ԱՆԳԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐ

Մարդկային կեանքը ընթացք կը ստանայ զանազան արժէքներու ներգործութեամբ, որոնք շատ անգամ կ՚անտեսուին, անտարբերութեամբ կը դիմաւորուին։ Արդարեւ, կեանքի մէջ կան արժէքներ, որոնց գոյութիւնը զգալի չ՚ըլլար, եւ սակայն երբ կը կորսուին անոնք, այն ատեն մարդ կ՚անդրադառնայ անոնց կարեւորութեան։ Եւ ո՜րքան ցաւալի է մարդուս համար, արժէք մը, սեփականութիւն մը կորսնցնելէ ետք անդրադառնալ անոր գոյութեան։

Արդարեւ, կեանքի մէջ կան զբաղումներ, որոնք արգելք կը հանդիսանան անդրադառնալու էական արժէքներու, թանկագին սեփականութիւններու կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը հասկնալու։

Այս արժէքներու գլխաւորն է կեա՛նքը։

Ամէն բան հիմնուած է կեանքի վրայ. եթէ կեանք չկայ՝ չկա՛յ նաեւ որեւէ արժէք, որեւէ էութիւն։ Այս իմաստով, կեանքին շուրջը կը դառնայ ամէն ինչ։ Բայց մարդ, ընդհանրապէս չ՚անդրադառնար կեանքին էութեան եւ միայն կ՚ապրի, կարծելով որ ապրիլը միայն շնչառութիւն է, եւ երբեմն անոր հանդէպ իսկ անտարբեր կը գտնուի, քանի որ բնազդաբար կը կատարէ զայն։ Ապրիլը ո՛չ ալ միայն ուտել՝ սնանիլ է։ Կեանքը այս բոլորէն շատ վեր, շատ թանկագին արժէք մըն է. կեանքը հարստութիւն մըն է, եւ ամէն ինչ…։

Կեանքը սկի՛զբն է գոյութեան, որուն պահպանման եւ տեւականացման պարտքը եւ պատասխանատուութիւնը բեռցուած է զայն ապրողին՝ մարդուն ուսերուն վրայ։ Եւ զօրաւոր ուսեր ունեցողն է միայն, որ կրնայ տանիլ այդ պարտքը եւ պատասխանատուութիւնը։ Ուստի, պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը ունեցո՛ղն է միայն, որ կ՚անդրադառնայ կեանքին բարիքներուն, անոր անգին արժէքին։ «Խոտի նման ապրիլ»՝ բանականութեամբ օժտուած էակին՝ մարդուն արժանաւորութեան եւ արժանապատուութեան բոլորովին հակառակ է եւ անհամեմա՛տ։

Կեանքը ապրիլ գիտակցութեամբ, կը նշանակէ անդրադառնալ կեանքի բարիքներուն, արժէքին, նպատակին եւ իմաստին։ Աննպատակ կեանք մը ապրիլ անիմաստ զբաղում մըն է միայն, թող ներուի մեզի, այդպիսի կեանք մը ապրիլ՝ «խոտի պէս ապրիլ» կը նշանակէ, ինչ որ մարդուն իսկական արժէքին համապատասխան պէտք չէ՛ նը-կատուի։

Մարդ, ընդհանրապէս կեանքին կ՚անդրադառնայ, երբ կը զգայ, թէ կորսնցնելու վրայ է անիկա, բայց այլեւս որեւէ օգուտ չունի «կեա՜նք», «կեա՛նք» ողբալ, քանի որ կեանքը անողորմ է, չըսելու համար անգութ։ Կեանքը արդա՛ր է, ի՛նչ որ կ՚առնէ, անոր համեմատ կը հատուցանէ՝ ո՛չ աւելի եւ ո՛չ պակաս։

Եւ ահաւասիկ, կու գանք երկրորդ կարեւոր եւ թանկագին սեփականութեան մը՝ որուն ներկայութիւնն ալ շատ անգամ կ՚անտեսուի, անտարբերութեամբ կը դիմաւորուի մինչեւ այն ժամանակ երբ սեփականատէրը կը կորսնցնէ զայն։ Կորսնցնելէ ետք մարդ կ՚անդրադառնայ անոր անգին արժէքին։

Առողջութի՛ւնն է այդ թանկագին սեփականութիւնը, որ մարդ կարծես կորսնցնելու համար ամէն ինչ կ՚ընէ եւ երբ կորսնցնէ, դարձեալ, ամէն ջանք եւ ամէն ճիգ կը թափէ զայն գտնելու համար։

Արդարեւ, առողջութիւնն ալ անողորմ է կեանքին նման, ինչպէս որ վարուին իրեն հետ, ա՛յնպէս կը փոխարինէ անոնց։ Առողջութեան արժէքը գիտցող, առողջութեան կարեւորութեան անդրադարձողներուն կը բաշխէ իր բարիքները՝ հաւատարիմ մնալով անոր։ Առողջութեան հաւատարմութիւնը «առողջ մարդ»էն յայտնի կ՚ըլլայ՝ մէկը եթէ առողջ է, այդ կը նշանակէ, թէ ան հաւատարիմ է առողջութեան, եւ առողջութիւնն ալ, փոխադարձաբար հաւատարիմ է մարդուն։

Եւ ուրիշ թանկագին սեփականութիւն մը՝ անձնական, ընտանեկան եւ ընկերային պատի՛ւ։

Պատիւը մարդուս ինքնութի՛ւնն է, նկարագիրը, ճակտի վրայ այցետոմսը։ Պատի՛ւն է, որ վստահելի կ՚ընէ ենթական։ Եւ պատիւը, իր այս հանգամանքով անգին, անփոխարինելի արժէք մըն է՝ թանկագին սեփականութի՛ւն մը։ Պատիւը՝ փա՛յլն է մարդուն, լոյսը, լուսարձակը՝ որով կը ճանչնայ շուրջը եւ որով կը ճանչցուի շուրջիններուն կողմէ։ Անձնական, անհատական պատիւը անշուշտ որ անգին արժէք մըն է, բայց բաւարար չէ անհատական պատիւը։ Պատիւը կ՚ամբողջանայ, կը կատարելագործուի, ընտանեկան եւ ընկերային պատիւով։ «Պատիւ»ը ամբողջ մըն է՝ անհատական, ընտանեկան եւ ընկերային պատիւով. ջուրի եւ հացի նման, շնչառութեան եւ սննդառութեան նման, ապրելու համար այն ամէն բաներու համար՝ որ կեանքը կ՚ապահովէ, կը գոյապահպանէ եւ գոյատեւմանը կ՚օգնէ։ Այս իմաստով, պատիւը կեանքի եւ առողջութեան համազօր է մարդուս համար՝ որ «մարդ» ըլլալով ապրիլ կ՚ուզէ։

Արժանապատուութիւնը մարդուն յատկանի՛շն է. եւ ի՛նչ որ է առողջութիւնը մարդուս մարմնին եւ հոգիին համար, նո՛յնն է արժանապատուութիւնը՝ մարդուս ընկերային-հասարակական կեանքին համար։

Բարի համբաւ, բարոյական մաքրութիւն, անբծութիւն արդիւնք են արժանապատուութեան։

Պատուաւոր մարդը բարի համբաւ եւ բարոյական մաքրութիւն կ՚ունենայ՝ որոնք իր ինքնութեան յատկանիշները կը կազմեն։ Պատուաւոր մարդը վստահութիւն կը ներշնչէ, ապահով մարդու ազդեցութիւն կը թողու իր շրջանակին մէջ եւ անշուշտ բարի համբաւ, արդար համբաւ կը վայելէ։ Պատուաւոր մարդը անկեղծ է, եւ ուրեմն բարոյական մաքրութիւնը անոր նկարագրին յատկանիշն է։

Եւ կեանքը, առողջութիւնը, պատիւը զիրար կ՚ամբողջացնեն եւ կատարեալ մարդու, տիպար մարդու կերպարը կը ներկայացնեն։ Ուստի, կատարեալ եւ տիպար անհատը՝ ժողովուրդներու շահը, ազգերու խաղաղութիւնը եւ բարօրութիւնը, հանրութեան իրաւունքը եւ դրամագլուխն է։ Կատարեալ ընկերային կեանքի մը հի՛մքն է կատարեալ անհատը։

Եւ կատարեալ անհատին արժէքները՝ կեանքը, առողջութիւնը եւ պատիւը անուշադիր վազքով մը վտանգելը՝ խելագար եւ ոճրապարտ ընթացք մըն է, որ ո՛չ միայն ենթական կը կործանէ, այլեւ կը կործանէ ամբողջ ընկերութիւնը։ Եւ ո՜րքան ցաւալի է՝ յիմարական եւ անխոհեմ վազքի հետեւանքով անմեղներու զոհուիլը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկետմբեր 15, 2018, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 29, 2018