ՊԱՏՄԱԿԱՆՕՐԷՆ ՊԱԼԱԹ ԵՒ ՇՐՋԱԿԱՅ ԹԱՂԵՐԸ

Ոսկեղջիւրի (Խրիսօ, կամ Խրիսու գերաս) ձախ եզրի ոսկեգոյն ափերուն վրայ թառող խորանաձեւ այս ոստանը, ինչպէս Պոյլսոյ բազմաթիւ թաղեր, իր անունը կ՚առնէ Միքայէլ Մօնօմախօս կայսեր շինել տուած նաւահանգիստի պարիսպէն դէպի ծով բացուող այն պատմական դռնէն՝ որ կը կոչուէր՝ «Պալաթիանի թիռա», այսինքն՝ դուռն Պալաթի։ Ահաւասիկ այս պատճառով է, որ այս թաղը կը կոչուի Պալաթ։

Այս ընդարձակ թաղամասը՝ հոծ, Պալաթի դռնէն ո՛չ նուազ հեռու, պարիսպէն դուրս, ծովեզրին բնակութիւնը հաստատուած հրեայ բնակչութեան տուներու ետին, ունէր առաջինէն աւելի մեծ եւ հնագոյն ուրիշ մէկ դուռ՝ «Գնիյոս» կամ «Գնիկոս» (Դուռն որսոց) անունով։

Դարերու ընթացքին, սոյն հաստամուր դուռը՝ քարերով ամրափակ հիւսուած, թաղին դէպի նաւահանգիստ, միակ ելք կը մնար Պալաթի այս փոքր դուռը։

Քարահիւս մեծ դրան վրայ կար, մինչեւ վերջին ժամանակներ, մարմարեայ քար մը, վրան Միքայէլ Տաքսիյարգի (Դասապետ, Հրեշտակապետ) սոսկատեսիլ մէկ նկարը, փորագրուած՝ թուրը ձեռքին, նման Ս. Հրեշտակապետի հնօրեայ իւղաներկ սրբապատկերին։

Ֆաթիհ սուլթան Մեհմէտ, քաղաքը գրաւելէ եւ իր Աթոռը Պուրսայէն հոն՝ Պոլիս փոխադրելէ վերջ, չնաշխարհային այս տիրակալութիւնը տեւականացնելու հեռատեսութեամբ, ուզեց յոյները սիրաշահիլ՝ կարգ մը առանձնաշնորհումներով։ Այս մտադրութեամբ, ան որոշեց որ Պոլսոյ քաղաքամիջի մասը լոկ յատկացուի մահմետական եւ յոյն տարրին, ուրիշ ազգերու բնակութեան վերապահելով՝ պարիսպներու շրջակայքը, նեղ եւ երկար երիզի մը վրայ։

Աշխարհակալն Ֆաթիհ սուլթան Մեհմէտ, այս եւ ասոր նման կարգ մը խոհեմ կարգադրութիւններ ընելէ վերջ, իր յաղթական հատու սուրը երկարեց դէպի Արեւմուտք։ Եւ յաղթութենէ յաղթութիւն ընթանալով՝ տիրեց Ռումանիոյ, եւ այդ երկրին Ուլան եւ Պուղտան (Վալաքիա եւ Մոլտավիա) հողազուրկ վոյվոտները Պոլիս բերաւ։

Վլահները բնակեցուց նաւահանգիստի 18-րդ եւ 20-րդ այն է՝ կրկնապարիսպ Ֆէնէրի (Սոյն թաղն ալ «Ֆէնէր» կը կոչուի, իր կրկնակ պարիսպներուն վրայ բոցավառող, գիշերի զոյգ փորոսներու անունով։ Ասոնք Սեւծովէն Մարմարա անցնող նաւերը, գիշերը պիտի զգուշացնէին «ելք չունեցող» դէպի Ոսկեղջիւր ուղղուելէ։) եւ Այվանսարայի միջեւ, իսկ «Պուղտան»ները Էտիրնէգաբուի (Դուռն Ադրիանոսի) բարձրավանդակին վրայ։ Այս եկուոր մեծահարուստ իշխանները իրենց համար շինեցին գեղատեսիլ բնակարաններ՝ «Balati» (լատ. Palatium), թրքերէն լեզուով՝ «Վլահ եւ Պուղտան սարայլարը» անունով համբաւուած։

«Ֆէթհիյէ ճամիսի»ին մօտերը բարձրացած վլահ պալատներէն, նորաբաց դուռը եւս առաւ իր անունը, «Պալաթ»։

Պոլսոյ այս գեղատեսիլ ոստանին 26 դռները, Մարմարայի վրայ բացուող, թիւ 1, Նառլըգաբուէն կը սկսէին, եւ կը վերջանային՝ Եէտիգուլէի «Արծուեպաշտպան» դուռով։ Այսպէս՝ հարաւէն կը սկսէր, կ՚երկննար մինչեւ «Սարայպուրնու» եւ դէպի Ոսկեղջիւր թեքուելով, եւ մեր Պալաթի 19-րդ դուռը անցնելով, եւ Այվանսարայի դռնէն քաղաքին արեւմտակողմը շրջապատուած եօթը դռներով, կ՚իջնէր Եէտիգուլէ, դարձեալ Մարմարայի եզրը։

Պալաթի թաղին պաշտպան սուրբը եղած է՝ Միքայէլ Հրեշտակապետ, այն օրէն՝ երբ Միքայէլ յաղթական կայսրը, Ոսկեղջիւրը եզերող պարիսպը հիւսելով, թաղին գլխաւոր «Մեծ-Դրան» վրայ քանդակել տուաւ հսկայատեսիլ պատկերը սուրբին։ Ասոր մօտիկն էր, մայրաքաղաքի շուրջաբոլոր պարիսպին 304 աշտարակներէն ամենէն նշանաւորը՝ Միքայէլ Անէմայի անունով՝ «Անէմա» կոչուած։

Պալաթի ամրափակ մեծ դրան մօտ, եւ Այվանսարայի դռնէն 50 քայլ դէպի ներս, կը բարձրանար՝ Աստուածամօր անուան ձօնուած յունական երբեմնի հրաշագործ եկեղեցին…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունիս 27, 2023, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Յուլիս 3, 2023