ԿԵԱՆՔԸ ՄԷԿ ԲԱՌՈՎ՝ ՈՒԶԵԼ

Եթէ փորձեմ մարդ արարածին կեանքի ամբողջ ընթացքը բացատրել մէ՛կ բառով, այդ մէկը ո՛չ պայքար եւ ո՛չ ալ մաքառում կ՚ըլլար. այդ մէկը ո՛չ գոյամարտ եւ ո՛չ ալ տանջանք կ՚ըլլար: Մարդու կեանքը ուրիշ բան չէ՛, եթէ ոչ ՈՒԶԵԼու գործընթաց մը:

Ծնունդէն մինչեւ մահ մեր կեանքը հիմնուած է ուզելու վրայ: Ուզելը մեր կեանքի ամէն երեսներուն մէջ գոյութիւն ունի ու աշխարհի վրայ գոյութիւն չունի մարդ որ բան մը չուզէ, որովհետեւ բան մը չուզելու պարագային եւս լաբալիսեան ճշմարտութեան նման բան մը չուզելը ուզած պիտի ըլլայ ինքնաբերաբար:

Նոր տարուան նախօրէին կը յիշեմ մանկութիւնս, ուր ուսուցիչն ու ծնողքը Կաղանդ պապային նամակ գրել կու տային եւ այդ թուղթին մէջ կ՚արձանագրէինք մեր ուզածները: Հաւանաբար որոշ տարիք մը ետք վերջ գտաւ այդ նամակ գրելու սովորութիւնը, սակայն ուզելու ախտը մնաց մեր մէջ. մենք մի՛շտ շարունակեցինք ուզել: Ուզելը մնաց նոյնը, սակայն անոր բովանդակութիւնն է, որ փոփոխութիւն կրեց: Տարիքին հետ միասին ուզուածն ալ տակաւ առ տակաւ մեծցաւ: Ուզուածը մեր կեանքին մէջ միշտ ալ յարափոփոխ է, որովհետեւ երէկուան մեր ուզածը այսօր չենք ուզեր եւ վստահաբար այսօրուան մեր ուզածը մօտիկ ապագային պիտի չուզենք, որովհետեւ անոնց տեղը նորերը պիտի գրաւեն:

Այս մէկը կեանքի օրէնքն է. անվերջ ուզել եւ գուցէ ուզածին չհասած հեռանալ աշխարհէն:

Մեր ուզելու գործընթացը սկիզբ կ՚առնէ ծնած վայրկեանէն իսկ՝ երբ քաղցած կաթնաղբիւր մայրական ստինքը կը փնտռենք. ժամանակ ետք անոր տեղը կը գրաւեն խաղալիքներն ու արդի արուեստագիտութիւնը, մինչեւ որ սիրտը ծանօթանայ սէր ըսուածին եւ սիրով վառուելու փափաքը արթննայ պատանիին մէջ: Ուզուած սէրը ժամանակ մը ետք իր տեղը կու տայ ասպարէզին ու դրամի ու նիւթականի հանդէպ պէտքն ու պարտաւորութիւնը սկիզբ կ՚առնէ: Ուզուած դրամը ժամանակ մը ետք իր տեղը կու տայ ընտանիքին ու զաւակներուն. անոնց մեծնալն ու «մարդ դառնալ»ը կ՚ուզենք, մինչեւ նկատենք, որ կեանքի կէսը արդէն իսկ անցած է եւ ուզածը հիմա արդէն ժամանակն է՝ որ անդառնալիօրէն հեռացած է մարդէն: Մարդ արարածը կը փորձէ լեցնել այդ ուզուած ժամանակը, մինչեւ որ նկատէ ժամանակէն ա՛լ աւելի կարեւոր բան մը կայ, որ պէտք է ուզել՝ առողջութիւնը եւ իր կեանքի մնացած տեւողութեան առողջութիւն է, որ կ՚ուզէ եւ գուցէ ուզելով ալ կը հեռանայ կեանքէն:

Ահաւասիկ մանկութենէն մինչեւ ծերութիւն ուզելուն յատակագիծը: Ամէն մէկս այդ ճանապարհորդութեան մէջ տարբեր հանգրուանի մը վրայ կը գտնուինք, սակայն մեր հասարակաց գիծը դարձեալ կը մնայ ուզելը:

Ուզելը բացի յարափոփոխ ըլլալէն նաեւ ենթակայ է շրջապատի ազդեցութեան, որովհետեւ հաւատանք թէ ոչ՝ շրջապատն է, որ ուզուածը կը ճշդէ եւ կամ ուզուածին հակառակ այլ ճշմարտութիւն մը կը պարզէ: Օրինակի համար՝ ներկայիս ոճրագործ դարձած անձ մը վստահաբար իր մանկութեան երբ հարցնէին, թէ ի՞նչ կ՚ուզէ դառնալ ապագային, կա՛մ ոստիկան, կամ բժիշկ եւ կամ օդաչու ըսած պէտք է որ ըլլար. ինչպէ՞ս եղաւ որ իր ուզածին հակառակ ոճրագործի դերին մէջ յայտնուեցաւ: Պահ մը ամէն մարդ թող հարց տայ, թէ փոքր ժամանակ ի՞նչ կ՚ուզէր դառնալ եւ ի՞նչ դարձաւ. ի՞նչ են անոնց պատճառներն ու հիմքերը. մեծամասնութիւնը իրենց ուզածին հակառակ այլ ասպարէզ մը ընտրած են:

Համաձայն ենք, որ ամէն մարդ բնաւորութեամբ ու նկարագրով մը կը ծնի, սակայն այդ բոլորը ենթակայ են շրջապատի ազդեցութեան:

Անդին, կը հաւատանք, որ աշխարհը ուզելով կ՚առաջնորդուի։ Երկրի մը մէջ տնտեսական տագնապ կը ստեղծուի, որովհետեւ կրնայ այլ երկիրի մը շահերը այդ է որ կ՚ուզէ, երիրի մէջ օրէնք մը կը փոխուի եւ կամ կ՚աւելցուի, որովհետեւ օրուայ ղեկավարութիւնը ինչ-ինչ շահադիտութեամբ այդպէս կ՚ուզէ եւ այսպիսով ուզելու առեւտուր մը կ՚առաջնորդէ աշխարհը: Մենք մի՛շտ ալ ուրիշին ուզածին  գերիները կը դառնանք, անկարող քանդելու այդ ուզուածը:

Աշխարհի վրայ սակայն ուզելը առանձին չի կրնար գոյատեւել. անոր հետ պէտք է գոյութիւն ունենայ այդ ուզուածին նկատմամբ հաւատք. մարդ արարածը պէտք է հաւատայ իր ուզածին կատարումին՝ որ նոյնինքն յոյսն է, որովհետեւ այդ ուզուածին իրագործումն է, որ զինք կենդանի պիտի պահէ թէ՛ հոգեպէս եւ գուցէ մարմնապէս:

Բոլորս արդէն մեծահասակ մարդիկ ենք, սակայն տօնական այս օրերուն անգամ մը եւս քննենք, թէ ի՞նչ բան է մեր ուզածը. ի՞նչ կ՚ուզէինք, ի՞նչ կ՚ուզենք եւ ի՞նչ պիտի ուզենք: Մեր այդ ուզածներն են, որ մեր անձը պիտի կերտեն, մեր ապագան ճշդեն եւ դէպի նպատակակէտ առաջնորդեն:

Երանի՜ այն մարդուն, որ գիտէ՛ իր ուզածը, կը հաւատայ ու կը պայքարի անոր համար:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԱՐԱՄ ԻՆՃԻԿԵԱՆ
(1910-1975)

Մեր թուականէն 111 տարիներ առաջ՝ 29 դեկտեմբեր 1910-ին, Վրաստանի Ախալցխա քաղաքին մէջ ծնած է գրականագէտ, բանասիրական գիտութիւններու տոքթոր, գիտութեան վաստակաւոր գործիչ եւ Խորհրդային Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ Արամ Ինճիկեան:

Նախնական կրթութիւնը աւարտելէ ետք Ինճիկեան ուսուցչագործած է Գորիսի եւ Ալավերտի շրջաններուն մէջ, միաժամանակ համալսարանական ուսումը ստանալով Երեւանի մանկավարժական հիմնարկի լեզուագրական բաժնին մէջ: Այնուհետեւ ուսումը շարունակած է Երեւանի Պետական համալսարանին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1933 թուականին: Ինճիկեան համալսարանական ուսումը աւարտելէ ետք երկու տարի հայերէն լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդած է իր ծննդավայր Ախալցխայի մէջ, միաժամանակ աշխատելով «Դէպի Սոցիալիզմ» թերթի խմբագրական կազմին մէջ: Ապա 1937-1938 թուականներուն աշխատած է որպէս կրտսեր գիտաշխատող Պատմութեան եւ գրականութեան կաճառէն ներս, սակայն խորհրդային բանակի անդամ դառնալու պատճառով հեռացած է աշխատանքէն եւ մասնակցած ֆիններու դէմ մղուած կռիւներուն՝ 1939-1940 թուականներուն:

Ինճիկեան 1941-1942 թուականներուն որպէս աւագ գիտաշխատող պաշտօնավարած է Խորհրդային Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի Հայկական լեզուի եւ գրականութեան համալսարանէն ներս, սակայն տարի մը ետք դարձեալ զօրակոչուած է եւ մասնակցած Հայրենական մեծ պատերազմին: Յետպատերազմին որպէս աւագ գիտաշխատող պաշտօնավարած է Գիտութիւններու ակադեմիայի «Մանուկ Աբեղեան» գրականութեան կաճառէն ներս:

Պատերազմէն ետք Ինճիկեան «Արա Գեղեցիկի առասպելը եւ անոր գրական մշակումները» թէզի պաշտպանութեամբ ստացած է բանասիրական գիտութիւններու թեկնածուի աստիճան:

Ինճիկեան հեղինակ է բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններու. ինչպէս՝ «Ծատուրեանի կեանքը» (1940), «Միքայէլ Նալպանտեանի կեանքի եւ գործունէութեան տարեգրութիւնը» (1954), «Աւետիք Իսահակեան» (1940) եւ ուրիշներ: Գրելու կողքին աշխարհաբարի վերածած է Ռափայէլ Պատկանեանի պատմուածքները:

Ինճիկեան 1937 թուականին դարձած է Խորհրդային Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ եւ մահացած է 22 մարտ 1975-ին, Ռուսաստանի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ 

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2021