ՄԱՆՉԵՐ ԵՒ ԱՂՋԻԿՆԵՐ

Ու­շադ­րու­թիւն ը­րա՞ծ էք սի­րե­լի­ներ, երբ մա­նուկ մը ծնի, ընդ­հան­րա­պէս չեն ը­սեր «մա­նուկ մը ծնաւ», այլ կ՚ը­սեն. «մանչ մը ծնաւ» եւ կամ «աղ­ջիկ մը ծնաւ»։ Եւ ծնուն­դի ա­ռա­ջին պա­հէն իսկ ո­րո­շա­կի կեր­պով կը յայտ­նուի սե­ռի տար­բե­րու­թիւ­նը եւ զա­ւա­կը՝ նո­րա­ծի­նը տա­կա­ւին ա­նուն մը չտրուած, իր սե­ռով՝ «մանչ» մը, կամ «աղ­ջիկ» մը կո­չե­լով զայն։

Մարդ էա­կին ծնուն­դի ա­ռա­ջին պա­հէն եւ նոյ­նիսկ ծնուն­դէն ա­ռաջ ար­դէն կ՚ո­րո­շուի ան որ­պէս «մանչ» եւ կամ «աղ­ջիկ»։ Եւ շատ ան­գամ «մա՛րդ» մը, «ան­հա՛տ» մը, «ա՛նձ» մը կո­չուե­լէ ա­ռաջ ան կ՚ա­նուա­նուի «մա՛նչ» մը, «աղ­ջի՛կ» մը։

Ար­դա­րեւ մարդ էա­կին եւ ապ­րող էակ­նե­րու շա­տե­րուն հա­մար կա­րե­ւոր է սե­ռա­յին տար­բե­րու­թիւ­նը, քա­նի որ ա­նով կ՚ո­րո­շուի ա­նոր ինք­նու­թիւ­նը, ա­նոր էու­թիւ­նը, գո­յու­թեան ո­րո­շիչ յատ­կու­թիւ­նը։ Կար­ծես «մարդ» ըլ­լա­լէ ա­ռաջ, ան ա­րու է կամ էգ, մանչ է կամ աղ­ջիկ։ Եւ մա­նա­ւանդ նո­րա­ծի­նը կը ճանչ­ցուի իր սե­ռէն՝ «մա՛նչ» մը, «աղ­ջի՛կ» մը։ Բայց ան «մա՛րդ» մըն է, ան­հատ մը՝ «մանչ զա­ւակ» մը, այ­սինքն «մարդ» մը եւ «աղ­ջիկ զա­ւակ» մը, այ­սինքն մարդ մը։ Ան մանչ կամ աղ­ջիկ ան­հա՛տ մըն է՝ ըն­կե­րա­յին հա­ւա­քա­կա­նու­թեան մէկ ան­դա­մը։ Ար­դա­րեւ ա­նոր մանչ կամ աղ­ջիկ ըլ­լա­լը կա­րե­ւոր է, քա­նի որ մար­դուն սե­ռա­յին տար­բե­րու­թիւ­նը կ՚ո­րո­շէ ա­նոր կեան­քի ամ­բողջ ըն­թաց­քը, նկա­րա­գի­րը, էու­թիւ­նը եւ ինք­նու­թիւ­նը։

Կեան­քի մէջ ա­մէն մէ­կը տար­բեր պար­տա­կա­նու­թիւն­ներ ու­նի, բայց սա ա­նու­րա­նե­լի ճշմար­տու­թիւն է, որ իւ­րա­քան­չիւր սեռ ու­նի միւս սե­ռի նկատ­մամբ լրա­ցու­ցիչ, ամ­բող­ջաց­նող, կա­տա­րե­լա­գոր­ծող հան­գա­մանք մը։ Այս ի­մաս­տով ա­րուն եւ է­գը՝ ման­չը եւ աղ­ջի­կը «ամ­բողջ» մը կազ­մե­լու կո­չուած են եւ այդ ամ­բող­ջը՝ «մարդ»ն է։

Այս ի­մաս­տով ա­նոնք ի­րա­րու նկատ­մամբ եր­բեք գե­րա­զան­ցու­թիւն չու­նին, այլ հա­ւա­սար են, հա­ւա­սար ար­ժէք­նե­րով, թէեւ «տար­բեր» ըստ ե­րե­ւոյ­թի, բայց «նոյն» եւ «հա­ւա­սար» ըստ էու­թեան եւ ըստ կո­չու­մի։ Թե­րեւս կա­րե­լի է խոր­հիլ, թէ «հա­ւա­սար­նե­րու մէջ ա­ռա­ջին»ը՝ «primus inter pares» կրնայ ըլ­լալ ա­րուն, ման­չը, բայց ա­սի­կա բո­լո­րո­վին նա­խա­պա­շա­րու­մի  հե­տե­ւանք է, քա­նի որ ամ­բողջ մարդ­կա­յին պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին այդ­պէս կար­ծուած է…։ Այս ալ բնա­կան է, քա­նի որ ամ­բողջ մը լրաց­նող կտոր­նե­րը կամ մա­սե­րը, որ­պէս անհ­րա­ժեշտ մաս­նիկ, միշտ հա­ւա­սար են, մէ­կուն բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը թե­րի եւ ան­կա­տար կը թո­ղու ամ­բող­ջու­թեան կազ­մու­թիւ­նը։ Եւ այն տար­րե­րը՝ որ անհ­րա­ժեշտ են՝ հա­ւա­սար ար­ժէք ու­նին։

Ա­րու եւ էգ.  կար­ծես եր­կու տար­բեր էակ։

Ար­դա­րեւ ա­րու եւ է­գի տար­բե­րու­թիւ­նը՝ բնու­թեան ա­մե­նա­կա­րե­ւոր եւ խորհր­դա­ւոր տար­բե­րու­թիւնն է։

Ա­րու եւ է­գի մի­ջեւ բազ­մա­թիւ տար­բե­րու­թիւն­ներ կան, բայց ա­մե­նէն յատ­կան­շա­կա­նը այն է, որ է­գը նոր մար­դու մը ծնունդ կրնայ տալ  իր մարմ­նոյն մէջ մեծց­նե­լով, բայց ա­րուն ա­սի­կա եր­բեք չի կրնար ը­նել։ Սա­կայն այս ը­նե­լու հա­մար ան­շուշտ է­գը ա­րուին պէտ­քը ու­նի։ Ա­հա­ւա­սիկ ա՛յս է ա­րուին եւ է­գին ի­րա­րու լրա­ցու­ցի­չը, ամ­բող­ջաց­նո­ղը ըլ­լա­լու ճշմար­տու­թիւ­նը։

Բնու­թիւ­նը՝ է­գին տուած է մարդ ծնե­լու ա­ռա­ւե­լու­թիւ­նը, բայց ա­րուին լրա­ցու­ցիչ պար­տա­կա­նու­թիւնն ալ չէ ան­տե­սած։ Բայց ի վեր­ջոյ, բո­լոր մար­դիկ՝ ա­րու կամ էգ ան­պայ­ման է­գի մը մարմ­նին մէջ կ՚ա­ճին եւ ա­նոր մար­մի­նէն կը ծնին, լոյս աշ­խարհ կու գան։ Բայց այս ի­րո­ղու­թիւ­նը ըմբռ­նել այն­քան դիւ­րին չէ ե­ղած դա­րե­րու ըն­թաց­քին, մա­նա­ւանդ այ­րե­րու կող­մէ, քա­նի որ մարդ էա­կին հա­մար իր չկրցա­ծը ու­րի­շին կա­րե­նալ ը­նե­լը ըն­դու­նիլ դժուար է, մա­նա­ւանդ կեանք մը ստեղ­ծե­լու նման շատ կա­րե­ւոր նիւ­թի մը մէջ։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ, հին դա­րե­րէ ի վեր այ­րե­րու զի­րենք կի­նե­րու նկատ­մամբ գե­րա­կայ եւ զօ­րա­ւոր ցոյց տա­լու փա­փա­քին պատ­ճա­ռը ա՛յս ե­ղած է, թե­րեւս…։ Եւ ժա­մա­նակ­ներ ե­ղած է, որ մար­դիկ, նոյ­նիսկ լուրջ եւ գի­տա­կից մար­դիկ հար­ցու­ցած են ի­րենք ի­րենց, թէ կի­նը մա՞րդ է, թէ ո՛չ։ Եւ դար­ձեալ, եր­կար ժա­մա­նակ, կի­ներ տես­նուած եւ ըն­դու­նուած են որ­պէս իր կամ ա­ռար­կայ։

Բա­րե­բախ­տա­բար այ­սօր այս ա­նարգ մտա­ծե­լա­կեր­պը փո­խուած եւ կի­նը իր ար­ժա­նի դիր­քը ստա­ցած է։

Այ­սուա­մե­նայ­նիւ պատ­մու­թեան մէջ կի­նը տես­նուած է միշտ ան­կա­րող, տկար, թե­րի էակ մը եւ այս պատ­ճա­ռով ալ բա­ւա­կան տան­ջուած ու չար­չա­րուած է։

Կը պատ­մուի, թէ Աս­տուած, մար­դի­կը ստեղ­ծած է գնդա­ձեւ՝ որ ու­նէր չորս թեւ, չորս սրունք, չորս ոտք, եր­կու գլուխ։ Եւ այս գնդա­ձեւ էակ­նե­րը ու­նէին եր­կու սեռ՝ ա­րու եւ էգ։

Գնդա­ձեւ այս էակ­նե­րը ա­զատ ու ան­կախ էին եւ վեր­ջին ծայր եր­ջա­նիկ։ Ինք­նավս­տահ եւ զօ­րա­ւոր էին ա­նոնք։ Բայց այն­քան զօ­րա­ւոր զգալ սկսան ի­րենք զի­րենք, որ աս­տուա­ծա­նալ ու­զե­ցին։ Ան­շուշտ Աս­տուած չըն­դու­նեց այս պա­րա­գան եւ զայ­րա­նա­լով՝ գնդա­ձեւ էակ­նե­րը եր­կու մա­սի բաժ­նեց եւ գնդա­ձեւ մար­մին­նե­րը այս­պէս կի­սուե­ցան ու ի­րար­մէ բաժ­նուե­ցան։

Այդ պա­հէն սկսեալ, մար­դիկ եր­ջան­կու­թիւ­նը վերս­տին գտնե­լու հա­մար սկսան ի­րենց միւս կէ­սը փնտռել եւ ա­նոնք որ գտան, եր­ջա­նիկ ե­ղան։

Պարզ, թե­րեւս տղա­յա­կան պատ­մու­թիւն մը ար­դա­րեւ, թե­րեւս կրօ­նա­կան ճշմար­տու­թիւն­նե­րու եւ հա­ւա­տա­լիք­նե­րու ներ­հակ, բայց ի­մաստ մը, խոր­հուրդ մը կը ներ­կա­յաց­նէ, գո­նէ ճշմար­տու­թեան դուռ կամ ճամ­բայ կը բա­նայ մարդ­կա­յին մտքին առ­ջեւ եւ կեր­պով մը կը բա­ցատ­րէ «ա­մուս­նա­կան սէր»ը եւ եր­ջան­կու­թիւ­նը։ Եւ այս մտա­ցա­ծին-ե­րե­ւա­կա­յա­կան պատ­մու­թիւ­նը ցոյց կու տայ տար­բեր սե­ռե­րու ի­րա­րու նկատ­մամբ զգա­ցած հա­մակ­րան­քը, ա­նոնց ձգո­ղա­կան, քա­շո­ղա­կան խորհր­դա­ւոր ու­ժը, սի­րա­հա­րու­թեան գաղտ­նի­քը եւ «մէկ ըլ­լալ»ու խոր­հուր­դը։ Լիա­նալ, ամ­բող­ջա­նալ, լրա­նալ, բո­լո­րուիլ. ա­հա­ւա­սիկ մարդ էա­կին ան­վերջ ու անս­պառ փա­փա­քը՝ նպա­տա­կը, ո­րուն կը յա­ջոր­դէ եր­ջան­կու­թիւն եւ զօ­րու­թի՛ւն։

Եւ այս պատ­մու­թիւ­նը  ցոյց կու տայ նաեւ թէ՝ ին­չո՛ւ եր­բեմն ու­րիշ­նե­րու հան­դէպ հա­կակ­րանք, ան­սի­րե­լիու­թիւն, բնա­կան խոր­շանք կը զգան ո­մանք։ Քա­նի որ իւ­րա­քան­չիւ­րը ի՛ր կէ­սը կը փնտռէ եւ միայն ա­նո՛վ եր­ջա­նիկ կ՚ըլ­լայ։

Այս պատ­ճա­ռով է, որ պա­տա­հա­կան հան­դի­պում­ներ ա­մէն ա­տեն եր­ջան­կու­թիւն չեն բե­րեր եւ դժբախտ բա­ժա­նում­նե­րու դուռ կը բա­նան։

Ուս­տի քմա­հա­ճօ­րէն, կա­մա­յա­կա­նօ­րէն կա­տա­րուած ընտ­րու­թիւն­ներն են որ ա­պեր­ջան­կու­թեան պատ­ճառ կը դառ­նան եւ դժբախտ հե­տե­ւանք կ՚ու­նե­նան։

Ուս­տի «ա­մուս­նա­կան սէր»ը ճիշդ ընտ­րու­թիւն ը­նել եւ սի­րուիլ ու ընտ­րուիլ է, ի՛նչ որ փո­խա­դարձ է։

Մար­դիկ հա­մակ­րե­լի ըլ­լա­լու հա­մար շատ ջանք ու ճիգ կը թա­փեն, սի­րուե­լու, ընտ­րուե­լու կը ձգտին եւ ա­մէն մի­ջոց կը գոր­ծա­ծեն այս նպա­տա­կին։ Բայց պէտք է ըն­դու­նիլ, որ ար­դիւն­քը չի՛ փո­խուիր եւ այն՝ որ ի­րա­պէս իր «կէս»ն է, ան կ՚ըն­տէ եւ կ՚ընտ­րուի եւ հա­կա­ռակ պա­րա­գա­յին եր­ջան­կու­թիւ­նը կը հե­ռա­նայ ի­րենց­մէ…։

Ի­րա­կան սէ­րը զո­հո­ղու­թիւն, հա­ւա­տար­մու­թիւն, ու­րա­խու­թիւն, հան­դուր­ժո­ղու­թիւն կը պա­հան­ջէ եւ միայն իր իս­կա­կան «կէս»էն կա­րե­լի է սպա­սել այս բո­լո­րը։ Եւ այդ սէ­րը եր­բեք վերջ չ՚ու­նե­նար, մա­հով իսկ չի վեր­ջա­նար, քա­նի որ սէ­րը մա­հով եր­բե՛ք վերջ չի գտներ…։

Ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը, կարգ մը բա­ցա­ռու­թիւն­նե­րէ դուրս, այս սկզբուն­քը ստեղ­ծած է բո­լոր կեն­դա­նա­կան աշ­խար­հի մէջ՝ մար­դոց գի­տակ­ցա­բար վա­րուե­լու ա­ռա­քի­նու­թիւ­նը տա­լով, իսկ միւս ան­բան-ա­նա­սուն կեն­դա­նի­նե­րու ալ բնազ­դը ու­ղե­ցոյց ը­նե­լով։

Բնու­թիւ­նը մար­դոց հա­մար եր­կու սեռ ո­րո­շած է, ա­րու եւ էգ։ Ե­թէ բազ­մա­թիւ ըլ­լար սե­ռը եւ կամ բնաւ սե­ռի տար­բե­րու­թիւն չըլ­լար…։

Այն ա­տեն մար­դիկ նոյ­նօ­րի­նակ պի­տի բազ­մա­նա­յին, անձ­նա­կա­նու­թիւն, ան­հա­տա­կա­նու­թիւն պի­տի չու­նե­նա­յին։ Մէկ օ­րի­նա­կի վրայ՝ ո՛չ թէ նման, այլ նո՛յ­նը պի­տի ըլ­լա­յին ի­րա­րու, ի՛նչ որ ա­նոնց «ան­հատ» ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քը պի­տի կորսնց­նէր իր ի­մաս­տը եւ ար­ժէ­քը։

Բայց մար­դը իր նա­խոր­դին «պատ­ճէն»ը չէ՛։

Օ­րի­նա­կել՝ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան հա­կադ­րոյթն է, ու­րեմն մա՛րդ մար­դու օ­րի­նա­կը չի կրնար ըլ­լալ, քա­նի որ իւ­րա­քան­չիւր մարդ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ար­դիւնք է։ Մարդ «կրկին օ­րի­նակ» մը չէ՛ այլ «ան­հատ», որ է բա­նա­ւոր էակ՝ «ա՛նձ»։­

Ուս­տի մարդ ծի­նա­յին օ­րի­նա­կու­մի մը ար­դիւնք չէ, թե­րեւս ծի­նա­յին յատ­կու­թիւն­նե­րու շա­րու­նա­կու­թիւն մը՝ ան­հա­տա­կա­նու­թեա­նը մէջ ան­շուշտ։

Մար­դոց մի­ջեւ նման կրնայ ըլ­լալ, բայց նոյ­նը՝ ան­կա­րե­լի՛։ Ա­մէն ան­հատ ե­զա­կի է եւ ինք­նու­րոյն։

Ի­րա­քան­չիւր մարդ «նոր» է եւ նո­րու­թի՛ւն։

Ծի­նա­յին տար­բե­րու­թիւն­ներ միա­նա­լով՝ նոր եւ ինք­նա­տիպ մարդ մը կը ծնի՝ որ «ան­հատ» է։

Եւ ե­թէ մար­դիկ ո՛չ թէ «նման» այլ «նոյն» ըլ­լա­յին, չէին յա­ռաջ­դի­մեր եւ միշտ «նոյն»ը կը մնա­յին։ Մա­կար­դա­կի տար­բե­րու­թիւն չե­ղած՝ ջու­րը չի հո­սիր։ Բե­ւեռ­նե­րու տար­բե­րու­թիւնն է որ ուժ կը ստեղ­ծէ։ Տար­բե­րու­թիւն­նե­րու շնոր­հիւ է որ շար­ժում կը ստեղ­ծուի։ Եւ տար­բե­րու­թիւն­նե­րու մի­ջո­ցով է որ մարդ կը ստեղ­ծա­գոր­ծէ, կը գտնէ, կը սոր­վի, կը գիտ­նայ եւ կը յա­ռաջ­դի­մէ։

Միօ­րի­նա­կու­թիւ­նը ամ­լու­թիւն կը ստեղ­ծէ։

Այր մար­դու եւ կին մար­դու դե­րե­րը, դժբախ­տա­բար նա­խա­պա­շա­րում­նե­րով ո­րո­շուած կ՚ե­րե­ւի, մինչ­դեռ այդ դե­րե­րը կրնան բա­րե­փո­խուիլ։

Մինչ­դեռ այս պատ­րաս­տուած դե­րե­րը՝ մարդս «ու­րիշ» մէ­կը կ՚ը­նէ, ինք­նու­թիւ­նը կը կորսնց­նէ։

Կ՚ը­սուի, թէ ար­ցունք թա­փել կի­նե­րու յա­տուկ է, բայց ար­ցունք թա­փել բնա­կան բան մըն է եւ այ­րը ին­չո՞ւ զրկուի ան­կէ. հասկ­նալ կա­րե­լի չէ՛…։

Ո՜ր­քան սխալ ըմբռ­նում մըն է. «ման­չու նման աղ­ջիկ» կամ «աղջ­կան պէս մանչ» խօս­քը, ո­րոշ դե­րեր եւ ո­րոշ պար­տա­կա­նու­թիւն­ներ յատ­կաց­նել մար­դոց։

Պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին ո­րոշ աս­պա­րէզ­ներ եւ ար­հեստ­ներ միա՛յն այ­րե­րու կամ միա՛յն կի­նե­րու յա­տուկ ըն­դու­նուած էր, որ բա­նա­ւոր ար­դա­րա­ցում մը չու­նէր այս հա­մո­զու­մը։ Այ­սօր բա­րե­փո­խուած է այս տե­սա­կէ­տը, բա­րե­բախ­տա­բա՛ր…։

Ու­րեմն կը տես­նուի, որ մարդ միշտ իր նա­խա­պա­շա­րում­նե­րով կը վա­րէ իր կեան­քը, մինչ­դեռ ե­թէ գոր­ծա­ծէ իր բա­նա­կա­նու­թիւ­նը, ա­մէն ինչ շատ ա­ւե­լի տար­բեր պի­տի ըլ­լայ, նոյ­նիսկ սէ­րը, ա­մուս­նու­թիւ­նը եւ ամ­բո՜ղջ կեան­քը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­լիս 29, 2016, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 3, 2016