ԲԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
«Բարկութիւն, «ցասում», «զայրոյթ», զգացում մը՝ որ յաճախ կը դիմաւորուինք մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ։ Զգացո՛ւմ մը՝ որ թէ՛ կը զգանք եւ թէ կը դիմաւորուինք։
Մարդուս համար բնական զգացում մըն է բարկութիւնը, հակազդեցութիւն մը որեւէ վիրաւորական արարքի կամ անիրաւ ու անարդար արտայայտութեան։
Բարկութիւնը՝ մարդկային արտայայտութիւն մըն է, որ ցոյց կը տրուի ներկայ պայմաններէն կամ հանգամանքներէն ծայրայեղ եւ չափազանց դժգոհութիւն մը։
Արդարեւ վիրաւորանքը մարդկային բնական եւ մեծ մասամբ հասկնալի զգացումներէն մին է։ Ամէն մարդ տարբեր աստիճաններով, տարբեր չափով կը վիրաւորուի՝ մանաւանդ երբ վիրաւորուած նկատէ իր մարդկային արժանապատուութիւնը։ Ամէն մարդու վիրաւորանքի շրջանը եւ սահմանը տարբեր է, բայց անպայման վիրաւորանքի պահ մը ունի։ Հակառակը «անտարբերութիւն» կը նշանակէ, որ ո՛չ մէկ օգուտ ունի մարդուս, այլ՝ վնա՛ս։
Ոմանք իրենց դրսերեւոյթով շատ հանդարտաբարոյ, լայնախոհ եւ հանդուրժող կը կարծուին, բայց ներքնապէս դիւրազգած են՝ շատ զգայուն, փոքր ակնարկէ մը իսկ վշտացող, փափուկ եւ չդիմացող նկարագիր մը ունին։ Այդպիսիներու համար կեանքը իրապէս շատ դժուար է եւ անտանելի՛։ Իրենց կեանքը դժոխային ապրումի մը կը վերած-ւի։
Ոմանք դիւրաբորբոք են՝ շուտով վառուող, ջիղերուն տէր չեղող մարդիկ։
Այս երկու տեսակի նկարագիրներն ալ զգացումներու արտայայտութեան, դէպքերու հակազդեցութիւն տալու մէջ չափ ու կշիռ չունին։ Մինչդեռ ողջախոհ եւ լրջամիտ մարդը գիտէ պատշաճ կերպով վարուիլ՝ հակազդեցութեան տեղը, անձը եւ ժամանակը լա՛ւ կ՚որոշէ եւ մանաւանդ իր զգացումները, հակազդեցութիւնները չափաւոր սահմաններու մէջ կրնայ բռնել, այսինքն ինքնազսպում ունի, գիտակցօրէն կը շարժի։ Անձնազուսպ մարդիկ յարգելի՛, ազնի՛ւ եւ առանքինի մարդիկ են։
Առաքինի մարդը՝ վիրաւորանքի մը երբեք վիրաւորանքով չի փոխարիներ, ատելութեամբ չի հակազդեր եւ չափն ու կշիռը պատշաճ կերպով կը սահմանէ։
Արիստոտել բարկութեան մասին սապէս կ՚ըսէ. «Ամէն մարդ կրնայ բարկանալ, այս բնական է եւ դիւրահասկնալի. եւ սակայն շիտակ մարդու, չափաւոր, պատշաճ ժամանակի, ուղիղ պատճառով եւ յարմար կերպով բարկանալ՝ ահաւասիկ այս դիւրին չէ՛»։
Ուստի թէ՛ բարոյագիտական, թէ՛ կենցաղագիտական սկզբունքներու հակառա՛կ է անզուսպ եւ հակակշռութենէ զուրկ բարկութիւնը, որ ամենէն շատ կը խանգարէ մարդկային փոխյարաբերութիւններու ներդաշնակութիւնը, ընկերային խաղաղութիւնը եւ անհատական ներաշխարհի անդորրութիւնը, ընդհանրապէս հաշտութիւնը աշխարհի վրայ։ Չափաւոր եւ զուսպ բարկութիւն մը կը ներդաշնակէ ընկերային կեանքը եւ կը զօրացնէ մարդկային յարաբերութիւնները, քանի որ անոր մէջ կա՛յ՝ անկեղծութիւն, չափաւորութիւն։
Եւ ժողովրդական իմաստութեան արտայայտութիւն մը՝ առած մը կ՚ըսէ.
«Չափաւորութիւնը կէս Աստուած է»։
Արդարեւ մարդկային բացասական յոյզերը, զգացումները կը քանդեն մարդուս ներաշխարհը եւ կը կազմալուծեն ամէն հաստատական խորհուրդ եւ ի՛նչ որ դրական է կեանքի մէջ ընդհանրապէս։
Զայրոյթը՝ որպէս հակազդեցութիւն վիրաւորանքի, մարդս կը հեռացնէ լաւատեսութենէ եւ արգելք կը հանդիսանայ երջանկութեան։ Բարկացոտ, զայրացող, դիւրագրգիռ մարդը երբեք երջանիկ չի կրնար ըլլալ, քանի որ միշտ պակաս մը կը զգայ իր կեանքին մէջ։ Բարկասիրտ մարդը՝ նախ ինքն իրեն վնաս կը հասցնէ, ինքզինք կը վիրաւորէ եւ այդ վնասը կը տարածէ, կը փոխանցէ իր մերձաւորներուն, իր շուրջիններուն։ Ծայրայեղ, չափազանց ամէն ինչ կը վնասէ մարդկային ամէն վիճակ՝ անհատապէս եւ ընկերային յարաբերութիւններու տեսակէտէն։
Ուստի մարդկային յարաբերութիւններու հիմնական շարժառիթը՝ էականը հաճոյքը ըլլալու է՝ եւ ո՛չ թէ դժգոհութիւնը։
Յոյզեր կը խափանեն շատ անգամ մարդուս միտքը, բանականութիւնը եւ մինչեւ իսկ կը հասնին կէտի մը՝ երբ այլեւս մարդ չի ճանչնար ինքզինք, կ՚օտարանաս ինք իրեն եւ կարծես մարդուս ներքինը եւ արտաքին տարբեր տարբեր անձերու կը վերած-ւին։ Յոյզերու խափանած միտքը այլեւս ի՛նք չէ՛, ուրիշ մը եւ բաժանուած կ՚ըլլայ անձը՝ ինքն իր մէջ։ Երեւակայեցէ՛ք ի՜նչ վնասակար երեւոյթ մըն է այս մէկը։
Մինչդեռ ինքնաճանաչութիւնը երջանկութեան նախապայմա՛նն է՝ ներդաշնակ, հաշտ եւ հաւասարակշռուած կեանքի մը անհրաժեշտ ազդակը։ Ուստի, ուրիշը ճանչնալու համար, մարդ նա՛խ ինքզինք պէտք է ճանչնայ, ինչպէս՝ իր նմանը սիրելու համար պէտք է ճանչնայ «սէր»ը եւ սիրէ ինքզինք։ Բայց այս իմաստով «ինքզինք սիրել»ու արարքը պէտք չէ՛ շփոթել ինքնամոլութեան կամ անձնասիրութեան հետ։ Ինքզինք սիրել՝ առաքինութիւն է, իսկ ինքնամոլութիւնը՝ իրապէս մոլութիւն։
Ինքզինք ճանչցող, ինքզինք գիտցող մէկը ինքնավստահ մէկն է նաեւ, եւ ինքնավստահ մէկը երբեք անիրաւ եւ անհաւասարակշիռ զայրոյթի չի՛ մատնուիր։
Բարկութիւնը անգամ մըն ալ դիտենք Սուրբ Գիրքի տեսանկիւնէն։
Առաջին ակնարկով կը տեսնենք, որ բարկութիւնը արգիլուա՛ծ է։
«Մի՛ արտորար հոգիովդ բարկանալու, քանզի բարկութիւնը յիմարներուն ծոցին մէջ կը հանգչի» (ԺՈՂՈՎԻ Է 9)։
«Իսկ ես կ՚ըսեմ ձեզի.- Ով որ առանց պատճառի իր եղբօր դէմ բարկանայ, դատարան պիտի յանձնուի» (ՄԱՏԹ. Ե 22)։
Նոյնպէս Առաքեալն ալ կ՚ըսէ. «Սիրելինե՛ր, երբեք դուք անձամբ վրէժ լուծելու մասին մի՛ մտածէք, այլ ձգեցէք որ Աստուծոյ բարկութիւնը ընէ ատիկա…» (ՀՌՈՎՄ. ԺԲ 19)։
Բարկութիւնը մարմնին մէկ գործն է, ինչպէս Առաքեալը դարձեալ կ՚ըսէ.
«Մարդկային գործերը յայտնի են, ինչպէս՝ շնութիւն, պոռնկութիւն, անբարոյութիւն, կռապաշտութիւն, կախարդութիւն, թշնամութիւն, կռիւ, նախանձ, բարկութիւն, հակառակութիւն, երկպառակութիւն, բաժանումներ, չար կամեցողութիւն, սպանութիւն, արբեցութիւն, անառակութիւն, եւ ասոնց նման բաներ» (ԳԱՂԱՏ. Ե 19-21)։
Սուրբ Գիրքը կ՚ըսէ նաեւ, թէ բարկութիւնը «յիմար»ներու բնաւորութիւնը, բնութիւնը եւ ընդհանուր նկարագիրն է։
«Յիմարը նոյն օրը կը յայտնէ իր բարկութիւնը, բայց անարգանքը ծածկողը խելացի է» (ԱՌԱԿԱՑ ԺԲ 16), եւ նաեւ՝ «Երկայնամիտ մարդը շատ խոհեմ է, իսկ կարճամիտը շատ յիմարութիւն կ՚ընէ» (ԱՌԱԿԱՑ ԺԴ. 29)։
«Քարը՝ ծանրութիւն ու աւազը ծանր բեռ ունի, բայց յիմարին բարկութիւնը երկուքէն ալ ծա՛նր է (ԱՌԱԿԱՑ ԻԷ 3)։
Ուստի բարկութիւնը հպարտութեան արդիւնքն է եւ ամէն բարկութեան մէջ անպայմա՛ն հպարտութիւն կը գտնուի։
«Հպարտութեամբ եւ բարկութեամբ վարուող մարդը, որ հպարտ եւ յանդուգն է՝ ծաղրող կը կոչուի» (ԱՌԱԿԱՑ ԻԱ 24)։
Ուրեմն բարկութիւնը հակակշռելու եւ չափաւորելու համար, մարդ նախ պէտք է հպարտութեան ախտէն փրկուի։ Համեստ ու խոնարհ մարդը դիւրին չի՛ բարկանար։
Բարկութեան զգացումին անբաժան զգացումներէն մէկն ալ՝ անգթութի՛ւնն է։
«Անիծեա՛լ ըլլայ անոնց բարկութիւնը, վասնզի խիստ էր ու անոնց սրտմտութիւնը, վասնզի սաստի՛կ էր» (ԾՆՆԴՈՑ ԽԹ 7)։
Արդարեւ կեանքի փորձառութիւնը ցոյց կու տայ՝ թէ բարկացոտ մարդը նաեւ՝ անգո՛ւթ է, քանի որ սէր չունի։
Բարկութիւնը կը ստեղծէ չարախօսութիւն, աղաղակ կը բարձրացնէ ատելութեան խօսքերով եւ բարոյապէս կը վիրաւորէ մարդը իր ամբողջ էութեամբը։
«Ձեզմէ արմատախի՛լ ըրէք ամէն դառնութիւն, բարկութիւն ու զայրոյթ, պոռչտուք եւ հայհոյութիւն եւ առաջքը առած կ՚ըլլաք անոնց չար հետեւանքներուն», կ՚ըսէ Առաքեալը. (ԵՓԵՍ. Դ 31)։
Այս տողերով ալ կը հասկցուի, թէ ինքնազուսպ ըլլալ, զգացումները հակակշռել՝ բարկութիւնը կը մեղմացնեն։
Եւ ինչո՞ւ բարկանալ երբ անիկա միա՛յն վնաս կը պատճառէ՝ ո՛չ միայն շուրջիններուն, այլ նաեւ ենթակային։
Բարկութիւնը պատճառ կ՚ըլլայ չարասիրութեան եւ հայհոյութեան՝ որոնք նոր մեղքերու առիթ կ՚ընծայեն։
«Բայց հիմա ձեզմէ դուրս նետեցէք այդ բոլորը.- բարկութիւնը, զայրոյթը, եւ ասոնց նման՝ չարութիւնը։ Ձեր բերանէն որեւէ հայհոյութիւն կամ լկտի խօսք չլսուի» (ԿՈՂՈՍ. Գ 8)։
Կռիւ եւ հակառակութիւն կը ստեղծէ բարկութիւնը, ինչպէս կ՚ըսէ Առակախօսը։
«Աղէ՛կ է անապատը բնակիլ, քան թէ՝ կռուազան ու բարկացոտ կնոջ հետ» (ԱՌԱԿԱՑ ԻԱ 19)։ Կը տեսնուի, որ բարկութիւնը մարդուն ապրելակերպին ազդող, կեանքին ուղղութիւնը որոշող դեր մը ունի։
Մարդկային փոխյարաբերութիւններու մշակումը կարեւոր է իւրաքանչիւր անհատի սեփական կեանքին համար։ Մարդիկ մտածելու են, թէ իրենց ամէն մէկ արարքը, արտայայտութիւնը պատճառ կ՚ըլլայ ուրիշի մը այս կամ այն կերպով ապրելու ընտրութեան։ Մա՛րդ անկախ չէ իր արարքներուն մէջ, միշտ մէկը կախում ունի ուրիշէ մը, եւ ամէն մէկը իրարմէ կախում ունին. մանաւանդ զգացումներու արտայայտութեան մէջ ո՛չ մէկը իր ուզածին պէս արտայայտուելու իրաւունք եւ ազատութիւն ունի. խորհելու է, թէ իր արարքը ի՛նչ ազդեցութիւններ կրնան գործել իր մերձաւորներուն վրայ։
Ուրեմն այս հարցին մէջ կարեւոր դեր կը խաղայ ինքնագիտակցութիւնը, ի՛նչ որ կը ստեղծէ ինքնավստահութիւն։
Կեանքի փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ինքնագիտակցութիւն ունեցող մարդիկ, որ նաեւ ինքնավստա՛հ են, միւսներէն շատ աւելի քիչ կը սխալին, շատ աւելի քիչ շեղում ցոյց կու տան կեանքի բնականոն ընթացքէն։ Ինքնավստահ մարդիկ դիւրաւ չե՛ն բարկանար, թերեւս իրադարձութիւններու կը ցաւին, վիշտ կը զգան, բայց զայրոյթ ցոյց չեն տար։ Հաւասարակշռութիւնը կը պահեն մտքին եւ զգացումներուն։ Բարկութիւնը, զայրոյթը հեռո՜ւ է այն մարդոցմէ՝ որոնք ներքին խաղաղութիւն ունին, եւ կը ճանչնան՝ թէ ո՛վ են իրենք եւ կը յարգեն ուրիշներու ինքնութիւնը։
Երջանկութիւնը ա՛յս է կարծեմ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 14, 2015, Իսթանպուլ