ՋՈՒՐԸ ԿԸ ԼՄՆՆԱՅ

-Աշխարհի ջուրը կը լմննայ:

Սա նախադասութիւնը օրը քանի մը անգամ կամացուկ կը շշնջամ Զաւէնիկի ականջին: Ան ջուրը շատ կը սիրէ. թէ՛ կը խմէ, թէ՛ կը գործածէ: Իսկ եթէ ձգեմ՝ ամբողջ օրը հոսող ջուրի տակ կը խաղայ եւ Աստուած գիտէ, թէ օրը քանի լիթր կը գործածէ, աւելի ճիշդ՝ կը վատնէ: Չեմ ձգեր. անդադար կը յիշեցնեմ. «Աշխարհի ջուրը կը լմննայ»:

Կարծես Զաւէնիկ իմ խօսքերը ականջին օղ ըրած է. շատ բարակ կը բանայ ու հինգ-տասն վայրկեան կը խաղայ եւ վերջ: Կամ այդպէս բարակ բացած իր փոքրիկ դոյլի մէջ խաղալիկ կենդանիները կը լուայ:

Այո՛, Զաւէնիկը կը հասկնայ, որ պէտք է ջուրը գործածել խնայողաբար: Սակայն շատեր կը դժուարանան հասկնալու, կամ չեն գիտեր, որ Աստուծոյ եւ բնութեան ընձեռած ամէն մէկ հրաշք, ամէն մէկ հնարաւորութիւն պէտք չէ ապարդիւն վատնել: Ի՞նչ կը կարծեն, ակամայ ջուրը կը թուի անսպառ: Աղբիւրը, ծորակը կը բանաս՝ անվերջ կը հոսի: Կրնաս օրերով, ամիսներով բաց թողնել, չի սպառիր, միայն հաշուիչի վրայ կը կուտակուին աստղաբաշխական թիւեր: Վստահաբար, եթէ հաշուիչ չըլլար՝ շատ մեծահասակներ կը մոռնային գոցել ծորակը:

Առհասարակ՝ Հայաստանի, հայոց մէջ տեսակ մը անտարբերութիւն կայ բնութեան բարիքներու, մասնաւորապէս ջուրի նկատմանբ: Նոյն ձեւով կը վերաբերին բնական կազին ու լոյսին նկատմամբ: Մարդիկ առանց հաշուարկի կը գործածեն: Իմ ընտանիքն ալ բացառութիւն չէ: Կը յիշեմ փոքր ժամանակ, երեկոյեան մեր տան բոլոր լոյսերը կը ձգէինք բաց: Երբ այլեւս դադրեցանք մեր տան մօտի աղբիւրէն ջուր կրել, եւ արդէն ջուրը հասած էր մեր տուն՝ ծորակը կը բանայիր ու կը հոսէր, մենք սկսանք վատնել զայն: Այդ վատ սովորութիւնը մինչեւ հիմա իմ մայրիկի մօտ կը նկատուի: Զաւէնի հետ միասին, անոր ալ կը յիշեցնեմ. «Ծորակը քիչ բաց»: Եւ այսպէս շատեր… Հայաստանի, Արցախի բնակչութեան մեծամասնութիւնը կը թերանայ այս հարցին մէջ:

Զաւէնիկի համար հեքիաթ մը յօրինած եմ, որ դարձած է իմ փոքրիկի ամենասիրելին. ամէն գիշեր կը խնդրէ, որպէսզի պատմեմ.

Օր մը փիղը անտառի մէջ կը պտտէր: Բաւական երկար զբօսնելէ վերջ յանկարծ ծարաւցաւ: Որոշեց ջուր խմել: Օդն ալ շատ տաք էր: Փնտռեց-փնտռեց՝ ջուր չգտաւ: Ծարաւն ալ հետզհետէ կը սաստկանար:

Տասնեակ քիլօմեթրեր քայլեց, սակայն ջուրի հոտ ոչ մէկ տեղէ կրցաւ առնել: Փիղերը միակ կենդանիներն են, որ քանի մը քիլօմեթրի վրայ կրնան զգալ ջուրի առկայութիւնը:

Դեգերելու ընթացքին փիղը յիշեց, որ տակաւին անցեալ տարի ջուրը առատ էր: Եւ ծարաւնալու պարագային ինքը անմիջապէս կը մօտենար մօտակայ լճակին ու կը յագեցնէր իր ծարաւը: Բնաւ կարիք չկար այսպէս երկար փնտռելու:

Երեկոյ եղաւ:

Ծարաւը բաւական տկարացուց փիղի մարմինը: Հազիւ կը քայլէր: Նոյնիսկ ճամբու ընթացքին քանի մը տեղ ուժասպառ ինկաւ, այնուհետեւ հաւաքեց վերջին ուժերը եւ շարունակեց իր փնտռտուքը: Այլեւս յոյսը կորսնցուց: Ինկաւ: Քանի մը վայրկեան մնաց անշարժ: Փիղին կը թուէր, թէ ամէն ինչ վերջացաւ: Պատրաստ էր յանձնուելու: Ոտքի ելլալու ուժ չունէր: Աչքերը գոցեց, սկսաւ դանդաղօրէն շնչել:

Թէ ինչքան ժամանակ մնաց այդպէս անշարժ պառկած՝ յայտնի չէ: Մէյ մըն ալ յանկարծ երկար կնճիթը վեր տնկեց: Աչքերը բացաւ. «Ջուր, այո կը զգամ, մօտակայքին ջուր կը զգամ», ինքզինքին շշնջաց փիղը ու ելաւ ոտքի:

Երկու-երեք քիլօմեթր քայլելէ վերջ ահաւասիկ գտաւ զայն:

Հողը փորեց ու գետնի տակէն ջուր ցայտեց: Փիղը հաճոյքով իր կնճիթի օգնութեամբ սկսաւ ըմպելու: Այնքան ընպեց՝ մինչեւ փորիկը ուռեցաւ: Ինքնաբաւ ժպտեցաւ ու շարունակեց իր ճամբան: «Եթէ Զաւէնիկն ու աշխարհի բոլոր երեխաներն ու մարդիկ ջուրը խնայողաբար գործածեն՝ մենք՝ կենդանիներս ջուրի պակաս երբեք չենք զգար», մտորեց կենդանին:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունիս 3, 2021