ԱՆԷ՛ԾՔ ԽԻՂՃԷ ՀԵՌՈՒ ՄԱՐԴՈՑ

Մեր Հաւատքի Գիրքին՝ Աստուածաշունչին Գաղատացիներուն գիրքին մէջ առաքեալը յորդոր կու տայ, ըսելով. «Իրարու բեռը վերցուցէք» (Գղ. 6.2), իսկ ուրիշ տեղ մը՝ Եբրայեցիներուն նամակին մէջ կ՚ըսէ. «մի՛ մոռնաք բարեգործութիւն ընել եւ օգնել ուրիշներուն» (Եբր. 13.16):

Նման գաղափարներ ու յորդորներ կը տեսնենք միւսլիւմաններու մօտ. անոնց մեծագոյն քարոզիչներէն Ալ Պանի, իր աշխատութեան մէջ կը գրէ. «Միւսիւլմանը միւսիւլմանին եղբայրն է եւ ով որ իր եղբօր կարիքներուն կը հետեւի (կը հասնի), ով որ այլ միւսիւլմանին նեղութեան վիճակէն կ՚ազատէ, Տէրն ալ զինք պիտի ազատէ եւ պաշտպանէ դատաստանի օրը» (Սահիհ Ալ Պանի, 7988 գլուխ):

Նոյն գաղափարները ունի նաեւ Պուտտայական կրօնքին մէջ. անոնց պաշտած Պուտտայի նշանաւոր խօսքերէն է հետեւեալը. «Եթէ ուրիշին համար ճամբան լուսաւորես, ինքնաբերաբար քու ճամբադ եւս կը լուսաւորուի»: Պարագան տարբեր չէ Հնդկական հաւատալիքին մէջ. անոնց մեծագոյն քարոզիչներէն փիլիսոփայ Կոտա Վենքաթեսուարա (Goda Venkateswara) իր աշխատութեան մէջ կը գրէ. «Անոնք որոնք օգնութեան կարիքը ունին պէտք չէ լաւ մարդոց խնդրանքով դիմեն։ Լաւ ու բարի յատկութիւններ ունեցող մարդը ինքնաբերաբար կ՚օգնէ կարիքաւորին եւ կարօտեալին»:

Կարելի է հին դիցաբանութենէն սկսեալ բազմատասնեակ կրօնքներ ուսումնասիրել եւ բոլորին մէջ գտնել նոյն գաղափարը՝ կարօտեալին, նեղութեան մէջ եղողին օգնութեան ձեռք մեկնելու գաղափարը: Թէեւ բոլորը ունին, ներառեալ մենք, սակայն իրականութեան մէջ ո՛չ ոք ունի. բոլորն ալ կը հաւատան այդ ուսուցումներուն, սակայն բոլորն, թէ՛ Քրիստոնեայ, թէ՛ Միւսիւլման, Պուտտիստ եւ մարդկութիւնը ընդհանրապէս հեռու կը մնան գործադրելէ:

Բոլոր հաւատալիքներն ալ ուրիշին, օտարին օգնելու մասին է, որ կը խօսին, անծանօթ քրիստոնեան կամ միւսիւլմանը որպէս հարազատ եղբայր ընդունելու մասին կը խօսին, մինչ այսօր մարդկութիւնը կը գտնուի այնտեղ, ուր հարազատ եղբայրը եղբօր չ՚օգներ իր նեղութեան պահերուն:

Ալ ո՜ւր մնաց օտարին օգնել...:

Սակայն չօգնողներով չի՛ վերջանար. չօգնողներուն կողքին կան անոնք՝ որոնք յաւելեալ պատճառ ու միջոց կը ստեղծեն եղբօր ու բարեկամին տկարացման, թշուառացման ու կարօտեալի վիճակի մէջ գտնուելուն. եղբայրը եղբօր մրցակից կը դառնայ եւ զինք կողոպտելու համար ամէն առիթ բաց չի՛ թողեր: Այս մէկը վերջին տասնամեակին չէ որ զարգացաւ. կարդացէ՛ք  Յովհաննէս Թումանեանի չհինցող «Խելօքն ու յիմարը» հեքիաթը, ուր երկու եղբայր փոխանակ գտնուած գանձով իրար հետ համերաշխ ապրին, կը նախընտրեն զիրար ոտնակոխել. հաւանաբար Կայէն եւ Աբէլ իրենք սկիզբ դրին այս դժբախտութեան:

Հայ գրականութեան պարագան ալ նոյնը չէ՞. կ՚աշխատիս, ծրագիր կը կազմես, գիրք կը խմբագրես. ժամանակ, տեսողութիւն եւ առողջութիւն կը վատնես հայանպաստ գործ մը առաջ բերելու համար. բոլորը կը գնահատեն, սակայն երբեւէ ձեռք մեկնելու մասին չեն մտածեր։ Աւելի քան 8-9 դարեր առաջ եւս նոյնն էր երեւոյթը. Առաքել Դաւրիժեցի իր պատմութեան 58-րդ գլխուն մէջ կը գրէ. «խօսքի ճշմարտութիւնը գտնելու համար, եղաւ որ մէկ պատմութիւնը տասը անգամ եւ աւելի կրկնելով գրեցի եւ իննը տարի զբաղուեցայ պատմութիւն գրելով, ունեցածս ծախեցի եւ ծախսեցի եւ հազիւ այսքան պատմութիւն կրցայ հաւաքել ու գրել, իսկ անդին ինձ օգնող չգտնուեցաւ« Միայն Տէր Քրիստոսն էր իմ օգնականս»:

Այսօր եւս միջոցները չե՛ն որ կը պակսին, այլ կամքն է պակսողը, որովհետեւ եթէ անցեալին պիտի տային հայրենասիրական գործ մը առաջ բերելու, հայրենիքի շահերուն համար ներդրում ընելու, այսօր լոկ իրենց անուններուն համար է, որ կ՚ընեն այդ մէկը:

Բարեկամական շրջանակիս մէջ երկու քոյրեր կան. մին ամուսնացած նիւթապէս համեստ, առողջական խնդիրներ ունեցող երիտասարդի մը հետ, իսկ միւսը Լիբանանի լաւ դասակարգի պատկանող ոսկերչական հիմնարկի մը տնօրէնի մը հետ. վերջինս գրեթէ ամէն տարի կ՚երթայ վայելելու եւրոպական եւ ամերիկեան երկիրներու բարիքները, իր անհատական վայելքին համար մեծամեծ գումարներ մսխելով, մինչ անդին իր հարազատ քոյրը կը տագնապի, թէ ինչպէս պիտի վճարէ միւս ամսուան տունի վարձքը, ամուսնոյն դեղերու ծախսն ու առօրեայ պէտքերը ապահովէ: Հարուստ քոյրը միշտ կը զանգէ իր քրոջ «որպիսութիւն»ը հարցնելու եւ մի՛շտ ալ հարցնելէ վեր չ՚ելլեր այդ մէկը. մարդ արարածը ե՞րբ այսքան անխղճացաւ, իրար օգնելու առաքինութիւնն ու կրօնական պարտաւորութիւնը ե՞րբ ջնջուեցաւ մեր կեանքէն:

Այն քրիստոնեան որ ՚ինչ որ երկու հատ ունի մէկ հատը ուրիշին պէտք է տար», այսօր ունի բազմահազարներ, որոնցմէ աննշան մէկը անգամ կը զլանայ տալու: Մենք այսօր բոլորս չենք տարբերիր այն «Անմիտ հարուստ»էն, որուն համար Աստուած ըսաւ. «Անմիտ մարդ, այս գիշեր իսկ հոգիդ քեզմէ պիտի առնեն. որո՞ւն պիտի մնայ պատրաստածդ» (Ղուկաս 12.19):

Անէ՜ծք այն բոլո՛ր ունեւորներուն, որոնք կ՚ապրին ճոխութեան մէջ՝ տեսնելով իրենց հարազատին զրկանքն ու չարչարանքը:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՅԱԿՈԲՈՍ ՏԱՇԵԱՆ
(1866-1933)

Մեր թուականէն 89 տարիներ առաջ՝ 3 փետրուար 1933-ին, Վիեննայի մէջ մահացած է ձեռագրագէտ, բանասէր, լեզուաբան եւ հայագէտ Յակոբոս Տաշեան (բուն անունով՝ Փրանկիսկոս Թաշճեան):

Տաշեան ծնած է 25 հոկտեմբեր 1866-ին, Կարին գաւառի Արծաթի գիւղին մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի ծխական դպրոցէն ներս եւ ապա դպրոցական ուսումը շարունակելու համար մեկնած է Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարանը, ուրկէ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք մեկնած է Վիեննա՝ աշակերտելու Մխիթարեաններու ընծայարան բաժնին, ուր 1883 թուականին ստացած է Յակոբոս անունը եւ 1889-ին օծուած քահանայ: Մխիթարեաններու մօտ ուսումը աւարտելէ ետք Տաշեան զբաղած է ուսուցչութեամբ, դասաւանդելով փիլիսոփայութիւն եւ հայոց լեզու. 1893-1912 թուականներուն զբաղած է ձեռագրութեամբ եւ զանազան ձեռագրեր ուսումնասիրելու համար մեկնած է Վենետիկ, Պերլին, Զմիւռնիա, Կարին, Տայոց Աշխարհ եւ այլ վայրեր, իսկ 1909 թուականին հաստատուած է Պոլիս, որպէս Մխիթարեան վանատան մեծաւոր:

Տաշեան տիրապետած է բազմաթիւ լեզուներու՝ հայերէն, լատիներէն, յունարէն, ասորերէն, արաբերէն, եթովպերէն, գերմաներէն եւ անգլերէն. ֆրանսացի անուանի լեզուաբան ու հայագէտ Անթուան Մէյէն Տաշեանէն սորված է հայերէն լեզուն:

Յակոբոսի գործունէութիւնը կեդրոնացած եղած է հայագիտութեան վրայ. 1898 թուականին հրատարակած է իր առաջին աշխատութիւններէն «Ակնարկ մը հայ հնագրութեան վրայ» հատորը, որուն յաջորդած են «Ուսումն դասական հայերէն լեզուի», «Բառախօսական դիտողութիւններ հայերէն գիտական լեզուի մասին», «Հայ բնակչութիւնը Սեւ ծովէն մինչեւ Կարին», «Վարդապետութիւն առաքելոց անվաւերական կանոնաց մատեանը» եւ այլ աշխատութիւններ: Անոր ամենէն կարեւոր գործերէն է «Ցուցակ հայերէն ձեռագրաց մատենադարանին Մխիթարեանց ի Վիեննա» աշխատութիւնը:

Տաշեան զբաղած է նաեւ թարգմանութեամբ. օտար լեզուներէ հայերէնի թարգմանած է զանազան հայագէտներու գրութիւնները. ինչպէս՝ Նիկողայոս Մառ, Հենրիխ Հիւպշման, Հենրիխ Պետերման եւ ուրիշներ:

Հայ բանասիրութեան մէջ Տաշեանի կատարած ցուցակագրման կանոնը ծանօթ է որպէս «Տաշեանական ոճ»:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հինգշաբթի, Փետրուար 3, 2022