ՍՈՒՐԲ ՀԱ­ՂՈՐ­ԴՈՒ­ԹԻՒՆ

Սոր­վե­լու ա­մե­նա­մեծ ար­գելքն է՝ ա­մէն բան կա­տա­րեալ եւ ան­թե­րի գիտ­ցած ըլ­լալ կար­ծել։ Ար­դա­րեւ ա­մէն մարդ ա­մէն մէ­կէ եւ մի՛շտ սոր­վե­լիք նիւ­թեր ու­նի, եւ սոր­վի­լը ան­սահ­ման ծո­վու մէջ լո­ղա­լու կը նմա­նի։ Եւ ա­նոնք նոյ­նիսկ, որ ի­րենք զի­րենք «ա­մե­նա­գէտ» կը կար­ծեն, տա­կա­ւին սոր­վե­լիք շա՜տ բան ու­նին, քա­նի որ ճշմա­րիտ «գի­տուն»ը՝ իր չգիտ­ցա­ծը գիտ­ցողն է, իր չգիտ­ցած­նե­րուն անդ­րա­դար­ձո՛ղն է։ Սոր­վիլ կը նմա­նի ա­մէն օր հաց ու­տե­լու՝ ո՞վ ան­գամ մը որ հաց ու­տէ, այ­լեւս իր ամ­բողջ կեան­քին տե­ւո­ղու­թեան կշտա­ցած կ՚ըլ­լայ…։

Պարզ օ­րի­նակ մը, ո­րե­ւէ գիրք մը երբ կրկին ան­գամ կար­դայ մարդ, միշտ նոր բան մը կը սոր­վի, նո­րու­թիւն­նե­րու, նոր գի­տու­թիւն­նե­րու կ՚անդ­րա­դառ­նայ, եւ այս կը կրկնուի բազ­մա­թիւ ան­գամ­ներ։ Գիր­քը նոյնն է, բո­վան­դա­կու­թիւ­նը նո՛յն, բայց ա­մէն ան­գամ նոր յայտ­նու­թիւն­նե­րու, տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու ա­ռիթ կ՚ըն­ծա­յէ ան։ Այս ուղ­ղու­թեամբ, խոր­հե­ցէ՛ք սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, բազ­մա­թիւ ե­րե­ւոյթ­ներ ան­հա­մար գի­տե­լիք­ներ կը պա­րու­նա­կեն եւ բնու­թիւ­նը լե­ցուն է ան­ծա­նօթ­նե­րով՝ ո­րոնց մարդ­կա­յին միտ­քը չի կրնար հաս­նիլ ամ­բող­ջու­թեամբ։ Այս կը նշա­նա­կէ՝ թէ կա­տա­րեալ եւ ան­թե­րի գի­տու­թիւն կա­րե­լի չէ որ ըլ­լայ։

Բնու­թիւ­նը, քա­նի որ տե­ւա­կան բա­րեշրջ­ման մէջ է, ա­պա ու­րեմն տե­ւա­պէս գի­տե­լիք, մար­դուս նկատ­մամբ «ան­ծա­նօթ»ներ կ՚ար­տադ­րէ, ո­րուն հաս­նիլ եւս դժուար եւ նոյ­նիսկ ան­կա­րե­լի է մարդ էա­կին հա­մար։ Ար­դա­րեւ բնու­թեան մէջ միշտ կայ եւ պի­տի ըլ­լայ «ան­ծա­նօթ»ը՝ որ կը մնայ միշտ որ­պէս «խոր­հուրդ», այ­սինքն գաղտ­նիք։ Եւ ե­թէ հար­ցին կրօ­նա­կան տե­սան­կիւ­նէն մօ­տե­նանք, կը դի­մա­ւո­րուինք սա աս­տուա­ծա­յին պա­տուի­րա­նին Սուրբ Գիր­քին սկզբնա­ւո­րու­թեան. «Պար­տէ­զին բո­լոր ծա­ռե­րէն հա­մար­ձակ կեր. բայց բա­րիի ու չա­րի գի­տու­թեան ծա­ռէն մի՛ ու­տեր…» (ԾՆՆԴ. Բ 16-17)։ Այս կը նշա­նա­կէ՝ որ գի­տու­թեան տե­սա­կէ­տով մարդս միշտ «պա­կաս» մը պի­տի ու­նե­նայ, բնու­թեան մէջ միշտ «ան­ծա­նօթ» մը պի­տի յայտ­նուի բնա­կա­նօ­րէն։ Եւ այս աս­տուա­ծա­յին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ծրագ­րին յատ­կան­շա­կան մէկ պա­հանջքն է, Ա­րար­չին ու ա­րա­րա­ծին, Աս­տու­ծոյ եւ մար­դուն, Հօր եւ որ­դիի ի­րա­ւա­սու­թիւն­նե­րու սահ­մա­նը ո­րո­շող շեշ­տա­կի գի՛ծ մը…։

Սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, գի­տու­թիւ­նը կը նմա­նի հո­րի­զո­նին՝ այն գի­ծին, որ կար­ծես թէ հե­ռո՜ւն՝ եր­կիր­քը ու եր­կի­րը կը միաց­նէ։ Եր­բեք փոր­ձա՞ծ էք հաս­նիլ հո­րի­զո­նին, այդ խորհր­դա­ւոր «գիծ»ին։ Ե­թէ փոր­ձած չէք, խնդրեմ, ան­գամ մը փոր­ձե­ցէ՛ք եւ պի­տի տես­նէք, որ ան­կա­րե­լի է հաս­նիլ այդ խորհր­դա­ւոր գի­ծին եւ որ­քան մօ­տե­ցած կար­ծէք, ա՛յն­քան կը հե­ռա­նայ ա­նի­կա ձեզ­մէ։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ, այդ գի­ծը կը ներ­կա­յաց­նէ «գի­տու­թիւն»ը՝ իր ա­մե­նա­լայն ի­մաս­տով, եւ կա­րե­լի չ՚ըլ­լար կա­տա­րե­լա­պէս հաս­նիլ ա­նոր։

Այս ի­մաս­տով՝ «հո­րի­զոն» եւ «գի­տու­թիւն» մեր­ձի­մաստ եւ հա­ման­ման ի­րո­ղու­թիւն­ներ ու ըմբռ­նում­ներ են ըստ էու­թեան եւ ըստ բնու­թեան։

Եւ ին­չո՞ւ այս­քան եր­կա՜ր խորհր­դա­ծու­թիւն «Սուրբ Հա­ղոր­դու­թիւն» խո­րագ­րին ներ­քեւ։

Նախ սա է պատ­ճա­ռը, թէ՝ Սուրբ Հա­ղոր­դու­թիւ­նը «խոր­հուրդ» մըն է եւ կա­րե­լի չէ մար­դուս հա­մար, մարդ­կա­յին մտ­­քին հա­մար հաս­նիլ ու թա­փան­ցել ա­նոր ի­մաս­տին լրիւ, ամ­բող­ջու­թեամբ։

Եւ թե­րեւս իւ­րա­քան­չիւր խորհր­դա­ծու­թեան՝ ան­կէ մաս մը, կա­թիլ մը ըմբռ­նել…։

Յե­տոյ, մեր վե­րո­յի­շեալ խորհր­դա­ծու­թեան պատ­ճա­ռը սա է. ո՛չ մէկ գի­տե­լիք բա­ցար­ձակ եւ վերջ­նա­կան պէտք չէ՛ նկա­տուի, գո­նէ «ստո­րա­կէտ»ով մը բաց թո­ղուի այդ գի­տե­լի­քին եւ ծա­նօ­թու­թեան յա­ւե­լուա­ծա­կան­նե­րու հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը, ո­րոնք ան­պայ­մա՛ն պի­տի ըլ­լան…։

Եւ եր­բեմն «ա­մե­նա­գէտ»ներ ալ կը սխա­լին։

Եւ այս իսկ կը նշա­նա­կէ՝ թէ կարգ մը գի­տե­լիք­ներ, ծա­նօ­թու­թիւն­ներ, տե­ղե­կու­թիւն­ներ կրկնել օգ­տա­կար է եւ եր­բե՛ք ձանձ­րա­ցու­ցիչ։ Ուս­տի կրկնու­թիւն­ներ բա­րե­պա­տեհ ա­ռիթ­ներ են մար­դուս չգիտ­ցած­նե­րուն կամ սխալ ու պա­կաս գիտ­ցած­նե­րուն անդ­րա­դառ­նա­լու, ա­նոնց մա­նա­ւա՛նդ, որ ի­րենք զի­րենք ա­մե­նա­գէտ ու մաս­նա­գէտ հռչա­կած՝ շլա­ցու­ցած են միա­միտ­նե­րը։

Յի­սուս Քրիս­տոս կ՚ը­սէ. «Ով որ մար­մի­նէս կ՚ու­տէ եւ ա­րիւ­նէս կը խմէ՝ յա­ւի­տե­նա­կան կեանք կ՚ու­նե­նայ եւ ես ա­նոր յա­րու­թիւն պի­տի տամ վեր­ջին օ­րը, քա­նի մար­մինս ճշմա­րիտ կե­րա­կուր է եւ ա­րիւնս՝ ճշմա­րիտ խմե­լիք։ Ով որ մար­մի­նէս կ՚ու­տէ եւ ա­րիւ­նէս կը խմէ՝ մէ՛ջս կը բնա­կի եւ ես՝ ա­նոր մէջ։ Ինչ­պէս Հայ­րը, որ զիս ղրկեց, կ՚ապ­րի, ես ալ իր­մով կ՚ապ­րիմ։ Նմա­նա­պէս, ով որ իմ մար­մի­նէս կ՚ու­տէ՝ պի­տի ապ­րի ինձ­մով։ Ա՛յս է եր­կին­քէն ի­ջած հա­ցը» (ՅՈՎՀ. Զ 54-58)։

­Սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, երբ կը «հա­ղոր­դուիք» Ա­ւե­տա­րա­նի այս հա­տուա­ծը, Քրիս­տո­սի այս խօս­քե­րը ան­գամ մը եւս, եւ կրկին ու կրկին կար­դա­ցէք եւ խորհր­դա­ծե­ցէք ա­նոր մա­սին։ Ը­սեմ՝ գի­տակ­ցա­բար, ամ­բողջ հո­գիով զգա­լով եւ ամ­բողջ միտ­քով խոր­հե­լով, թէ ի՛նչ Էու­թեան մը հետ է որ կը հա­ղոր­դուիք, կը խորհր­դակ­ցուիք այդ խորհր­դա­ւոր պա­հուն. «Աս­տուած ձեր մէջ եւ դուք Աս­տու­ծոյ մէջ…», եւ այս ի­րո­ղու­թե­նէն ա­ւե­լի վե­հը, ա­ւե­լի խորհր­դա­ւո­րը, ա­ւե­լի ա­նի­մա­նա­լին կա­րե­լի՞ է ե­րե­ւա­կա­յել, կա­րե­լի՞ է ապ­րիլ մար­դուս հա­մար։

Հա­ղոր­դու­թեան այդ պա­հուն, խնդրեմ, յի­շե­ցէ՛ք Քրիս­տո­սի խօս­քը. «Ես ձեր մէջ, դուք իմ մէ­ջը»։

­Սուրբ Հա­ղոր­դու­թեան երբ պարզ «ձե­ւա­պաշ­տա­կան ի­րո­ղու­թեան» մը կեր­պով կը մօ­տե­նայ մէ­կը, կը հարց­նեմ սի­րե­լի՜­ներ, ո՞ր­քան կը հաս­նի իր նպա­տա­կին, ո՞ր­քան կրնայ ըն­դու­նիլ Յի­սու­սը իր մէջ, եւ ինք ինչ­պէ՞ս կրնայ բնա­կիլ Յի­սու­սի մէջ, ո՞ր­քան հա­ղոր­դուած կ՚ըլ­լայ՝ իր իս­կա­կան եւ հո­գե­ւոր ի­մաս­տով։

Հա­ղոր­դուե­լու այդ խորհր­դա­ւոր պա­հը լիու­լի պէտք է զգայ, գի­տակ­ցի ա­նոր վե­հու­թեան եւ ապ­րի մէ­կը՝ որ կա­րե­նայ հաս­նիլ իր նպա­տա­կին, ի­րա­պէս «հա­ղոր­դակ­ցի՛» Ա­նոր հետ, Ան իր մէջ եւ ինք՝ Ա­նոր մէջ։ Հա­ղոր­դուո­ղը պէ՛տք է ի­րա­պէս հա­ղոր­դակ­ցի Աս­տու­ծոյ հետ, գիտ­նայ, զգայ, ապ­րի՛ այդ պա­հը։ Գիտ­նայ եւ զգա՛յ, թէ Սուրբ Հա­ղոր­դու­թիւ­նը ու­նի Աս­տու­ծոյ հետ միա­նա­լու, հա­ղոր­դակ­ցե­լու եւ «մէկ մար­մին» ըլ­լա­լու ի­մաստ։

Եւ ան­կեղ­ծօ­րէն խոս­տո­վա­նինք Սուրբ Հա­ղոր­դու­թիւն մա­տա­կա­րե­լու պա­հուն, ո՛չ միայն հա­ղոր­դուո­ղը այլ, Սուրբ Հա­ղոր­դու­թիւն մա­տա­կա­րա­րող սպա­սա­ւո՛րն ալ պէ՛տք է զգայ ու գի­տակ­ցի այդ խորհր­դա­ւոր պա­հուն վե­հու­թիւ­նը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետ­րուար 19, 2016, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Մարտ 3, 2016