«ՏԷՐՈՒՆԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ»ԻՆ ՄԷՋ ՍԽԱԼ ՄԸ
Ենթադրեցէ՛ք պահ մը, որ համարձակութիւնը ունենամ ըսելու, որ «Տէրունական» աղօթքին մէջ սխալ մը գոյութիւն ունի. եթէ ապրած ըլլայի մի քանի դարեր առաջ վստահաբար նզովքի կ՚արժանանայի եւ բազմաթիւներու կողքին ինծի համար ալ «Նզովեալ եղիցի» կ՚երգէին դպիրները (սէր, եղբայրութիւն ու ներողամտութիւն քարոզող մեր հաւատքին համար նզովելը ինչքանով տրամաբանական է՝ այլ հարց է):
Սակայն «Տէրունական» աղօթքին մէջ գոյութիւն ունի տող մը, որ դարեր շարունակ մտածել տուած է մարդոց մասին եւ հաւանաբար քաջալերած ճակատագիրի թէզը՝ հակասելով մեր հաւատացած «ազատութիւն» հասկացողութեան: Տող մը՝ որ մտածել կրնայ տալ, թէ մեր ազատ կամքէն անկախ մեր կեանքը առաջնորդող մը գոյութիւն ունի՝ որուն գծած ու որոշած ճամբով է, որ կ՚առաջնորդուինք:
«Եւ մի՛ տանիր զմեզ ի փորձութիւն»:
Երկար ժամանակ մարդոց միտքը չարչրկած է այն միտքը, որ Աստուած ի՞նք մեզ կ՚առաջնորդէ փորձութիւններու. այլապէս Աստուծոյ «եւ մի՛ տանիր» ըսելը Աստուծոյ գործին խառնուելու պէս բան մը չըլլա՞ր:
Եթէ Աստուած ինք է, որ մեզ փորձութիւններու կ՚առաջնորդէ, այդ պարագային ձեւով մը կ՚ոտնակոխուի մեր ազատութիւնը, որովհետեւ մենք կը հաւատանք, որ մեր կեանքի մէջ տեղի ունեցած ամէ՛ն բան արդիւնքն է մեր տուած որոշումներուն. սակայն եթէ Աստուած է մեզ առաջնորդողը ինչո՞ւ համար մեղադրել սեփական անձը՝ այդ փորձութիւններուն դիմաց տեղի ունեցած սայթաքումներուն:
Այս մէկը եկաւ հրահրելու Աւետարանի այն խօսքը, որ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս Սուրբ Հոգիին կողմէ Անապատ տարուեցաւ՝ Սատանայէն փորձուելու: Յիսուս իր ազատ կամքո՞վ գնաց փորձուելու, թէ նշուած «Սուրբ Հոգին» զինք առաջնորդեց այդտեղ. եթէ նկատի ունենանք Քրիստոսի մարդկային կողմը, կրնա՞յ ըլլալ մենք եւս մեր կեանքի ընթացքին կ՚առաջնորդուինք փորձութիւններու՝ Սուրբ Հոգիին կողմէ:
Հաւանաբար «մի՛ տանիր»ի փոխարէն «փրկէ» մը ըլլար աւելի տրամաբանական պիտի չըլլա՞ր, որովհետեւ «մի՛ տանիր»ը որպէս միջամտութիւն կրնայ դիտուիլ: Գուցէ նոյն նիւթը մարդոց միտքը չարչրկած ըլլար երկու հազար տարիներ առաջ, որուն դիմաց Յակոբոս առաքեալ կը գրէ.- «Մի՛ ոք որ ՛ի փորձութեան իցէ, ասիցէ՝ թէ յԱստուածոյ փորձիմ. զի Աստուած անփո՛րձ է չարեաց. փորձէ նա՝ եւ ո՛չ զոք» (Յակոբով 1:13):
Առաքեալին համաձայն, փորձութիւնները պէտք չէ Աստուծոյ կողմէ նկատել, որովհետեւ ըստ Յակոբոս առաքեալի Աստուած ոչ ոք կը փորձէ՝ մանաւանդ չարով:
Աստուած է առաջնորդողը թէ ոչ մէկ կողմ ձգելով ըսենք, որ մեր ժողովուրդը ունի սխալ հասկացողութիւն «Աստուծոյ կամք»ին. վստահաբար դո՛ւք եւս լսած կամ հանդիպած էք մարդոց, որոնք նոյնիսկ ամենէն վատ վիճակներուն մէջ «Աստուած այսպէս ուզեց», «Աստուծոյ կամքն է» ըսեն. երիտասարդ մը սխալ ընտրութիւն ընելով կը պսակուի եւ որոշ ժամանակ ետք հսկայական կռիւներէ ետք կ՚ամուսնալուծուի. Աստուծոյ կա՞մքն է. Աստուած այդ ամուսնութիւնը որպէս փորձութի՞ւն դրաւ այդ երիտասարդին դիմաց, թէ ոչ երիտասարդին սեփական որոշումներն ու համոզումները զինք հասցուցին հոն՝ ուր որ է:
Մեր մէջ տարածուած հիւանդութիւն է յաջողութիւնները սեփական անձին եւ ուժերուն վերագրել, սակայն ձախողութիւնները վերագրել Աստուծոյ, որովհետեւ մարդու հոգեբանութեան մաս կը կազմէ մեղսակից փնտռելը:
Նման հարցերուն դիմաց յաճախ մարդիկ հարց կու տան. եթէ Աստուած ինք չէ մեզ փորձութեան առաջնորդողը, ապա ինչո՞ւ համար մեզ չի փրկեր փորձութիւններէն՝ որպէսզի երջանիկ ու անվտանգ կեանք մը ունենանք: Երանելի պիտի ըլլար նման բան մը, սակայն եթէ Աստուած մեզմէ հեռու պահէր ամէն փորձութիւն, այդ պարագային մենք սեփական կամք չէինք ունենար, որովհետեւ մեզի տրուած է ազատութիւն՝ ընտրելու եւ զանազանելու չարը բարիէն, ճշմարտութիւնը՝ կեղծիքէն:
Վերջապէս մեզի համար պարզ է, որ «մի՛ տանիր զմեզ ի փորձութիւն»ը պէտք է թարգմանել այնպէս, որ «ո՜վ Տէր, չարիքը հեռու պահէ մեր անձերէն. ուժն ու կարողութիւնը տուր բարիով յաղթանակելու մեր դիմաց գծուած բոլոր փորձութիւններուն. մեր ճամբաները մի՛շտ բարիով առաջնորդէ»:
Կեանքի մէջ հիմնականը փորձութիւններու չհանդիպիլը չէ, այլ փորձութիւններէն յաղթական դուրս գալն է. թող հպարտանան ո՛չ թէ անոնք, որոնք ընդհանրապէս փորձութիւններէ հեռու են, այլ անոնք՝ որոնք փորձութեան մէջէն յաղթական դուրս գալու քաջութիւնը կ՚ունենան, որովհետեւ փորձութեան չհանդիպողը կրնայ առաջին իսկ փորձութեան դիմաց սայթաքիլ, մինչ յաղթողը ինքնավստահ շարունակել իր կեանքը: Կեանքը կեանք կը դառնայ իր փորձութիւններով, ցաւերով, վիշտերով ու հիմնականը անոնց դիմաց տարուած պայքարով:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -209-
Տակաւին 17-18 տարեկան էին, երբ նշանախօսութիւն մը ունեցայ. քիչ մը աղմկալից ընթացք մըն էր. տակաւին տարիքով փոքր ու անփորձ էի, սակայն համոզուած էինք, որ այդ մէկը «Աստուծոյ կամքն» էր. Աստուած ուզած էր, որ այդպէս ըլլար եւ ամէն բան իր կամքին համաձայն էր:
Սակայն աղմկալից վիճակը վերջ չգտաւ. հակառակ մեր կամքին ընտանիքներու միջեւ քաոսային վիճակ մը ստեղծուեցաւ եւ տարի մը վերջ վիճակը հասաւ այնտեղ՝ որ պէտք է որոշում կայացուէր. կամ մե՛նք, կամ մեր ընտանիքները: Վերջաւորութեան յաղթեց ընտանիքը եւ բաժանումը անխուսափելի եղաւ: Սակայն տարօրինակը այն էր, որ այդ բաժանումը նոյնիսկ «Աստուծոյ կամք»ն էր. Աստուած այդպէս ուզած էր որ՝ այդպէս եղած էր:
Կարծես Աստուած «գործ» բան չունենայ մեր միացումով եւ բաժանումով զբաղուած ըլլայ. մեր՝ Հայութեան համար Աստուած փոփոխամիտ է, որ նոյնիսկ իր «միացուցած»ը կրնայ տարի մը ետք «բաժանում»ի տանիլ. ահաւասիկ մեր Աստուածը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Վաղարշապատ