ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ

Ընտանիքը ժողովուրդի մը աւանդական պարծանքն է։ Ժողովուրդի մը արժէքը կը չափուի շատ մը ազդակներով, որոնց գլխաւորն է ընտանիքը։ Այս առումով հաստատ եւ ընտիր ժողովուրդի մը հիմերը՝ կարգին, օրինաւոր ընտանիքներն են։ Ընտանիքը, սակայն, վերջին շրջաններուն կորսնցուցած կը տեսնուի այս հանգամանքը, քանի որ եւ ընհանրապէս «համակեցութիւն», այսինքն՝ «cohabitation», համաբնակութիւնը, միատեղ՝ միասին բնակութիւն ըմբռնումով շարժում մը սկսած է։

Լսած էք. աղջիկ մը կամ տղայ մը կը ներկայացնէ իր քովը մէկը սապէս. «տղայ ընկերս է», կամ «աղջիկ ընկերս է…», որոնք համակեցութեան մէջ կ՚ապրին։ Մինչդեռ մենք ունինք «ամուսին» ըմբռնումը, որ կը գործածուի օրինաւոր ամուսնութեամբ ընտանիք կազմած այր-մարդու եւ կին-մարդու իւրաքանչիւրին համար։ Կ՚արժէ շեշտել, որ կին-մարդու համար ալ կը գործածուի «ամուսին» բառը, ինչպէս սովորութիւն եղած է այր-մարդուն համար միայն գործածել։

Հայ քրիստոնեայ ժողովուրդը աւանդաբար ընտանիքը ընդունած է «առտնին եկեղեցի»։

Երբ խօսքը «ընկեր» եւ «ընտանիք» գաղափարներու վրայ է, կ՚արժէ այս երկու գաղափարները արտայայտող բառերու ստուգաբանութեան վրայ հակիրճ ակնարկ մը նետել՝ հասկնալու համար անոնց տարբերութիւնը։

Հրաչեայ Աճառեանի «Հայերէն արմատական բառարան»ի Բ. հատորին մէջ «ընկեր»ը.- «Ընկեր (գրուած է նաեւ ընգեր). կազմուած է ըն(դ) նախդիրով -կեր- արմատէն եւ կը նշանակէ բուն. միասին ուտող, հացակից, ճաշակից. ֆրանս. compain, compagnon. ընկեր՝ բուն հացակից, բառերը»։ Իսկ «ընտանիք»ը.- «Ընտանի. ըն(դ) նախդիրով -տուն- բառէն, իբր -ընդտան-ի կազմութեան համար. տուն բառէն։ Եւ Դ. հատորին մէջ՝ Տուն. շինութիւն, տաղաւար, պալատ, ապարանք, եկեղեցի եւ այլն, նաեւ սենեակ, վրան, տան բնակիչներ։ Տան՝ տանիք՝ ընտանիք՝ տանեստան։ Բանակարան, տուն։ Լատիներէն՝ domus»։

Իսկ «Նոր բառգիրք հայկազեան լեզուի» Ա. հատորին մէջ՝ «Ընկեր». «գրի եւ ընգեր. զուգական, հաւասարակից. գործակից, մերձաւոր, սրտակից, բարեկամ, կցորդ, բաժանորդ, համախոհ, համանման»։ Իսկ. «Ընտանի». «familiaris, տան մէջ, ընտանի՝ տան մէջ եղողներ, տանուտեառն՝ կինը, զաւակներ, ծառաներ եւ բոլոր մերձաւորներ, հարազատ, ազգական, իրենները՝ սեպհական»։

Այսինքն՝ «ընկեր» եւ «ընտանիք» տարբեր ըմբռնումներ են եւ պէտք չէ զանոնք շփոթել մէկը՝ միւսին հետ։

Ուստի, ընտանիքը եկեղեցւոյ չափ սրբազան է՝ սրբավա՛յր մը։ Հայ ժողովուրդին դարաւոր եւ աւանդական պարծանքն է ընտանիքը, քանի որ ան եկեղեցիի չափ յարգ, արժէք եւ պատիւ ունի։ Ընտանիքը նաեւ կրթութեան առաջին օճախն է, «մարդ»ը կազմաւորող առաջնակարգ կրթարանը։ Այս հանգամանքով, ահաւասիկ, ընտանիքը մեծ հաճոյք, վայելք եւ երջանկութեան աղբիւր մըն է։ Քանի որ այդ ընտանիքներու մէջ կը տիրէ երկուստեք սէր, հաւատարմութիւն, զոհողութիւն, վստահութիւն, ապաւէն, համբերութիւն, ուրախութիւն, բարի վարք, բարձր բարոյկանութիւն. համերաշխութիւն, խաղաղութիւն, գոհունակութիւն եւ բոլոր առաքինութիւններ, որոնք հաստատ կը պահեն ընտանիքը։

Այս բոլորը՝ որ գոհարներէ աւելի եւ անհամեմատելի կարպով թանկագին եւ ամէն գեղեցկութենէ աւելի գեղեցիկ, աւելի վայելուչ են, եւ արտաքին զարդարանքներէ աւելի ներքին զարդարութեամբ եւ ճոխութեամբ, փառամոլութենէ աւելի հեզութեամբ եւ խոնարհութեամբ, ցուցամոլութենէ աւելի անկեղծութեամբ, Աստուծոյ վախով եւ հեզ հնազանդութեամբ, փափկանկատութեամբ, ժպիտով, յոյսով, ուրախութեամբ, երջանկութեամբ զԱստուած պաշտելով՝ իրենց աստուածաշնորհ զաւակները Աստուծոյ երկիւղով հասցնելով եւ աղօթքի, սիրոյ եւ արդարութեան առաջնորդելով, իրենց մեծերը յարգելով, փոքրերը եւ տկարները խնամելով, անոնց օգնելով ընտանեկան ջերմ միջավայրին մէջ պաշտամունքով եւ դաստիարակութեամբ երջանիկ կեանք մը կը ստեղծեն եւ կը վայելեն։

Ընտանեկան սէր եւ սրբութեամբ օրինաւոր եւ կարգին «ընտանիք» կազմողներ հասարակաց օգտին եւ բարիքին կը ծառայեն եւ պատկանած ընկերութեան, ժողովուրդին բարոյական մակարդակը միշտ վեր կը պահեն։ Այսպիսի օրինաւոր ընտանիքներ զարգացման եւ ազնուացման աստիճանաչափը կ՚աւելցնեն։ Քանի որ Առակախօսը կ՚ըսէ. «Արդարութիւնը ազգը կը բարձրացնէ, բայց մեղքը ժողովուրդներուն անարգանք է». (ԱՌԱԿ. ԺԴ 34)։

Ահաւասիկ, այսպիսի ընտանիքները կ՚օրհնէ Աստուած եւ անոնց տուները դրախներ կ՚ըլլան։ Եւ այդ ընտանիքները ազգին եւ հանրութեան մեծ մարդիկ կը հասցնեն՝ օգտակար եւ բարեբեր։

Ընտանեկան սրբութիւնը պէտք է պահել, քանի որ ընկերային սովորական միութիւն մը, հաստատութիւն մը չէ, այլ իրապէ՛ս սրբազան հանգամանք մը ունի եւ ընկերային կեանքին առաջնորդն է։

Սէր, հաշտ, խաղաղ, բարի վարք, հաւատարմութիւն եւ ուրախութիւն կանգուն կը պահեն ընտանիքը։ Եւ ընտանիքը, նաեւ պարտաւոր է եւ պատասխանատու համայն ընկերութեան, քանի որ անոր միջոցով է, որ ընկերութիւնը ընտիր անդամներ կ՚ունենայ եւ ապահով քայլերով կը յառաջանայ։

Կրթութեան եւ կեանքի պատրաստութեան յաջորդ «սրբավայր»ն է դպրոցը։ Արդարեւ, ընկերութեան «մարդ» պատրաստելու կարգին մեծ դեր կը կատարէ դպրոցը՝ իր դասատուներով եւ ուսուցիչներով, որոնց ալ կարեւոր պարտականութիւն եւ պատասխանատուութիւն կը վերաբերի այս մասին՝ շարունակելով «ընտանիք»ին առաքելութիւնը լաւ մարդ հասցնելու գործին մէջ։

Աւանդական ընտանիքը կը պաշտպանենք արդի ընտանիքի հասկացողութեան դէմ, յիշելով եւ յիշեցնելով, թէ աւանդապահութիւնը երբեք յետադիմութիւն չէ՛, ինչպէս կը կարծեն ոմանք, այլ՝ աւանդապաշտութիւնը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունուար 1, 2025, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Յունուար 3, 2025