ՀՐԱՇՔԻ ՄԱՍԻՆ
Հրաշքի մասին յաճախ խորհրդածած ենք այս սիւնակներու մէջ։ Հրաշքը, երբեմն անիմանալի, երբեմն բացայայտ երեւոյթ մըն է մարդկային կեանքին մէջ, նաեւ բնութեան մէջ, որ միշտ կը պատահի։ Հոգեւոր աչքով դիտողներու համար հրաշքը իրողութիւն մըն է. անոնք կ՚անդրադառնան այդ երեւոյթին եւ գիտեն, որ ո՞ւրկէ է այդ հրաշալի երեւոյթը։ Անոնք գիտեն, որ ամէն օր հրաշք մը կը պատահի, եւ աղօթքը հրաշքի պատճա՛ռն է, քանի որ անկարելի բան չկայ Աստուծոյ համար, եւ թէ ոչ մէկ բան անկարելի է, երբ Աստուած մեզի հետ է։ Աստուած մի՛շտ մեզի հետ է, ապա ուրեմն ամէն պահ կրնայ հրա՛շք մը պատահիլ։
François Marie Arouet, Voltaire գրչանունով հեղինակած «Dictionnaire Philosophique, 1764», իմաստասիրական բառարանին «Miracles»՝ «Հրաշքներ» հատուածին մէջ կը գրէ, թէ՝ հրաշքը, բառին բուն իմաստով, հիացում պատճառող երեւոյթ մըն է։ Ասիկա կը նշանակէ, որ ամէն բան հրաշք է։ Բնութեան զարմանալի համակարգը, միլիոնաւոր արեւային դրութիւնները, լոյսին տիրապետութիւնը, կեանքը անվերջ հրաշքներ են։
Voltaire, այս խօսքերով ըսել կ՚ուզէ, որ բնութիւնը ինքնին հրա՛շք մըն է։ Այս ալ կը նշանակէ, որ հրաշքը ամէն պահ կրնայ կատարուիլ, հակառակ որ շատեր կ՚ըսեն, թէ հրաշքը հին ժամանակներ կատարուած երեւոյթ մըն է, թերեւս առասպել՝ շինծու պատմութիւն, եւ մեր օրերուն հրաշք չի տեսնուիր։ Բայց կեանքի փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ առօրեայ կեանքին մէջ կը հանդիպինք զանազան հրաշքներու։ Մեր իւրաքանչիւրին ապրած կեանքին մէջ յաճախ չե՞ն եղած դէպքեր, երեւոյթներ, որոնց դէմ գոչած, բացագանչած են. «անկարելի՛ բան. հրա՛շք…»։
Ուրեմն, կեանքը մեզի ցոյց կու տայ, որ բնութեան մէջ «հրաշք»ը միշտ կայ եւ պիտի ըլլա՛յ։
Բնութեան մէջ ոչ մէկ դէպք առանց պատճառի կը պատահի, այսինքն Աստուծոյ կատարած ամէն բան անպայման պատճառ մը ունի։ Ուրեմն կատարուած բան մը փոխելու համար ի՞նչ պարտադիր պայման, արդար պատճառ կրնայ ըլլալ։
Այդ փոփոխութիւնը կ՚ըլլայ մարդուն օգտին համար։
Բայց այս կէտին Voltaire կը հարցնէ, թէ ինչո՞ւ կարգ մը մարդոց օգտին համար Աստուած այդ փոփոխութիւնը կ՚ընէ եւ բոլորին համար չ՚ըներ։
Նախ, այդ փոփոխութիւնը Աստուած կը կատարէ իր անսահման կարողութիւնը ցոյց տալու եւ այդ ուղղութեամբ իր կամքը յայտնելու համար։ «Այդ հիւանդութիւնը ո՛չ թէ մահուան, այլ Աստուծոյ փառքին պիտի ծառայէ եւ պատճառ պիտի ըլլայ որ Աստուծոյ Որդին փառաւորուի». (ՅՈՎՀ. ԺԱ 4)։
Արդարեւ, հիւանդութիւն եւ ամէն ձախողութիւն Աստուծոյ փառքին համար է, այն՝ որ Աստուած ամենակարող է։
Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս (13 նոյեմբեր 354-28 օգոստոս 430), հրաշքներու մասին կ՚ըսէ. «Հին ժամանակներ կատարուած հրաշքներ հիմա ինչո՞ւ չի կատարուիր։ Այս հարցումին կարելի է պատասխանել, թէ երբ աշխարհի վրայ հաւատք չկար, որպէսզի աշխարհ հաւատայ, ասոնք անհրաժեշտ էին»։
Հրաշքի մասին խորհրդածել, տեսութիւններ յայտնել, հրաշքի բնոյթին մասին գաղափարներ ունենալ, կարելի է, քանի որ հաւատալով պէտք է հասկնալ եւ հասկնալով հաւատալ. բայց սա անուրանալի ճշմարտութիւն է, թէ Յիսուս Քրիստոս անվիճելի հրաշքներ կատարած է, եւ որովհետեւ Ան կենդանի Աստուած է, այսօր ալ հրաշք կը կատարուի։
Հաւատալու շարժառիթը այն չէ, որ յայտնեալ ճշմարտութիւնները մեր բնական բանականութեան լոյսին տակ մեզի ճշմարիտ եւ իմանալի երեւին։ Մենք կը հաւատանք յայտնութիւն կատարող Աստուծոյ հեղինակութեան պատճառով, որ կրնայ ո՛չ մոլորիլ, ո՛չ ալ մեզ մոլորեցնել։
Սակայն որպէսզի մեր հաւատքին մատուցած մեծարանքը մեր խելքին եւ բանականութեան համապատասխան ըլլայ, Աստուած կ՚ուզէ, որ Սուրբ Հոգիին պարգեւած ներքին օգնութիւններուն զուգակցին Իր Յայտնութեան արտաքին փաստերը։ Այսպէս ուրեմն, Քրիստոսի եւ սուրբերուն հրաշքները (ՄԱՐԿ. ԺԶ 20), (ԵԲՐ. Բ 4), մարգարէութիւնները, Եկեղեցւոյ ծաւալումը եւ սրբութիւնը, անոր բեղմնաւորութիւնը եւ կայունութիւնը բոլորին իմացականութեան յարմարող ստոյգ նշաններ են յայտնութեան, պատճառներ են անոր հաւատալիութեան, որոնք ցոյց կու տան, թէ հաւատքին հաւանութիւնը ամենեւին մտքի կոյր մղում մը չէ՛։
Արդարեւ, ամէն ինչ Յիսուսի կեանքին մէջ նշան է Անոր խորհուրդին։ Անոր գործող շարժուձեւերուն, հրաշքներուն եւ խօսքերուն ընդմէջէն՝ բացայայտուեցաւ թէ՝ «Անոր մէջ մարմինով կը բնակի ամբողջ լիութիւնը աստուածութեան». (ԿՈՂ. Բ 9)։
Հրաշքը ձրի պարգեւ մը, մենաշնորհ մըն է. ինչ ալ ըլլայ անոր երբեմնի արտակարգ հանգամանքը, հրաշքին պարգեւը, պարգեւաշնորհի կարգուած է եւ իբրեւ նպատակ ունի «բարիք»ը…
Երբ կը խօսինք հրաշքի մասին, պէտք է նկատի ունենանք, որ «հրաշք»ը մարդոց տեսանկիւնէն պատահած դէպք մըն է, պատճառ-արդիւնքի սովորական յարաբերութենէն դուրս, ընդհանրապէս «անկարելի»ի մը կարելի դառնալը։
Բայց Աստուծոյ համար հրաշք չէ որեւէ բան, քանի որ Ան Ամենակարող է, եւ «հրաշք» տե՛սնուածը մարդուն կողմէ, Աստուծոյ աստուածային բնութեան բնական եւ սովորական հետեւանքն է. մէկ խօսքով՝ Աստուծոյ համար որեւէ բան «հրաշք» չէ՛…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 29, 2023, Իսթանպուլ