ՀԱՒԱՏՔԻՆ ԲՆՈՅԹԸ

Մարդէն Աստուծոյ տրուած հաւատքի պատասխանը՝ մարդկային ըլլալու համար, պէտք է «ազատակամ» ըլլայ, հետեւաբար, ոչ ոք պէտք է հարկադրել հակառակ իր կամքին հաւատքը ընդգրկելու. արդարեւ հաւատքի արարքը իր բնոյթով «կամաւո՛ր» է։

Հաւատքը՝ Աստուծոյ մէկ պարգեւն է, գերբնական առաքինութիւն մըն է, զոր Ինք կը զեղու մեր մէջ։ Ուստի, մարդը այս հաւատքը դաւանելու համար կարիքը ունի Աստուծոյ օժանդակ եւ կանխահաճ շնորհքին, ինչպէս նաեւ Սուրբ Հոգիին ներքին օգնութիւններուն։ Հաւատքը կը մղէ մարդուն սիրտը եւ կը դարձնէ զայն դէպի Աստուած, կը բանայ մտքին աչքերը եւ ճշմարտութեան հաւանելու եւ հաւատալու քաղցրութիւնը կու տայ բոլորին։ Հաւատալը հնարաւոր է միայն Սուրբ Հոգիին պարգեւած շնորհքով եւ ներքին օգնութիւններով։ Սակայն նո՛յնքան ճշմարիտ է, թէ հաւատալը՝ հարազատօրէն եւ արժանաւորապէս «մարդկային արարք» մըն է։

Աստուծոյ վստահիլը եւ հաւատալը Անոր յայտնած ճշմարտութիւններուն՝ հակառակ չէ՛ մարդուն ո՛չ ազատութեան եւ ո՛չ ալ իմացականութեան։ Մարդկային յարաբերութիւններուն մարզին մէջ եւս՝ մեր արժանապատուութեան հակառակ չէ հաւատալ մարդոց իրենց մասին մեզի ըսածներուն եւ իրենց դիտաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ իրարու տուած խոստումներուն, զոր օրինակ, մարդու մը եւ կնոջ մը ամուսնութեան պարագային, որպէսզի այս ձեւով փոխադարձ հաղորդակցութեան մէջ մտնեն։ Ուստի մեր արժանապատուութեան նուազ դէմ է յայտնութիւն կատարող Աստուծոյ մեր իմացականութիւնը եւ մեր կամքը լրիւ հաւատքով ենթարկել եւ այսպէս Անոր հետ սերտ եւ մտերիմ հաղորդութեան մէջ մտնել։

Արդարեւ, հաւատալու մէջ մարդկային իմացականութիւնը եւ կամքը կը համագործակցին աստուածային շնորհքին հետ. «Հաւատալը արարքն է բանականութեան՝ որ շնորհքին միջոցաւ Աստուծմէ դրդուած կամքին հրամանին տակ, աստուածային ճշմարտութեան կը յարի», կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Ագուինացի։

Հաւատալու «շարժառիթ»ը այն չէ, որ յայտնեալ ճշմարտութիւնները մեր բնական բանականութեան լոյսին տակ մեզի ճշմարիտ եւ իմանալի երեւին։

Ուստի, մենք կը հաւատանք յայտնութիւն կատարող Աստուծոյ հեղինակութեան պատճառով, որ չի կրնար ո՛չ մոլորիլ, ո՛չ ալ մեզ մոլորեցնել։ Սակայն, որպէսզի մեր հաւատքին մատուցած մեծարանքը մեր խելքին եւ բանականութեան համապատասխան ըլլայ, Աստուած ուզեց, որ Սուրբ Հոգիին պարգեւած ներքին օգնութիւններուն զուգակից՝ Իր Յայտնութեան արտաքին փաստերը եւս ներկայանան։ Այսպէս ուրեմն Քրիստոսի եւ սուրբերուն հրաշքները, մարգարէութիւնները, Եկեղեցւոյ ծաւալումը եւ սրբութիւնը, անոր բեղմնաւորութիւնը եւ կայունութիւնը ամէնուն իմացականութեան յարմարող ստոյգ նշաններ են Յայտնութեան. պատճառներ, փաստարկումներ են անոր հաւատալիութեան, որոնց միջոցով ցոյց կը տրուին թէ՝ հաւատքին հաւանութիւնը ամենեւին մտքի կոյր մղում մը չէ՛։  Եւ այս իսկ պատճառով, ճշմարիտ հաւատքը հրամայականոն (=«dogmatique»), հրամանական հը-րամանակարգ մը, դրութիւն մը չէ՛։ Եւ ինչպէս յաճախ կը կրկնենք. պէ՛տք է հասկնալով հաւատալ եւ հաւատալով հասկնալ, ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։

Իսկ երբ հաւատքը հրամայականոն արարք մը չէ, ապա ուրեմն ան աներկբայ է, այսինքն անտարակոյս, հաստատ, աւելի աներկբայ քան մարդկային ամէն ճանաչում, որովհետեւ ան կը հիմնուի «Անսուտ Աստուծոյ Խօսք»ին վրայ։

Անշուշտ, յայտնեալ ճշմարտութիւնները կրնան մարդկային բանականութեան եւ փորձառութեան մութ երեւիլ, բայց ինչպէս կ՚ըսէ John Henry Newman. աստուածային լոյսին տուած աներկբայութիւնը աւելի մեծ է, քան բնական բանականութեան տուած լոյսը։ Արդարեւ, Սուրբ Անսելմոսի համաձայն՝ «Բիւր դժուարութիւններ չեն կրնար մէկ տարակոյսի պատճառ ըլլալ»։

Հաւատքը մարդս կ՚առաջնորդէ հասկնա՛լու։

Հասկնալով հաւատալը յարակից է այն հաւատքին՝ որ հաւատացեալը կը դրդէ աւելի լա՛ւ ճանչնալու Ան՝ որուն հաւատաց եւ աւելի լաւ ըմբռնելու ինչ որ Ան յայտնեց։ Աւելի ներթափանցող ճանաչում մը իր կարգին պիտի կանչէ աւելի մեծ եւ սիրով աւելի բոցավառ հաւատք մը։ Եւ ինչպէս կ՚ըսէ Առաքեալը. «Հաւատքին շնորհքը կը բանայ սրտին աչքերը». (ԵՓՍ. Ա 18)։ Այս կերպով աւելի վառ ձեւով կարելի է հասկնալ Յայտնութեան բովանդակութիւնը, այսինքն Աստուծոյ ծրագրին եւ հաւատքի խորհուրդներուն ամբողջութիւնը, անոնց առընչութիւնները իրարու միջեւ եւ Քրիստոսի հետ, որ կեդրոնն է յայտնեալ։ Այս մասին Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ. «Յայտնութեան հասկացողութիւնը ա՛լ աւելի խորացնելու համար, Սուրբ Հոգին Իր պարգեւներով միշտ աւելի կատարեալ կը դարձնէ հաւատքը»։

Թէպէտ հաւատքը ըստ էութեան բանականութենէն վեր է, սակայն այդ երկուքին միջեւ չի կրնար իսկական տարաձայնութիւն ըլլալ։ Խորհուրդները յայտնող եւ հաւատքը հաղորդող Աստուածը, քանի որ մարդուն մտքին մէջ բանականութեան լոյսը սփռեց, նոյն Աստուածը չի կրնար Ինքնիրեն հակասել եւ ոչ ալ ճշմարիտը կրնայ հակասել ճշմարիտին։ Ասոր համար՝ գիտութեան բոլոր մարզերուն մէջ հետեւողական որոնումը, եթէ իսկապէս գիտականօրէն յառաջ տարուի եւ եթէ բարոյական կանոններուն հետեւի, չի կրնար երբեք իրապէս հակադրուիլ հաւատքին, քանի որ աշխարհային եւ հաւատքի իրականութիւնները իրենց ծագումը միեւնոյն Աստուծոյ մէջ կը գտնեն։

Դեռ աւելի, ան որ կը հնարի իրերուն գաղտնիքները թափանցել յարատեւութեամբ եւ խոնարհութեամբ, անիկա, նոյնիսկ անգիտակից կերպով առաջնորդուած է Աստուծոյ աջովը, որ զօրավիգ է բոլոր էակներուն եւ զանոնք կ՚ընէ այն ինչ որ են։ Մեր բարոյական կեանքը իր ակունքը կը քաղէ Հաւատքին մէջ Աստուծոյ, որ Իր սէրը կը յայտնէ մեզի։ Պօղոս Առաքեալ հաւատքի հնազանդութեան մասին կը խօսի իբրեւ «առաջին պարտաւորութեան» մասին։ Ան բարոյական բոլոր շեղումներուն սկիզբը եւ բացատրութիւնը կը բացայայտէ «Աստուծոյ անճանաչութեան» մէջ։

Աստուծոյ հանդէպ մեր պարտականութի՛ւնն է հաւատալ եւ վկայել Անոր…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 29, 2021, Իսթանպուլ 

Չորեքշաբթի, Փետրուար 3, 2021