ՄԵՐ ՎԱՆՔԵՐՆ ՈՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐԸ
Կը հաւատանք, որ հայկական եկեղեցաշինութիւնը կը կարօտի լուրջ ուսումնասիրութեան ու վերլուծութեան, որովհետեւ Հայաստանի մէջ աւելի քան դարեր առաջ շինուած կառոյցներ կը շարունակեն դուրս մնալ տրամաբանութեան սահմաններէն եւ ակամայ զարմանք մը պատճառել այցելուին՝ իր ոճաբանութեամբ եւ մանրամասնութիւններով: Զարմանք կը պատճառէ, որովհետեւ հակառակ գիտութեան չգոյութեան, անոնց կանգնած կառոյցները շատ աւելի տոկուն ու երկարակեաց են՝ քան մերօրեայ «զարգացած» շինարարագիտութիւնը: Այս բոլորին վկայ մինչեւ օրս Հայաստանի, ինչպէս նաեւ պատմական Հայաստանի մէջ իր գոյութիւնը պահած բազմաթիւ եկեղեցիներ, վանքեր ու կառոյցներ:
Օրինակի համար, այցելեցէք Օհանավանք եւ պահ մը սքանչացումով դիտեցէք եկեղեցւոյ սիւները. ինչպէ՞ս տաշած եւ կամ ինչպէ՞ս վերցուցած են նման քար մը՝ մանաւանդ արդի արհեստագիտական բարիքներու չգոյութեան պարագաներուն. դիտեցէք պատերու հաւասարութիւնն ու ներդաշնակութիւնը. ձեռակերտ գլուխ գործոց մը պարզապէս:
Տարօրինակն այն է, որ հայ թագաւորներն ու իշխանաւորները իրենց եկեղեցիները կանգնել տուած են այնպիսի վայրերու մէջ՝ որ մինչեւ օրս զարմանք կը պատճառէ մարդոց. օրինակի համար, փորձեցէք ուսումնասիրել Քոպայրի եկեղեցին՝ որ մեր յօդուածագիր եղբօր Վարանդին հետ այցելելու բախտաւորութիւնը ունեցած ենք. լերան վրայ կանգնած եկեղեցի մը: Թէ ե՞րբ, ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս մարդիկ յաջողած են նման լերան վրայ եկեղեցի կառուցել. ինչպէ՞ս բարձրացուցած են քարերը եւ չափագրական անսխալութեամբ յաջողած կանգնել նման եկեղեցի մը:
Ի դէպ յայտնենք, թէ զարմանալի չենք գտներ եկեղեցիներու կեանքը ուսումնասիրած ժամանակ տեսնել, թէ անոնց շինութիւնը տեւած է աւելի քան մի քանի տասնեակ տարիներ եւ շատ անգամ մինչեւ իսկ դարեր եւ այդ մէկը ինքնին յստակ վիճակը կը պարզէ, թէ ինչպիսի պայմաններու մէջ կառուցուած են այդ եկեղեցիները եւ պահանջած բազմաթիւ զոհողութիւններ:
Շինարարական դժուարութիւնները լաւապէս հասկնալու համար յիշենք հետեւեալները. Հաղբատի վանքի կառուցումը՝ ըստ պատմիչներու, սկիզբ առած է 966 թուականին, սակայն անոր շինարարական աշխատանքները աւարտած են 13-րդ դարուն. Սանահին վանական համալիրը սկսած է կառուցուիլ 10-րդ դարուն, իսկ աւարտած՝ 11-րդ դարու վերջաւորութեան: Պարզապէս կարելի է հպարտանալ այնքան ճշմարտութեամբ, որ այն ժամանակուան վարպետները եթէ ունենային մերօրեայ դրութիւնները, ինչքան տարբեր ու փառաւոր պիտի ըլլային մեր եկեղեցիները՝ որ հակառակ անոր արդէն իսկ են:
Շինարարական աշխատանքներու կապակցութեամբ լուրջ ուսումնասիրութեան մը պակասի կողքին ունինք այլ պակաս մը եւս՝ որ չգիտութիւնն է։ Հայաստան այցելող ամէ՛ն զբօսաշրջիկ կ՚այցելէ Հաղբատ ու Սանահին, որովհետեւ այդ անունները դրոշմած են մեր ուղեղներուն մէջ. օրինակի համար, տակաւին լսած չեմ, որ հաւատացեալներ Հայաստան գալով այցելեն Հայաստանի Վայոց Ձոր մարզին մէջ գտնուող Քարեվանք՝ որ ունի աւելի քան հազար տարուան անցեալ մը: Օրինակի համար, ո՞վ երբեւէ այցելած է դարձեալ Վայոց Ձորի մէջ գտնուող Հերմոնի վանքը՝ որ դարձեալ ունի հազարամեակի մը պատմութիւն: Այս բոլորին կողքին պէտք չէ մոռնալ նաեւ Որոտնավանքը՝ հիմնուած 1000 թուականին:
Իրականութեան մէջ Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկը եկեղեցիները մոմ մը վառելու եւ աղօթք բարձրացնելու համար չէ որ կ՚այցելէ, այլ նման առեղծուածային շինութիւններ սեփական աչքերով տեսնելու համար: Մեր եկեղեցիներու շինութիւններն ու կառոյցները հայերէն բացի կը հետաքրքրէ նաեւ օտարները, որոնք մեծ ներկայութիւն են այսօր հայկական եկեղեցիներուն եւ պատմական վայրերուն մէջ:
***
Այս բոլորին մէջ մեզ հիմնական կործանողը կ՚ըլլայ դարձեալ մեր անտարբերութիւնը. անտարբերութիւն՝ վանքերուն եւ անոնց ներկայացուած արժէքներուն նկատմամբ, որովհետեւ մեզի համար այդ հին եկեղեցիները ազգային հարստութիւն ըլլալէ անդին՝ սեփական անձի հասոյթի միջոց որպէս կը դիտուի: Հաղբատի վանքին մէջ հսկայական սեղան մը եւս առեւտուր կը կատարէ. այցելեցէ՛ք Գեղարդի վանք. մի հայ երիտասարդ երաժիշտ տհոլով ու զուռնայով կը դիմաւորեն ներկաները եւ հոգեւոր մթնոլորտի փոխարէն հարսանեկան յոռի երեւոյթ մը կը ստեղծեն։ Բազմաթիւ հայ մամիկներ բարձրաձայն «տղա՛ ջան» մը պոռալով՝ բոլոր անցորդներու ուշադրութիւնը կ՚ուզեն կեդրոնացնել:
Հասարակ ժողովուրդը այնքան ալ կարելի չէ մեղադրել՝ ինչքան իշխանութիւնները, որոնք կը շարունակեն լուռ հետեւիլ այս բոլոր անցուդարձերուն:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -307-
Լիբանանի եկեղեցիներուն մէջ մոմ առնելն ու վառելը իրականութեան մէջ անվճար է. սակայն ցաւ ի սիրտ, Հայաստանի մէջ վիճակը ուրիշ է. մոմերը իրեն չափային տարբերութիւններով կը վաճառուին՝ սրտաբուխ տրուելու փոխարէն:
Օր մը տեսայ ծերունի մը, մօտեցաւ եւ մոմ վերցուց, սակայն մոմի դրամը տալու չափ բաւարար գումար չունէր իր մօտ: Մոմ վաճառող կինը բարեացակամ գտնուելու փոխարէն ձայնը բարձրացուց եւ արգելք հանդիսացաւ, որպէսզի կինը իր աղօթքը բարձրացնէ առ Աստուած: Այդ օրէն մինչեւ օրս որոշած եմ ո՛չ մէկ ձեւով մոմ գնել Հայաստանի եկեղեցիներէն՝ մինչեւ գայ այն օրը՝ երբ գիտակցինք, որ աղօթքն ու մոմը դրամ աշխատելու ձեւ ըլլալու միջոց չեն կրնար դառնալ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան