ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ
«Այսօր, նորոգուած ժողովուրդներ, ցնծացէք Սուրբ Հոգիի գալուստով՝ բարձրացնելով Հօրմէ ծնածը՝ Սուրբ Հոգին»։ Այս խօսքերով կը բացատրուի Հոգեգալուստի խորհուրդը շարականագիրի կողմէ։ Եւ այս բացատրութիւնը լաւագոյն արտայայտութիւնն է Հոգեգալուստի խորհուրդին եւ գիտակցութեան։ Այս անդրադարձումը կը պատկերացնէ՝ աւելի քան քսան դարեր առաջ, Երուսաղէմի մէջ, Վերնատունը հաւաք-ւած Յիսուսի աշակերտներուն՝ ըստ իրենց տրուած խոստումին, Համբարձումէն յետոյ, Սուրբ Հոգիին գալուստին սպասումը։
Հոգեգալուստը՝ յունական բառով «Պենտեկոստէ», Զատկի յիսուներորդ օրն է՝ որ հրեայ ժողովուրդին համար տօն էր Սինէական օրէնքներու տուչութեան։ Իսկ Հոգեգալուստը՝ Սուրբ Հոգիին գալստեան տօնն է։ Ուրեմն Նոր Ուխտի այս տօնը հաստատ-ւած է Հին Ուխտի տօնի մը վրայ, եւ ասիկա բնական է, քանի որ Յիսուս կ՚ըսէ, թէ՝ Ինք չէ՛ եկած Հին Ուխտը բոլորովին ջնջելու, այլ՝ բարեփոխելո՛ւ։ Եւ ուրեմն, Հոգեգալուստի գլխաւոր խորհուրդն է՝ «նորոգութի՛ւն» հոգեպէս։
Հոգեգալուստի օրը Ամենասուրբ Երրորդութիւնը լիովին կը յայտնուի։ Քրիստոսի աւետած եւ խոստացած Արքայութիւնը, այս կերպով կը բացուի Իրեն հաւատացողներուն առջեւ։ Անոնք իրենց մարմինին խոնարհութեամբ եւ հաւատքով արդէն իսկ կը մասնակցին Ամենասուրբ Երրորդութեան հաղորդութեան։
Սուրբ Հոգին, անընդհատ գալուստով՝ աշխարհը կը մտցնէ «վերջին ժամանակներ»ուն մէջ, որ Եկեղեցւոյ ժամանակն է, եւ թէ արդէն իսկ ժառանգուած, սակայն տակաւին անաւարտ Արքայութի՛ւնն է։
Զատկական եօթը շաբաթներու աւարտին, այսինքն յիսուներորդ օրը՝ Հոգեգալուստի օրը, Քրիստոսի Զատիկը կը կատարուի Սուրբ Հոգիին հեղումով՝ թափուելով, որ կը յայտնուի, կը տրուի, կը հաղորդուի իբրեւ «աստուածային Անձ», Քրիստոս, Իր Լիութենէն, Հոգին առատօրէն կը սփռէ։
Արդարեւ, հուրը՝ կրակը Սուրբ Հոգիին խորհրդանիշերէն մին է։ Մինչ «ջուր»ը կը նշանակէ Սուրբ Հոգիով տրուած կեանքին ծնունդը եւ բեղմնաւորութիւնը, հուրը կը խորհրդանշէ Սուրբ Հոգիին արարքներուն կերպարանափոխիչ ներուժը։
Եղիա մարգարէն, որ «ծագեցաւ հուրի նման, որուն խօսքերը բոցավառ էին ջահի պէս» (ՍԻՐ. ԽԸ 1), իր աղօթքով՝ Կարմեղոս լերան զոհին վրայ երկինքէն կրակ կ՚իջեցնէ, ի նմանութիւն Սուրբ Հոգիին հուրին, որ իր հպածը կը կերպարանափոխէ։ Յովհաննէս Մկրտիչ, որ «Տիրոջ առջեւէն կը քալէ Եղիայի հոգիով եւ զօրութեամբ» (ՂՈՒԿ. Ա 17), կը քարոզէ Քրիստոսը իբրեւ Ան՝ որ «պիտի մկրտէ Սուրբ Հոգիով եւ հուրով» (ՂՈՒԿ. Գ 16), այն նո՛յն Հոգիով՝ որուն մասին Յիսուս պիտի ըսէ. «Եկած եմ հուր սերմանելու երկրի վրայ, եւ որքան կը ցանկայի որ արդէն իսկ բորբոքէր» (ՂՈՒԿ. ԺԲ 49)։
«Սուրբ Հոգին հրեղէն լեզուներ»ու կերպարանքին տակ կը հանգչի աշակերտներուն վրայ Պենտեկոստէի առաւօտը եւ զանոնք Իրմով կը տոգորէ։ Հոգեւոր աւանդութիւնը կրակի այս խորհրդանշութիւնը պիտի պահպանէ իբրեւ «Սուրբ Հոգիին ներգործութեան ամենէն արտայայտիչ ձեւ»ը. «Մի՛ շիջուցանէք Հոգին», կը պատուիրէ Առաքեալը. (Ա ԹԵՍ. Ե 19)։
Եւ «կրակ» կը նշանակէ Աստուծոյ խօսքին զօրութիւնը (ԵՐԵՄ. ԻԳ 29). դարձեալ, բան մը զտելու միջոց. (ԶԱՔ. ԺԳ 9) եւ (ՄԱՂ. Գ 2)։ Կրակ՝ հուր կը նշանակէ նաեւ հալածանք (Ա ՊԵՏՐ. Ա 7), ինչպէս նաեւ՝ պատիժ կամ տանջանք. (ՄԱՐԿ. Թ 44)։
Հոգիի անբաժանելի խորհրդանիշերէն են նաեւ «Ամպ»ը եւ «Լոյս»ը՝ որոնք Սուրբ Հոգիին յայտնութիւննե՛րն են։
Սուրբ Հոգիին լիութիւնը պիտի չտրուէր մի միայն Մեսիային, այլ հաղորդուէր նաեւ «մեսիական ամբողջ ժողովուրդ»ին։ Արդարեւ, Քրիստոս, Սուրբ Հոգիին զեղումը բազմաթիւ անգամներ, զանազան առիթներով խոստացաւ, ի վերջոյ զայն կատարեց Զատիկին օրը, ապա աւելի՛ լուսափայլ կերպով՝ Պենտեկոստէին օրը։ Սուրբ Հոգիով լեցուած՝ առաքեալները սկսան հռչակել «Աստուծոյ սքանչելիքները» (ԳՈՐԾ. Բ 1), իսկ Պետրոս յայտարարեց, թէ Սուրբ Հոգիին այս զեղումը՝ նշա՛նն էր մեսիական ժամանակներուն։ Եւ անոնք որ այն ատեն հաւատացին առաքելական քարոզութեան եւ մկրտուեցան, ստացան Սուրբ Հոգիին պարգեւը։
Եւ այս ժամանակէն սկսեալ՝ առաքեալները, Քրիստոսի կամքը կատարելու համար, ձեռնադրումի միջոցով նորադարձերուն հաղորդեցին Մկրտութեան շնորհքը, իր լրումին հասցնող Սուրբ Հոգիին պարգեւը։ Ուստի, Հոգեգալուստի օրը՝ «խոստումին Հոգի»ն սփռուեցաւ աշակերտներուն վրայ՝ «որոնք միատեղ համախմբուած էին» (ԳՈՐԾ. Բ 1)։ Աշակերտները, ըստ խոստումին, կը սպասէին Անոր՝ «միասիրտ, յարատեւելով աղօթքին մէջ» (ԳՈՐԾ. Ա 14)։ Եւ այս կը նշանակէ, թէ՝ Սուրբ Հոգին ընդունելու պայմաններէն մին եւ գլխաւո՛րն է՝ յարատեւ աղօթել։
Սուրբ Հոգին, որ կ՚ուսուցանէ, կը սնուցանէ, կ՚աճեցնէ Եկեղեցին եւ կը յիշեցնէ անոր՝ ի՛նչ որ Յիսուս ըսաւ, եւ նաեւ պիտի շարունակէ դաստիարակել, ուսուցանել զինք աղօթքի կեանքին մէջ։ Երուսաղէմի առաջին հասարակութեան հաւատացեալները «կը յարատեւէին առաքեալներուն ուսուցման մէջ, հաւատարիմ էին եղբայրական հաղորդութեան, հացին բեկանումին եւ աղօթքներուն» (ԳՈՐԾ. Բ 42)։ Եւ Եկեղեցւոյ աղօթքը յատկանշող դրուագը ա՛յս է՝ հիմնուած հաւատքի վրա՛յ։
Արդարեւ, Հոգեգալստեան օրը, երբ Սուրբ Հոգին առաքուեցաւ՝ Եկեղեցին մնայուն եւ անջնջելի կերպով սրբագործուեցաւ։ Այն ատեն Եկեղեցին ժողովուրդին ներկայութեան՝ հրապարակաւ յայտնուեցաւ եւ Աւետարանի քարոզութիւնը սկսաւ։ Եկեղեցին բոլոր մարդոց փրկութեան «համակոչ»ն է՝ իր բնութեամբ իսկ առաքելութեան պարտականութիւնը ստանձնած է եւ Քրիստոսէ ղրկուած է զանազան կերպով եւ Սուրբ Հոգիի զօրութեամբ կատարելու համար իր առաքելութիւնը։
Եւ երբ Հոգեգալուստին օրը Սուրբ Հոգիին զեղումով Եկեղեցին յայտնուեցաւ աշխարհին, Քրիստոս Իր Եկեղեցւոյ ծիսակատարումով կը բացայայտէ Իր փրկչագործութիւնը, ներկայ կը դարձնէ մարդոց՝ մինչեւ որ Ինք գայ. (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԱ 26), այս ընթացքին Ան կ՚ապրի Իր Եկեղեցիին մէջ եւ կը գործէ հո՛ն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 25, 2017, Իսթանպուլ