ԽԵՆԹ ՓԻԼԻՍՈՓԱՆ -Գ-

Տէմիրճիպաշեանի նամակներէն կարելի չէ վերջնականօրէն հասկնալ խենթի՞ թէ իմաստունի մը հետ գործ ունինք. անոր նամակներուն մէջ պիտի գտնենք իմաստուն ու զարգացած մարդ մը՝ ծանօթ համաշխարհային գրականութեան. մարդ մը՝ որ լաւագոյնս կը տիրապետէ հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներուն՝ մինչեւ իսկ բառարանի աշխատութիւն մը կատարելու աստիճան: Սակայն այս իմաստութեան կողքին կը տեսնենք վշտացած անձ մը, որ կեանքէն ոչ մէկ հաճոյք կը ստանայ եւ յաճախ մահը կ՚երազէ:

Կը կարծենք, որ Տէմիրճիպաշեանի ինքնասպանութեան որոշումը իր կեանքի վերջին շրջաններուն պատկանող որոշում մը չէ, որովհետեւ իր ինքնասպանութենէն տարիներ առաջ նոյնիսկ անձնական նամակներուն մէջ կը տեսնենք մահուան հանդէպ սէր մը:

Տէմիրճիպաշեան մահէն չէր վախնար, որովհետեւ կեանքը եւս իրեն համար մահուան հոմանիշ է եւ այս դժբախտ ճշմարտութիւնը աւելի լաւաջպէս հասկնալու համար կ՚արժէ կարդալ իր 20 նոյեմբեր 1886 թուակիր նամակը՝ ուղղուած Սրբուհիին. նամակին մէջ Տէմիրճիպաշեան փափաք կը յայտնէ երթալ Սիլիհտար, որուն գեղեցկութիւնը բացատրելու համար կը գործածէ «ոյր շարունակութիւնն է թերեւս յաւիտենականութեան» պատկերը: Յիշելով սակայն այս վայրը՝ կը խօսի առուակի մը մասին, որուն համար կը գրէ. «մօրս, հօրս, եղբօրս հետ այն տղմուտ առուակին մէջ օր մը պիտի խեղդուէի. դեռ պատանեակ էի»:  Տէմիրճիպաշեան այդ վտանգէն փրկուիլը հետեւեալ տողերով կ՚ափսոսայ. «Ժամեր կան, ուր կը ցաւիմ թէ փրկուեցայ այն վտանգէն, թէ մահուանէ զերծայ՝ մահահանգոյն կեանք մը վարելու համար...»:

Տէմիրճիպաշեան իր կեանքը կ՚անուանէ «մահագոյն» եւ շատ մը նամակներուն մէջ որպէս պատճառ «յիշատակներ»ը ցոյց կու տայ, որովհետեւ այդ յիշատակները զինք մեծապէս կը տանջէին. «յիշատակ»ներուն ինչ ըլլալը այնքան ալ յստակ ձեւով յայտնուած չէ, սակայն կարելի է ենթադրել, որ սիրելիներու կորուստը, չապրուած սիրոյ ցաւը եւ չիրականացած երազները մաս կը կազմեն այդ «յիշատակ»ներուն. յիշատակներ՝ որ հեծեծանք ու հառաչանք կը պատճառեն գրողին: Այդ ցաւերը նկատի ունենալով Սրբուհիին գրած 14 նոյեմբեր 1886 թուակիր նամակին մէջ կ՚ըսէ. «եթէ հառաչանօք, հեծեծեանօք պիտի ապրինք, լաւագոյն է կատարեալ մահն, անառաւօտ գիշերն. եւ զա՜յն արդէն ես ի բոլոր սրտէ կը ցանկամ - Նիրվանա՜ն»:

Պէտք է նկատի ունենալ, որ հակառակ ինքնասպանութեան մտածումներ եւ մահուան հանդէպ կատարեալ սէր մը ունենալուն Տէմիրճիպաշեան հաւատացեալ անձ մըն էր՝ յաճախ Աստուածավախ հոգեւոր մը եւ այս մէկը հետեւեալը մտածել կու տայ. Տէմիրճիպաշեան իր կեանքը ատելուն պատճառո՞վ մահը կը ցանկար, թէ իր հաւատքէն մղուած յաւիտենականութեան սէրն էր այդ անդենականի հասնելու ցանկութիւն ծնողը:

Սակայն պէտք է յստակ տարբերութիւն մը դնել մահուան փափաք ունենալուն եւ ինքնասպանութեան մտածումներուն միջեւ, որովհետեւ այսօր շատեր կեանքի դժուարութիւններէն մղուած մահանալու փափաք մը կ՚ունենան, սակայն հեռու կը մնան ինքնասպանութենէն: Տէմիրճիպաշեանի նամակներուն մէջ յստակ է նաեւ ինքնասպանութեան մտածումի մը գոյութիւնը. իր նամակներէն մէկուն մէջ կը կարդանք.- «Երբ երկինք վերցնեմ աչքերս եւ հոն ինձ երեւին սեւ երկայն ամպեր, ինձ կը թուի թէ ճակտիս խորշոմներուն պատկերն են. եւ կը փորձուիմ դանակն առնել ու խորշոմներս գծել». այս տողերուն մէջ հետաքրքրական է «կը փորձուիմ» բառը՝ փոխան «կը մտածեմ»ին« Կը փորձուիմը հաւանաբար նախապէս դանակը բարձրացնել եւ անյաջող փորձ մը կատարել կը նշանակէ:

Նախապէս փորձած էր խեղդամահ ըլլալ. վերոյիշեալ տողով կը տեսնենք դանակով ինքնասպանութիւն գործել ուզող մը, սակայն վերջաւորութեան Տէմիրճիպաշեան իր կեանքին վերջ կու տայ պարանոցէն կախուելու միջոցով եւ երեք ձեւերն ալ նախապէս մտածուածութեան մը լաւագոյն պատկերը կը պարզեն մեր դիմաց:

Մեծ գրողը տարեդարձները շատ կը սիրէր, որովհետեւ իրեն համար այդ մէկը մահուան քայլ մը աւելի մօտենալ կը նշանակէր. իր գրութիւններէն մէկուն մէջ օրերուն, տարիներուն եւ ժամերուն անցնելուն հանդէպ իր ուրախութիւնը հետեւեալ տողերով կ՚արտայայտէ. «ահա կեանքէս օր մ՚ալ անցաւ, ահա ժամ մ՚ալ անցաւ իմ գիշերէս: Եւ ես գոհ եմ, քանզի անջրպետն՝ որ զիս կը բաժնէ Նիրվանայէս՝ աւելի կարճացաւ»:

Հակառակ այս բոլորին, եթէ աւելի քան դար մը ետք կը շարունակենք յիշել ու կարդալ Եղիա Տէմիրճիպաշեան՝ կը նշանակէ հակառակ իր հոգեկան խնդիրներուն՝ անուրանալի է իր գրական կարողութիւնը: Տէմիրճիպաշեանը խենթ որակելու փոխարէն կ՚արժէ ուսումնասիրել մեր կատարած այն սխալները՝ որոնք այնպէս ինչպէս Տէմիրճիպաշեանին, նոյնպէս միւս հեղինակներուն կեանքը դժոխքի վերածեցին:

Իր կեանքին վերջ տուող մը ինքնասպան անուանելը ճիշդ չէ, որովհետեւ իւրաքանչիւր ինքնասպան վերջապէս զոհ մըն է. անոնց հոգին մեռած է արդէն եւ անոնց կեանքը «մահագոյն» է. ինքնասպանը պարզապէս իր մարմնական կեանքին է որ վերջ կու տայ, որովհետեւ այդ ինքնասպանութեան քայլը կատարելէ շա՜տ առաջ հոգին մահացած կ՚ըլլայ... եւ ի՞նչ իմաստ մարմնական կեանք մը՝ մեռած ու մոխրացած հոգիով:

•վերջ

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -159-

Հայաստան նոր փոխադրուած ժամանակ գրեթէ ամէն շաբաթ ինքնասպանութեան լուր մը կը ստանայինք. նոյնիսկ անոնց մէջ կային լիբանանահայեր եւ սուրիահայեր, որոնք զանազան պատճառներով վերջ տուին իրենց կեանքին:

Օր մը «Յաղթանակի կամուրջ»էն անցած ժամանակ տեսայ հաւաքուած ամբոխ մը եւ իրենց նման հետաքրքրութեամբ ես ալ մօտեցայ. քաղաքացի մը ինքզինք կամուջէն վար նետուիլ կը սպառնար. ներկաներէն մին քովինին ըսաւ, որ չի նետուիր հետեւեալ բացատրութիւնը տալով. «ան որ կամուրջին ծայրը հասնի եւ նետուելու փոխարէն սպառնայ նետուելով՝ չի նետուիր. այդ բոլորը կը կատարէ նպատակ մը կեանքի կոչելու կամ իրականացնելու համար: Իրական անձնասպանութիւն գործել ուզող մը անձայն կը հեռանայ»:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Ուրբաթ, Փետրուար 3, 2023