ՍԽԱԼԻՆ ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱԼ
Առաքինութիւն է եւ ազնուութիւն՝ ընդունիլ իր սխալը եւ ջանալ զայն սրբագրել։ Անշուշտ, սխալը ընդունելու համար, պէտք է նախ անդրադառնալ անոր, յետոյ պատրաստակամութիւն ցոյց տալ զայն սրբագրելու։ Արդարեւ սխալը ընդունիլ քաջութիւն եւ զայն սրբագրելու պատրաստակամութիւնն ալ՝ անկեղծութիւն կը պահանջեն։ Ուրեմն՝ ուշիմ ըլլալ եւ անդրադառնալ, քաջ ըլլալ եւ ընդունիլ որեւէ սխալ կամ յանցանք եւ վերջապէս, անկեղծ ըլլալ զայն սրբագրելու՝ չկրկնելու մտադրութեամբ։
Եթէ մարդիկ հաւատարիմ ըլլային այս ընթացքին, հաւանաբար շատ մը անհամաձայնութիւններ, պարապ վէճեր, հակառակութիւններ տեղ պիտի չունենային մարդոց կեանքին մէջ, եւ մեծ մասամբ խաղաղութիւն պիտի տիրէր հոն։ Եւ խաղաղութիւնը երջանկութի՛ւն կը բերէ՝ երբ մարդ ունի ներքին խաղաղութիւն, երջանիկ է նաեւ ան. քանի որ մարդս մեծ մասամբ անհանգստացնող վիճակը՝ խռովութիւն, կռիւ, հակառակութիւն, շփոթն է, որոնք կը ստեղծեն անապահով եւ անվստահելի միջավայր մը։ Այլապէս, այս տեսակ միջավայրի մը մէջ կարելի՞ է երջանիկ ըլլալ։
Իր յանցանքները, սխալները, մոլորութիւնները ծածկողը երջանիկ չի կրնար ըլլալ եւ յաջողութիւն չի գտներ, եւ ապերջանկութիւնը հետզհետէ կը բարդուի։
Երբ մարդ խոստովանի իր յանցանքները, ընդունի որ անոնք իրապէ՛ս «սխա՛լ» են, երջանկութեան ճամբուն վրայ առաջին քայլը նետած կ՚ըլլայ արդէն։
Երջանիկ ըլլալու համար մարդ պէտք է շիտակ, ուղիղ ճամբու հետեւի. աստուածահաճոյ գործեր կատարէ, ճշդապահ եւ ուղղամիտ ըլլայ։ Դժուա՞ր է ասիկա։ Դժուա՞ր է ուղիղ ըլլալ, շիտակ ըլլալ՝ անկեղծ, հաւատարիմ եւ ճշմարտախօ՛ս…։
Մինչդեռ երջանիկ ըլլալու պայմանները պարզ են՝ արդար եւ բանաւո՛ր։ Սա իրողութիւն մըն է, թէ՝ Աստուած դժուարին եւ մանաւանդ անկարելի բաներ չի պահանջեր մարդոցմէ՝ որպէսզի կարող ըլլան կատարեն՝ ի՛նչ որ նպաստաւոր է իրենց եւ անշուշտ աստուածահաճո՛յ։ Սխալներու եւ յանցանքներու սրբագրութեանը համար պէտք է պարզ, դիւրութեամբ գործադրելի միջոցներու դիմել։
Այն որ կ՚անդրադառնայ եւ կ՚ընդունի եւ կը խոստովանի եւ մէկդի կը թողու իր յանցանքը, արդէն պատրա՛ստ է զայն սրբագրելու, եւ ողորմութիւն կը գտնէ, «նոր մարդ» կ՚ըլլայ, անշուշտ եթէ անկե՛ղծ է իր այդ մտադրութեանը մէջ։
Արդարեւ, Յակոբոս Տեառնեղբայր, իր ընդհանուր նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Հետեւաբար ձեր մեղքերը իրարու խոստովանեցէ՛ք եւ իրարու համար աղօթեցէ՛ք, որպէսզի բժշկուիք, որովհետեւ արդարի մը աղօթքը ազդեցիկ է եւ մեծապէս կ՚օգնէ» (ՅԱԿՈԲ. Ե 16)։ Ուստի խոստովանիլը՝ հոգին կը թեթեւցնէ, կը հանգստացնէ եւ կը մաքրագործէ, քանի որ մեղքին կամ յանցանքին բեռէն կ՚ազատէ։ Եւ ուրեմն յանցանքներու խոստովանութիւնը, անշուշտ անկե՛ղծ ըլլալու պայմանով, հոգին կը բժշկէ, կը նորոգէ։
Մարդ եթէ բարեկամը կամ դրացին վշտացուցած է եւ վնաս պատճառած անոր, պէտք է անդրադառնայ իր սխալ արարքին, ճանչնայ եւ ընդունի զայն, եւ պարտականութիւն համարէ «ներե՛լ» անիկա։
Ներելը՝ ազնուութիւն է եւ առաքինութի՛ւն։
Անշուշտ «ներում խնդրե՛լ»ն ալ վեհանձնութիւն է եւ նո՛յնպէս ազնուութիւն։ Քանի որ «ներել»ը մաքրութիւն է, սրբագրութիւն, եւ ամէն մաքուր եւ սրբագրուած բան ազնիւ է եւ աստուածահաճո՛յ։ Ներող մարդը եւ ներողութիւն խնդրելու քաջութիւնը ունեցողը իրապէ՛ս «մեծ» մարդ է։
Վերը ըսուեցաւ, թէ մարդ երբ վշտացուցած է իր բարեկամը, պէտք է պարտականութիւն համարէ անիկա «ներե՛լ»ը։ Հոս «ներել»ու արարքը պէտք է նկատի առնուի երկկողմանի կերպով, թէ՝ ներել բարեկամին կամ դրացիին իրեն վշտացած ըլլալուն համար, որքան որ պատճառը ի՛նք է եղած այդ գժտութեան, եւ յետոյ՝ «ինքզինք ներե՛լ», քանի որ շատ կարեւո՛ր է մէկու մը ինքզինք ներելը, քայլ մը նետել ինքնիրմով հաշտուելու, ներքին խաղաղութիւն գտնելու։ Ուստի ի՜նչ պիտի արժէր ներել ուրիշներուն եւ չներել ինքզինք, ուր յանցանքին կամ սխալանքին հետքերը երբեք պիտի չջնջուին, եւ պիտի մնան միշտ հոն՝ անհանգստացնելով, նեղելով ենթական։
Ինքզինք ներելն ալ կարեւոր է եւ անհրաժեշտ, որքան՝ ուրիշին ներելը։ Եւ եթէ խորհինք՝ թէ «ուրիշ» մէկը, իւրաքանչիւր «ես»ի պատկերացումն է՝ ի՛նչ որ է «ուրիշ»ը, նո՛յնն է «ի՛նք»։
Ուրեմն։ «ներել»ը պէտք է ըլլայ երկկողմանի՛։
Մեղք, ընդհանուր բացատրութեամբ, կը նշանակէ նաեւ՝ զԱստուած վշտացնել։ Եւ ահաւասիկ, ա՛յս իսկ պատճառով, իր սխալին՝ յանցանք կամ մեղք, անդրադարձող մէկը, պէտք է ներողութիւն խնդրէ նաեւ Աստուծմէ։ Աստուած, որովհետեւ, միշտ կողմ է՝ միջամտող է մարդկային ամէն յարաբերութիւններուն։ Եւ դարձեալ, մարդը վշտացնել՝ կը նշանակէ զԱստուած վշտացնել, քանի որ մարդ տաճար է Հոգիին, եւ ամէն մարդ իր մէջ ունի Աստուծոյ շունչը։
Ներում պէտք է խնդրել նաեւ եւ մանաւա՛նդ Աստուծմէ, քանի որ վիրաւորուած, վշտացած կամ վնասուած ոեւէ մարդ Անոր ստեղծագործութիւնն է՝ արարածը եւ ուրեմն Իր սեփականութի՛ւնն է, եւ անոր չարիք գործել կը նշանակէ՝ իր Արարչին եւ իր Փրկչին դէ՛մ։ Ուստի պարագան պէ՛տք է ներկայացնել նախ միակ ճշմարիտ Միջնորդին, Արարչին եւ Նախախնամին, որ անհո՜ւն սիրով կը սիրէ իր բանաւոր արարածը՝ մա՛րդը։
Քանի որ միայն Ան կարող է «ամէն անօրէնութիւններէ մաքրել մարդը…»։
Իսկ անոնք, որ իրենց յանցանքները ճանչնալով եւ ընդունելով՝ իրենց հոգին չեն խոնարհեցուցած Աստուծոյ առջեւ, տակաւին կատարած չե՛ն ընդունելութեան առաջին պայմանը։
Մարդու կողմէ եթէ փորձարկուած չէ յանցանքը՝ թէ զղջալու հանգամանք ունի, ուրեմն ճշմարիտ հոգիով եւ անկեղծութեամբ, եւ խոնարհութեամբ ներողամտութիւն մը գոյութիւն չի կրնար ունենալ։ Եւ ուրեմն Աստուծոյ խաղաղութիւնը ստանալ կարելի չ՚ըլլար։ Քանի որ այդ ներողամտութեան մէջ անկեղծութիւն չկա՛յ եւ սիրտեր չեն խոնարհեցուցած եւ չեն հնազանդած ճշմարտութեան խօսքին պայմաններուն։
Ուստի մեղքի կամ յանցանքի մը խոստովանութիւնը պէտք է ըլլայ՝ սրտանց, անկեղծ եւ համարձակօրէն, երբեք բռնի դուրս գալու չէ մեղաւորին կամ յանցաւորին սրտէն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 11, 2017, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024