ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԵՒ ՄԵՐ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍԵՐԸ - Գ -
Կը շարունակենք ներկայացնել՝ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի «Կոնդակ»ը՝ ուղղուած Դպրաց Դասերուն եւ Երգչախումբերուն, 27 Մայիս 1953 թուականին։
Կա՛յ նաեւ լոյսը Նարեկացիին…։ Հրաշագործ աղօթքն է տուած նա մեզի իր «ՆԱՐԵԿ»ով, ինչպէս Շնորհալին իր «ՀԱՒԱՏՈՎ ԽՈՍՏՈՎԱՆԻՄ»ով։ Առաջինին երգ-աղօթքը՝ «Ընկալ քաղցրութեամբ, Տէ՜ր Աստուած հզօր», խորհրդաւոր կապով մը Դաւիթի «Եկեսցէ»ն կը միացնէ Նէրսիսեան մեղսաքաւիչ աղօթքին հետ, օրուան քսանեւչորս ժամերուն համար 24 տուներու բաժնուած։ Եւ Նարեկացին, անունով եւ հոգւով ԱՐԹՈՒՆ -Գրիգոր-, ունի նաեւ իր տաղերը, գանձերը, մեղեդիները, որոնց մէջ բնութեան իսկ գեղեցկութիւնը, բարձր ներշնչումի մը ճամբով, նուրբ զգայնութեամբ եւ միւռոնի օծութեամբ կ՚իջնէ, - «Աչքն ծով՝ ի ծով ծիծաղախիտ ծաւալանա՜յր երկու արեգական նման», «Գոհար վարդն վառ առեալ, ի վեհից վարսիցն արփենից, ի վեր ի վերայ վարսից՝ ծաւալէր ծաղիկ ծովային», եւայլն։ Եւ ի՜նչ քերթողաշունչ տաղեր, որոնցմով ինք, եւ իրմով Հայաստանեայց Եկեղեցին, չնաշխարհիկ եւ աննման Մօր մը եւ անոր աստուածային Որդւոյն ներբողը կը հիւսեն։
Այս կարճ տողերով չենք կրնար բանալ ձեր առջեւ ամբողջ գանձերը մեր Եկեղեցւոյն, որուն զաւակներն ըլլալու բախտն էք ունեցեր դուք, այժմ ալ էք «հրեշտակային երգակցութեամբ» օրհնաբանողները անոր պաշտած Աստուծոյն։
Լոյսի եւ Սիրոյ սրբազան եւ խորհրդազգած մթնոլորտ մը.- ա՛յս է նկարագիրը մեր Հոգեւոր Մօր՝ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյն։ Այդ մթնոլորտէն իր ներշնչումն առած է նաեւ մեր ՇԱՐԱԿԱՆը։
Սիրելի որդեակներ, գիտցէ՛ք անգնահատելի յարգն ու արժէքը այս անստգիւտ գանձարանին։ Մի՛ գտնուիք անփոյթ, դուք մանաւանդ դպիրներ, շարականներու ուսման մէջ՝ անթերի խազերգութեամբ, ունենալու ձեզի համար, եւ հաղորդելու ուրիշներուն անոնց ոգեկան մեծ վայելքը։
Յօրինուածքն ու հիւսուա՛ծքն Ս. Պատարագին կամ սրբազան Պատարագամատոյցին, զոր երգչախումբերը կ՚երգեն բազմաձայն, դաշնաւորումովը զանազան հեղինակներու, գլխաւորաբար Կոմիտասի եւ Եկմալեանի, - մի՛ մոռնաք, սիրելի երգասաց զաւակներ, որ Շնորհալիին ջերմիկ շո՛ւնչը ոգեւորած է նաեւ զայն, քահանային աղօթքներն ու սարկաւագին քարոզները շղթայելով իրարու՝ երգի ոսկեօղակներով, - «Հա՜յր երկնաւոր», «Որդի՜ Աստուծոյ», «Հոգի՜ Աստուծոյ»։ Այստեղ եւս Նարեկացին Գրիգոր եւ Շնորհալին Ներսէս հոգեկցորդուած են իրարու, առաջինը նախամուտ «Ամենակալ» աղօթքով, եւ երկրորդը՝ Ս. Երրորդութեան երեք անձերուն նուիրուած սոյն օրհներգով։
Դուք հոգեզաւակներն էք նաեւ այս երկու չնաշխարհիկ լուսապսակաւորներուն։ Ինչո՞ւ չունենաք, ուրեմն, շունչը մէկին եւ շնորհը միւսին, ասոնցմով ձեզ դարձնելու ո՛չ թէ աշխարհատեաց, այլ, ընդհակառակը, գիտակից այն իրական գեղեցկութեանց, թաքուն եւ յայտնի, որոնցմով Արարիչը օժտած է եւ հարստացուցած նաեւ ա՛յս աշխարհը։
Այս աշխարհին մէջ կ՚ապրիք դուք, հետեւաբար բաժին ունիք, եւ ընտրելագոյն բաժինը, այդ գեղեցկութիւններէն. պիտի ըսեմ՝ այդ վայելքներէն։ Իմաստո՛ւն եղէք, թօթափեցէք ամէն նախապաշարում եւ իջէք ձեր մէջ՝ գտնելու այդ գեղեցկութիւնները եւ անոնց լուսաղբիւրը։ Եւ ահա Ե՛րգը -Աստուծոյ լեզուն- որ պիտի շարժէ ձեր լեզուները։
Եւ երբ այս գիտակցութեամբ բացուին ձեր շրթները, ի՜նչպէս ձեր բերաններն ալ պիտի երգեն օրհնութիւններն Աստուծոյ։ Պիտի օրհնուիք ե՛ւ դուք։ Եւ այսպէս, դուք պիտի ունենաք, սիրելի որդեակներ, կեանք մը մաքուր, զգօն, զգաստ, անբասիր, զուարթ ու երջանիկ, լի՝ սիրոյ եւ խաղաղութեան անուշահամ եւ անմահարար պտուղներով։ Պիտի ստեղծուի ձեր մէջ հոգեվիճակ մը երանական՝ զոր ո՛չ ոք եւ ո՛չինչ կրնայ յափշտակել ձենէ։ Ձեր մէջ այլեւս տեղ պիտի չունենայ, տեղ պիտի չգտնեն հեռն ու ատելութիւնը, քէնն ու նախանձը, անձնասիրութիւնն ու հպարտութիւնը, կողմն ու բաժանումը։ Արտաքին ո՛չ մէկ գրգիռ պիտի կարենայ շարժել ձեր ջիղերը ցասումով, կրակ ձգելով ձեր կիրքերուն մէջ։ Դուք իսկ պիտի ըլլաք ներդաշնակութիւնը, համերաշխութիւնը, համերաշխութեան այն բա՛րձր ոգիով՝ որ գիտէ տեղի չտա՛լ Չարին եւ նուիրուիլ Բարիին, զօրացնելով միաբանական անշահախնդիր գործակցութիւնը, բարոյական փոխադարձ զոհողութիւններով ու զիջողութիւններով, երբ հասարակաց օգուտը զա՛յդ պատանջէ։
Ես դիտած եմ ձեր մէջ ազնուական բան մը, բարձրօրէն գնահատելի եւ գովելի։ Ատիկա այն հաճոյքն է՝ զոր դուք կը զգաք, Կիրակի եւ երբեմն ալ տօն օրեր հրաժարելով ձեր աշխարհիկ վայելքներու ժամերուն մէկ մասէն եւ եկեղեցական երգեցողութեանց մէջ փնտռելով անփոխարինելին։ Կը սիրէք «հրեշտակային երգակցութեամբ», հրեշտակային ոգիով ունենալ ապրումներ՝ զորս հոգեւոր ներշնչումը կը ծնցնէ ձեր մէջ։ Կ՚ուզեմ, որ ձեր բոլոր շարժուձեւերն ալ, ձեր նիստն ու կացը, ձեր մուտքն ու ելքը, ձեր արտայայտութիւնները ունենան կնիքը այդ ներքին անկեղծ ու շնորհալի ապրումներուն եւ քրիստոնէական կենդանի հաւատքին։ Ասիկա հրաւէր մը չէ՛ ձեզի՝ դուրս գալու գեղեցկութեանց աշխարհէն, այլ հայրական պատուէր մը՝ մնալու հոն, բարութեան եւ ճշմարտութեան հետամուտ ու ծարաւի հոգիներով։
Համեստութիւնը, պարկեշտութիւնը, խոնարհութիւնը, վերասլաց թռիչքներովը շարականներուն եւ երգերուն, կը բարձրացնեն ձեր հոգիները եւ քաղցր օծութեամբ մը կ՚երջանկացնեն ձեր անհատական, ընտանեկան եւ ընկերային կեանքը։
Աւետարանի լա՛ւ ըմբռնուած եւ ապրուած ոգին կու տայ ձեզի այս բոլորը։
Սիրելի դպիր եւ երգիչ որդեակներ, չեմ ուզեր որ արհամարհէք որեւէ կրօնք, որ հիմնուած ըլլայ ճշմարտութեան, բարութեան եւ գեղեցկութեան սկզբունքներուն վրայ։ Բայց կը պահանջեմ, որ գիտակցօրէն եւ խորապէս սիրէք քրիստոնէական կրօնքը՝ որուն մէջ ծնած ու սնած էք ընտանեկան դաստիարակութեամբ, եւ որ հաստատուած է ստեղծագործող, փրկագործող, եւ իմաստացնող տիեզերածաւալ ու անսպառ Լոյսի եւ Սիրոյ ամրակուռ խարիսխին վրայ։ Անկից բաժնուելու որեւէ արդարացուցիչ պատճառ չէք կրնար ունենալ։
Չե՛մ ներեր նոյնպէս, որ ստորագնահատէք որեւէ դաւանանք՝ որ ձերը չէ, բայց կարեւորութեամբ կը յանձնարարեմ ըստ արժանւոյն գնահատել պարզագոյն դաւանանքը մեր Եկեղեցւոյն եւ ասոր լայնախոհ ու հանդուրժող ոգին՝ զոր ժառանգած էք։ Ձեր քնարը չունենայ խժալուր ձայներ՝ որոնք ատելութենէն առած ըլլան իրենց խազերը։
Կրօնքը ազնուական կիրք մը եւ խորագոյն ազդում մըն է՝ բնական եւ աստուածային միանգամայն։
Պիտի գտնէք զայն ձեր մէջ, երբ Դաւիթին հետ նայիք երկինքին։ Հոգեգրաւ համերգ մը կայ հոն գերազանց, զոր աստղերը կ՚ոգեն՝ լռիկ իրենց ցոլքերով ու պլպլումներով։ Հաւատաւորն ու բանաստեղծը կը լսեն զայն եւ կը ձայնակցին անոր՝ մէկն իր աղօթքով եւ միւսն իր քերթուածներով։
Գեղեցիկ արուեստի մը շունչն ունի այդ համերգը, որմէ երաժշտութիւնն ալ կ՚առնէ իր խազերը։
Ձեզի խօսեցայ քնարի մը մասին՝ որ ձեր մէջ է։ Անով կը հնչէ ու կ՚երգէ նաեւ այդ քնարը։ Քնարերգութիւն մըն է, արդարեւ, սրբազան երաժշտութիւնը։ Կը գտնէք զայն Հայաստանեայց Եկեղեցիին մէջ, ո՜վ դուք, որ դպիրներն ու երգիչներն էք անոր։
Կը գտնէք զայն գոհար շարականներուն եւ Ս. Պատարագի աննման դաշներգութեան մէջ։
Կեանքը ինքնին երգ մըն է, մերթ ողբերգութիւն, մերթ դիւցազներգութիւն, մերթ քնարերգութեան եւ օրհներգութիւն։ Այս բոլորն ալ կան սրբազան երաժշտութեան մէջ։ Վկայ՝ մեր շարականները։ Երգ մըն է նաեւ քրիստոնէական կրօնը, որ «լիառատ կեանք»ն է։
Կը տեսնէ՞ք, թէ ի՜նչ գանձեր կան ձեր առջեւ բացուած կամ ծածկուած։
Մի՛ մոռնաք նաեւ, որ քրիստոնէական կրօնն ալ, եւ անկէ ներշնչուած Հայ Եկեղեցին, ձեր վրայ կը դնեն հայրենասիրական անզանցառելի պարտականութիւն մը եւս՝ անկեղծ սիրով, հաւատարմօրէն եւ խանդավառ հոգիով ծառայելու այն երկրին՝ ուր ծներ էք եւ որուն մէջ կ՚ապրիք՝ վայելելով քաղաքացիական ամէն իրաւունք։
Օրհնեցէ՛ք ցնծութեամբ եւ փառաբանեցէք ձեր սրտաբուխ եւ ոգեւորիչ երգերով ձեր այս հայրենիքը…։
- Պիտի շարունակենք։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 17, 2015, Իսթանպուլ