ԼԵԶՈՒՆ ԶՍՊԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ
Լեզուն զսպել, խօսքի չափը գիտնալ առաքինութիւն է, որ մարդս կ՚ազնուացնէ, լուրջ եւ վստահելի կը դարձնէ։ Լեզուն պահպանել, լեզուին տէրը ըլլալ կը նշանակէ, այն ի՛նչ որ ծանրախոհ, խոհեմ եւ ողջամիտ մարդ ըլլալու նշան մըն է։ Արդարեւ, լեզուն զսպել, խօսքը կշռել հասուն մարդու նկարագիր մըն է եւ վստահութիւն ներշնչող անձնաւորութեան մը ապացո՛յցը։
Այս մասին կ՚արժէ յիշել Յիսուսի խօսքերը որ կ՚ըսէ.
«Բերնէն մտածը չէ՛ որ կը պղծէ մարդը, այլ ի՛նչ որ դուրս կ՚ելլէ բերնէն՝ ա՛յն է որ կը պղծէ մարդը» (ՄԱՏԹ. ԺԳ 11)։ Այս կը նշանակէ, թէ՝ մարդուս բերնէն ելածը սրտէն դուրս կու գայ եւ կ՚արատաւորէ մարդը (ՄԱՏԹ. ԺԳ 18)։
Ուրեմն մարդ պարտի ուշադի՛ր եւ զգոյշ ըլլալ իր լեզուին, որ կրնայ ամենածանր կերպով վիրաւորել ուրիշները, նոյնիսկ մարմնական վիրաւորանքէ ալ աւելի՛։
Թէ ի՞նչ կը նշանակէ լեզուն զսպել, լեզուն պահպանել եւ կամ լեզուին տէր ըլլալ։
Լեզուն զսպել կը նշանակէ՝ հեռու մնալ անէծքներէ, բամբասանքներէ, ստախօսութենէ, սուտ վկայութիւններէ, հայհոյաբանութենէ եւ պղծախօսութենէ, մէկ խօսքով՝ լեզուն «մաքո՛ւր» պահել։
Ուստի, Յակոբոս Առաքեալ իր Ընդհանրական Նամակին մէջ սապէս կ՚ըսէ.
«Նոյնպէս ալ լեզուն, թէեւ փոքր անդամ մըն է, բայց մեծամեծ բաներով կը պարծենայ։ Գիտէք, թէ պզտիկ կայծը հսկայ անտառ մը կրնայ հրդեհել։ Լեզուն ալ կրակ է։ Անիրաւութեան աշխարհ մըն է անիկա։ Թէեւ պարզ մէկ անդամն է մարմինին, բայց ամբողջ մարդը կ՚ապականէ, եւ գեհենի կրակով բռնկած՝ մեր ամբողջ կեանքը կրակով կը վառէ։
«Բոլոր տեսակի գազանները, թռչունները, սողունները եւ ծովային կենդանիները նուաճուած են մարդուն կողմէ եւ կը հնազանդին անոր։
«Բայց ո՛չ ոք կրնայ հնազանդեցնել մարդկային լեզուն, որ չար է, անզսպելի եւ մահացու թոյնով լեցո՛ւն։ Անով կ՚օրհնենք մեր Տէրը եւ Հայրն Աստուած, եւ դարձեալ անով կ՚անիծենք մարդիկը, որոնք Աստուծոյ նմանութեամբ ստեղծուած են։ Այսինքն՝ նո՛յն բերանէն կ՚ելլեն թէ՛ օրհնութիւնը եւ թէ՛ անէծքը։
«Ասիկա ճիշդ չէ՛ սակայն, եղբայրներս։
«Միթէ աղբիւր մը միեւնոյն ակէն քաղցր եւ դառն ջուր կը բխէ՞։ Կարելի՞ բան է, եղբայրներս, որ թզենին ձիթապտուղ տայ, կամ որթատունկը՝ թուզ։
«Նմանապէս կարելի չէ՛ որ աղուտ հողէն քաղցր ջուր բղխի» (ՅԱԿՈԲՈՍ, Գ 5-12)։
Եւ այս իսկ պատճառով է, որ մարդ իր խօսքը պէ՛տք է կշռէ, եւ իր ըսելիքը որոշելէ առաջ՝ որոշելու է, թէ՝ ի՛նչ պէտք է չըսէ։ Ուրեմն մարդ խօսելէ առաջ պէտք է խորհի, մտածէ եւ հակակշռէ իր խօսքերը՝ որ կը նշանակէ «զսպել լեզուն»։ Ասոր համար ըսուած է, թէ մարդ պէտք է տասն անգամ խորհի եւ մէկ անգամ խօսի։
Ինչպէս Յիսուս կ՚ըսէ, մարդկային լեզուի աղբիւրը սի՛րտն է, մարդ կը խօսի իր սրտին թելադրանքով, դրդրանքով։ Ուստի մի՛ հաւատաք այն մարդուն, որ դիմացինին զգացումները եւ արժանապատուութիւնը վիրաւորելէ յետոյ կ՚ըսէ. «Մի՛ նայիք լեզուիս, սիրտս մաքուր է»։ Սո՛ւտ է։ Այդպէս ըսող մէկը նախ ինքզինք, յետոյ իր դիմացինը կը խաբէ՝ անկեղծ չէ, քանի որ մարդ կը խօսի այն՝ ի՛նչ որ սրտէն կը բղխի. լեզուն եւ սիրտը միշտ համընթաց են, իրարու համաձայն կը գործեն։
Ապա ուրեմն, եթէ լեզուն իր պատգամը սրտէն կը ստանայ, անհրաժե՛շտ է, որ սիրտը լեցուած ըլլայ ազնիւ մտածումներով, մաքուր զգացումներով, որպէսզի ան մնայ իր դաստիարակողի եւ ուղեցոյցի դերին մէջ։
Կը պատմուի, թէ օր մը Աթենացի իմաստասէրներէն մէկը կը մօտենայ Սոկրատ իմաստասէրին եւ կը սկսի ծանր եւ վիրաւորիչ խօսքերով զրպարտել իր ընկերակիցներէն մէկուն մասին։ Մեծանուն յոյն իմաստասէրը, անմիջապէս կը միջամտէ, որ ան իր զրպարտութիւնները դադրեցնէ եւ կը կտրէ անոր խօսքը եւ կ՚ըսէ.
«Այս բոլոր տեղեկութիւնները, որոնք ինծի կու տաս, նախապէս երեք մաղերէ անցուցի՞ր»։
Աթենացին շուարած կը պատասխանէ.
«Չեմ գիտեր այդ երեք մաղերը, ի՞նչեր են անոնք»։
Սոկրատ կը սկսի բացատրել.
«Լսէ՛, առաջին մաղը ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ մաղն է։ Քաղած տեղեկութիւններդ ստուգեցի՞ր, ստացած լուրերդ ճի՞շդ են»։
«Ո՛չ, միայն լսածս փոխանցեցի ձեզի», կը պատասխանէ Աթենացի իմաստասէրը։
Սոկրատ կը շարունակէ, բարկացած.
«Երկրորդ՝ ԱՌԱՔԻՆՈՒԹԵԱՆ մաղէն անցուցի՞ր, թէ ի՞նչ օգուտ պիտի տան քեզի եւ կամ ի՞նչ վնաս պիտի պատճառեն այդ զրպարտութիւնները»։
Աւելի շատ շուարած էր Աթենացին, ըսաւ.
«Դժբախտաբար չմտածեցի այդ մասին»։
Սոկրատ շարունակեց իր խօսքը.
«Երրորդ՝ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԵԱՆ մաղէն անցուցի՞ր, թէ այդ լսած տեղեկութիւններդ պէ՞տք էր որ հրապարակէիր կամ ո՛չ»։
Աթենացիին պատասխանը դարձեալ ժխտական էր, ան չէր խորհած նաեւ այդ մասին։
Ուստի Սոկրատ կ՚ըսէ. «Քանի որ այս երեք մաղերը չգործածեցիր, որ ճշդես տարաձայնութիւններու աղբիւրը, բառ մը իսկ աւելի լսել չեմ ուզեր այլեւս…»։
Ո՜րքան պատշաճ եւ արդար կ՚ըլլար, եթէ մենք ալ Սոկրատի իմաստութեամբ դիմագրաւէինք կեանքի բոլոր փորձութիւնները եւ մաղէ անցընէինք տարաձայնութիւնները, զրպարտութիւնները եւ մեղադրանքները՝ որով շատ անգամ կը մրոտենք անմեղ ու պարկեշտ մարդոց անունը. զանոնք անիրաւ կերպով մրոտելէ առաջ պէտք է ստուգենք խօսուածներուն ճշդութիւնը։
Աստուած, հակառակ որ մարդուս տուած է երկու աչք, երկու ձեռք, երկու ոտք՝ որ եթէ մէկը վնասուի, միւսը կարենայ գործածել, բայց ո՜րքան հետաքրքրական է, որ տուած է երկու ականջ եւ մէ՛կ լեզու, որպէսզի շա՛տ լսենք եւ քի՛չ խօսինք։
Արդարեւ Առակախօսը կ՚ըսէ.
«Խաղաղասէր լեզուն կեանքի ծառ է, բայց խռովարար լեզուն սիրտ կը կոտրէ» (ԱՌԱԿ. ԺԵ 4)։
Ուրեմն, ջանանք զսպել մեր լեզուն, կշիռ դնենք մեր խօսքին, աշխահինք մաքուր եւ անարատ պահել մեր սիրտը՝ որ աղբիւրն է լազուին։ Եւ անկեղծութեամբ վարուինք մեր շուրջիններուն հետ։ Քաղցր լեզուն սրտերու մխիթարութիւն եւ սփոփանք է։
«Մեղմ պատասխանը սրտմտութիւնը կ՚իջեցնէ, բայց խիստ խօսքը բարկութիւնը կը գրգռէ» (ԱՌԱԿ. ԺԵ 1)։
Խօսքով չվիրաւորե՛նք զիրար…։
- Մասամբ օգտուեցանք Յովսէփ Ա. Քահանայ Յակոբեանի քարոզներէն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 27, 2017, Իսթանպուլ