ տկար, թէեւ աւելի ուժաթափուելով:

Ե.- «Դիւրացնեմ մարդոց իրաւունքներու իրագործումը».- Աշխարհի ո՞ր երկիրին մէջ արդարադատութեան նժարը հաւասար կը գործէ թէ՛ հարուստներուն եւ թէ աղքատներուն համար: Պետութիւնը, իր օրէնքներով, լոզունգներով հաւասարութիւն եւ իրաւունքներու պաշտպանում կը քարոզէ, շատ անգամ իրենք եւս չհաւատալով իրենց խօսքերուն:

Ու այս բոլորին դիմաց այսօր երբ աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներու ղեկավարները կը դիտեմ, ակամայ կը յիշեմ Աշուղ Ջիւանիի բառերը, որոնք հարազատ պատկերն են մեր այսօրուան:

«Գայլը վրան ոչխարի մորթ առած,
Գառներուն պահապան հսկող է դառած,
Աքլորը քարոզչի վերարկու հագած
Ամբիոն է ելել, խելքի՛ աշեցէք:

«Ուղտը մետաքսագործ, եզը նաւավար,
Գայլը հովիւ դառած կ՚արածէ ոչխար,
Աղուէսը հաւնոցի դրանն յուշարար
Ի՞նչ հսկող են գտել, խելքի՛ աշեցէք»:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ
(1869-1951)

Մեր թուականէն 70 տարիներ առաջ՝ 29 նոյեմբեր 1951-ին Լիբանանի մէջ մահացած է գրող, թատերագիր, մանկավարժ, պետական եւ հասարակական գործիչ Լեւոն Շանթ (բուն անունով Լեւոն Նահաշպետեան եւ ապա հօր անունով՝ Սեղբոսեան):

Լեւոն Շանթ ծնած է 6 ապրիլ, 1869-ին, Պոլսոյ մէջ: Ան փոքր տարիքէն կորսնցուցած է իր հայրն ու մայրը: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ Սկիւտարի Ճեմարանէն ներս եւ ապա 1884 թուականին ընդունուած է Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարան, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1891 թուականին: Բարձրագոյն ուսումը ստանալու համար մեկնած է Գերմանիա, Լայպցիքի, Ենայի եւ Միւնիխի համալսարաններուն մէջ ստանալով մանկավարժութեան եւ հոգեբանութեան կրթութիւն:

Լեւոն Շանթ ուսումը աւարտելէ ետք վերադարձած է Կովկաս եւ աւելի քան տասը տարի դասաւանդած Թիֆլիզի Գայանեան օրիորդաց եւ Երեւանի թեմական դպրոցներուն մէջ: Թիֆլիզի մէջ մասնակցած է «Վերնատուն» գրական միաւորման հաւաքոյթներուն եւ սերտ կապեր հաստատած՝ Թումանեանի, Աղայեանի, Իսահակեանի եւ Դ. Տէմիրճեանի հետ. որոշ ժամանակ դասաւանդած է նաեւ Պոլսոյ Էսաեան վարժարանէն ներս, ապա 1929-ին տեղափոխուած է Պէյրութ եւ կատարած՝ ուսուցչութեան եւ դպրոցի տնօրէնութեան պաշտօն:

Շանթ ազգագրագէտ, բանասէր եւ պատմաբան Ստեփան Լիսիցեանի հետ հիմնած ու հրատարակած է «Լուսաբեր» հայոց լեզուի դասագիրքը: Շանթի գրական գործունէութիւնը սկիզբ առած է 1890-ական թուականներուն, իր առաջին «Լեռան աղջիկը» երկարաշունչ բանաստեղծութեամբ, որուն յաջորդած են «Երազ օրեր»ը, «Դուրսեցիները», «Վերժին»ը, «Դարձ»ը վիպակները եւ այլ ստեղծագործութիւններ:

Լեւոն Շանթ աւելի ճանաչելի դարձած է իր թատրերգութիւններուն ճամբով, որոնցմէ են «Եսի մարդը», «Ուրիշի համար»ը, «Ճամբուն վրայ» եւ ուրիշներ: Անոր ամենէն յայտնի թատրերգութիւնները եղած են «Հին Աստուածներ»ը (1909), «Կայսրը» (1916) եւ «Օշին Պայլ»ը (1932), որոնք ներկայացուցած են հայ թատերական աշխարհի մեծ դէմքեր:

Շանթ հրատարակած է հայոց լեզուի եւ քերականութեան դասագիրքեր եւ գրական, բանահիւսական, մանկավարժական, պատմագիտական եւ հոգեբանական այլ աշխատութիւններ: Կատարած է նաեւ թարգմանական աշխատանքներ, հայերէնի վերածելով Միխայիլ Լերմոնտովի երկարաշունչ բանաստեղծութիւնը, Վոյնիչի «Բոռ» վէպը, Իփսինի «Ժողովուրդի թշնամին» եւ ուրիշներ:

Մինչեւ օրս Երեւանի 4-րդ դպրոցը անուանակոչուած է Լեւոն Շանթի անունով:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2021