ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԵՒՍ «ՈՐԴՈՒՍ» (3)
Բանաստեղծութիւնը գրականութեան գագաթնակէտը կը նկատուի, սակայն իրականութեան մէջ ան կը գերազանցէ գրականութեան էջերը եւ կը դառնան ներհայեցողութեան լաւագոյն միջոց, ըմբռնելու համար ներքին ապրումներն ու զգացումները: Բանաստեղծները կարճ ու սահմանափակ բառերու մէջ կը յաջողին բարդ յոյզեր, միտքեր ու պահեր վերլուծել, որոնք խորապէս արձագանգ կը գտնեն մարդու կեանքէն ներս: Նոյն լոյսին տակ Պարոյր Սեւակի այս բանաստեղծութիւնը եւս միջոց է բացայայտելու մարդկային կեանքի խոր ապրումներն ու զգացումները:
«Յաճախ, շուրջըս աչք ածելով, այն մարդկանց եմ ես նախանձել,
Որոնց կեանքը հեշտ է անցնում - ասես կեա՜նք չէ, այլ խճուղի».
Մարդկային կեանքի մեծագոյն տկարութիւններէն մէկն է ուրիշներու կեանքին վրայ «աչք ածել»ը. այս մէկը մարդկային է, որովհետեւ մարդիկ իրենց արժէքը կը «չափեն» հիմնըւելով այդ համեմատականներուն վրայ. հոգեբանութիւնը կը հաւատայ, որ այս մէկը արգելք կը հանդիսանայ կատարելագործուելու եւ անիրական ակնկալութիւններ կը դնեն մարդուն դիմաց: Այդ համեմատականը մարդոց մօտ կրնայ տարբեր զգացումներ յառաջացնել. եթէ համեմատութեան մէջ յաղթանակեց՝ ապա բաւարարութիւն մը կը զգայ մարդ, իսկ եթէ պարտուած դուրս գայ՝ նախանձ մը կը ծագի եւ այս բանաստեղծութեան մէջ կը տեսնենք, թէ Պարոյր Սեւակ նախանձով նայած է յաճախ այն մարդոց, որոնց կեանքը «հեշտ» եղած է. նման մարդոց կեանքը Պարոյր Սեւակ կը կոչէ «խճուղի». այս տողերէն կարելի է հասկնալ, որ Պարոյր Սեւակ ինք «հեշտ» կեանք մը ապրած չէ. իր կեանքը երբեք «խճուղի» չէ՛ եղած, այլ եղած է «կածան»՝ նեղ ու դժուարին: Այդ տարբերութիւնն է, որ բանաստեղծին մէջ ստեղծած է նախանձ, որովհետեւ ան տագնապած է մի՛շտ իր կեանքը խճուղիի վերածելու, սակայն մի՛շտ ալ մնացած է կածանի մէջ, մինչ ուրիշներ հանգստութեամբ քալած են իրենց հանգիստ խճուղիէն:
«Անխոչընդո՜տ եւ անարգելք, քանոնի պէս հա՜րթ ու ուղիղ».
Պարոյր Սեւակ իրեն նախանձելի թուացող կեանքի յատկանիշները կը թուէ որպէս «անխոչընդոտ» ու «անարգելք». այս մէկը սեփական կեանքի մէջ գոյութիւն ունեցող խոչընդոտներուն եւ արգելքներուն գոյութիւնը ցոյց կու տայ. ուրիշներուն կեանքը հարթ եւ ուղիղ էր, մինչ իրը լեցուն էր վերիվայրումներով. այստեղ սակայն կայ առեղծուած մը. շատ անգամ մարդիկ կը հաւատան, որ կեանքի հարթ եւ կամ վերիվայրումներով ըլլալը մեր անձնական որոշումներուն հետեւանքն է եւ հետեւաբար մարդ ի՛նք կրնայ որոշել ինչպիսին ընել իր կեանքը. սակայն միւս կողմէ մենք համաձայն չենք այն գաղափարին, որովհետեւ մարդ ինչքան ալ ջանք ի գործ դնէ ստեղծելու համար այդ հարթութիւնը, ակամայ վերիվայրում մը կը ստեղծուի՝ մարդու կամքէն անկախ. այդ իսկ պատճառով ճակատագիրի գոյութիւնը հերքելով հանդերձ կը հաւատանք բախտի գոյութեան:
«Դպրոց, յետոյ ինչ-որ մի ԲՈՒՀ, մի ազդեցիկ զանգահարող,-
Եւ տաք տեղն է ապահովուած...».
Պարոյր Սեւակ կը շարունակէ իր նախանձի բացատրութիւնը, դիտել տալով, որ նման մարդիկ իրենց կեանքին մէջ երբեք մտահոգուելու պէտք չունին. ամենայն անհոգութեամբ կ՚երթան դպրոց, կ՚ունենան «սիրած» մը՝ թէեւ առանց սիրոյ նուազագոյն զգացումի, կ՚ունենան գործ ու ասպարէզ եւ «հանգիստ» կեանք մը կ՚ապրին. վստահաբար այդ կեանքը նախանձելի թուելով հանդերձ բանաստեղծին, ուզած կեանքը չէր. որովհետեւ ինք չէ՛ր կրնար նման կեանք մը ապրիլ։ Նման կեանքով մը ինք չէր կրնար դառնալ Պարոյր Սեւակ, որովհետեւ բանաստեղծը բանաստեղծ դարձնողը իր բառերէն աւելի իր ապրումներն ու զգացումներն են: Սակայն բանաստեղծը կը տեսնէ, որ իր բոլոր ջանքերը միշտ դժբախտութեամբ կ՚աւարտի, սակայն անոնք կը շարունակեն անհոգ ապրիլ. այդ հանգիստ կեանքը չէ՛ որ նախանձելի կը թուի բանաստեղծին, այլ արդիւնքը, որովհետեւ անսիրտ ու անխիղճ ապրողները շատ աւելի գնահատուած դուրս կու գան՝ քան անոնք, որոնք զոհողութեամբ կ՚ապրին:
«Այսպէս ապրել դու չե՜ս կարող».
Բանաստեղծը այդ կեանքի «երանելի» ըլլալը գիտնալով հանդերձ լաւապէս կը գիտակցի, որ իր զաւակը չի՛ կրնար նման կեանք մը ապրիլ. բանաստեղծի այդ վստահութիւնը կու գայ իր փոխանցած դաստիարակութենէն: Բանաստեղծը չէր ուզեր, որ իր զաւակը ապրէր նման անսիրտ կեանք մը. աւելի նախընտրելի էր, որ իր զաւակը ունենար դժուարին կեանք մը, սակայն սեփական ուժերով յաղթահարէր, քան ապրէր կեանք մը՝ ուր պայքար գոյութիւն չունի, որովհետեւ կեանքի պայքարն է, որ մարդը մարդ կը դարձնէ. ցաւերը, դժուարութիւնները թէեւ որոշ ժամանակ ցաւ կը պատճառեն, սակայն յետոյ կը զօրացնեն մարդը: Արդէն բանաստեղծը շարունակելով իր խօսքերը կ՚ըսէ.
«Չէի ուզի, որ քո կեանքը հարթ խճուղու նման լիներ».
Հարթ ճամբան անցնիլը դիւրին է, սակայն դժուարինը վերիվայրումներով ու պայքարով լեցուն ճամբան է։ Կարճ ու վերիվայրումներով լեցուն ճամբու վրայ ապրողներու համեմատականով կարելի է կատարել կեանքի անարդարութեան համեմատականը, սակայն տկարներուն տրուած է հարթ ճամբով անցնիլը։ Իսկական ուժը վերիվայրումներով լեցուն ճամբուն մէջ շիտակ քալելն է:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ո՞րն է աշխարհի ամենէն տարօրինակ օրէնքը:
Պատասխան. Աշխարհի ամենէն տարօրինակ օրէնքներէն մէկը կը գտնուի Զուիցերիոյ մէջ, ուր արգիլուած է պահել մէկ խոզ. այս օրէնքը հիմնուած է այն համոզումի վրայ, որ խոզերը ընկերային կենդանիներ են եւ մէկ խոզ պահելու պարագային անոնք կրնան տառապիլ առանձնութենէն: Անոնց բարեկեցութիւնը ապահովելու համար օրէնքը կը պահանջէ, որ խոզերը պէտք է ունենան նուազագոյնը մէկ ընկեր: Այս մէկը ցոյց կու տայ Զուիցերիոյ իւրայատուկ մօտեցումը կենդանիներու բարեկեցութեան հարցին շուրջ, ընդգծելով կարեւորութիւնը ընտանի կենդանիներու բարեկեցութեան:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան