ԵՕԹԸ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ…

Պատրիարքարանի հրատարակութիւններու շարքին, այս անգամ լոյս տեսած է Շնորհք Պատրիարքի «Եօթը Պատգամներ Եօթը Եկեղեցիներու» գիրքը՝ Մայիս 2017 թուականով։

Ո՛չ միայն հոգեւորականներու, այլ ե՛ւ ամբողջ գրասէր հասարակութեան իր օգտակարութիւնը կը բերեն այս հրատարակութիւնները, ինչպէս նաեւ այս վերջինը՝ որ հրատարակութեան է պատրաստած Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան, որ կատարած է նաեւ էջադրութիւնը գիրքին, սրբագրութիւններ կատարուած են Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի կողմէ, եւ կողքի պատրաստութիւնը՝ Գրիգոր Սահակեանի եւ Սարվէն Տանէի կողմէ։ Եւ այս բոլորը իրապէ՛ս նուիրական գործ են կատարած մշակութասէր հասարակութեան ի նպաստ, քանի որ «գի՛րք»ը ընդհանրապէս սնո՛ւնդն է մշակոյթին եւ անոր զարգացման գլխաւոր ազդա՛կը։

Արդարեւ, հաւաքականութեան մը, ժողովուրդի մը մտային մակարդակը եւ որակը, մեծ մասամբ կը չափուի գիրքով եւ գիրքի հանդէպ ցուցաբերուած անկեղծ եւ ջերմ հետաքրքրութեա՛մբ։

Եւ ահաւասիկ, այս պատճառով բարձր գնահատելի են գիրքի մը հրատարակութեան որեւէ կերպով սատարողները։

Եւ անշուշտ հրատարակութեան գործին մէջ նիւթական նպաստն ալ կարեւոր եւ ան-հըրաժեշտ տեղ մը կը գրաւէ։ Գիրքի մը հրատարակութեան նիւթապէս նպաստողներ՝ մեկենասներ ալ մշակոյթի զարգացման մէջ անուրանալի կարեւորութեամբ առաջնակարգ դեր կը խաղան։

Այս գիրքին մեկենասութիւնը ստանձնած կը տեսնենք՝ Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը։ Իրապէս իրենց նուիրական առաքելութեան համապատասխան ձեռնարկ մըն է հոգեւոր բովանդակութեամբ գիրքի հրատարակութեան նպաստել։ Օրինակելի՛ է այս իմաստով Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի այս նուիրական արարքը։

Արդարեւ Սուրբ Գիրքի ամենէն դժուար հասկնալի եւ թերեւս թիւրհասկնալի գիրքն է՝ «Յայտնութեան Գիրք»ը, որուն մասին շատ ալ ուսումնասիրութիւններու հանդիպիլ, ընդհանրապէս կարելի չէ, գոնէ ժողովուրդին համար հասկնալի պարզաբանութիւններու։ Եւ ահաւասիկ, այս հրատարակութեան շնորհիւ դիւրահասկնալի կը դառնայ, գոնէ առաջին երեք գլուխները Յայտնութեան Գիրքին։

Ուստի կարեւոր եւ օգտակար, նուիրական գործ մը՝ առաքելութիւն մը կատարած են «Եօթը Պատգամներ Եօթը Եկեղեցիներու» գիրքը հրատարակութեան պատրաստողները։

Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան, որպէս նախաբան սապէս կ՚ըսէ.

«Այլ խօսքով՝ Յովհաննէս Աւետարանիչ-Առաքեալի Պատմոս կղզիի վրայ տեսած տեսիլքը կանխող մասն է, որ նիւթ կը դառնայ Սրբազան Հեղինակին»։

Իսկ «Ներածութիւն» հատուածին մէջ սապէս կը ներկայացուի ուսումնասիրութեան բովանդակութիւնը. «Աստուածաշունչի վեր-ջին գիրքն է, որ կը խօսի աշխարհի պատմութեան վերջին դէպքերուն մասին՝ հոգեւոր ակնոցով դիտուած։ Հեղինակին անունը դրուած է գրքին սկիզբը - Յովհաննէս։ Աւանդութիւնը եւ ներկայ ուղղափառ սըր-բախօսութիւնը կը նոյնացնեն զայն Յիսուսի 12 Առաքեալներէն Յովհաննէս Զեբեդեան Առաքեալի հետ, որ գրած է նաեւ չորրորդ Աւետարանը՝ իր անունով Նոր Կտակարանի մէջ կան նաեւ երեք մանր թուղթեր, նամակաձաւ գրութիւններ։

«Յայտնութեան Գիրքի գրութեան վայրը կը նկատուի Պատմոս կղզին, որ Եգէական ծովի փոքր կղզիներէն մէկն է, Փոքր Ասիոյ եզերքէն շուրջ 60 քիլօմեթր ներսօք, Մենտերէս գետի բերանին դիմացը։

«Յովհաննէս Առաքեալ այս կղզին աքսորուած էր.- վասն Բանին Աստուծոյ եւ վասն վկայութեան Յիսուսի։ Այսինքն՝ Աստուծոյ խօսքը քարոզած եւ Յիսուսի մասին վկայութիւն տուած ըլլալու յանցանքով։

«Իսկ գրութեան ժամանակը կը նկատուի, ներքին տուեալներու վրայ հիմնուելով, Ա. դարու վերջին տասնեակը, Դոմետիանոս կայսեր օրով, որ Ներոնէն յետոյ երկրորդ մեծ հալածիչը եղած է քրիստոնեաներու։

«Եկեղեցիի հայրերու կողմէ, յատկապէ՛ս արեւելքի մէջ, երկար ատեն վէճի նիւթ եղած է, թէ պէ՞տք էր առնել զայն Նոր Կտակարանի կանոնին մէջ, թէ ո՛չ։ Այսպէս որ մինչեւ Ե. դար այս հարցը վերջնական լուծում չէր ստացած։ Այդ իսկ պատճառով Յայտնութեան Գիրքը մաս չէր կազմած ասորական Փեշիթթա կոչուած թարգմանութեան, որմէ կատարուեցաւ հայերէն առաջին -փութանակի- թարգմանութիւնը, ոչ ալ կը գտնուէր այն ընտիր յունական օրինակին մէջ, զոր Կ. Պոլիսէն վերադարձող մեր ուսանող վարդապետներ բերին, եւ որուն վրայէն վերասրբագրութեան ենթարկուեցաւ նախապէս թարգմանուածը։ Եւ հետեւաբար Ե. դարուն թարգմանուած մեր գրաբար Աստուածաշունչին մէջ չկար Յայտնութեան Գիրքը։ Եւ այս իսկ պատճառով այս գիրքէն ոչ մէկ հատուած կը կարդացուի մեր եկեղեցիին մէջ…»։

Վերջապէս «Չորրորդ Պատգամ»էն (Բ 18-29) հետաքրքրական հատուած մը. «Բոցեղէն աչքերու Տէրը չենք կրնար խաբել ձեւական պատուիրանապահութեամբ կամ բարեպաշտ երեւոյթով, ոչ ալ թեւատարած աղօթելով կամ մոմ վառելով եկեղեցւոյ մէջ, որքան ատեն որ մեր ներքինը չի համապատասխաներ մեր բարեպաշտական ձեւերուն կամ արարմունքներուն…»։

Ահաւասի՛կ անկեղծութեան դա՛ս մը։

Անշուշտ որ հոգեւորականներ ուշադրութեամբ պիտի կարդան գիրքը, բայց կ՚արժէ կարդացուի նաեւ աշխարհականներու կողմէ նաեւ, քանի որ ընթերցողին հոգեմտաւոր պաշարին վրայ շա՜տ բան պիտի աւելցնէ այս գիրքը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 24, 2017, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Յուլիս 3, 2017