ԴԺԳՈՀՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵՌՆՈՂՆԵՐՍ

Մեր ամենէն յայտնի բանաստեղծներէն Սիամանթօ «Հոգեվարքի եւ յոյսի ջահեր» աշխատութեան մէջ կը հրատարակէ «Ես երգելով կ՚ուզեմ մեռնիլ» խորագրեալ բանաստեղծութիւն մը. մեռած ժամանակ երգեց թէ ոչ՝ չենք գիտեր, սակայն կը կարծենք բիրերու հարուածներուն ու քարերու տարափին տակ դժուար թէ երգած ըլլայ: Բանաստեղծութեան մէջ մեծ բանաստեղծը կ՚ըսէր «Քու երգերէդ երգ մը տո՛ւր ինձ...». մերօրեայ երգերն ու երաժշտութիւնը լսելէ ետք գուցէ չուզէր երգելով մեռնիլ. սակայն այսօրուան հիմնական նիւթը երգը չէ. պարզապէս մտածում մըն է, թէ մենք ինչպէ՞ս եւ կամ ի՞նչ ընելով պիտի մեռնինք. չեմ կարծեր, որ տակաւին երգելով մեռնիլ ուզողներ մնացած ըլլան, մանաւանդ որ մեր դարու երգերը, յատկապէ՛ս մահուան ժամանակ, մարդը յանկարծ դէպի դժոխք կրնան առաջնորդել՝ ինչ որ շատ փափաքելի չէ: Բայց եւ այնպէս, պէտք է բան մը ընտրել վախճանի արարք. վերջապէս սին ու փուճ մահ մը չըլլայ:

«Ես լալո՛վ կ՚ուզեմ մեռնիլ», մանաւանդ նկատի ունենալով արցունքները մարդու հոգին կը լուան… Յաւիտենականութիւն անմաքուր հոգիով մտնելը անվայել պիտի ըլլար. պէտք է լալ. լալ չիրականացած երազներու համար, որոնք մնացին ցնորք եւ մենք ամբողջ կեանք մը հաւատացինք, որ այդ ցնորքի իրականացումը պայծառութիւն մը պիտի տար մեր կեանքին. ամբողջ կեանք մը հաւատացինք անորոշութեան մը եւ անստոյգ ճշմարտութիւն մը ուզեցինք ստեղծել մեր շուրջ: Լալով մեռնելու համար պատճառները բազմազան են. այդտեղ կարելի է գտնել չապրուած սիրոյ մը զղջումը, ըսուած ու չըսուած խօսքերուն ափսոսանքը, ապրուած ու չապրուած օրերու հաշուեյարդարը, անարդարօրէն մսխուած ժամանակին ողբը: Պէտք է լալով մեռնիլ, սակայն լալ ո՛չ թէ սեփական անձի կորուստը սգալու համար, այլ գութի արցունքներ հոսեցնել բոլոր անոնց համար՝ որոնք կամայ թէ ակամայ տակաւին պիտի շարունակեն բնակիչները մնալ ա՛յն աշխարհին՝ ուր լալու պատճառները աւելի են՝ քան ծիծաղելու: Պէտք է լալ, որովհետեւ վերջապէս այդ բոլոր պայքարը ունայն էր ու սնոտի: Պէտք է լալ, որ ժամանակաւորին համար անժամանակ մեր հոգին մաշեցուցինք ու թէ՛ մեր սեփական անձին ու շրջապատին այսպէս կամ այնպէս մերթ ուրախութիւն մերթ տխրութիւն բաշխեցինք. լալ, որ կը հեռանանք, մեր ետին ձգելով բազմահազար թիւրիմացութիւններ, խնդիրներ, ըսի ըսաւներ ու կռիւներ: Վերջապէս պէտք է կրկնակի լալ, եթէ եղած ես բարի, որովհետեւ բարութիւնը երեւութապէս մեծարուած ըլլալով հանդերձ:

Սակայն այստեղ կայ տհաճ իրողութիւն մը. լոյս աշխարհ եկանք լալով. պատանեկութեան, երիտասարդութեան, մեծահասակ վիճակով, ծերութեան մի՛շտ լացինք այս կամ այն պատճառով. ինչո՞ւ լալ մահուան ժամանակ...

Հետեւաբար. «Ես խնդալով կ՚ուզեմ մեռնիլ». խնդալ՝ որ վերջապէս վերջ կը գտնէ արտառոց այս թատրերգութիւնը՝ որ կեանք կը կոչուի. բեմ՝ ուր դերերը հաւասար բաժնուած չեն. հակասութիւնով լեցուն է ան՝ մին պէտք է խնդայ՝ երբ ուրիշը կու լայ, ուրիշ մը լայ՝ երբ քովինը կը խնդայ: Խնդալ բոլոր անոնց վրայ՝ որոնք տակաւին չե՛ն կրցած ըմբռնել այդ թատրերգութեան ինչութիւնը: Պէտք է խնդալ բարձրաձայն. կան խնդուքներ, որոնք իրենց մէջ վիշտ ու թախիծ կը պարունակեն եւ այդ մէկը լալէն շատ աւելի ցաւոտ իրողութիւն մըն է: Պէտք է խնդալ այն խեղճ տղուն վրայ, որ տակաւին կը շարունակէ իր սէրը երգել՝ առանց անդրադառնալու, որ այդ երգը մի՛շտ օդին մէջ պիտի ցնդի եւ ապարդիւն շոգիանայ: Խնդալ այն մարդուն համար, որ ունեցած գումարը որպէս միջոց օգտագործելու փոխարէն նպատակ դարձուցած է, անկուշտ ձեւով կ՚ուզէ դիզել ու դիզել, անգիտանալով որ այդ բոլոր դիզած գանձերը երբեք իրը պիտի չըլլան՝ որովհետեւ մահը այնքան մօտ է՝ ինչքան վաղը այսօրուան: Պէտք է խնդալ անո՛նց վրայ, որոնք իրենց թերութիւնները մոռցած կուշտ բոլոր մը ուրիշի վրայ կը փորձեն խնդալ ու ծաղրել: Ժամանակին կը հաւատային, որ եկող «Նոր տարին» ինչպէս մտնես՝ ամբողջ տարին այդպէս կ՚անցնի. գուցէ յաւիտենականութիւն եւս պէտք է մտնել խնդալով, որպէսզի աշխարհի վրայ չխնդացողներս գուցէ այդտեղ խնդալու բախտաւորութիւնն ու առիթը ունենանք:

Խնդալով կ՚ուզես մեռնիլ թէ լալով՝ որոշումը քուկդ է, սակայն աշխարհի վրայ ամէ՛ն հայ ինչ ալ ուզէ ապարդիւն է, որովհետեւ վերջաւորութեան մէ՛կ բանով կը մեռնի հայը՝ դժգոհութեամբ: Բողոքելն ու ողբալը մեր ազգին ի ծնէ տրուած հարստութիւն մըն է, որմէ ձերբազատուիլ կարելի չէ: Աշխարհի վրայ ո՛չ մէկ ազգ այդքան տրտնջած է՝ ինչքան հայերը։ Իսրայէլացի ժողովուրդը Սինայի անապատին մէջ այնքան չդժգոհեցաւ՝ ինչքան հայը իր բոլոր վիճակներուն մէջ. ի տարբերութիւն իսրայէլացիներուն, մենք Կարմիր ծով չունէինք, սակայն չես գիտեր ինչպէս անգոյ ջուրերուն մէջ խեղդամահ եղանք. Աստուած մեզի տասը պատուիրաններ ալ չտուաւ, նկատի ունենալով որ մեր մէջ կը յայտնուէր խումբ մը, որ կռիւով զայն որպէս ինն եւ ուրիշ մը որպէս տասնմէկ կ՚ընդունէր: Ամէ՛ն անգամ որ տեսնէք հայու մը յուղարկաւորութիւնը, գիտցէ՛ք որ ան դժգոհութեամբ մեկնեցաւ աշխարհէն՝ ընկերային ո՛ր աստիճանին ալ պատկանի. մեր ազգին մէջ ո՛չ տէրը գոհ է եւ ո՛չ ստրուկը, ո՛չ հարուստը եւ ո՛չ աղքատը. կուշտը դժգոհ է այնքան՝ ինչքան անօթին: Գոհ մէկ բան կայ մեր մօտ. ամէն մարդ միայն ու միայն գո՛հ է իր անձէն:

Վերջապէս պէտք է մեռնիլ՝ լալով, խնդալով թէ դժգոհութեամբ. պէտք է մեռնիլ՝ որպէսզի նորերը ապրին, նորերը լան ու խնդան եւ նոյն դժգոհութեամբ դառնան յաւիտենականութեան բնակիչ:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ոմանք ինչպէ՞ս կը հասկնան, որ պիտի մեռնին:

Պատասխան. Շատ մը անձեր կրնան զգալ, թէ իրենց մահուան ժամանակը մօտեցած է, հաւանաբար, անբուժելի հիւանդութեան, հոգեկան ներքին ապրումներու պատճառով՝ որ շատ անգամ կը կոչուի «վեցերորդ զգայարան»: Շատեր կրնան զգալ իրենց հիւանդութեան վատթարացումը, ինչ որ կեանքի վերջին հանգրուանին մօտենալու դժբախտ իրողութեան դէմ յանդիման կը դնէ մարդը: Շատեր առանց հիւանդ ըլլալու կրնան զգալ այդ մէկը եւ այս մէկը հոգեբանականօրէն ներքին անբացատրելի մղում եւ կամ ապրում մըն է:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Օգոստոս 3, 2024