ԿԵԱՆՔԻ ԵՐԵՔ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐԸ
Կեանքը, որ կ՚ապրինք, երեք ժամանակներ ունի. անցեալը, ներկան եւ ապագան։ Արդարեւ, մարդ միշտ կ՚ապրի ներկայ ժամանակին մէջ, քանի որ անցեալը այլեւս դրական կերպով գոյութիւն չունի, իսկ ապագան կայ միայն երեւակայութեան մէջ, ան ալ դրականօրէն գոյութիւն չունի։ Ուրեմն մարդ կ՚ապրի պահը՝ ներկայ ժամանակը՝ անցեալին եւ ապագային ուղղակի կամ անուղղակի ազդեցութիւններէն տպաւորուելով։ Այս իմաստով, մարդ երբ կ՚ապրի ներկան, եթէ ո՛չ ուղղակի, կ՚ապրի նաեւ անցեալի տպաւորութիւնները եւ ապագայի երեւակայութիւնները՝ որոնցմէ տպաւորուած է զանազան պատճառներով։
Ուրեմն, մարդ երբ ներկայ ժամանակը կ՚ապրի՝ անցեալէն դասեր կը քաղէ, իսկ ապագայէն՝ եռանդ եւ ներքին ձգտո՛ւմ։ Արդարեւ, լայն առումով, մարդ երեք ժամանակներու մէջ կ՚ապրի միանգամայն։
Կը պատմուի, թէ կը գտնուէին երեք իմաստուններ, որոնք յաճախ կը վիճէին զանազան նիւթերու եւ կենսական հարցերու շուրջ։
Օր մը, դարձեալ, սկսան վիճիլ, թէ ո՞րն է մարդուն համար կարեւորագոյնը՝ անցեա՞լը, ներկա՞ն, թէ՞ ապագան։
Իմաստուններէն մէկը ըսաւ իր ընկերներուն.
«Անցեալն է, որ մարդուն համար կը պատրաստէ այն ամէնքը՝ որ կը գտնուի ներկային մէջ։ Իր բոլոր հմտութիւնները, կարողութիւնները ձեռք կը բերէ մարդ անցեալէն»։
Իմաստուններէն, երկրորդը կը միջամտէ ըսելով.
«Համամիտ չե՛մ։ Ապագա՛ն է, որ մարդուս կեանքը կը ձեւաւորէ։ Արդարեւ, մարդ ներկայի մէջ ինչ տեսակ կարողութիւններով, գիտելիքներով, առաւելութիւններով որ օժտուած եւ զօրացած է, ապագայի մտահոգութիւններով եւ պահանջով կը ստանայ եւ նորերը ձեռք բերելու կ՚աշխատի։ Մարդուս գործերը, արարքները թելադրուած, դրդուած եւ ընթացք են ստացած այն ձգտումով՝ թէ ինք ի՛նչ ըլլալ կ՚ուզէ, ո՛ւր հասնիլ կ՚երեւակայէ»։
Երրորդ իմաստունը կը բացագանչէ.
«Դուք զանց առիք այն փաստարկումը, որ անցեալը եւ ապագան գոյութիւն ունին միա՛յն մարդուս գիտակցութեանը մէջ։ Անցեալը այլեւս չկա՛յ։ Ապագան տակաւին գոյութիւն չունի եւ միայն կարելի է երեւակայել։ Սակայն, իւրաքանչիւր գործ, իւրաքանչիւր արարք մարդ ներկային մէջ է, որ կ՚իրականացնէ, կը գործէ եւ միա՛յն ներկային մէջ։ Եւ միա՛յն սա պահն է, որ կ՚որոշէ, թէ ի՞նչպէս մարդ մուտք պիտի գործէ ապագայ ժամանակ եւ արդեօք այն չէ՞ որ ի վերջոյ կը դառնայ մարդուս անցեալը…։
Իմաստուններու այս վէճը մեզի ցոյց կու տայ, թէ պէտք չէ՛ անտեսել մեր այսօրուայ օրը, սա՛ պահը՝ որմէ կախում ունի մարդկային ամբողջ կեանքը։
«Մի՛ մտահոգուիք հետեւաբար, եւ ըսէք.- Ի՞նչ պիտի ուտենք, ի՞նչ պիտի խմենք կամ ի՞նչ պիտի հագնինք։ Այդ մտահոգութիւնները հեթանոսներուն յատուկ են։ Որովհետեւ ձեր երկնաւոր Հայրը գիտէ արդէն, թէ այդ բոլորին պէտք ունիք։
«Դուք նախ խնդրեցէք, որ Աստուծոյ արքայութիւնը գայ եւ աշխատեցէք Իր կամքը կատարել, եւ Աստուած այդ բոլորը աւելիով պիտի տալ ձեզի։
«Ինչո՞ւ ուրեմն մտահոգուիք վաղուան մասին։ ՎԱՂՈՒԱՆ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՂՈՒԱՆ ՁԳԵՑԷՔ։ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ՕՐՈՒԱՆ ՆԵՂՈՒԹԻՒՆԸ ԻՆՔՆԻՆ ԲԱՒԱՐԱՐ Է» (ՄԱՏԹ. Զ 31-34)։
Յիսուս այս խօսքերով ըսել կ՚ուզէ, թէ մարդ պէտք է նախ օրը հոգայ, օրը ապրի եւ ապրուած օրուան համաձայն կը պատրաստուի, կը ձեւաւորուի եւ ընթացք կը ստանայ ապագան։ Ուստի երբ ներկային, ապագային մասին մտահոգուի մարդ, ապրուած պահն ալ՝ ներկայ օրն ալ մտահոգութիւններու մէջ կ՚ապրի եւ չի կրնար պատրաստուիլ ապագային պէտք եղած չափով։ Այսօր եթէ մտահոգուի մարդ ապագային համար, այսօրն ալ ապարդիւն կը մնայ եւ ապագան ալ հաստատ հիմերու վրայ չի հաստատուիր, մտահոգութիւնները հետզհետէ բարդուելով, դիզուելով կրկնապատիկ նեղութիւններու պատճառ կը հանդիսանան։ Ուրեմն, այսօրուան հոգը՝ մտահոգութիւնը, կարելի եղած չափով պէտք չէ փոխանցել վաղուան եւ ապագային վերաբերող մտահոգութիւններն ալ, նոյնպէս պէտք չէ՛ ապրիլ ներկայի մէջ, քանի որ արդէն այսօրուան հոգերը եւ մտահոգութիւնները բաւական են ապրուած պահուն համար։ Մնաց որ ապագան անորոշ է եւ ուրեմն անոր վերաբերեալ մտահոգութիւններն ալ բոլորովին մտացածին են եւ երեւակայական, եւ ինչո՞ւ երեւակայական նիւթով մը մտահոգուի, նեղուի մարդ…։
Այսօրուան հոգը արդէն բաւարա՛ր է։
Իսկ անցեալը այլեւս չկա՛յ, անոր մէջ են մնացած ամէն հոգ եւ մտահոգութիւն, եւ եթէ անցեալէ փոխանցուած հոգեր եւ մտահոգութիւններ կան, անոնք այլես ո՛չ թէ անցեալին, այլ ներկային՝ ա՛յսօրուան կը պատկանին։
Եւ այս խորհրդածութիւններով կը տեսնենք, թէ կարեւորը եւ կենսակա՛նն է ներկան՝ այն ինչ որ անցեալէն փոխանցուած է մարդ էակին եւ ընթացք պիտի տայ ապագային։
Ուրեմն, մարդ պէտք է ապրի ներկան, առանց խզելու կապը իր անցեալին հետ. ատեն-ատեն հպանցիկ ակնարկ մը նետելով անոր վրայ, պէ՛տք է սեւեռէ իր աչքը ապագային, հոն՝ ուր կեանքի սովորական եւ բնական ընթացքը կ՚առաջնորդէ զինք։
Ուստի ներկան՝ անցեալի վրայ կառուցուած շէնք մըն է, որ կը բարձրանայ դէպի ապագայ։
Եւ շէնքը որքան որ հաստատուն եւ ամուր ըլլայ՝ անոր բարձրացումը այնքան դիւրին կ՚ըլլայ, եւ ապագան՝ ապահո՛վ։ Կեանքի «շէնք»ն ալ պէտք է հաստատել անցեալով եւ ամրացնել անցեալէն փոխանցուած ուժերով, արժէքներով, եւ «շէնք»ը պէ՛տք է միշտ ձգտումը ունենայ բարձրանալու, այսինքն՝ ապագայի՛։ Արդէն կեանքը գոյապահպանման եւ գոյատեւման անվերջ պայքար մը չէ՞։ Գոյապահպանել՝ անցեալէն փոխանցուած արժէքները, ուժերը եւ գոյատեւել՝ հասնելու համար ապագային, եւ ահաւասիկ «ներկայ»ին դերը եւ պարտականութիւնը այս գոյապահպանման եւ գոյատեւման պայքարին զօրակցիլ, յաղթանակ տանիլ՝ անցեալը պահելու եւ ապագային հասնելու համար տեւելու մշտնջենական պայքարին վրայ։
Այն անձը՝ որ գիտէ ներդաշնակել անցեալ ժամանակը եւ ապագան՝ ներկայ ժամանակին հետ, յաղթական է կեանքի պայքարին մէջ եւ հաւատարիմ՝ իր կոչումին, որպէս «մա՛րդ», որ իրեն կը վերաբերի ստեղծագործութեան-արարչութեան առաջին պահէն իսկ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 25, 2018, Իսթանպուլ