ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆ

Մարմինը՝ հանգիստի, հոգին՝ խաղաղութեան եւ սիրտը ուրախութեան պահանջքը ունի։ Արդարեւ, մարդկային կեանքին գոյապահպանման եւ գոյատեւման համար անհրաժեշտ են՝ հանգիստը, խաղաղութիւնը եւ ուրախութիւնը։

Ինչպէս որ Աստուած «եօթներորդ օրը հանգչեցաւ Իր կատարած ամէն գործէն ետք». (ԾՆՆԴ. Բ 2), մարդուն կեանքն ալ կշռոյթուած է աշխատանքով եւ հանգիստով։ Տիրոջ Օրուան հաստատումը կը նպաստէ մարդոց՝ որպէսզի կարենան հանգիստի եւ ժամանցի բաւարար ժամանակ վայելել, ինչ որ թոյլ կու տայ անոնց իրենց ընտանեկան, մշակութային, ընկերային եւ կրօնական կեանքը մշակել։

Կիրակի եւ միւս պարտաւորիչ տօներուն հաւատացեալները իրենց զիրենք հեռու պիտի պահեն աշխատանքներէ կամ գործունէութիւններէ՝ որոնք արգելք կը հանդիսանան պաշտամունքին, զոր կը պարտին Աստուծոյ, արգելք կ՚ըլլան Տիրոջ Օրուան ուրախութեան, ողորմածութեան գործերուն գործադրութեան եւ մտքին եւ մարմինին պատշաճ հանգիստին։

Ընտանեկան հարկաւորութիւնները կամ հասարակական մեծ օգտակարութիւն մը՝ կիրակնօրեայ հանգիստի պատուէրին հնազանդութենէ օրինաւոր չքմեղանք կը գոյացնեն։ Սակայն հաւատացեալները պիտի զգուշանան, որ այս օրինաւոր չքմեղանքները կրօնին, ընտանեկան կեանքին եւ առողջութեան վնասակար սովորութիւնները չներմուծեն։ «Ճշմարտութեան սէրը կ՚որոնէ սուրբ ժամանցը, իսկ սիրոյ անհրաժեշտութիւնը կ՚ընդունի արդար աշխատանքը», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։

Իւրաքաչիւր քրիստոնեայ պարտի զգուշանալ առանց անհրաժեշտութեան ուրիշին պարտադրելու, ի՛նչ որ արգելք պիտի ըլլար անոր՝ Տիրոջ օրը պահելու։

Այս առթիւ՝ Աստուածաշունչ Մատեանը կը յիշատակէ արարչագործութիւնը. «Տէրը վեց օրերու մէջ ըրաւ երկինքը եւ երկիրը. ծովը եւ ամէն ինչ որ կը գտնուի անոր մէջ, ապա Ան հանգչեցաւ եօթներորդ օրը։ Ասոր համար Տէրը օրհնեց շաբաթ օրը, սրբացուց զայն». (ԵԼՔ. Ի 11)։

Աստուած Իսրայէլին յանձնեց շաբաթը՝ որպէսզի պահէ զայն իբր «նշան» անբեկանելի «ուխտ»ին. (ԵԼՔ. ԼԱ 16)։ Աստուծոյ գործելակերպը տիպարն է մարդկային գործելակերպին։ Եթէ Աստուած «շունչ առաւ» եօթներորդ օրը (ԵԼՔ. ԼԱ 17), մա՛րդն ալ պարտի հանգչիլ եւ թողուլ որ միւսները, մանաւանդ աղքատները «շունչ առնեն». (ԵԼՔ. ԻԳ 12)։ Յիսուս ալ չի թերանար այս օրուան սրբութեան հանդէպ։ «Այս օրը ըրաւ Տէրը, եկէ՛ք ցնծանք եւ ուրախանանք». (ՍԱՂՄ. ՃԺէ 24)։

Մարդկային կեանքին յարգանքը եւ աճումը «խաղաղութիւն» կը պահանջեն։

Խաղաղութիւնը միայն չգոյութիւնը չէ պատերազմին, ան չի սահմանափակուիր միայն հակադիր ուժերուն հաւասարակշռութիւնը պահպանելով։ Երկրի վրայ խաղաղութիւնը չի կրնար ձեռք ձգուիլ առանց անձերուն ինչքերուն պահպանումին, առանց մարդկային էակներու միջեւ ազատ հաղորդակցութեան, առանց անձերուն եւ ժողովուրդներուն արժանապատուութեան յարգանքին, առանց եղբայրութեան յարատեւ գործադրութեան։ Ան «կարգ եւ կանոնին անդորրութիւնն է», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։ Խաղաղութիւնը «արդարութեան գործն է». (ԵՍ. ԼԲ 17) եւ արդիւնքն է սիրոյ։ Ներքին խաղաղութիւնը արդիւնքն է սիրոյ։

«Ուրախութիւն» կը նշանակէ՝ խնդութիւն, բերկրանք, հրճուանք։ Ուրախութիւնը, այս իմաստով, մարդուն իրաւունքն է, նպատակը։ Ուրախութիւնը Սուրբ Հոգիին պտուղներէն մի՛ն է։ Սուրբ Հոգիին պտուղները կատարելութիւններ են, զորս կը կազմէ մեր մէջ Սուրբ Հոգին իբրեւ երախայրիք յաւիտենական փառքին։

Մարդ կրնայ Աստուծոյ սիրոյն դէմ զանազան կերպերով մեղանչել՝ անտարբերութեամբ, ապերախտութեամբ, գաղջութեամբ, հեղգութեամբ, Աստուծոյ դէմ ատելութեամբ։ Ան կը հակառակի Աստուծոյ սիրոյն, կը ժխտէ, կ՚ուրանայ Անոր բարութիւնը եւ կը համարի անիծել զԻնք իբրեւ այն Անձը՝ որ կ՚արգիլէ մեղքերը եւ կը սահմանէ պատիժները։

Մարդ մարմին, հոգի եւ միտքէ կը բաղադրուի, ան ամբողջ մը կը կազմէ այս բաղադրեալներով, եւ ուրեմն մարդ արարածը կատարեալ կ՚ըլլայ, երջանկութեան կը տիրանայ, երբ մարմինը հանգիստ է, հոգին եւ միտքը խաղաղ եւ սիրտը՝ ուրախ։ Արդարեւ, ուրախութիւնը երջանկութեան առաջին հանգրուա՛նն է։ Եւ երկրային երջանկութեան կը յաջորդէ «երանութիւն»ը՝ որ երկնային երջանկութիւն է։ Ուրեմն, կը հետեւի, թէ՝ երջանկութիւնը կատարելութիւն կ՚ենթադրէ՝ մարմնի, հոգիի եւ սրտի ներդաշնակ միութիւնը, ամբողջութիւնը։ Այս կը նշանակէ, թէ չի բաւեր միայն մարմնի առողջութիւն, այլ պէտք է ըլլայ նաեւ հոգիի խաղաղութիւն՝ ներքին խաղաղութիւն, որ կը բխի սրտին ուրախութենէն։

Մարմնի առողջութեան չափ պէ՛տք է կարեւորութիւն ընծայել հոգիի խաղաղութեան եւ ուրախութեան…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մայիս 2 2023, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Մայիս 3, 2023