ԸՍՏ ՀԱՄՈԶՈՒՄԻՆ ԱՊՐԻԼ

Մարդ պէ՛տք է ապ­րի իր հա­մո­զում­նե­րուն, հա­ւա­տա­ցած­նե­րուն հա­մա­ձայն։ Ար­դա­րեւ ա­մէն անձ ու­նի ի­րեն յա­տուկ տե­սա­կէտ մը՝ հա­մո­զում մը եւ սկզբունք մը կեան­քի մա­սին։ Եւ որ­քան սխալ պի­տի ըլ­լար ապ­րիլ կեանք մը՝ որ չի հա­մա­պա­տաս­խա­ներ իր հա­մո­զում­նե­րուն եւ չի հա­մա­ձայ­նիր իր հա­ւա­տա­լիք­նե­րուն եւ սկզբունք­նե­րուն։ Ան­շուշտ որ ըն­կե­րա­յին կեան­քը ու­նի հա­սա­րա­կա­կան ընդ­հա­նուր սկզբունք­ներ եւ ան­հա­տը պէտք է հպա­տա­կի ա­նոնց, բայց կան նաեւ անձ­նա­կան հա­մո­զում­ներ՝ ո­րոնց պէտք է հա­մա­ձայ­նի ու գոր­ծադ­րէ ան­հա­տը, այն­քան ա­տեն որ ա­նոնք հա­կա­ռակ չեն ընդ­հա­նուր-հա­սա­րա­կա­կան կար­գե­րու եւ կա­նո­նե­րու։

Այս ի­մաս­տով «ըն­կե­րա­յին կեանք»ը կարգ մը զո­հո­ղու­թիւն­ներ կը պա­հան­ջէ ան­հա­տա­կան, իւ­րա­յա­տուկ հա­մո­զում­նե­րէ, տե­սա­կէտ­նե­րէ, սկզբունք­նե­րէ։

Այ­սուա­մե­նայ­նիւ, մարդ պէտք է տէր կանգ­նի իր հա­ւա­տա­լիք­նե­րուն, քա­նի որ մէ­կու մը մտա­ծու­մը, խօս­քը եւ գոր­ծը պէ՛տք է հա­մա­ձայն եւ զու­գըն­թաց ըլ­լան։ Այ­լա­պէս «կեղ­ծա­ւո­րու­թիւն» չէ՞ տար­բեր խոր­հիլ եւ տար­բեր խօ­սիլ, ու­րիշ կերպ խօ­սիլ եւ ու­րիշ ձե­ւով գոր­ծել։ Խա­բէու­թի՛ւն է այս, եւ այդ­պի­սի մէ­կը եր­բեք վստա­հու­թիւն չի ներշն­չեր շուր­ջին­նե­րուն։

Ուս­տի ա­ւե­լի՛ դիւ­րին է հա­ւա­տալ, սկզբուն­քի տէր ըլ­լալ եւ հաս­տատ հա­մո­զում մը ու­նե­նալ քան այդ հա­ւատ­քին, սկզբուն­քին կամ հա­մո­զու­մին հա­մա­ձայն ապ­րի­լը։ Այս ի­մաս­տով միայն մտա­ծել չի բա­ւեր, այլ պէ՛տք է նաեւ այդ մտա­ծու­մը գոր­ծի՝ գործ­նա­կա՛­նի վե­րա­ծել։ Ո՞վ է իս­կա­կան «բա­րի» մար­դը՝ միայն բա­րիի մա­սին խոր­հո՞­ղը, թէ բա­րի գործ մը կա­տա­րո­ղը։ Այն ար­ժէ­քը որ գործ­նա­կա­նի չի վե­րա­ծուիր, ու­րիշ­նե­րու օգ­տա­կա­րու­թեան չի տրուիր՝ «ար­ժէք» չի ներ­կա­յաց­ներ։ Ա­մէն գա­ղա­փար, ա­մէն սկզբունք, ու­րեմն ար­ժէք կը ստա­նայ ո՛չ միայն ար­տա­յայ­տուե­լով, այլ յատ­կա­պէ՛ս գոր­ծադ­րուե­լով։ «Բա­րի ըլ­լալ» ինք­նին չի բա­ւեր, այլ պէտք է նաեւ «բա­րի ապ­րիլ» եւ բա­րու­թիւ­նը տա­րա­ծել եւ օգ­տա­գոր­ծե­լի ը­նել բո­լո­րին։

Զոր օ­րի­նակ Պետ­րոս Ա­ռա­քեա­լի կեան­քը՝ միայն մէկ դա­սա­կան օ­րի­նակ՝ որ սե­րուն­դէ՜ սե­րունդ գրե­թէ ա­մէն քրիս­տո­նեա­յի կեան­քին մէջ կրկնուած է։

«Ո՞վ է Յի­սուս Քրիս­տոս»։ Այս հար­ցու­մին Պետ­րո­սի պա­տաս­խա­նը վճռա­կա՛ն է. «Որ­դի՛ն՝ կեն­դա­նի Աս­տու­ծոյ»։ Նոյ­նը՝ իւ­րա­քան­չիւր քրիս­տո­նեա­յի, ա­մէն մէկ հա­ւա­տա­ցեա­լի հա­մար։ Ուս­տի հա­ւա­տա­լի­քը «ար­ժէք» կը ստա­նայ, երբ զայն կ՚օգ­տա­գոր­ծէ՝ կեան­քի կը վե­րա­ծէ մարդ։ Եւ «Որ­դի՛ն՝ կեն­դա­նի Աս­տու­ծոյ» հաս­տատ հա­մո­զու­մին՝ հա­ւատ­քին վրայ կը հիմ­նուի քրիս­տո­նէա­կան կրօն­քին ամ­բողջ կա­ռու­ցուած­քը։

Ար­դա­րեւ Քրիս­տոս Աս­տու­ծոյ «պար­գեւ»ն էր մարդ­կու­թեան։ Եւ «պար­գեւ» մըն էր ան ո՛չ թէ մարդ­կու­թեան ո­րե­ւէ մէկ ար­ժա­նի­քին կամ գոր­ծին հա­մար, հա­պա՝ Աս­տու­ծոյ սէ­րը ա­պա­ցու­ցա­նե­լո՛ւ հա­մար։ Աս­տուած սի­րեց աշ­խար­հը եւ տուաւ ա­նոր պար­գե­ւը՝ Իր Միա­ծին Որ­դին։

Աս­տուած սի­րեց «ան­սի­րե­լի»ն՝ սի­րեց մե­ղա­ւոր, անհ­նա­զանդ մարդ­կու­թիւ­նը։ Նե­րեց ու սի­րեց, եւ կամ սի­րեց ու նե­րեց մե­ղա­ւոր մարդ­կու­թիւ­նը։ Ուս­տի նե­րե­լու հա­մար նախ պէտք է սի­րել, ե­թէ չսի­րէր, ին­չո՞ւ մարդ­կու­թիւ­նը իր մեղ­քե­րէն փրկե­լու փոյթ ու­նե­նար, հոգ տա­նէր, եւ ուս­տի ին­չո՞ւ զո­հուե­լու հա­մար ղրկէր Փրկի­չը՝ Որ­դի՛ն։

Այս­քա­նը բա­ցա­յայտ է։ Սէ­րը ե­թէ գոր­ծի, գոր­ծնա­կա­նի վե­րա­ծուի, ա­հա­ւա­սիկ այն ա­տեն «սէ՛ր» կ՚ըլ­լայ։

Ու­րեմն, բա­նա­կան է, ու­ղիղ մտա­ծո­ղու­թեամբ պար­տա­ւո­րիչ է հա­ւա­տա­լիք­նե­րու հա­մա­ձայն ապ­րիլ, կեանք վա­րել։ Սա­կայն հար­ցը այդ է, մար­դիկ կ՚ապ­րի՞ն ի­րենց հա­ւա­տա­լիք­նե­րուն, հա­մո­զում­նե­րուն հա­մա­ձայն։

Այս կէ­տին՝ ա­մէն անձ թող ինքն ի՛ր դա­տա­ւո­րը ըլ­լայ։

Եւ ե­թէ կը հա­ւա­տանք, թէ Յի­սուս Քրիս­տոս Աս­տու­ծոյ Որ­դին է, եւ ան­կէ ա­ռա­քեալ Փրկի­չը մե­ղա­ւոր­նե­րուս, ա­պա ու­րեմն պար­տինք «պաշ­տե՛լ» զԱյն։

Ու­նի՞նք պաշ­տա­մունք, զոր օ­րի­նակ՝ տան մէջ։ Ե­կե­ղե­ցի­ներ ու­նինք իբ­րեւ վայր հա­ւա­քա­կան ա­ղօթ­քի եւ պաշ­տա­մուն­քի։ Կը մաս­նակ­ցինք այս հա­ւա­քա­կան պաշ­տա­մունք­նե­րուն, բնա­կան է այս։ Հա­պա ա­ռան­ձին ա­ղօթ­քը, ան­հա­տա­կան պաշ­տա­մուն­քը, կը կա­տա­րուի՞ն։

Կ՚ը­սուի, թէ տու­նը, ըն­տա­նի­քը առտ­նին ե­կե­ղե­ցի մըն է։ Ի­րա­պէս, կա՜ր ժա­մա­նակ մը, երբ ա­մէն տուն «ըն­տա­նե­կան մա­տուռ» մըն էր, առտ­նին ե­կե­ղե­ցի մը նոյն ա­տեն, եւ հայ­րը կամ մայ­րը՝ քա­հա­նան, որ կ՚ա­ղօ­թէր իր ըն­տա­նի­քին բո­լոր ան­դամ­նե­րը իր շուր­ջը հա­ւա­քած, եւ զա­նոնք կը հրա­հան­գէր, կը լու­սա­ւո­րէր Ա­ւե­տա­րա­նի լոյս ճշմար­տու­թիւն­նե­րո­վը…։

Բայց… հի­մա մեր տու­նե­րուն մէջ խո­րան չու­նի Աս­տու­ծոյ Որ­դին։ Կը կար­ծուի, թէ հա­ւատ­քը միայն ո­րոշ տե­ղեր, ո­րոշ պա­հե­րու կը գոր­ծէ եւ ըստ այնմ կը գոր­ծադ­րուի։ Աս­տուած միայն իր տու­նը՝ ե­կե­ղե­ցին չէ՛, այլ ա­մէ­նու­րեք՝ հոն ուր կեանք կայ, կեն­դա­նու­թիւն կայ։ Այ­սօր պաշ­տա­մուն­քի մոմ մը իսկ, ճրագ մը, կան­թեղ մը իսկ չի պլպլար տու­նե­րու մէջ Ա­նոր հա­մար։ Ջա­հեր կը լու­սա­ւո­րեն տու­նե­րը, եւ սա­կայն մոմ մը իսկ չի լու­սա­ւո­րեր, լապ­տեր մը իսկ չի վա­ռիր լու­սա­ւո­րե­լու հա­մար սիր­տե­րը։

Տու­նե­րու մէջ կ՚ըն­դու­նինք բազ­մա­թիւ հիւ­րեր, ո­րոնց հետ կը բաժ­նենք մեր սե­ղան­նե­րը, կ՚ու­տենք, կը խմենք, կը նստինք, կ՚ել­լենք, կը խօ­սինք, կը խնդանք, կ՚ու­րա­խա­նանք, բայց Աս­տու­ծոյ Որ­դին կը թո­ղունք դռնէն դուրս։ Ա­նոր տեղ չենք տար մեր տու­նե­րու մէջ, սե­ղան­նե­րու վրայ։ Ան երբ պա­տա­հա­բար զար­նէ դու­ռը, չենք բա­նար, եւ ո­գե­ւո­րու­թեամբ չենք դի­մա­ւո­րեր եւ ներս չենք ըն­դու­նիր զԱյն։ Ո՜վ գի­տէ, քա­նի ան­գամ­ներ Ան զար­կած է մեր դու­ռը եւ ան­տար­բեր գտնուած ենք Ա­նոր նկատ­մամբ։

Ան­կեղ­ծօ­րէն խոս­տո­վա­նինք, թէ մեր դա­ւա­նած, պաշ­տած Փրկի­չը մեր դռնե­րուն ե­տին է կե­ցած միա՛յն եւ զԱյն ան­տե­սած ենք, ու Ան եր­բեք չէ ե­ղած ներ­սը։

Խոս­տո­վա­նինք՝ «Ե­կե­ղե­ցի­ներ» կը շի­նենք, կը նո­րո­գենք, «Ե­կե­ղե­ցի­ներ» ու­նինք եւ ե­կե­ղե­ցի­նե­րը պա­րա՜պ կը թո­ղունք։

Ո՞ւր պաշ­տենք ու­րեմն, եւ ինչ­պէ՞ս պաշ­տենք Աս­տու­ծոյ պար­գե­ւը՝ Իր Որ­դին, մեր Փրկի­չը։ Կը կար­ծենք, թէ ար­դէն փրկուա՞ծ ենք եւ այ­լեւս պէտք չու­նի՞նք Ա­նոր։ Ան­շուշտ այդ չէ՛ որ կը հա­մար­ձա­կինք ը­սել լե­զուով, բայց մեր ա­ռօ­րեայ կեան­քը ճի՛շդ այդ կը յայ­տա­րա­րէ, այդ կը խոս­տո­վա­նի լռե­լեայն։

Ուս­տի պաշ­տենք Յի­սուս Քրիս­տո­սը նաեւ մեր սե­նեա­կին ա­ռանձ­նու­թեան մէջ, մեր տան մէջ, մեր ըն­տա­նի­քին մէջ՝ մեր առտ­նին ե­կե­ղե­ցիին մէջ։

Նաեւ՝ վստա­հի՛նք Աս­տու­ծոյ Որ­դիին, քա­նի որ վստա­հու­թեան ան­սա­սան վէ­մը Ա՛ն է։

Պետ­րոս եւ իր ա­շա­կեր­տա­կից­նե­րը տկա­րա­ցան երբ փոր­ձուե­ցան եւ ի­րենց վստա­հու­թիւ­նը պա՛հ մը վեր­ցու­ցին Քրիս­տո­սի վրա­յէն։ Ա­մէն ինչ ու­նայն է բա­ցի Քրիս­տոս իր յայ­տա­րա­րու­թիւ­նո­վը՝ Աս­տու­ծոյ նկա­րագ­րին յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թեան։

Այ­սօ­րուան մարդ­կու­թեան ա­պեր­ջան­կու­թեան կամ խռո­վեալ վի­ճա­կին հիմ­նա­կան պատ­ճառն է վստա­հու­թեան կո­րուս­տը, ո՛չ միայն մարդ մար­դու վրայ, հա­պա՝ Աս­տու­ծոյ Որ­դիին վրայ՝ Փրկչին վրայ։

Եզ­րա­կա­ցու­թի՞ւն։

Մեր հա­ւատ­քին հա­մա­ձայն ապ­րի՜նք՝ ա­մէ­նու­րեք եւ ա­մէն ժա­մա­նա՜կ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապ­րիլ 30, 2016, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Մայիս 3, 2016