ԱՍՏՈՒԱԾՃԱՆԱՉՈՒՄ

Ամբողջ բնութիւնը, իր այլազան երեւոյթներով ապացո՛յց մըն է Աստուծոյ էութեան, ան մարդուս զգայարանքներուն կը յայտնէ անդադար Աստուծոյ գործերը։ Զոր օրինակ, արեւածագը, բոյսերուն աճումը, նոյնիսկ մարդուն ֆիզիքական եւ հոգեկան կազմը, եւ տակաւին բազմաթիւ երեւոյթներ ցոյց կու տան Աստուծոյ գոյութիւնը, կը վկայեն Անոր հրաշալիքներուն։ Եւ այն սիրտը՝ որ բա՛ց է աստուծային ճշմարտութիւններուն, կ՚ազդուի Աստուծոյ սէրէն եւ փառքէն՝ որ կը յայտնուի Անոր ստեղծագործութիւններուն մէջ։ Աստուած, բնութեան միջոցով Ինքզինք կը յայտնէ, կը ճանչցնէ մարդուն, եւ Իրեն հետ հաղորդ կ՚ընէ զայն։

Անշուշտ մարդ պէտք է անդրադառնայ բնութեան հրաշալիքներուն, վկայութիւններուն եւ անտարբեր չգտնուի անոնց նկատմամբ, որպէսզի կարենայ ճանչնալ զԱստուած եւ հաղորդակից ըլլայ Անոր։

Արդարեւ, ուշադիր ականջը կրնայ լսել, ուշադիր աչքը կրնայ տեսնել եւ հասկնալ Աստուծոյ ձայնը եւ էութիւնը։ Եւ մարդ բնութեան միջոցով կը խօսի, կը հաղորդակցի։ Դալար դաշտե՜ր, բարձրաբերձ ծառեր, կոկոններ եւ ծաղիկներ, օդաչու ամպ մը, անձրեւ, քաղցրակարկաչ վտակ, երկինքի փառքը՝ այս բոլոր հրաշալի՜քները բնութեան, այս գեղեցկութիւնները կը խօսին մարդուս սրտերուն եւ կը հրաւիրեն ճանչնալ՝ ծանօթանալ Անոր հետ, որ այս բոլորին արարիչն է եւ նաեւ խնամողը։

Բայց միայն անոնք կը տեսնեն այդ գեղեցկութիւնները, այդ բնութեան անիմանալի՜ հրաշալիքները, որոնք կ՚անդրադառնան, կը հետաքրքրուին եւ կը բանան իրենց ո՛չ միայն մարմնաւոր, այլ եւ մանաւանդ հոգեւոր աչքերը։ Ուստի, բնութիւնը դիտել պարզ՝ մարմնաւոր աչքով, տարբեր բան է, եւ դիտել՝ հոգեւոր աչքով, բոլորովին տարբեր է, այնքան, որ հոգեւոր աչքով կարելի կ՚ըլլայ տեսնել այնքա՜ն գեղեցկութիւններ, բարութիւններ եւ ճշմարտութիւններ՝ որ կարելի չէ տեսնել մարմնաւոր աչքով։

Երբ ուշադրութիւն դարձնենք Աւետարանի, պիտի տեսնենք, թէ Յիսուս իր թանկագին դասերը բնութեան մէջ, բնութեան միջոցով, եւ բնութեան իրերով եւ իրողութիւններով միաւորած է։ Լեռներ, դաշտեր, ձորեր, լիճ եւ ծով՝ Անոր բնական «դասարան»ներն է եղած։ Թռչուններ, ծառեր, հովիտի ծաղիկներ, բլուրներ, գեղեցիկ եւ խորհրդաւոր երկնակամարը տիեզերքի, ինչպէս եւ ամենօրեայ ընթացիկ կեանքի դէպքերը եւ պատահարները՝ բոլոր ճշմարտութեան խօսքերուն զօդեց, միացուց, որպէսզի Իր դասերը, ուսուցումը կարենային յաճախ մարդուս միտքը գալ, բնութեան նմանութիւններով վերյիշել ամէն առիթով՝ նոյնի՛սկ մարդկային բազմազբաղ եւ տաղտկալի կեանքի հոգերուն մէջ։

Աստուած կ՚ուզէ ճանչցնել Ինքզինք մարդոց՝ Իր զաւակներուն, ինչպէս հայր մը կ՚ուզէ, որ իր զաւակները ճանչնան զինք որպէս «հայր», եւ անոնք վարուին որպէս «զաւակ» իրենց հօր նկատմամբ։ Եւ բնական է ասիկա՝ զաւակը պէտք է գիտնա՛յ, թէ ինք «զաւա՛կ» է, եւ հայրը՝ հա՛յր։ Նոյնպէս՝ Աստուած ալ կ՚ուզէ, որ իր զաւակները ճանչնան եւ որպէս «Հայր» գիտնան զԻնք, քանի որ Ան իրապէ՛ս «Հայր» է եւ հայրութեան տիպա՛րն է։

Եւ տիպարէն աւելի՝ Ի՛նքն է Հայրը՝ իր ամէն հանգամանքներով եւ էութեամբ։ Ան Հա՛յր է իր ամենալայն առումով եւ բովանդակութեամբ։

Ուրեմն, Աստուած կ՚ուզէ ճանչցուիլ եւ գնահատուիլ իր զաւակներուն կողմէ, Իր էութեամբ եւ Իր գործերով, եւ հաճոյք զգան այն պարզ, չափաւոր եւ հանդարտիկ գեղեցկութիւններէն՝ որով Ան պճներ է մարդուս այս երկրաւոր բնակարանը։

Գեղեցիկին, բարիին, ճշմարտութեան Ի՛նքն է Ան, ամէն բարեմասնութեան, ամէն արժէքի բացարձակը եւ լրո՛ւմը։ Ան յայտնութիւնն է գեղեցկութեան, եթէ գեղեցկութիւն կայ, ուրեմն ասիկա հետեւանքն է Անոր գոյութեան, Անոր էութեան եւ Անոր ճշմարտութեա՛ն։ Ան կը սիրէ պարզը, չափաւորը, որ Իր նկարագի՛րն իսկ է. նկարագրի, ներքին գեղեցկութիւնը, ներքին մաքրութիւնը եւ պարզութիւնը, շնորհալի՜ զարդարանքով։

Ամբողջ տիեզերքը հիմնուած է հրաշալի՜ ներդաշնակութեան վրայ, չափաւորութեան վրայ, եւ պարզ գեղեցկութեան վրայ։ Եւ ուրեմն աւելորդապաշտութիւնը բոլորովին հակառա՛կ է Անոր նկարագրին, քանի որ Ան պարզ եւ մաքուր, հարազատ ստեղծեց ամէն բան՝ իրենք իրենց իսկական էութեամբ եւ Ան կ՚ուզէ որ բնութիւնը մնայ միշտ իր պարզութեան, չափաւորութեան մէջ՝ որպէսզի չխանգարուի ներդաշնակութիւնը Անոր հրաշալի՜ ստեղծագործութեան՝ բնութեա՛ն։

Արդարեւ, Աստուած Արարիչ է ե՛ւ Նախախնամ, եւ այս կը նշանակէ, թէ՝ Ան Հա՛յր է, ստեղծող եւ նաեւ՝ հոգացող, խնամող, պահպանո՛ղ։

Աստուծոյ ստեղծածները՝ արարածները հնազանդութեան եւ վստահութեան անգին դասեր պիտի փոխանցեն մարդկութեան՝ եթէ միայն ունկնդրեն մարդիկ անոնց ձայնին եւ երեւոյթներուն։

Սկսելով աստղերէն, որոնք անհունին մէջ՝ անսահմանութեան մէջ իրենց շրջանը կը բոլորեն դարե՜րէ ի վեր, առանց շեղելու, առանց սխալելու, մինչեւ՝ աննշմարելի, անտեսանելի հիւլէն, բնութեան մէջ ամէն ինչ իր Արարչին կը հնազանդի։

Տեսնուա՞ծ է որ արեւը շեղի իր ծիրէն. ո՛չ, քանի որ ան կը հնազանդի աստուածային անշեղ եւ ուղիղ օրէնքներուն։ Եւ ահաւասիկ, հնազանդութեան հրաշալի՜ օրինակ մը բնութենէն. տեսնուա՞ծ է որ արեւը օր մը չծագի, կամ արեւմուտքի կողմէն ծագի. ո՛չ, որովհետեւ ան բացարձակ եւ կատարեալ հնազանդութեամբ կը շարժի՝ ա՛յն ինչ որ չափուած եւ տրուած է իրեն՝ ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս, ո՛չ ուշ, ո՛չ կանուխ, այլ մի՛շտ տնօրինուած պահո՛ւն։ Եւ ահաւասի՛կ, այս է հնազանդութեան արժէքը։ Քանի որ մարդն ալ բնութեան մէկ մասն է՝ Աստուծոյ մէկ արարածը, ապա ուրեմն ան ալ պարտաւոր եւ պատասխանատու է աստուածային օրէնքներու հնազանդութեան։

Եւ այդ հնազանդութեան խաթարումն է որ պատճառ կ՚ըլլայ անհամաձայնութիւններու, բնական ընթացքի խանգարումներու, անբնական եւ տարօրինակ երեւոյթներու՝ որոնք կը նշանակեն տուեալ համակարգին անգործութիւ՛նը։

Ուրեմն, հնազանդութիւնը կարեւոր եւ անհրաժեշտ ազդակ մըն է բնութեան ուղիղ ընթացքին պահպանման եւ տեւականացումը ապահովելու գործին։ Անհնազանդութիւնը երբեք կապ չունի իրաւունքի եւ ազատութեան հետ, ինչպէս ոմանք կը կարծեն, այլ՝ իրաւունքը կարելի է վայելել հնազանդութեամբ տուեալ օրէնքին եւ ազատութիւնը ապրիլ՝ չափաւորութեան սահմանին մէջ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 14, 2017, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Յունուար 3, 2018