ՊԱՏԻՒ ԵՒ ԴԱՏՈՂՈՒԹԻՒՆ
Այս անգամ մեր ուշադրութիւնը կը դարձնենք երկու թանկագին արժէքներու վրայ՝ որոնք մարդուն յատուկ բարոյական ստացուածքներ են։ Ուստի, գործնական եւ զօրաւոր դատողութիւն մը աստուածային շնորհ մըն է։ Դատողութիւնը անհատական գործերու մէջ յաջողութեան ազդակ մըն է. իսկ հանրային գործերու մէջ՝ թանկագին ծառայութի՛ւն մը։ Բայց մարդ պարտաւոր է խնամել, շարունակ հոգել դատողութեան կարողութեանը զարգացման եւ բարելաւմանը համար։
Դատողութիւնը կայուն արժէք մը չէ՛, այլ՝ շարունակ բարեփոխուող, աճող եւ զարգացող յատկութիւն մը։ Արդարեւ, մարդուս ամենակարեւոր հանգամանքներէն մէկն է դատողութիւնը, եւ կարելի է ըսել՝ մարդս «մա՛րդ» ընող, եթէ ո՛չ միակ, բայց առաջնակարգ յատկութիւն մըն է ան։ Այս պատճառով, տեւապէս պէտք է զարգացնել զայն՝ նորանոր ծանօթութիւններով, գիտելիքներով եւ փորձառութիւններով։ Մարդ վերջին ծայր բծախնդիր եւ նախանձախնդիր ըլլալու է այս մասին, քանի որ ան ամենէն կարեւոր եւ թանկագին «դրամագլո՛ւխ»ն է մարդուն բարոյական էութեան։
Եւ սակայն ամէն մէկուն ծանօթ իրողութիւն մըն է, թէ դատողութեան կարողութիւնը ո՜րքան ալ զօրաւոր ըլլայ, վերջապէս «անսխալ» չէ, եւ իմաստուն մարդը կարեւոր խնդիրներու ատեն ուրիշներու դատողութեան ալ դիմելու պահանջքը կը զգայ։
Ինչպէս ըսինք, երկրորդ թանկագին արժէքն է՝ պատիւը, որ մարդուս յատուկ հանգամանք մըն է։
Պատիւը, սակայն, ըստ էութեան բաւական լայն իմաստ ունեցող՝ առաձգական բառ մըն է, եւ մարդոց համոզումներուն, հաւատալիքներուն, գաղափարներուն, հայեացքներուն եւ վերջապէս ըմբռնումներուն համեմատ մարդէ մարդ կը տարբերի։ Այս իմաստով պատիւը մարդկային արժանաւորութեան եւ արժանապատուութեան համար եւ մանաւանդ բարոյական կեանքին պահպանման եւ գոյատեւման համար անհրաժեշտ արժէք մըն է։
Պատուաւոր արարքներու եւ գործերու ստուգանիշը եւ չափանիշը լայնօրէն կը տարբերի, այնպէս որ ոմանց կողմէ «պատուաւոր» նկատուած ընթացք մը ուրիշներու կողմէ կրնայ «անպատշաճ», նոյնիսկ «անպատիւ» նկատուիլ։ Ուստի «պատիւ»ի ըմ-բըռնումը տարբերութիւններ կրնայ ցոյց տալ շրջաններու, վայրերու, հաւաքականութիւններու հասկացողութեան մէջ։ Եւ ի՛նչ որ մէկը արժանապատուութեան հակառակ գործ մը կը նկատէ, ուրիշ շրջանակի՝ կարելի է որ բնական եւ պատշաճ համարուի։
Իսկ աւելի ցաւալին է՝ երբ պատուաւոր մարդը, երբեմն «անճարակ», «ձեռքէն գործ չեկող» եւ մինչեւ իսկ «ժամանակավրէ՛պ» համարուի։
Դատողութիւն եւ պատիւ. այս երկու արժէքները կը նմանին ժամացոյցներու, եւ կրնան շատ յարգի եւ ճշգրիտ ժամացոյցներ ըլլալ, պայմանաւ որ մարդ շարունակ խնամք տանի անոնց։
Արդարեւ, որքան ալ յարգի եւ թանկագին ըլլայ ժամացոյց մը, եթէ ճշգրիտ չէ, լաւ չ՚աշխատիր, անիկա «ժամացոյց» չէ՛, ժամացոյցի հանգամանքը կը կորսնցնէ եւ պարզ առարկայի մը կը վերածուի։ Ուրեմն ասկէ կը հետեւի, թէ՝ կարեւորը գործունէութիւնը եւ գործունէութեան արդի՛ւնքն է որեւէ արժէքի համար։
Դատողութիւնը եւ պատիւն ալ եթէ չկարենան կատարել իրենց էական պարտականութիւնը, գործնականի չվերածեն իրենց արժէքը, կ՚ամլանան, անշարժութեան կը մատնուին։ Այս կը նշանակէ՝ թէ պէ՛տք է գործածել զանոնք, եւ գործածելու համար ալ պէտք է խնամել, հոգ տանիլ անոնց, յաճախ անդրադառնալ անոնց արժէքին եւ կարեւորութեան եւ ըստ այնմ նորոգել, զարգացնել, մէկ խօսքով՝ կեանքի կոչել զանոնք։ Ապա թէ ոչ, որեւէ ծառայութիւն եւ օգուտ չեն ունենար այդ «արժէք»ները։ Արդարեւ, պէտք է նկատի ունենալ որ ամենէն ընտիր ժամացոյցն իսկ կրնայ որեւէ պատճառով մը խանգարուիլ. սխալիլ եւ կամ երբեմն ալ գործելէ դադրիլ։
Ուստի հարկ կ՚ըլլայ ուղղել զայն։
Եւ ինչպէս որ ժամացոյցին ամենէն ապահով եւ վերջնական ուղղիչը արե՛ւն է, նմանապէս երբ բարոյական արարքներ դատելու ատեն մեր դատողութեան եւ պատիւի վճիռին մասին տարակոյս ունենանք, եւ ասիկա յաճախադէպ իրողութիւն մըն է խղճամիտ մարդու մը համար, այն ժամանակ պահանջքը կը զգանք արեւին դերը կատարող «դատաւոր»ի մը։ Ուստի ամէն մարդ պէտք կ՚ունենայ այդ «դատաւոր»ին վճիռին դիմելու իր կեանքին որեւէ մէկ շրջանին կամ պահուն…։
Եւ սխալա՞ծ պիտի ըլլանք արդեօք երբ ըսենք թէ՝ Աստուած մարդուս մէջ դրեր է խիղճը՝ արեւին դերը կատարելու համար անոր հոգեւոր կեանքին մէջ, մանաւանդ երբ կը սխալի…։ Ուստի եւ երբ բարոյական մարդը իր ժամը եւ օրը կորսնցնելու վտանգին կ՚ենթարկուի, կամ իր «ժամացոյց»ին ուղղութեան մասին տարակուսած պահերուն կ՚ուզէ ուղղել արեւին հետ՝ վստա՛հ ըլլալու համար, թէ իր ժա՞մը սխալ չէ եւ կամ փոխադարձաբար՝ սխա՛լ է։ Եւ արեւն է որ ցոյց կու տայ շիտակ ժամը եւ կ՚ուղղէ ժամացոյցը։
Մարդկային դատողութեան, պատիւին եւ խիղճին նմանութիւնը՝ ժամացոյցին եւ արեւին հետ կրնայ ճիշդ չըլլալ անշուշտ ամէն կէտի մէջ, բայց կրնայ լուսաբանել մարդուս միտքը ասոնց յարաբերական արժէքի մասին։ Ուստի, այն մարդը որ կը վստահի լոկ իր դատողութեան, որ սխալ տուեալներու եւ ծանօթութիւններու պակասին հետեւանքով, կրնայ տարբեր ուղղութիւն մը ցոյց տալ, եւ պատիւին՝ որ մարդուս զգացումներուն, ըմբռնումներուն, համոզումներուն եւ գաղափարականներուն իւրակերտ ձեռագործն է, կեանքի մէջ պիտի հանդիպի մութ եւ խաւար անկիւնադարձերու՝ ուր աւելի լոյսի պահանջքը զգալի պիտի ըլլայ մեծապէս։
Եւ ահաւասիկ, խիղճը սահմանուած է այդ մո՜ւթ, խաւար եւ դժուարին անցքերը լուսաւորող եւ դիւրացնող լուսարձակին կամ արեւին դերը կատարելո՛ւ։ Բայց այն խիղճը, որ ժամացոյցի մը նման ամէն օր կ՚ուղղուի արեւին միջոցով, եւ կը փորձուի ուղիղի եւ սխալի, բարիի եւ չարի ամէնօրեայ մարզանքներու միջոցին, տարակոյսի մշուշներու մէջ կը կորսուի եւ անօգուտ կը դառնայ՝ կորսնցուցած է իր հանգամանքը, եւ չի կրնար կատարել իր աստուածատուր դերը, եւ այն ատեն, ահաւասիկ պէտքը կը զգացուի «Արե՛ւ»ին…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 29, 2017, Իսթանպուլ