ՅԻՍՈՒՍԸ ՈՐՊԷՍ ԱՌԱՍՊԵԼ (Ե.)

«Շատ մը պատմութիւններ կան երկնային մարմիններու եւ համաստեղութեանց նկատմամբ, որոնք հիներուն համար ճշմարիտ պատմութիւններ էին, մինչդեռ մեզի ծիծաղելի կը թուին». Մանկասարեան այս տողերով ծիծաղելի կը գտնէր Յիսուս Քրիստոսի վերագրուած դրուագներն ու պատմութիւնները. մոգերը դէպի Յիսուսի ծննդավայրը առաջնորդող աստղը անոր կարծիքով՝ պարզապէս առասպել մըն է՝ պատմութիւն, որ դիւրութեամբ կարելի է տեսնել ու գտնել հեթանոսական պատմութիւններու մէջ եւս:

Մանկասարեան պահ մը դադար առնելով կ՚ուզէ բացատրել, թէ առասպել ըսելով ինչ կը հասկնայ. անոր ըսելով.- «Առասպելը ենթադրութիւն մըն է, վարկած մը, հայեցողութիւն մը կամ երեւոյթի մը ցնորական բացատրութիւնն է, առ ի չգոյէ ստոյգ տեղեկութեանց». ի դէպ անցեալին եկեղեցական հայրապետներուն համար ալ լուրջ ուսումնասիրութեան հարց էր Յիսուս Քրիստոսի մարմնապէս գոյութիւնը եւ այդ պատճառով է, որ մեր հաւատամքին մէջ անոր իրապէս մարմնով մարմնանալը կը դաւանինք, որովհետեւ շատեր հարցականի տակ կը դնէին այդ մարմնացումը:

Հակասութիւնները միշտ ալ գոյութիւն ունեցած են եւ պիտի ունենան. օրինակի համար, շատեր կը հաւատան, որ Ադամ եւ Եւա ոչ թէ իրապէս գոյութիւն, այլ մարդկութեան սկիզբը խորհրդանշող երկու անձեր են, սակայն ուրիշներ ալ կը հաւատան, որ անոնք իրապէս գոյութիւն ունեցած են եւ մերօրեայ մարդկութիւնը շառաւիղն է անոնց:

Պէտք է ընդունիլ, որ մերօրեայ եկեղեցականները (ինչպէս նաեւ շատ անգամ անցեալի) կատարեալ գիտելիքը չունին համոզելու. այսօրուան երիտասարդը պատրաստ է հարցականի տակ դնել գրեթէ ամէ՛ն բան եւ իր հարցումին դիմաց տրամաբանական պատասխան պահանջել. մերօրեայ երիտասարդը դարձուածքներով պատասխան մը չ՚ուզեր լսել, այլ կ՚ուզէ մտածուած ու տրամաբանութեան հետ հաշտ պատասխան մը լսել, ինչ որ ընթերցանութիւն եւ լաւ կրօնական կրթութիւն ունենալ կ՚ենթադրէ:

Մանկասարեանի վկայութիւններով՝ եկեղեցական մը Քրիստոսի գոյութիւնը կ՚ուզէր փաստել հետեւեալ ձեւով. «Ամբողջ աշխարհ կը տօնէ Յիսուսի Ս. Ծնունդը. եթէ Յիսուս գոյութիւն ունեցած չըլլար, կարելի՞ էր տօնել անոր ծնունդը»։

Մանկասարեան հեթանոսական սկզբունքները աւելի տրամաբանական կը նկատէ՝ քան քրիստոնէականը. տրամաբանական կը գտնէ այն բանով, որ հեթանոսներ նոր տարին կը տօնէին արեւի ծնունդի ժամանակ՝ երբ արեւը ամբողջական էր, որովհետեւ արեւին շրջան ընելը գիտութեան հետ կապուած իրողութիւն մըն է. արեւին ծնունդը գիտութեամբ կարելի է յստակ փաստել, սակայն Քրիստոսի ծնունդի պարագային դժուար է ըսել, թէ իրապէս Յունուար 6-ին լոյս աշխարհ եկաւ Յիսուս Քրիստոս թէ ոչ, մանաւանդ եթէ նկատի ունենաք դարերու ընթացքին թուականներու փոփոխութիւններն ու տոմարային տարբերութիւնները:

Մանկասարեանի համոզումով, այսօր քրիստոնեաներ նոյն հեթանոսական տօներն են որ կը նշեն՝ սակայն տարբեր թուականներու եւ տարբեր անուանումներով:

Վերջապէս, Մանկասարեան Քրիստոսի ամբողջ կեանքը որպէս բարոյական ներկայացում կը տեսնէ. անոր համոզումով՝ հին ժամանակ յայտնի էին բարոյական ներկայացումները եւ Քրիստոսի համար գրուածները պարզապէս այդ ներկայացումներու պատկերներն են, ըստ Մանկասարեանի այս համոզումին լոյսին տակ է, որ ան կը յայտարարէ. «Յիսուսի պատմութիւնը յօրինուած կրօնական ներկայացում մըն է»: Ըստ Մանկասարեանի, աստղերու առաջնորդութիւնը, մոգերը, լսուած «Ալէլուիա»ները, մսուրը, երկրպագութիւնն ու միւսները թատերական ներկայացում մը ունենալու յարմար նիւթեր են: Հեթանոսական պատմութիւններու մէջ նոյնիսկ աստուածներ հրաշքներով լոյս աշխարհ եկած են. անոնց պարագային ալ արեւն ու լուսինը հրաշքներ կատարած են, լսուած են ձայներ եւ այլն. մենք պատմութեան ճամբով ծանօթ ենք, թէ աստուածներ պատերազմներ կը մղէին եւ անոնց մասին կար հազարաւոր պատմութիւններ, որոնց երեւակայածին ըլլալը գիտենք. Մանկասարեանի համար երեւակայածին է նաեւ Յիսուս Քրիստոս՝ ինչպէս միւս աստուածները. հետեւաբար Մանկասարեան կ՚առաջարկէ Քրիստոսի ծնունդին հաւատալու պարագային, հաւատալ նաեւ աստուածներու ծնունդներուն. ինչպէս օրինակ, Վահագնի ծնունդը. այդտեղ եւս կը տեսնենք, թէ «Երկնէր երկին, երկնէր երկիր, Երկնէր եւ ծովն ծիրանի». այլ խօսքով այնպէս ինչպէս Յիսուս Քրիստոսի պարագային աստղ ու երկինք կը տեսնենք, նոյնն է պարագան այլ աստուածներու՝ որոնց գոյութեան չենք հաւատար:

Մանկասարեան չ՚ուզեր հաւատալ Քրիստոսի, որովհետեւ աւետարանիչներու մէջ նոյնիսկ անհամաձայնութիւն մը կը գտնէ. անոնցմէ մին Յիսուս Քրիստոսը կը նկարագրէ որպէս մենակեաց, անապատներն ու լեռներու վրայ թափառող ծոմապահ մը, իսկ միւսը կը նկարագրէ մաքսաւորներու հետ սեղան նստող ուտող-խմող Յիսուս մը. անոնցմէ մին Յիսուսը կը նկարագրէ որպէս բարի ու համեստ, մէկ երեսին ապտակ զարնողին միւս երեսը դարձնող, իսկ միւսը կը նկարագրէ Յիսուս մը՝ որ սուրեր ունենալ եւ պայքարիլ կը յորդորէ։ Անոնցմէ մին կը նկարագրէ համեստ ու հեզ Քրիստոս մը, իսկ ուրիշ մը՝ խարազանով մարդոց հարուածող մը:

Եթէ Յիսուսի խարազանելը իր տանը հանդէպ ունեցած բծախնդրութեան պիտի վերագրենք, ապա ինչո՞ւ համար այսօր նոյն օրինակով աղօթագիրք, մոմ, խաչ եւ այլ սպասք կը վաճառուին նոյնինքն եկեղեցւոյ բակերուն եւ շատ անգամ եկեղեցիներէն ներս:

Աւետարանիչներէն մին կը գրէ, թէ Յիսուս կ՚ըսէ. «երանի խաղաղութիւնը սիրողներուն», մինչ միւսը Յիսուսի բերնով կը գրէ, թէ «ես չեկայ աշխարհին խաղաղութիւն բերելու»:

***

Եզրակացութիւն.- Մանկասարեանի մտածումները յաճախ կարելի է մանկական նկատել, որովհետեւ ան մանուկի տրամաբանութեամբ կ՚ուզէ ամէն բանի մէջ յարմար պատասխան մը ունենալ՝ ինչպէս պիտի ուզէր մանուկ մը ունենալ իր հարցումներուն դիմաց: Քրիստոնէութիւնը պարտադրուած կրօնք մը չէ եւ մենք չենք պահանջեր, որ ամէ՛ն մարդ անպայմանօրէն հաւատայ եւ առանց տրամաբանելու ընդունի. աւելին՝ քրիստոսնէութիւնը չի մեղադրեր այն անձը, որ այդ բոլորը հարցականի տակ կ՚առնէ. մահմետականներ շատ անգամ կը վախնան կրօնական հարցեր քննարկելէ եւ չեն ուզեր հարցականի տակ դնել եւ ամէն բան կ՚ընդունին այնպէս՝ ինչպէս գրուած է, սակայն քրիստոնէութիւնը՝ ներառեալ Հայ Առաքելական Եկեղեցին, բազմիցս մեկնաբանած ու փորձած է բացատրել. ամբողջակա՞ն են այդ բացատրութիւնները. վստահաբար ոչ եւ ամբողջական չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ քրիստոնէութիւնը որքա՛ն ուսումնասիրես, այնքան բացատրութիւն եւ վերլուծում դուրս կու գայ:

•վերջ

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -280-

Հաւանաբար ականատես եղած չէք, սակայն Հայ Առաքելական Եկեղեցին ունի օրէնք մը. պատարագի ընթացքին եթէ սխալմամբ սկիհը սարկաւագին կամ քահանային ձեռքէն սահի եւ իյնայ, պատարագը սկիզբէն կը սկսի. քսան տարուան ընթացքին իր ներկայութեամբս նման դէպք մէկ անգամ պատահեցաւ։ Սարկաւագը խնկարկեց սկիհը եւ երկիւղածութեամբ բարձրացնելով խորանին ետեւէն անցնելով առաջացաւ, որպէսզի սկիհը տայ քահանայ հօր. կարծելով որ քահանան բռնած է սկիհը, ձեռքը ձգեց եւ պատահեցաւ սարսափելին. սկիհը ինկաւ եւ մէջի գինին ամբողջութեամբ թափեցաւ:

Սարսափելի լռութիւն մը տիրեց. շուարած մնացին քահանան, սարկաւագը, ինչպէս նաեւ հաւատացեալները. վարագոյրը փակուեցաւ եւ պատարագը ամենէն սկիզբէն դարձեալ սկիզբ առաւ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յուլիս 3, 2023