ԳԱՐԵԳԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ՀԱԿԻՐՃ ԿԵՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ - Ա -

«ՊԷՏՔ Է ԳԼՈՒԽՆԵՐԸ ԽՈՆԱՐՀԻՆ ԱՆՊԱՅՄԱՆ, ԵՒ ՍՐՏԵՐԸ ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՄԲ ԲԱՐՁՐԱՆԱՆ»։

Այսպէս կ՚ըսէ Գերագին Պատրիարք Խաչատուրեան՝ Թրքահայ գրագէտ-Պատրիարքը։

Երջանկայիշատակ Գարեգին Արքեպիսկոպոս Խաչատուրեան այլ անունով «Թրքահայոց գրագէտ Պատրիարքը» իր պատուոյ տեղը գրաւած է մեր պատմութեան անմահներու պանթէոնին մէջ, որպէս բարոյական առաքինութիւններով օժտուած նկարագիր, ներհակ քարոզիչ եւ դաստիարակ, ինչպէս նաեւ գրական անխոնջ մշակ։

Ծնած է 1880 նոյեմբեր 6-ին Տրապիզոնի մէջ։ Աւազանի անունով կը կոչուի Խաչիկ։ Նախակրթութիւնը կը ստանայ իր ծննդավայրի Ազգայի վարժարանին մէջ, ապա տեղւոյն Վենետիկեան Մխիթարեան վարժարանը։ 1896-ին կ՚ընդունուի Վենետիկի Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանը։ Հոն երկու տարի ուսանելէ յետոյ, կը դառնայ Իսթանպուլ եւ կը մտնէ Արմաշու Դպրեվանքը, ուր Վանահայր էր Եղիշէ Եպսկ. Դուրեան։

1901 մայիս 20-ին, իր ուսուցիչը Դուրեան Սրբազան՝ իր ինը դասընկերներուն հետ՝ կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրէ զինք, վերակոչելով զայն Գարեգին։ Երկու տարի կը մնայ վանքին մէջ իբր ուսուցիչ հայերէնի եւ պատմութեան։

Տեսուչ կը կարգուի Սիսի Ժառանգաւորաց, ապա Մարաշի Կեդրոնական վարժարանին։ Մեսրոպ Վրդ. Նարոյեանի վանահայրութեան օրով, կը մեկնի Արմաշ, եւ կը վարէ Փոխ-տեսուչի պաշտօն։

1915-ին կը ղրկուի Երուսաղէմ։ Ուսուցչական պաշտօններ կը վարէ Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ եւ կ՚ընտրուի նաեւ անդամ Ս. Սինոդի։

Եղիաեան Պատրիարք, 1919 օգոստոս 17-ին, զինք կը նշանակէ Առաջնորդական Տեղապահ Տրապիզոնի, ուր Խաչատուրեան Վրդ. կը զբաղի որբերու կրթութեան գործով, եւ կը ջանայ կորուստէ փրկել տեղւոյն համայնապատկան կալուածները։

1922 յուլիս 1-ին, Գիւտ նշխարաց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ տօնին, Սուրբ Էջմիածնի մէջ կը ձեռնադրուի Եպիսկոպոս Տրապիզոնի։

Հազիւ տարի մը յետոյ կու գայ Իսթանպուլ եւ իբր ուսուցիչ՝ կը պաշտօնավարէ Կեդրոնական վարժարանին մէջ, աւանդելով հայերէնի մատենագրութիւն, եւ նաեւ կրօնագիտութեան դասեր, իսկ Նոր Դպրոցի մէջ ալ կը դասաւանդէ հայերէն գրաբար լեզուն։

1928-ին Կաթողիկոսութեան Պատուիրակ կը նշանակուի Գալիֆորնիոյ թեմին։

1935-ին հրաժարելով Առաջնորդական պաշտօնէ, կը քաշուի Օքլէնս քաղաքը եւ կը վարէ տեղւոյն քարոզչական պաշտօնը։

1936-ին Մարսիլիոյ Առաջնորդ կը նշանակուի։

Երկու տարի յետոյ Կաթողիկոսական Պատուիրակի պաշտօնով կը մեկնի Հարաւային Ամերիկա։

1950 դեկտեմբեր 2-ին, 99 ժողովականներու ստուար մեծամասնութեան քուէով Թրքահայոց Պատրիարք կ՚ընտրուի Գարեգին Արքեպսկ. Խաչատուրեան, որ այդ շրջանին պաշտօնով Արժանթին կը գտնուէր։ 1951 մարտ 16-ին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ ընտրեալ Սրբազան Պատրիարքը կը կատարէ իր հանդիսաւոր ուխտը եւ տեղի կ՚ունենայ գահակալութիւնը։

ԿՐԱԿԱՆ ՎԱՍՏԱԿԸ

Երանաշնորհ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեան իր պաշտօնավարութեան ընթացքին «նախանձախնդիր ջահակրութեամբ» ջանք թափած է վառ ու արծարծ պահելու Աւետարանի եւ մշակոյթի լոյսը։ Ան ցուցաբերած է գրական բեղուն գործունէութիւն։ Արդարեւ, խիստ բազմաթիւ են իր յօդուածները, քարոզի պատճէնները, յորդորականները եւ զանազան գրութիւնները՝ թերթերու եւ հանդէսներու մէջ։

Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեան միշտ փափաքած է ունենալ սեփական հրատարակութիւն մը՝ այն բոլոր կեդրոններու մէջ, ուր գտնուած է հովուական առաքելութեամբ։

Ասոնք են՝ «ՏԱՃԱՐ» որուն առաջին վեց թիւը խմբագրած է 1909-ին Իսթանպուլի մէջ, եւ «ՀԱՅ ԽՕՍՆԱԿ» որուն իր գործօն աշխատակցութիւնը բերած է աւելի վերջ։

«ՍԱՀԱԿ-ՄԵՍՐՈՊ» մշակոյթի հանդէս, զոր լոյս ընծայած է 1937-ին Մարսիլիոյ մէջ։

«ՓԱՐՈՍ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ»՝ Գալիֆորնիոյ մէջ, «ՀԱՅ ԿԵԴՐՈՆ»՝ Պուէնոս-Այրէսի մէջ, եւ վերջապէս դարձեալ Իսթանպուլի մէջ՝ «ՇՈՂԱԿԱԹ»ը։

Իբրեւ զգայուն եւ երկարաշունչ բանաստեղծ, սփռած է բազմաթիւ քերթուածներ եւ արձակ էջեր իր պարբերականներու եւ այլ հանէսներու մէջ։

1917-ին Դամասկոսի մէջ, իր քերթուածները ամփոփած է «ՔՆԱՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ» հատորին մէջ, իսկ արձակները լոյս ընծայած է «ԽՈՀԵՐ ԵՒ ՅՈՒՇԵՐ» անունով։

1925-ին լոյս ընծայած է «ԿՐՕՆԱԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՇՈՂԱԿԱԹՈՒՄՆԵՐ» հատորը, իսկ 1926-ին «ՆԱՐԵԿ»ի աշխարհաբար առաջին թարգմանութիւնը։ 1936-ին «ԱՇԽԱՐՀԻ ԼՈՅՍՆ Ի ՀԱՅՍ» Ա. Հատոր եւ 1939-ին Բ. Հատորը հրատարակած է…։

- Պիտի շարունակուի։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 31, 2020, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Փետրուար 3, 2020