ԲՆՈՒԹԻՒՆԸ ՀՈԳԻԻՆ ՄԷՋ

Բնու­թիւ­նը Աս­տու­ծոյ ար­տա­ցո­լա­ցումն է, եւ Բնու­թիւ­նը կար­ծես ար­տատ­պուած պատ­կեր մըն է մարդ­կա­յին հո­գիին մէջ։ Եւ ա՛յս է նշա­նա­կու­թիւ­նը այն բա­ցատ­րու­թեան՝ թէ մարդ ստեղ­ծուած է Աս­տու­ծոյ պատ­կե­րով եւ Ա­նոր նմա­նու­թեամբ։ Ան­շուշտ այս չի նշա­նա­կեր, թէ մարդ Աս­տուած է, քա­նի որ Ա­նոր պատ­կերն է ու նմա­նը միայն, բայց ո՛չ եր­բեք ինքն Աս­տուած։

Ար­դա­րեւ ամ­բողջ Բնու­թիւ­նը «պատ­կեր»ո­վը կը ներ­կա­յա­նայ մարդ­կա­յին հո­գիին մէջ։ Այս կը նշա­նա­կէ, կը ստու­գէ, թէ մարդն ալ մասն է Բնու­թեան, ա­նոր ամ­բողջ էու­թեան։ Խոր­հե­ցէ՛ք սի­րե­լի­նե՜ր, մարդն ալ իր հո­գիին մէջ ու­նի կա­տար­ներ՝ ո­րոնք իր մտա­ծում­նե­րուն թռիչք­ներն են, իր հե­ռան­կար­նե­րը՝ ի­տէալ­նե­րը, իր սէ­րե­րը, իր ըմբռ­նո­ղու­թիւ­նը էա­կի մը մա­սին, որ Տիե­զեր­քի «Ստեղ­ծիչ»ը եւ «Կա­ռա­վա­րիչ»ը ու «Նա­խախ­նամ»ն է, եւ մարդ­կա­յին կեան­քին ու ճա­կա­տագ­րին՝ որ է ընդ­հա­նուր «ծրագ­րի»ն մէջ իր դե­րը, բա­ցար­ձակ Տէ­րը։ Հե­ղի­նա­կու­թիւն մըն է Ան՝ որ կը ստեղ­ծէ, կը կա­ռա­վա­րէ, կը հո­գայ ու կը խնա­մէ, քա­նի որ Տէ՛ր է…։ Ար­դա­րեւ ա­րար­չա­գոր­ծու­թեան մա­սին կրօ­նու­սու­ցու­մը կը ստա­նայ գլխա­ւոր կա­րե­ւո­րու­թիւն։ Ան կը հա­յի մարդ­կա­յին ընդ­հա­նուր կեան­քին իս­կա­կա՛ն հի­մե­րուն, քա­նի որ ան կը բա­ցա­յայ­տէ պա­տաս­խա­նը քրիս­տո­նեայ հա­ւատ­քին տար­րա­կան հար­ցու­մին՝ զոր բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րու մար­դիկ տուած են ի­րենք ի­րենց. «Ուր­կէ՞ կու գանք», եւ այս հար­ցու­մին բնա­կա­նա­բար կը յա­ջոր­դէ սա հար­ցու­մը. «Ո՞ւր կ՚եր­թանք»։ Եւ ան­շուշտ նոր հար­ցում­ներ. «Ի՞նչ է մեր ծա­գու­մը», «Ի՞նչ է մեր վախ­ճա­նը»։­

Ի­րա­պէս, կ՚ար­ժէ խոր­հիլ, ան­շուշտ ե­թէ մարդ ժա­մա­նակ գտնէ ա­մէ­նօ­րեայ զբա­ղում­նե­րէն՝ ո­րոնք կը գրա­ւեն իր ամ­բողջ ժա­մա­նա­կը, ամ­բողջ կեան­քը…։

Ուր­կէ՞ կու գայ եւ ո՞ւր կ՚եր­թայ ա­մէն ինչ, որ գո­յու­թիւն ու­նի։ Ծա­գու­մի եւ վախ­ճա­նի այս եր­կու հար­ցում­նե­րը մա­նա­ւանդ ի­րար­մէ ան­բա­ժա­նե­լի են, քա­նի որ ա­մէն սկիզբ բնա­կա­նօ­րէն ու­նի վե՛րջ մը։

Եւ այն ա­մէն ի­րո­ղու­թիւն­նե­րը, ե­րե­ւոյթ­նե­րը՝ ո­րոնք մարդ­կա­յին կեան­քին ու մար­դոց գոր­ծին ի­մաս­տին եւ ուղ­ղու­թեան հա­մար վճռա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նին։

Աշ­խար­հի եւ մար­դուն ծա­գու­մը, ծագ­ման հար­ցը, ա­ռար­կա՛ն է գի­տա­կան բազ­մա­թիւ հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու, ո­րոնք շքե­ղօ­րէն ճո­խա­ցու­ցին մար­դուս ճա­նա­չում­նե­րը տիե­զեր­քի տա­րի­քին ու տա­րած­քին մա­սին, կեն­դա­նա­կան տե­սակ­նե­րու լի­նե­լու­թեան մա­սին, եւ մա­նա­ւանդ մարդ էա­կին ե­րե­ւու­մին մա­սին։

Այս բո­լո­րը ա­ւել­ցու­ցին հիա­ցու­մը մար­դուն Ա­րար­չին մե­ծու­թեա­նը։

Եւ այդ «կա­տար»նե­րուն վրայ կե­ցած՝ մարդ կ՚ա­պա­ցու­ցա­նէ, թէ Աս­տու­ծոյ պատ­կե­րը կը կրէ, թէ՝ Սաղ­մո­սեր­գուին բա­ցատ­րու­թեամբ՝ եր­կին­քի հրեշ­տակ­նե­րէն քիչ մը միայն վար դրուած է։

Բնու­թիւ­նը ե­ղա­նակ­ներ ու­նի. մարդ գի­տէ, թէ ո՛ր­քան տար­բեր է Բնու­թիւ­նը ե­ղա­նա­կէ ե­ղա­նա՜կ։

Զոր օ­րի­նակ՝ ձմրան մէջ ի՛նչ որ է Բնու­թիւ­նը՝ նոյ­նը չէ միւս ե­ղա­նակ­նե­րուն մէջ։ Յա­րա­փո­փոխ է Բնու­թիւ­նը, եւ ի՛նչ­պէս մար­դը։ Յա­րա­փո­փոխ է նաեւ մար­դուն հո­գե­ւոր աշ­խար­հը, մարդ­կա­յին Բնու­թիւ­նը։

Մարդ ալ ու­նի ե­ղա­նակ­ներ իր հո­գիին մէջ. ան ալ ու­նի իր ձմրան փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ՝ գար­նա­նա­յի­նը, եւ ա­մառ­նա­յի­նը, աշ­նա­նա­յի­նը։ Ու­րա՜խ ու եր­ջա­նիկ շրջան­ներ եւ տրտմա­լի, վշտա­լի մութ պա­հեր։ Սի­րե­լի­ներ, մարդ միշտ չի խնդար, հա­պա նաեւ՝ եր­բեմն կու լայ եւ եր­բեմն ալ կը սգա՜յ…։

Ու­րա­խու­թիւն­նե՜ր, յա­ջո­ղու­թիւն­ներ՝ աշ­նա­նա­յին տե­րեւ­նե­րու նման՝ յա­ճախ կը թօշ­նին, կ՚իյ­նան, կը կոր­սուին, դա­սա­լիք կ՚ըլ­լան։ Չէ՞ պա­տա­հած, չե՞նք վկա­յած հա­րուստ­նե­րու՝ ո­րոնք աղ­քա­տա­ցած են, եւ կամ, փո­խա­դար­ձա­բար, աղ­քա­տը՝ հարս­տա­ցած…։ Մարդ­կա­յին կեան­քը հա­կա­դար­ձու­թիւն­նե­րու վրայ հիմ­նուած՝ կը յա­րա­տե­ւէ. կեան­քը եր­բեմն «սեւ» է ու խա­ւար, եր­բեմն ալ «ճեր­մակ» ու լու­սա­ւո՛ր։ Մարդ­կա­յին կեան­քը նոյն ինքն Բնու­թի՛ւնն է։

Բայց կա­րե­լի է հարց­նել՝ թէ ին­չո՞ւ հա­մար Աս­տուած չստեղ­ծեց այն­քան կա­տա­րեալ աշ­խարհ մը՝ Բնու­թիւն մը, ուր ո՛չ մէկ չա­րիք, թե­րու­թիւն, տկա­րու­թիւն կա­րե­նար գո­յու­թիւն ու­նե­նալ։ Աս­տուած մի՛շտ կա­րող է Իր ան­հո՛ւն զօ­րու­թեամբ ու կա­րո­ղու­թեամբ՝ ա­ւե­լի կա­տա­րեալ բան մը, Բնու­թիւն մը ստեղ­ծել։ Սա­կայն Իր ի­մաս­տու­թեամբ եւ Իր ան­սահ­ման բա­րու­թեամբ, Աս­տուած ա­զա­տօ­րէն ու­զեց ստեղ­ծել Բնու­թիւն մը՝ աշ­խարհ մը՝ յա­ռա­ջըն­թա­ցու­թեան եւ բա­րե­լաւ­ման մէջ, ուղ­ղուած՝ դէ­պի Իր վերջ­նա­գոյն կա­տա­րե­լու­թիւ­նը։ Աս­տուած իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ծրագ­րին մէջ այս կեր­պով կար­գադ­րած եւ կա­նո­նա­ւո­րած ըլ­լա­լը՝ կը ներ­փա­կէ կարգ մը ա­րա­րած­նե­րուն ե­րե­ւու­մին հետ նաեւ՝ ան­հե­տա­ցու­մը ու­րիշ­նե­րուն, ա­մե­նա­կա­տա­րեա­լին կող­քին՝ նուազ կա­տա­րեա­լը, Բնու­թեան շի­նա­րա­րու­թեան կող­քին՝ նաեւ կոր­ծա­նում­ներ։ Ուս­տի այս է կա­նո­նը. սկիզբ եւ վե՛րջ…։

Ֆի­զի­քա­կան «բա­րի»ին կող­քին պի­տի ըլ­լայ նաեւ ֆի­զի­քա­կան «չա­րիք»ը՝ այն­քան ա­տեն որ աս­տուա­ծա­յին ա­րար­չա­գոր­ծու­թիւ­նը չէ հա­սած իր կա­տա­րե­լու­թեան։

Ար­դա­րեւ Բնու­թիւ­նը աս­տուա­ծա­յին ծրագ­րին ի­րա­կա­նաց­ման ընդ­հա­նուր մի­ջա­վայրն է. հոն կ՚ի­րա­կա­նա­նայ եւ կը կա­տա­րե­լա­գոր­ծուի ա­մէն ինչ՝ որ կը ծա­ռա­յէ ծրագ­րին ամ­բող­ջաց­մա­նը։ Եւ այս մի­ջա­վայ­րին մէջն է, որ մա՛րդ կը մաս­նակ­ցի որ­քան մար­մի­նով, բայց ա­ռա­ւե­լա­պէս հո­գիո՛վ։ Եւ այս ըն­թաց­քին մէջ մարդ պար­տա­ւո՛ր է, կոչուած է դի­մագ­րա­ւե­լու ա­մէն ար­գելք՝ որ կը սպառ­նայ ծրագ­րին ի­րա­գործ­ման ու կա­տա­րե­լա­գործ­ման։

Ինչ­պէս որ մար­դուն գլխուն վե­րեւ գտնուող երկ­նա­կա­մա­րը միշտ կա­պոյտ չէ՛, նոյն­պէս ալ սեւ ամ­պեր ցա­ւե­րու, վիշ­տե­րու, յու­սա­խա­բու­թիւն­նե­րու՝ կու գան մռայ­լել, խա­ւա­րեց­նել մարդ­կա­յին հո­գին։

Մար­դա­յին հո­գիին մէջ ալ փո­թո­րիկ­ներ կը ծա­գին, եւ սոս­կա­լի երկ­րա­շարժ­ներ՝ ո­րոնք հիմ­նո­վին կը յե­ղա­փո­խեն իր կեան­քին ամ­բողջ պայ­ման­նե­րը, կամ կը կոր­ծա­նեն իր փայ­փա­յած յոյ­սերն ու ե­րազ­նե­րը։

Այս­պէս ու­րեմն, մար­դուս «հո­գե­ւոր աշ­խար­հագ­րու­թիւն»ը նմա­նու­թեան բազ­մա­թիւ գի­ծեր ու­նի ար­տա­քին աշ­խար­հի աշ­խար­հագ­րու­թեան հետ։

Ինչ­պէս Բնու­թիւ­նը իր ա­րե­ւը ու­նի, մարդն ալ ու­նի իր հո­գիին մշտա­փայլ «ա­րեւ»ը՝ որ է Աս­տու­ծոյ հայ­րա­կան սի­րոյն յայտ­նու­թիւ­նը Յի­սուս Քրիս­տո­սի Ան­ձին մէջ։ Եւ ա­հա­ւա­սի՛կ այդ «Ա­րեւ»ն է, որ կրնայ մարդ­կա­յին հո­գին ա­ռողջ ու կեն­սու­նակ պա­հել, խնա­մել, հո­գալ, սնու­ցա­նել, զօ­րաց­նել, յու­սադ­րել, վստա­հեց­նել ներ­կա­յին ու ա­պա­գա­յին հա­մար եւ զինք պատ­րաս­տել իր յաւի­տե­նա­կան ժա­ռան­գու­թեան, ճշմա­րիտ, ան­ժա­մա­նակ կեան­քին հա­մար։

Ո­մանք կը հարց­նեն, ի՞նչ կը նշա­նա­կէ քրիս­տո­նեայ ըլ­լալ։ Քրիս­տո­նեայ ըլ­լալ՝ այդ «Ա­րեւ»ին անդ­րա­դառ­նալ եւ Ա­նոր լոյ­սին տակ ապ­րիլ կը նշա­նա­կէ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­լիս 29, 2015, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 3, 2015