ՅԱՐԳԱՆՔ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ

Մարդկային անձը մասնակից է աստուածային Հոգիին լոյսին եւ ուժին։ Իր բանականութեամբ, ան կարող է հասկնալ կարգ եւ կանոնը իրերուն՝ հաստատուած Արարիչին կողմէ։ Իր կամքով, ան կարող է ինքնիրմով ձգտիլ դէպի իր ճշմարիտ բարիքը։ Ան իր կատարելութիւնը կը գտնէ ճշմարիտին, բարիին եւ գեղեցիկին որոնումին եւ սիրոյն մէջ։ Ան զօրութեամբ իր հոգիին եւ հոգեւոր կարողութիւններուն շնորհիւ ճոխացած իր իմացականութեամբ եւ կամքին, օժտուած է ազատութեամբ. «առանձնաշնորհեալ նշան աստուածային պատկերին եւ նմանութեան»։ Իր բանականութեամբ մարդը կը ճանչնայ Աստուծոյ ձայնը՝ որ կը մղէ զինք «գործելու բարին եւ զգուշանալու չարէն»։ Եւ իւրաքանչիւր մարդ պարտաւոր է հետեւիլ այս օրէնքին, որ կը հնչէ խղճմտանքին մէջ եւ կ՚իրագործուի Աստուծոյ եւ մերձաւորին սիրոյն մէջ։

Բարոյական կեանքին ապրումը կը վկայէ անձին արժանապատուութիւնը։ Մարդուն արժանապատուութիւնը կը պահանջէ, որ ան շարժի ըստ գիտակից եւ ազատ ընտրանքի մը, մղուած եւ վճռուած անձնական համոզումներով եւ ո՛չ թէ միայն բնազդային մղումներու կամ արտաքին ստիպողութեան ազդեցութեան տակ։

Մարդը կը հասնի այս արժանապատուութեան, երբ ձերբազատուելով կիրքերու ամէն ստրկութենէն, բարիին ազատ ընտրանքով, կը քալէ դէպի իր «ճակատագիր»ը, այսինքն ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագրին մէջ իր դե՛րը կատարելու եւ իր հնարամտութեամբ համապատասխան միջոցները կը ճարէ։ Արդարեւ, մարդկային անձին յարգանքը կ՚ընդգրկէ յարգանքը այն իրաւունքներուն, որոնք կը բխին արարածի մը արժանապատուութենէն։

Այս իրաւունքները ընկերութենէն կանխագոյն են եւ իրենք զիրենք կը պարտադրեն անոր։ Առանց նման յարգանքի մը, ընկերութիւն մը կը հարկադրուի յենիլ ուժին եւ բռնութեան վրայ, իր ենթականերուն հպատակումը ձեռք ձգելու համար։ Մարդկային անձին յարգանքը կը բխի սոյն սկզբունքին յարգանքէն։ Այս կը պահանջէ, որ իւրաքանչիւր անձ առանց բացառութեան նկատի առնէ իր մերձաւորը իբրեւ «իր միւս անձ»ը։ Այս կը նշանակէ՝ տեսնել իր մէջ «նման» մը, եղբայր մը…։ Չէ՞ որ Յիսուս կ՚ըսէ. «Ամէն անգամ որ նման բարիք մը ընէք այս փոքրիկներէն մէկուն, որոնք եղբայրներս են, զայն Ինծի ըրած պիտի ըլլաք» (ՄԱՏԹ. ԻԵ 40)։

Մարդկային անձին արժանապատուութիւնը կ՚արմատաւորուի իր ստեղծումին մէջ ըստ Աստուծոյ պատկերին եւ նմանութեան։ Ան իր լրումին կը հասնի աստուածային երանութեան կոչումին մէջ։ Անկ է մարդկային արարածին ձգտիլ ազատօրէն դէպի այս լրումը։ Իր ազատ արարքներով, մարդկային անձը կը համակերպուի, եւ կամ ո՛չ Աստուծմէ խոստացուած եւ բարոյական խղճին կողմէ վկայուած բարիքին։ Մարդկային արարածները իրենք զիրենք կը կերտեն եւ ներքնապէս կը մեծնան. իրենց ամբողջ զգացական եւ հոգեւոր կեանքը ատաղձ կ՚ընեն իրենց աճումին։ Շնորհքի օգնութեամբ անոնք կ՚աճին առաքինութեան մէջ, կը զգուշանան մեղքէն, իսկ եթէ զայն գործած են, նման «անառակ որդի»ին՝ իրենք զիրենք կը յանձնեն մեր երկնաւոր Հօր ողորմածութեան. եւ այսպէս կը մատչին սիրոյ կատարելութեան։

Ազատութիւնը կը կիրարկուի մարդկային արարածներուն յարաբերութիւններուն մէջ։ Մարդկային իւրաքանչիւր անձ, ստեղծուած ըստ Աստուծոյ պատկերին եւ նմանութեան, ունի բնական իրաւունքը ճանչցուելու իբրեւ «ազատ» եւ «պատասխանատու» էակ։ Ամէնքը պարտին իւրաքանչիւրին հանդէպ յարգանքի այս պարտականութիւնը ունենալ։ Իր ազատութիւնը գործածելու իրաւունքը անբաժանելի հարկաւորութիւն մըն է մարդկային անձին արժանապատուութեան, մանաւանդ բարոյական եւ կրօնական հարցերու մէջ։ Այս իրաւունքը ճանչցուելու է քաղաքականապէս եւ պաշտպանուելու է հասարակաց բարիքին եւ հրապարակային կարգին սահմաններուն մէջ։ Արդարեւ կեանքը եւ առողջութիւնը ֆիզիքական թանկագին բարիքներ են՝ մեզի յանձնուած Աստուծմէ։ Մենք պարտականութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը ունինք անոնց խնամք տածելու բանաւոր չափերով, նկատի ունենալով նաեւ ուրիշին կարիքները եւ հասարակաց բարիքը։ Բարոյականը թէեւ կոչ կ՚ընէ մարմնաւոր կեանքին յարգանքին, սակայն զայն չի դարձներ «բացարձակ արժէք» մը։ Ուստի ժուժկալութեան առաքինութիւնը մարդս տրամադիր կը դարձնէ «զգուշանալու ամէն տեսակ չափազանցութիւններէ»։

Ուշադրութիւն եւ խնամք պէտք է տածել մահամերձներուն, օգնելու համար անոնց, որ իրենց վերջին վայրկեանները արժանապատուութեան եւ խաղաղութեան մէջ ապրին։ Անոնց մերձաւորները անոնց պիտի օգնեն իրենց աղօթքներով։ Պիտի հսկեն, որ հիւանդները պատշաճ ժամանակին ընդունին այն սուրբ խորհուրդները, որոնք կենդանի Աստուծոյ հետ հանդիպումին կը պատրաստեն։ Ննջեցեալներուն մարմիններուն հանդէպ հա՛րկ է վերաբերիլ յարգանքով եւ սիրով՝ հաւատքին եւ յարութեան լոյսին մէջ։ Ննջեցեալներու թաղումը մարմնական ողորմածութեան գործ մըն է, որ կը պատուէ Աստուծոյ որդիները՝ տաճարները Սուրբ Հոգիին։

Դիազննութիւնը կրնայ բարոյապէս ընդունելի ըլլալ օրինաւոր քննութիւններու պարագային եւ կամ գիտական հետազօտումի նպատակով…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս, 5, 2019, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 3, 2019