ԱՂԱՆԴՆԵՐ (Ա.)

«Առանց գիտութեան գաղափար չի՛ կազմուիր»։

Կրօնական մտքի ինքնուրոյն մտածողութեան արգասիք են աղանդները՝ որոնք քրիստոնէութեան սկզբնական շրջաններէն ծնունդ առին եւ մեծամեծ յուզումներու եւ խռովութիւններու պատճառ դարձան Տիեզերական Եկեղեցին յուզող աղանդներէն ոմանք արձագանգ գտան նաեւ հայոց մէջ, միտքեր յուզեցին եւ Հայ Եկեղեցին միջոցներ ձեռք առաւ անոնց ծաւալման առաջքն առնելու։ Բայց շատ անորոշ եւ կցկտուր են այն տեղեկութիւնները, որոնք գոյութիւն ունին այս կարեւոր խնդրի նկատմամբ, եւ այդ տեղեկութիւններն իսկ չեն բացայայտնուիր, թէ ի՛նչ մասնակցութիւն ունեցաւ եւ ի՛նչ դեր խաղաց հայ միտքը՝ որ շատ տեսակէտներով շահեկան կ՚ըլլային։

Հայոց մէջ քարոզուած աղանդները հետեւեալներն են.

ա.- Մարկիոնի աղանդը՝ որ Բ. դարու կէսերուն նախ Պոնտոսի մէջ քարոզուեցաւ եւ ապա տարածուեցաւ շատ տեղեր եւ իր գոյութիւնը շարունակեց մինչեւ Զ. դար։ Ե. դարու առաջին կէսին այս աղանդը շատ մեծ յուզում առաջ բերաւ դրացի ասորիներու մէջ եւ այնտեղէն ալ հաւանօրէն արձագանգ գտաւ հայերու մէջ՝ շնորհիւ մերձաւոր յարաբերութեան։ Արդարեւ, այս կարծիքը հաստատող դրական փաստեր պատմականօրէն չեն գտնուիր, բայց նկատի առնելով Եզնիկ Կողբացիի հերքումը՝ կարելի է այդպիսի մակաբերութիւն ընել, այլապէս այս մասին Եզնիկի հերքումը անխորհուրդ՝ անիմաստ կը մնար. (Ըստ Խորենացիի, այս աղանդը հին ժամանակներէն մուտք գործած է հայոց մէջ եւ անոր դէմ գրած է Բարդեծան աղանդաւոր ասորին. +222)։

Մարկիոնի աղանդը «գնոստիկեան» էր. (Ծագած է Ա-Բ դարերու հեթանոսական տարբեր կրօններու եւ յոյն փիլիսոփաներու ուսմունքներու խառնուրդէն, մուտք գործած է քրիստոնէութեան մէջ՝ փորձելով քրիստոնէական ուսմունքը միացնել Արեւելքի դիցաբանութեան, հեթանոսութեան, վաղքրիստոնէական հերետիկոսութեան, եւ այլ վարդապետութիւններու, հելլէնիզմի, պղատոնականութեան, նորպղատոնականութեան եւ նորպիւթակորականութեան գաղափարներու հետ), այն է՝ խառնուրդ քրիստոնէութեան եւ հեթանոսական փիլիսոփայութեան։

Ան կը մերժէր ամբողջ Հին կտակարանը, իսկ Նոր կտակարանէն ընդունած էր Ղուկասի Աւետարանը եւ Պօղոս առաքեալի 10 նամակները։

Աշխարհի ծագման, մարդուս ստեղծման նկատմամբ ան բոլորովին տարբեր վարդապետութիւն ունէր. ան կ՚ընդունէր Փրկիչը, բայց ո՛չ Աւետարաններու վկայութեան եւ տեսութեան համեմատ, ան կ՚ուրանար Քրիստոսի մարդացումը, չարչարանքները եւ յարութիւնը իբրեւ «կեղծիք», ուսուցանելով, թէ՝ անոր մարմինը հոգեւոր եւ եթերային էր։

Բարոյականի մէջ Մարկիոնը խիստ էր, ան կ՚արգիլէր մսեղէն կերակուր՝ բացի ձուկէն, կը մերժէր ամուսնութիւնը, եւ մկրտուելու անհրաժեշտ պայման կուսութիւնը կը համարէր։

Մարկիոնի վարդապետութիւնը մեծ հմտութեամբ կը հերքէ հայ ընտիր մատենագիր Եզնիկ Կողբացի վարդապետը…

բ.- Քրիստոնէութեան Գ. դարուն Պարսկաստանի մէջ նոր «վարդապետութիւն» մը կազմուեցաւ Մանէս Պարսկի ձեռքով. այդ աղանդը պատմութեան մէջ յայտնի է «Մանիքէութիւն» անունով։ (Manichéismes religieux)։ Անոր հիմնական սկզբունքը Զրադաշտի երկու սկզբունքներն են, այն է՝ «Բարի» (Dieu) եւ «Չար» (Satan) աստուծոյ գաղափարները… Մանէսը բնաւ չէր ընդուներ Հին կտակարանը՝ համարելով թէ հրէութիւնը քրիստոնէութեան ոգիին բոլորովին հակառա՛կ է, բայց Նոր կտակարանէն եւս շատ բան կը մերժէր։

Ան կ՚ընդունէր Փրկչի գալուստը մարդկային կերպարանքով, բայց որովհետեւ նիւթը «չար արարչի» ստեղծածն էր, ապա Քրիստոսի մարմնաւորութիւնը եւ չարչարանքը ան «առ աչօք» կը համարէր։ Մանէսի կարծիքով՝ Քրիստոս եկաւ մարդիկը լուսաւորելու, իրենց երկնային ծագումը ցոյց տալու համար եւ թէ ի՛նչպէս ամէն տեսակ զգայական ցանկութիւններու յաղթելով մարդս կրկին կարող է երկինք վերադառնալ։ Այս իսկ պատճառով Մանէսը իր հետեւողներուն կը պատուիրէր կատարեալ ողջախոհութիւն եւ ժուժկալ կեանք, կ՚առաջարկէր հրաժարիլ գինիէն, միսէն եւ առ հասարակ ինչքերէ եւ կերակրուիլ միմիայն ընդեղէնով եւ հացով…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

•շարունակելի…

Օգոստոս 2, 2023, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 3, 2023