ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՎՐԴՈՎՈՒՄԸ

Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ գալստեան յիշատակը մշտադալար եւ օծուն ձիթենիի շիւղերով եւ արմաւենիի ոստերուն հիւսքերով վերակենդանացուց Եկեղեցին։ Երբ կը վկայենք այս ոգեւորութեան, կը վերյիշենք նաեւ Քրիստոսի արդար վրդովումը եւ նախանձախնդրութիւնը Տաճարին մաքրագործութեան գործին նկատմամբ։

Երուսաղէմի վրայ լացած էր Յիսուս. (ՄԱՏԹ. ԻԳ 37-39) եւ (ՂՈՒԿ. ԺԳ 34-35), վճռած էր, Տաճարին դատակնիքը, եւ հիմա, ահաւասիկ, առանց շուարելու եւ առանց շլանալու դղրդեցուցիչ ցոյցերէ, երբ կը մտնէ Տաճար, կը վրդովի, քանի որ կը տեսնէ, որ «Աստուծոյ անունով ամէն ինչ եղած էր շահու աղբիւր, առարկա՛յ շահագործութեան, շահավաճառութեա՛ն»։

Տաճարին արտաքին սրահներուն եւ բակին մէջ ոչխարներ, արջառներ եւ աղաւնիներ կը ծախուէին զատկական գառի, զոհի եւ նուէրի համար, լումայափոխներ սեղաններ հաստատեր էին օրինական եւ մանրուք դրամ հայթայթելու դիտումով ուխտաւորներու մեծ բազմութեան՝ որոնք Զատկի առթիւ կու գային ամէն կողմերէ, հեռո՜ւներէն եւ մօտերէն, որոնց համար ստուգիւ մեծ դիւրութիւն մըն էր այսպիսի կարգադրութիւն մը, որ տեղի կ՚ունենար գիտութեամբ ե՛ւ հաւանութեամբ Տաճարի վերակացուներուն։

Սրբավայրերու մէջ եւ շուրջը այսպիսի դիւրութիւններ միշտ կ՚ընծայուին հաւատացեալներու, նոյնիսկ եկեղեցիներու մէջ մոմերու հայթայթումը անգայթակղելի եւ շատ բնական եւ սովորական է ժողովուրդին համար։

«Զատկի առթիւ, զոր օրինակ, եկեղեցւոյ անմիջապէս մօտիկ փողոցները Աւագ շաբթու մէջ, մանաւա՛նդ Աւագ Հինգշաբթիէն մինչեւ Ճրագալոյցի երեկոյ, մաս մըն ալ մինչեւ Զատկի առտու, պարզապէս շուկայի երեւոյթ մը կ՚առնէին, ծախուած բաներու մէջ եկեղեցւոյ վերաբերեալներէն միայն խունկը եւ մոմը կը գտնուէին, բոլոր մնացածները առտնին պահանջներու եւ պէտքերու համար բաներ էին Զատկի առթիւ», ինչպէս կը վկայէ Բաբգէն Ա. Կաթողիկոս, իր քարոզագիրքերուն մէջ։

Ասոնք, արդարեւ, հին ժամանակներէ ի վեր սրբավայրերու եւ ուխտավայրերու յատուկ մեծ հաւաքումներու ընթացքին սարքուած տօնավաճառները կը յիշեցնեն եւ անոնց վերջամնացութիւններն են այլազան եղանակաւորումներով եւ փոփոխութիւններով։ Եւ մեր օրերուն ալ կարելի է հանդիպիլ նման երեւոյթներու զանազան տեղեր։

Բայց այնպէս կ՚երեւի, թէ Երուսաղէմի Տաճարին մէջ եւ շուրջ կարգադրուած այսպիսի «դիւրութիւն» մը, եւ կամ «օգտակարութիւն» մը, շահագործական եւ շահավաճառութեան կատարեա՛լ կազմակերպութիւն մըն էր եղած, եւ անշուշտ ա՛յս էր, որ կը վրդովեցնէր Յիսուս Քրիստոսը՝ արդար վրդովումով մը, քանի որ Ան ամենեւի՛ն անիրաւ եւ անարդար չէր եւ չէ՛ր եղած որեւէ առթիւ. լա՛ւ գիտէր տիրող սովորութիւնները եւ օրէնքները, եւ Ինքն ալ վա՛րժ էր անոնց։

Ուրիշ կէտ մը՝ որ հետաքրքրական է գիտնալ, սա՛ է, թէ Տաճարի մաքրագործումը Ծաղկազարդի Կիրակիին յատուկ եւ միակ դէպք մը չէ՛։ Ուստի, Յիսուս Քրիստոս, Իր գործունեայ կեանքին առաջին Զատկին առթիւ, երբ Երուսաղէմ էր եկած, շինեց ծանօթ խարազանը, Տաճարի բակէն դո՛ւրս քշեց կենդանիները, տապալեց լումայափոխներու սեղանները, եւ զայրոյթը գրգռեց անոնց՝ որ շա՛հ ունէին այդ վաճառումներուն մէջ…։

Եւ ընդհանրապէս կ՚ընդունուի՝ թէ Յիսուս Քրիստոս քանի մը անգամ ըրած ըլլայ այդ մաքրագործո՛ւմը։

Իսկ Ծաղկազարդի կապուած «մաքրագործութեան» դէպքը տեղի ունեցած է Յիսուս Քրիստոսի գործունեայ կեանքին չորրորդ Զատկին առթիւ, եւ ժամանակագրական կարգով ալ Աւագ Երկուշաբթի օրը։ Ինչպէս կ՚երեւի այս տեղեկութիւններէն, Տաճարի մաքրագործութեան վերաբերեալ դէպքերը ամփոփուած եւ միացուած են Ծաղկազարդի պատմութեան մէջ եւ դէպքին վերաբերեալ աւետարանական ընթերցուածները կը կարդացուին Հայ Եկեղեւոյ մէջ Ծաղկազարդի Կիրակի օրը։

Պէ՛տք է նկատուի, որ Յիսուս Քրիստոսի այս գալստեան մէջ, ո՛չ միայն կը փառաբանուի եւ կը հռչակուի Անոր «մեսիական» պաշտօնը, այլ նաեւ կը շեշտուի «աստուածային պաշտամունք»ին պարզութիւնը եւ «Եկեղեցւոյ ազատութիւն»ը՝ բառին բովանդակ առումով եւ զօրութեամբ։ «Եկեղեցւոյ ազատութիւն»ը՝ ո՛չ թէ արտաքին ոտնձգութիւններէ, բան մը որ ինքնին հասկնալի է, այլ եւ մանաւա՛նդ ներքին բռնաբարումներ՝ նոյն ինքն այդ Եկեղեցւոյ պաշտօնեաներուն եւ զաւակներուն կողմէ։

Եւ ներքին բռնաբարութիւնը շատ աւելի՛ ցաւալի եւ վիրաւորի՛չ է՝ քան արտաքին բռնաբարումները…։

Քրիստոս կը հռչակէ, թէ Աստուծոյ տունը աղօթքի՛ տուն է սկիզբէն ի վեր, եւ պէտք է, որ մնայ եւ պահուի իբրեւ աղօթքի տուն։ Աղօթքէ տարբեր նպատակներու ծառայեցումը եկեղեցիին, շահագործումը, կը նշանակէ «աւազակներու այր կամ որջ ընել զայն»։ Յիսուս Քրիստոս դիտած է միշտ, որ Տաճարը՝ Աստուծոյ տունը կը շահագործուէր, աղօթատունէ աւելի «շահատուն» կամ «վաճառատուն» մըն էր եղած, մարդիկ, ընդհանրապէս, իրենց բովանդակ ուշադրութիւնը եւ խնամքը նուիրած էին նիւթական շահեր ապահովելու Աստուծոյ Տան մէջ, «Տուն» մը՝ ուր «Աղօթք»ը միայն արժէք պիտի ունենար…։

Սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, անկեղծ ըլլանք, արդեօք Յիսուս Քրիստոսի մաքրագործած Տաճարէն աւելի մաքրագործումի պէտքը չի զգացուի՞ր այսօր, եւ եթէ Յիսուս Քրիստոս մարմնապէս ներկայ ըլլար, շատ տարբեր պիտի վարուէ՞ր ներկայ վիճակով Եկեղեցւոյ նկատմամբ։ Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը եւ վկայութիւններ ցոյց կու տան, թէ բաւական մտահոգիչ է տեսարանը, մինչեւ իսկ դա՛ռն է իրականութիւնը։

Այս մասին, անշուշտ պէտք չէ յոռետես ըլլալ, բայց պէ՛տք է իրատես ըլլալ՝ տեսնել իրականութիւնը եւ ըստ այնմ դարման եւ ճար փնտռել՝ ելք մը գտնել փարատելու համար ամէն մտահոգութիւն այս մասին։ Ճար եւ հնարք ստեղծել՝ Եկեղեցիին ապահով տեւականացումը ապահովելու համար։

Այո՛, ստոյգ է, որ այսօր եկեղեցիներուն արտաքին սրահներուն եւ գաւիթներուն մէջ զոհի կենդանիներ չեն վաճառուիր, եւ ո՛չ ալ լումայափոխներու սեղաններ շարուած են, փա՜ռք Աստուծոյ, այսօր հին հասկացողութեամբ զոհագործութիւն, հին կամ նոր որեւէ ձեւի տակ կարելի չէ տեսնել. ինչպէս չեն տեսնուիր լումայափոխներու նմանները։

Բայց, ընդհանրապէս, բացի յատուկ օրերէ, եկեղեցիները թափուր են. ժողովուրդը կորսնցուցած է եկեղեցի յաճախելու սովորութիւնը, ներքին խաղաղութիւնը իր տեղը փոխանցած է կռիւի՝ ուր կը տեսնուին կռուողներ եկեղեցւոյ անունով, եկեղեցին պատրուակելով կռուողներ, որոնք եկեղեցւոյ շահը չեն խորհիր, եւ արդէն եթէ խորհէին՝ չէին կռուեր։

«Եկեղեցւոյ ազատութիւն»ը շնորհ մըն է՝ ազնիւ եւ առաքինի կեանքի մը ստուգանիշը։ Եւ եկեղեցւոյ ազատութիւնը ձեռք բերուեցաւ զոհողութիւններով, աշխատանքով, նուիրումով։ Բայց «Եկեղեցւոյ ազատութեան» ամենամեծ արգելքը եղած է նաեւ «ներքին ոտնձգութիւն»ներ՝ ներքին կռիւներ։ Եւ դժբախտաբար, սա իրականութիւն մըն է, թէ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան ամենէն ուշագրաւ եւ նշանակելի երեւոյթներէն մէկն է, եւ գլխաւորը այս անիմաստ, վնասակար «կռիւ»ը։

Արդարեւ Եկեղեցին պէտք է ազատ եւ անկախ ըլլայ ամէն նկատումէ, եւ մանաւա՛նդ անձնական շահու նկատումներէ եւ շահագործումներէ։ Եկեղեցւոյ «ազատութիւն»ը եւ «անկախութիւն»ը իր լայն առումով ա՛յս կը նշանակէ։ Եւ այս իմաստով, Եկեղեցին պէտք է անձեռնմխելի ըլլայ եւ վե՛ր ամէն շահէ, քանի որ Եկեղեցին ո՛չ միայն Աստուծոյ Տունն է, այլ նաեւ Աղօթքի Տուն եւ ժողովուրդին համար հոգեւոր ապաւէն մը՝ հաւասարութեան, արդարութեան, խաղաղութեան եւ անշուշտ, հոգեւոր ազատութեան եւ եղբայրութեան, մարդասիրութեան ազատ եւ անկախ սրբավա՛յր մը։

Բայց, յաճախ, դժբախտաբա՛ր, նոյն ինքն Եկեղեցւոյ հարազատ զաւակներն են, որ կը խաթարեն անոր աւանդական բարեկարգութիւնը, սրբութիւնը, կը խափանեն անոր պայծառութիւնը եւ ազատութիւնը, եւ ահաւասի՛կ այս է, որ ցաւ կը պատճառէ անկեղծ եւ անշահախնդիր եկեղեցասէրներուն, եւ կը յիշեցնեն Եկեղեցին շահագործողներուն՝ Փրկչին «Խարազա՛ն»ը եւ Տաճարին մաքրագործութիւնը…։

- Մեծ մասամբ օգտուեցանք եւ ներշնչուեցանք՝ Բաբգէն Ա. Կաթողիկոսի «Մեծ պահոց քարոզներ»էն։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ, 29, 2018, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2018