ՅԱԿՈԲ ՊԱՐՈՆԵԱՆ

Հայ մեծ գրող-երգիծաբան, հրապարակախօս Յակոբ Պարոնեան (1843-1891), իր ծննդավայր Ադրիանապոլիսի մէջ (=Էտիրնէ) նախնական կրթութիւնը ստանալէ յետոյ նախ կը դառնայ դեղագործի աշկերտ, ապա՝ հաշուապահ։ 1863-ին կը տեղափոխուի Պոլիս, ուր կը կատարէ տարբեր աշխատանքներ՝ միաժամանակ գործօն մասնակցութիւն բերելով «ՄԵՂՈՒ», «ԹԱՏՐՈՆ», «ԽԻԿԱՐ» եւ այլ թերթերու եւ պարբերականներու։

Հայ երգիծական գրականութեան գոհարներէն են Պարոնեանի «Ատամնաբոյժն Արեւելեան», «Ազգային Ջոջեր», «Հոսհոսին Ձեռատետրը», «Մեծապատիւ Մուրացկաններ», «Պաղտասար Աղբար», «Քաղաքավարութեան Վնասներ» գործերը՝ որոնք մեծ հռչակ են բերած հեղինակին։

Պարոնեանի քաղաքական երգիծանքի ամենաէական կողմերէն մէկը «Ազգային Ջոջեր»ը Հայ պահպանողական եւ ազատախոհ հոսանքներու ներկայացուցիչներուն սուր քննադատութիւնն է, ան վարպետութեամբ ցոյց կու տայ անոնց խօսքի եւ գործի միջեւ եղած հակասութիւնը։ Անոր ստեղծագործութեան մէջ անողոք քննադատութեան ենթարկուած են նաեւ ժամանակի հասարակութեան յոռի երեւոյթները, հոգեւորականութեան արատները։

Մեծ երգիծաբանին ստեղծագործութեան լեզուն հարուստ է «թեւաւոր» խօսքերով եւ պատկերաւոր արտայայտութիւններով։

«Ատենօք սուտ խօսողներուն լեզուն կը կտրէին, եթէ այս սովորութիւնը նորէն մտնէ՝ քիչ մարդ պիտի տեսնենք՝ որ բերնին մէջ լեզու ունենայ»։

«Երանի՜ անոնց, որ մեծ խարդախ են, զի նոցա է արքայութիւն երկրիս…»։

«Անանկ ժամանակի մը մէջ կ՚ապրինք, որ քաղաքավարութիւնը եւ շողոքորթութիւնը նոյնանիշ բառեր եղած են»։

«Պարզութիւնն ու ճշմարտութիւնն այնպիսի գեղեցկութիւններ են, որ ամէն բանին մէջ կը փնտռուին ամէն բանէ առաջ»։

«Դատերու մէջ ամենէն ուշ հասնողը արդարութիւնն է»։

«Աշխարհիս վրայ չկայ ոչինչ այնքան ծիծաղելի, որքան այն ծիծաղն, որուն մէջ արդարութիւնն կը պակսի»։

«Սխալն ճանչնալ խելացութիւն է, իսկ զայն խոստովանիլը՝ մեծ քաջութիւն»։

«Դրամօժիտն ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ ստակով ամուսին մը ծախու առնել»։

«Երբ աղջիկ մը դադրի կարմրելէ, գեղեցկութեան ամենահզօր հրապոյրը կորսուած է»։

«Լռութիւնն տրուած է կնոջ՝ իւր միտքը աւելի աղէկ բացատրելու համար»։

«Մարդս որչափ ալ երջանիկ ըլլայ, դարձեալ իր վիճակէն դժգոհ կ՚ըլլայ»։

«-Հայրիկ ի՞նչ են հարուստները։

«-Մեծ գողեր են, տղա՛ս»։

«Թերութիւններու վրայ լալը թերութիւններու մեծագոյնն է. խեղճութեան վրայ արտասուք թափելն ապացուցանել է թէ արիւն չունինք թափելու, արտասուքը մանուկներու եւ կիներու (մեծ մանուկներու) բաժին է, կ՚աղաչեմ, մի՛ դպչիք անոնց բաժնին»։

«Այո՛, պիտի ըսենք, որովհետեւ համր ըլլալը բան մը չէ, լեզու ունենալ եւ ժողովրդեան իրաւանց պաշտպանութեանը համար չխօսիլը համր Վասակ ըլլալ է, կոյր ըլլալը բան չէ, աչք ունենալ եւ իրաւանաց հաւասարութիւն չտեսնելը՝ կոյր եւ միանգամայն գերի ըլլալ ըսել է»։

«Ի՞նչ է պատմութիւնն՝ ետիդ նայիլ՝ առջեւդ տեսնել»։

«Ջախջախենք տգիտութեան շղթաները, ազատ թեւերով թռչի՛նք դէպի գիտութիւն՝ գիտութեան, իմաստութեան, լուսաւորութեան տաճարը»։

«Կը ճանչնամ մէկն, որ տարի մը առաջ իւր կեանքը պանիր-հացով կ՚անցունէր եւ ամէն օր ազգային գործերուն վրայ կը խօսէր, իսկ հիմա, որ կովի միսով կ՚ապրի, ազգային խնդիրներու վրայ խօսողները կը ծաղրէ»։

«Յառաջդիմութի՜ւն կը պոռանք եւ ետ-ետ կ՚երթանք։ Ապագայ կ՚ըսենք եւ դէպի անցեալը կը վազենք»։

«Ո՞ւր էք ինքզինք բանաստեղծ, փիլիսոփայ կարծող պարոններ, ինչո՞ւ ազգային կեանքին վերաբերեալ թատերգութիւններ չէք գրեր՝ ազգային թատրոնը ծաղկեցնելու համար, ժողովուրդի վարքն ու բարքն ուղղելու համար»։

«Բանաստեղծութիւն մը, արձակ մը կամ ընտիր ըլլալու է կամ բնա՛ւ ըլլալու չէ»։

Ահաւասիկ, տողեր Պարոնեանէ։ Ընկերային շատ մը հարցերու կը մօտենայ իւրայատուկ երգիծաբանական ոճով՝ որոնց մէջ կայ նաեւ բաւական սո՛ւր քննադատութիւն։

Մեր ուշադրութիւնը գրաւեց այն խօսակցութիւնը հօր եւ տղու միջեւ, ուր տղան կը հարցնէ հօրը, հարուստներու մասին եւ հայրը կը պատասխանէ. «մեծ գողեր»։

Անշուշտ մեր նպատակը քննադատել չէ՛ հեղինակը, ինչ որ պիտի նշանակէր մեր գիծէն վեր ելլել, եւ մեր սահմանը եւ չափը անցնիլ։ Բայց կ՚ուզենք ծանրանալ «մեծ գողեր» անուանումին վրայ։

Սիրելի՜ բարեկամներ, «հարուստ եւ գող»ի նմանութիւնը ընդհանրացնել անիրաւութիւն է եւ անարդարութի՛ւն, եւ «հարուստ»ը յիշատակել «գող» բառին հետ։

Արդարեւ, ասիկա անիրաւութիւն է նաեւ ամէն արդար աշխատանքի, արդար քրտինքի, արդար շահու եւ արդա՛ր հարստութեան։

Ուստի, ամէն դրամ եւ կամ ամէն ինչ գողութեամբ շահուած պէտք չէ՛ նկատել։ Արդար քրտինքով շահուած հարստութիւն մը՝ թափուած արդար քրտինքին չափ արդա՛ր է։ Դրամը՝ բարի ուժ մըն է թէ՛ անձին, թէ՛ ընտանիքին եւ թէ՛ ամբողջ ընկերութեան համար։ Ուստի արդար աշխատանքով շահուած հարստութիւն մը երբե՛ք գողութիւն չէ, մանաւանդ, ան միջոց կ՚ըլլայ բարեգործութիւններու՝ բարերարութեան բնական օրէնքին գործադրութեան։

Հարստութիւնը՝ դրամը՝ արհամարհելի բան մը չէ՛ ուրեմն, իսկ գողութիւն՝ երբեք չէ՛, առանց անոր բոլոր առաքինութիւնները անպտուղ պիտի ըլլային թերեւս։ «Սուտ պարկեշտութեան» քօղին տակ ուրեմն չարհամարհենք արդար դրամը, քանի որ «մշակը արժանի՛ է իր վարձքին»։

Դրամը, բարի ձեռքերու մէջ, պատուական գործիք մըն է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 19, 2018, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Օգոստոս 3, 2018