ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԲԱՐԵՍԻՐՈՒԹԻՒՆ

Ընտանիքը ընկերութիւնը կազմող ամենակարեւոր տարրն է։

Արդարեւ, ընտանիքը անմիջականօրէն կը համապատասխանէ մարդուն բնութեան։ Ընտանիքը անհրաժեշտ է մարդուն։ Մեծագոյն թիւով անձերու մասնակցութիւնը ապահովելու համար ընկերային կեանքին, հա՛րկ է քաջալերել ընտրովի ընկերութիւններուն ստեղծումը։ Այս կարգին, ընտանիքը կը գրաւէ առաջին դիրքը, քանի որ ընկերութիւն մը կը հաստատուի եւ կը գոյատեւէ ընտանիքներու շնորհիւ։ Հոն ուր ընտանիքի ըմբռնումը հաստատ հիմերու վրայ կազմուած է, հոն առողջ ընկերութիւն մը կը գտնուի։ Եւ այս պատճառով՝ ընտանիքը սկզբնական բջիջն է ընկերութեան։

«Ընկերութիւն» մը ամբողջութիւնն է անձերու, որոնք զօդուած են իրարու օրինական կապով՝ միութեան սկզբունքի մը համեմատ, որ գեր ի վեր է քան անոնցմէ իւրաքանչիւրը։ Ընկերութիւն մը ըլլալով միանգամայն տեսանելի եւ հոգեւոր համախմբում մը կը համընթանայ ժամանակին մէջ. ան կը ներփակէ անցեալը եւ կը պատրաստէ ապագան։ Եւ այս իմաստով ալ ընտանիքը ընկերութեան մէկ նախատիպարն է։ Իրաւամբ ուրեմն, իւրաքանչիւր անձ պարտի անձնուիրում ունենայ այն հասարակութիւններուն հանդէպ, որոնց մաս կը կազմէ, եւ ինչպէս նաեւ յարգանք՝ այն իշխանութիւններուն, հեղինակութիւններուն, որոնք պատասխանատո՛ւ են հասարակաց բարիքին։ Եւ ընտանիք մըն ալ նոյնպէս պատասխանատո՛ւ է հասարակութեան եւ հասարակաց բարիքին։ Իւրաքանչիւր հասարակութիւն կը սահմանուի իր նպատակով եւ հետեւաբար կը հնազանդի յատուկ կանոններու, սակայն մարդկային անձը, եւ մարդկային անձերէ կազմուած ընտանիքը է՛ եւ պէտք է ըլլայ նախասկիզբը, ենթական եւ նպատակը ընկերային բոլոր հաստատութիւններուն՝ որոնք կը բովանդակուին «ընկերութեան» մէջ։

Աստուած իւրաքանչիւր արարածին կը յանձնէ պաշտօններ, զորս ան կարող է կատարել իր բնութեան կարողութիւններուն եւ տարողութեանը համեմատ։ Եւ դարձեալ Աստուած մարդը ստեղծած է իրերօգնութեան կոչումով։ Եւ ահաւասիկ ընտանիքն ալ այդ իրերօգնութեան առաջնակարգ միութիւնն է՝ ուր ամէն մէկ անդամ իրարու կ՚օգնեն եւ զիրար կը լրացնեն։

Ընկերութիւնն ալ այս իրերօգնութեան սկզբունքին վրայ հաստատուած եւ կազմակերպուած միութիւն մըն է։

Բարեսիրութիւնն ալ էական տեղ ունի ընտանեկան կեանքի բարգաւաճման եւ գեղեցկութեան մէջ. միայն բարեկիրթ եւ տնտեսագէտ ըլլալ չի բաւեր, տանը այրը եւ կինը՝ հայրը եւ մայրը ունենալու են նաեւ բարեսրտութիւն, որ կը պահանջէ իրենց անմիջական սահմաններէն դուրս ելլել, եւ խորհիլ դրացիներու, ազգականներու, կարօտեալներու վիճակին վրայ եւ անոնց համար ո՛չ թէ միայն ցաւ զգալ, հապա նաեւ անոնց օգնութեան ձեռք երկնցնել։ Բարեսրտութեան այս ազնիւ ոգին մշակել պէտք է բոլոր տուներու մէջ, քանի որ ատո՛վ է որ ընտանեկան կեանքը կը ստանայ իր բարձրութիւնը եւ կը հասնի իր նպատակին։ Ահաւասիկ, ա՛յս կէտին է, որ կը զգացուի ընտանիք-ընկերութիւն կապին կարեւորութիւնը։

Հոս կը տեսնուի, թէ ընտանիքը հիմնական կազմակերպութիւն մըն է համայն ընկերութեան եւ մինչեւ իսկ ամբողջ մարդկութեան գոյապահպանման եւ գոյատեւման նկատմամբ։

Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը եւ վկայութիւններ բացայայտ կերպով ցոյց կու տան, թէ որքա՜ն հայրեր կան, ինչպէս նաեւ մայրեր, այսինքն ընտանիքներ որ «ընտանեսէր» են, կը հոգան, կը գուրգուրան իրենց զաւակներուն վրայ, զանոնք լաւ կը կերակրեն, լաւ կը սնուցանեն, վայելչապէս կը հագուեցնեն, լաւ ուսում եւ կրթութիւն տալ կ՚աշխատին, չեն թողուր, որ անոնք որեւէ հաճոյքէ, վայելքէ եւ պիտոյքէ զրկը-ւին. սակայն, դժբախտաբար հոս կը վերջանայ իրենց սէրը՝ «մարդասիրութիւն»ը, իրենց «բարեսիրութիւն»ը։ Իրենց մարդասիրութիւնը կամ բարեսիրութիւնը սահմանափակուած կը մնայ միայն իրենց ընտանիքով. իրենց զաւակներով…։

Անոնք որ սահմանափակ մարդասիրութեան եւ բարեսիրութեան զգացումներով կը շարժին, հոս, իրենց ընտանիքին միջավայրին սահմանին մէջ կը վերջանայ իրենց սէրը։ Բայց սէրը սահման չի ճանչնար, սէրը անհո՜ւն է, եւ պէտք է տարածուի ամբողջ մարդկութեան վրայ՝ թէ՛ բարիին եւ թէ՛ չարին վրայ։

Բայց այն ընտանիքները որոնց սէրը սահմանափակ է միայն իրենց ընտանիքով, ուրիշներուն տուներուն, զաւակներուն եւ անոնց պահանջներուն, պէտքերուն եւ կարօտութիւններուն վրայ որեւէ խորհուրդ եւ զգացում չեն ունենար։ Եւ այսպիսի ինքնակեդրոն, անձնապաշտ ծնողներու ձեռքին տակ, այդ զգացումներու տպաւորութեամբ հասնող, մեծցող զաւակներ՝ որքան ալ հանգստաւէտ կեանք ապրին, որքան ճոխ բարիքներ վայելեն, որքան երջանիկ զգան իրենք զիրենք, անոնց մէջ անմշակ կը մնայ այլասիրութեան, բարեսիրութեան ազնիւ ոգին, եւ կ՚ըլլան անձնասէր, ինքնամոլ, ինքնակեդրոն, հաճոյասէր անձեր, որոնք օգուտ մը չունին ո՛չ ընկերութեան համար, ո՛չ մարդկութեան համար, եւ որեւէ արժէք չեն ներկայացներ ընդհանրապէս։ Կան ծնողներ, որ այս տիպէն մարդիկ կը պատրաստեն ընկերութեան։ Ընկերութիւնը անոնց վրայով ո՛չ շահ, ո՛չ օգուտ կը ստանայ։

Ի՜նչ գեղեցիկ է սակայն պատկերը երբ մայր մը՝ ո՛չ թէ կարօտեալներու, անկեալներու թշուառ վիճակը պատկերացնելով՝ ինչ որ երբեմն վատ եւ յոռի ազդեցութիւն եւ տպաւորութիւն կը գործէ մատաղ միտքերու վրայ, այլ գեղեցիկ եւ լաւատես պատմուածքներով՝ իր զաւակներուն մէջ կ՚արթնցնէ ուրիշներու համար, անոնց հետ զգալու՝ համակրական հասկացողութիւն ունենալու, ուրիշներու պէս խորհելու, եւ անոնց վիճակը զգալու, հասկնալու եւ անոնց օգնելո՛ւ եւ ծառայելու ազնիւ եւ բարեսիրտ ոգին։ Եւ սա ամենէն թանկագին ժառանգութիւնն է, որ ծնողներ կրնան թողուլ, փոխանցել, իրենց զաւակներուն։ Արդարեւ, երբեմն բարոյական ժառանգներ աւելի կ՚արժեն քան՝ նիւթականները…։

Բարեսրտութիւնը ճառ խօսելով, խրատ տալով մշակել կարելի չէ դեռատիներու սրտերուն մէջ, այլ «ոգի» մըն է ան, որ հաստատուած եւ արտայայտուած գտնելու են անոնք մօրը եւ հօրը աչքերուն մէջ, խօսքերուն մէջ, մանաւանդ գործերուն մէջ՝ որպէս տիպա՛ր։

Երբ տղան կը տեսնէ, թէ մայրը միշտ բաժին կը հանէ տանը բարիքներէն անոնց, որոնք զրկուած են կեանքի պիտոյքներէն, երբ կը գիտնայ, թէ հայրը առատաձեռնօրէն կը մասնակցի բարեսիրական նպատակներու, երբ տան մը զաւակները հօրն ու մօրը դէմքերուն վրայ, խօսքերուն մէջ, եւ կատարած գործերովը կը զգան տանը մէջ մարմնացած, ընտանեկան մթնոլորտին մէջ սփռուած բարեսիրութեան ոգին, այլեւս անոնք անտարբեր եւ քարսիրտ պիտի չմնան ուրիշներու կարօտութիւններու հանդէպ, այլ տունէն սորված, տեսած պիտի ըլլան համակրիլ, համակրական հասկացողութիւն ունենալ աղքատին, եւ օգնել անոնց, որոնք դժբախտութիւններու են մատնուած։ Մինչեւ իսկ զրկուելով եւ զոհելով բարեսիրութեան այս ոգին մշակել տան մը զաւակներուն մէջ, դուրս հանելով զանոնք անձնասիրութեան, ինքնամոլութեան կապանքներէն, ծնողներու ամենէն սուրբ եւ նուիրական պարտականութի՛ւնն է եւ պատասխանատուութիւնը՝ համայն մարդկութեան հանդէպ։

Ընտանիքը նուիրելու է ընկերութեան ոչ միայն բարեկիրթ, այլ նաեւ բարեսիրտ եւ անձնուէր կեանքեր։

Եւ միշտ ի մտի ունենանք սա մշտնջենական  սկզբունքը.

«Տալը աւելի՛ երանելի է քան առնելը…»։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկետմբեր 27, 2019, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Յունուար 3, 2020