ՀԵՇՏԱՄԱՀՈՒԹԻՒՆ ԿԱՄ «EUTHANASIE»
«Հեշտամահութիւն», այսինքն «euthanasie», իր ամենապարզ բացատրութեամբ կը նշանակէ՝ մահը դիւրացնող կամ արագացնող բժշկական միջամտութիւն։ Այս հարց մըն է, թէ կարելի՞ է միջամտութեամբ մահը արագացնել, օրինաւո՞ր է թէ՝ ո՛չ։ Արդարեւ շատ մը դրութիւններ կը հակառակին «հեշտամահութեան» եւ չեն ընդունիր որպէս օրինաւոր միջամտութիւն։
Պարզ տրամաբանութեամբ սա կարելի է ըսել, թէ՝ մահը քանի որ «բնական երեւոյթ» մըն է, ուրեմն ամէն արուեստական միջամտութիւն օրինաւոր չէ զայն իրականացնելու, ինչպէս՝ մարդասպանութիւն, ոճրագործութիւն։ Այս կարգին կարելի է արկածամահութիւնն ալ կերպով մը «բնական» համարել, եթէ իսկապէս բնական պայմաններու մէջ է պատահած արկածը եւ անոր հետեւանք՝ մա՛հը։
Արդարեւ, մահապատիժն ալ կարելի է վէճի նիւթ դարձնել այս կարգին, թէ ո՛րքան համաձայն է ան՝ մահուան բնական երեւոյթ մը ըլլալու իրողութեան։ («La Peine de mort de Voltaire à Badinter», Sandrine Costa, Paris, 2001)։
Անոնք որոնց կեանքը նուազած կամ տկարացած է, յատուկ յարգանք կը պահանջեն։ Հիւանդ կամ հաշմանդամ անձերուն պէտք է նեցուկ կանգնիլ, որպէսզի որքան կարելի է բնական կեանք մը վարեն։ Ինչ ալ ըլլան անոր պատճառները կամ միջոցները, ուղղակի հեշտամահը կը կայանայ վերջ դնելու մէջ հաշմանդամ, հիւանդ կամ մահամերձ անձերուն կեանքին։ Բարոյապէս անընդունելի է այս արարքը, քանի որ կեանքը «իրաւո՛ւնք» մըն է որ կարելի չէ բռնաբարել, հրաժարիլ եւ կամ կերպով մը փոխանցել կամ փոխարինել, փոխարկել։ Արդարեւ կեանքի իրաւունքը անձին հետ սերտօրէն կապուած իրաւունք մըն է, որմէ հրաժարիլ կարելի չէ, որովհետեւ բնատուր-բնական եւ էական իրաւունք մը, արժէք մըն է։ Եւ ինչպէս որ «կեանք ստանալ», «կեանքի կոչուիլ» կամայական երեւոյթ մը չէ, «կեանքէն հրաժարիլ», «կեանքէն ձերբազատուիլ»ն ալ կամայական պէտք չէ՛ ըլլայ։
Հակառակը խորհիլ մարդկային արժանապատուութեան ներհա՛կ է, մարդ էակին սկզբնական կոչումին հետ չի՛ համաձայնիր։ Ուստի ծնունդն ալ, մահն ալ մարդուս կամքէն անկախ բնական երեւոյթներ են, որոնց կարելի չէ միջամտել, բայց միայն մարդ «միջոց» մը կրնայ ըլլալ անոնց։
Ահաւասիկ, այս պատճառով հեշտամահը անընդունելի՛ է եւ ներհակ՝ արժանապատուութեան։
Ուստի արարք մը կամ զանցառութիւն մը, որ ըստ ինքեան կամ ըստ դիտաւորութեան մահուան կը դիմէ չարչարանքին կամ ցաւին վե՛րջ տալու համար, կը գործէ սպանութիւն մը, որ ծանրօրէն հակառա՛կ է մարդկային անձին արժանապատուութեան եւ կենդանի Աստուծոյ՝ անոր Արարիչին յարգանքին։ Դատումի սխալը, զոր մարդ կրնայ գործել բարի հաւատքով, չի փոխեր բնութիւնը այս մահագործ արարքին, որ միշտ ժխտելի եւ մերժելի կը մնայ։ Այս ուղղութեամբ շատ մը դրութիւններ անընդունելի եւ անբնական նկատած են հեշտամահը։
Սուղ, արտակարգ կամ ակնկալուած արդիւնքներուն հետ անհամեմատ եղող բժշկական միջոցառումներուն դադրեցումը կրնայ օրինաւոր ըլլալ։ Ասիկա մերժումն է «բուժական յամառութեան»։ Այս ընելով՝ ո՛չ թէ կ՚ուզեն մահուան դիմել, այլ կ՚ընդունին, թէ «անկարող են զայն կասեցնել»։
Այս մասին որոշումը պէտք է առնուի հիւանդին կողմէ՝ եթէ ձեռնհաս եւ կարող է, եւ կամ անոնց կողմէ՝ որոնք սոյն օրինաւոր իրաւունքը կը վայելեն, յարգելով միշտ հիւանդին ողջամիտ կամքը, եւ անոր օրինաւոր շահերը։ Հիւանդ անձի մը սովորաբար սահմանուած խնամքները օրինաւորապէս չեն կրնար ընդհատուիլ, նոյնիսկ եթէ մահը մօտալուտ համարուի։
Մահամերձին ցաւերը, չարչարանքները թեթեւցնելու նպատակով մեղմացուցիչներու գործադրութիւնը, նոյնիսկ եթէ վտանգ կայ կարճեցնելու անոր կեանքը, կրնայ բարոյապէս համապատասխան ըլլայ մարդկային արժանապատուութեան, եթէ մահը չէ ուզուած ո՛չ իբրեւ նպատակ, ո՛չ ալ իբրեւ միջոց, այլ միա՛յն նախատեսուած է եւ թոյլատրուած իբրեւ «անխուսափելի՛»։ Սփոփեցուցիչ խնամքները նախընտրուած կերպ մըն են անշահախնդիր եւ անկեղծ սիրոյ։ Եւ այս հանգամանքով եւ տիտղոսով անոնք պարտին քաջալերուիլ։ Հիւանդ մը խնամել ինքնին աղօթք է, քանի որ աստուածահաճոյ արարք մըն է։
Վերջապէս, հեշտամահի պարագային պէտք է միշտ նկատի ունենալ հրա՛շքի մը հաւանականութիւնը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 23, 2019, Իսթանպուլ